ՅԱՊԱՂԱԾ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՄԸ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 46 Second

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն

Խմբագրական 

«Սկզբունքային հարցով հրաժարական տալը այդքան ալ յատկանշական չէ մեր հասարակութեան մէջ»։

Հարոլտ Փինթըր (1930-2008, բրիտանացի թատերագիր եւ Նոպելեան մրցանակակիր)

 

Կիրակի, Յունուար 23-ի երեկոյեան կատարած իր բաւական երկար եւ ամբողջական յայտարարութեամբ, Հ.Հ. նախագահ Արմէն Սարգսեան կը բացատրէր եւ կը բացայայտէր իր հրաժարականի որոշումին դրդապատճառները, որոնք ըստ բաւականին հասկնալի էին հայորդիին համար:

Անհասկնալին այն էր, որ գրեթէ չորս տարիէ ի վեր պաշտօնի վրայ ըլլալով՝ արդեօք չէ՞ր անդրադարձած, թէ ինք առաւելաբար պարզ, փրոթոքոլային ներկայութիւն մըն էր, գլխաւորաբար ստորագրելով եւ վաւերացնելով վարչապետարանէն եկած տասնեակներով հրամանագրերը: Անոնց շարքին կային թղթածրարներ, որոնք կրնար արդարօրէն եւ իրաւացիօրէն չստորագրել եւ կացութիւն ստեղծել՝ գահավիժումը արգելակող ճակատումի դուռ բանալով:

Հաւանաբար շատեր կրկնեցին բազմիցս գործածուած՝ «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք» խօսքը, աւելցնելով, որ ի վերջոյ նախագահ Սարգսեան տեղի տուած էր եւ որոշած՝ հրաժեշտ առնել:

Դժուար է նոյնիսկ այս յապաղումը վերլուծել: Նախագահը քաջատեղեակ էր, թէ կրնար շատ աւելի առաջ ընդհատել իր հլու կամակատարի գործը եւ դուրս գալ քառակուսի անիւի վերածուած միջավայրէն:

Նախագահ Սարգսեան օրին յայտարարեց, թէ տեղեակ չէր Նոյեմբեր 9, 2020-ին ստորագրուած եւ 44-օրեայ պատերազմը պարտութեամբ կնքած տխրահռչակ համաձայնագրէն: Հաւանաբար, կիսատ-պռատ տեղեկութիւններ հասած էին, թէ կացութիւնը լաւ վիճակ չէր պարզեր: Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստեղծուած ողբալի կացութենէն եւս հպանցիկ տեղեկութիւններ հասած էին նախագահին: Տակաւին, (ան)պաշտպանութեան նախարութեան եւ բանակի մէջ տեղի ունեցած հետեւողական եւ անտեղի փոփոխութիւններէն ալ քիչ թէ շատ տեղեակ էր: Ան այդ բոլորին դիմաց մնաց լուռ ու կրաւորական հանդիսատես:

Շատեր, նկատի ունենալով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեանց բացումը եւ Ուքրայինայի մէջ ստեղծուած պայթուցիկ կացութիւնը, այն եզրակացութեան հասան, թէ այս դժնդակ պայմաններուն մէջ, նախագահը հեռացած է իր պաշտօնէն յաւելեալ ճնշումի տակ չիյնալու եւ քանդիչ նոր փաստաթուղթեր չստորագրելու համար:

Այսուամենայնիւ, մանրամասն բացայայտումներով ներկայացուած նախագահին յայտարարութէնէն հազիւ 48 ժամ ետք, այլ յայտարարութիւն մը եկաւ նոր հարցադրումներու դուռ բանալու: Արդարեւ, Երեքշաբթի, Յունուար 25-ին, Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմը յայտարարութիւն մը եւս լոյս ընծայեց, այս անգամ շեշտելով, թէ նախագահ Սարգսեանի հասցէին ամբաստանութիւններ կատարուած են, զինք այպանելով, թէ խախտած է Հ.Հ. նախագահութեան կանոնները, պահելով այլ երկրի մը հպատակութիւնը:

Յայտարարութիւնը ցաւ կը յայտնէ, թէ նմանօրինակ տեղեկութիւններու հրապարակումով եւ սփռումով, փորձ կը կատարուի հանրութեան ուշադրութիւնը կրկին շեղելու կեղծ օրակարգով:

Յայտարարութիւնը կ՛եզրակացնէ. «Ուստի, անգամ մը եւս կը վերահաստատենք, որ պահու գնահատականը եւ նախագահին հրաժարականին բուն պատճառները յստակ եւ ամբողջական ներկայացուած են հրաժարականի յայտարարութեան մէջ»:

Նմանօրինակ յաւելեալ միջամտութիւն եւ շեշտակի վերյիշեցում կրնայ հակառակ ազդեցութիւնը ունենալ եւ այլ եզրակացութիւններու դուռ բանալ, այսինքն՝ եթէ ի վերջոյ ի յայտ գայ, թէ իսկապէս երկրորդ հպատակութեան մը մասին տեղեկութիւնները ճիշդ են, թնճուկը կրնայ այլ հարցադրումներու դուռ բանալ: Այս բոլորը, սակայն, երկիրը պարզապէս կը նետեն «բիւզանդական վէճերու» գիրկը, որմէ ազգը շատ շահելիք չունի եւ անոր ուշադրութիւնը պիտի հեռանայ ճակատագրական հարցերէ…

Հայրենիքի ճակատագիրն ու ապագան գերադասելով անհատներէ, տեղին է ահազանգել, թէ ի՞նչ պիտի կարենայ ընել նախագահի պաշտօնը առժամապէս ստանձնած խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան: Նոյնքան կարեւոր հարցում մըն ալ այն է, թէ նոյնինքն Սիմոնեանի ղեկավարութեամբ ու սահմադրութեան (հաւանական) փոփոխութիւններու կեղծիքով, ո՞վ պիտի ըլլայ Ազգային Ժողովին ընտրելիք յաջորդ նախագահը: Հրապարակ նետուած անունները այլ ողբերգութիւններու նախերգանքները կը հնչեցնեն: Հարցադրումներ են,՝որոնք կը խորացնեն առեղծուածը եւ հետզհետէ աւելի կը շեշտեն անկայուն վիճակ:

Կրկնենք. Հայաստան-Արցախն ու ամբողջ ազգը աւելի քան տարիէ մը ի վեր մատնուած են անկումային վիճակի: Որքան ալ որ կարեւոր եւ ըստ օրինի՝ անխուսափելի ըլլան նախագահի հրաժարականին յաջորդելիք հանգրուանները, հայորդին իրաւունք չունի իր աչքերուն դիմաց քող ու մշուշ տարածելու եւ անտեսելու երկրին փրկութեան հրամայականը, մարտահրաւէր՝ որ ծանօթ պայմաններուն բերումով, ուղղուած է ազգը կազմող բոլոր խմբաւորումներուն, իւրաքանչիւր հայորդիի:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
75 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
25 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles