ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ՝ ՔԸՆԷԹԻՔԸԹԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:39 Second
Կիրակի, Յունուար 2-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, նոր տարուան անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքրթ) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիին։ Սրբազան Հայրը նախքան իր քարոզը ըսաւ. «Փափաքելով փափաքեցայ, որ այս Կիրակի աղօթակից ըլլամ ձեզի, որովհետեւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցիէն ետք Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին Թեմիս հնագոյն գաղութն է, որ 97 տարիներու ծառայութեամբ վառ պահած է Հայ հաւատքը, ինքնութիւնը, մշակոյթն ու ընկերային կեանքը։ Եւ ահա այսօր եկած եմ անձամբ խոնարհելու այդ սքանչելի զոհաբերութեան առջեւ»։ Սրբազան Հայրը այնուհետեւ օրուան Աւետարանի ընթերցումը վերակենդանացուց, կապելով մերօրեայ կեանքին։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հովիւ Արժպ. Տէր Կարապետին Թէլֆէեանի,  Հոգաբարձութեան եւ յարակից Մարմիններու տքնաջան նուիրուածութիւնը, մանաւանդ Պսակաձեւ ժահրի այս  տագնապի ընթացքին եւ մաղթեց, որ գաղութը ամենայն պատշաճութեամբ իր հարիւրամեակը տօնախմբէ բնականոն պայմաններու տակ։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles