ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐ… ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԴԱՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 29 Second

Կռւում ենք մենք հո­գով ան­պարտ,

Քա­ռա­սուն օր, քա­ռա­սուն դար,

Աւա­րայ­րից՝ Սար­դա­րա­պատ,

Մու­սա լե­ռից՝ մինչ Գան­ձա­սար:

Մու­սա լեռ, Մու­սա լեռ, դու պար­ծանքն ու փառ­քը մեր:

        Խօսք՝ Գէ­որգ Էմի­նի

      »Մու­սա Լե­րան քայ­լերգ«էն

Ար­դա­րու­թեան, ազա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան հա­մար մղուած կռիւ­նե­րը պար­տու­թիւն չեն ճանչ­նար եւ ընդ­հա­կա­ռա­կը, դա­տա­պարտ­ուած են յաղ­թա­նա­կով աւար­տե­լու:

Այս­պէս, Մու­սա Լե­րան զա­ւակ­նե­րը, կը տօ­նեն իրենց հե­րո­սա­մար­տի 95-ամ­եա­կը:

Հե­րո­սա­մարտ մը, որուն դրդա­պատ­ճառ­ներն ու օր­ուան պայ­ման­նե­րը նոյն­քան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին եւ յի­շա­տա­կե­լի են, որ­քան նոյ­նինքն հե­րո­սա­մար­տը:

Երբ դեռ Սուր­իոյ անա­պատ­նե­րէն ներս դի­ակ­ներ ոս­կո­րի չէ­ին վե­րած­ուած, երբ դեռ Եփ­րա­տի հո­սող ջու­րը դեռ արիւ­նա­թա­թախ էր…հոն, քիչ մը աւե­լի հա­րաւ Մու­սա Լե­րան լան­ջե­րուն թա­ռած բուռ մը հա­յոր­դի­ներ, որո­շած էին ակն ընդ ական պար­զել ազա­տու­թեան եւ ըմ­բոս­տու­թեան դրօ­շը:

Ար­հա­մար­հե­լով այդ Եղեռ­նի հա­մա­տա­րած սուգն ու գոյ­ժը, անոնք դի­մած էին ամե­նէն աւե­լի դժուար ու վտան­գա­ւոր հնա­րին:

Ան­վա­խօ­րէն ե°ւ ամէ­նայն յանդգ­նու­թեամբ, անոնք պար­զե­ցին այդ ըմ­բոս­տու­թեան դրօ­շը, բարձր պա­հե­լով իրենց ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը եւ մա­նա­ւանդ նա­խընտ­րե­լով, ի գին ազա­տու­թեան մա­հը՝ վայ­րագ թշնամիի դա­ժան շղթա­նե­րէն:

Մու­սա Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը պատ­մա­կան պարզ դրուագ մը չէ միայն, այլ հա­յոց իւ­րա­յա­տուկ պատ­մու­թեան շքեղ եւ լու­սա­ւոր էջե­րուն կրկնու­թիւնն է: …Եւ այդ մէկ հաս­տա­տու­մը, Գէ­որգ Էմինն ալ կը շեշ­տէ վե­րո­յիշ­եալ քայ­լեր­գին մէջ:

Ցայ­սօր, նոր սե­րուն­դին ներշնչ­ման աղ­բիւրն ու հպար­տանքն է, քա­նի մը խենթ կտրիճ­նե­րու ար­ձա­նագ­րած յի­շա­տա­կե­լի յաղ­թա­նա­կը: Յաղ­թա­նակ մը, որ կերտ­ուե­ցաւ շա­րու­նակ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով անց­եա­լի ար­մատ­նե­րուն եւ ազա­տու­թեան սրբա­զան դրօ­շին:

Մի­աս­նա­բար կրկնենք վե­րո­յիշ­եալ քայ­լեր­գին կրկներ­գը.-

Եւ կռուե­ցինք ու կը կռուենք,

Քա­ռա­սուն օր, քա­ռա­սուն դար,

Որ կամ որ­պէս հե­րոս զոհ­ուենք,

Կամ կա­տար­ուի մեր իղձն ար­դար:

 »Հայ­րե­նիք«

Օգոս­տոս 10, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles