Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2021
Աւելի քան տարի մը առաջ, երբ նոյեմբերեան առաւօտ մը արթնցանք եւ ականջալուր եղանք, թէ 44-օրեայ պատերազմը վերջ գտած է դաժան գրաւոր յայտարարութեամբ մը, երբ շուտով ի յայտ եկաւ, թէ մարդկային ահաւոր ու անդառնալի կորուստներու կողքին, կորսնցուցած ենք Արցախի մեծ մասը (կար նաեւ բերանացի համաձայնութիւն ի վնաս Արցախի ու Հայաստանի), պատերազմը ետին թողած է նիւթական հսկայական վնասներ, ունինք հարիւր հազարի հասնող գաղթականներ… Մեր մտապատկերին մէջ շուտով յստակ դարձաւ, որ մօտաւորապէս մէկ ու կէս ամիս տեւած պատերազմը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ամէնէն ծանր հետեւանքներով ԴԷՊՔն էր, որոշ տրամաբանութեամբ բաղդատելի՝ աւելի քան հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան ու հայրենիքի մեծ մասի կորուստին: Ու եթէ առաջին շաբաթներուն այս ահաւոր համեմատականը լիովին չէինք «մարսած», այսօր, կորուստներուն տարողութիւնն ու ծանրութիւնը շատ աւելի տեսանելի ու զգալի են:
Բնական է, որ օր աւուր իրարու յաջորդող աննպաստ դէպքերն ու զարգացումները կը խորացնեն մտահոգութիւնները (գոնէ անոնց՝ որոնք մտահոգուելու զգայարանքը չեն կորսնցուցած): Կը կրկնուին ու կը կրկնուի՛ն ազերիական թշնամական արարքներն ու ոտնձգութիւնները, բռնագրաւումները, ոճիրները, որոնց դիմաց, իշխանութիւնը մատնուած է իրողական անզօրութեան (մանրամասնութիւններ թուարկելը համազօր է եղածներուն օրագրութիւնը արձանագրելու): Քաղաքական գետնի վրայ, կան իրարմէ բոլորովին տարբեր ուղղութիւն բռնած գիծեր. իշխանութիւնները ինկած են «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի ինքնախաբէութեան ոլորապտոյտին մէջ, ըստ այնմ կ՚առնեն իրենց ներքին ու արտաքին քայլերը (ժողովրդային խօսքով՝ «իրենց էշը յառաջ կը քշեն», չանտեսենք նաեւ այն, որ անոնց կը թելադրուի «իշուն բռնելիք ուղղութիւնը»), իսկ ընդդիմադիրները կը փորձեն տեսնել – եւ ցոյց տալ – կործանարար ընթացքին անբարենպաստ հորիզոնները, կասեցնել անվերջանալի թուացող՝ հայրենիքի նօսրացումը, պետականութեան անկումը, կ՚աղ՚շխատին հայրենիքը վերադարձնել վերականգնումի եւ պահպանումի ուղիին: Երկու գիծերն ալ կը մնան անհորիզոն, որքան ալ որ ոմանց հաճելի թուի «Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան էջը պիտի բանանք եւ բարօրութեան պիտի հասնինք»ի՝ իշխանաւորներուն հաւաստիքները (իմանալ՝ ինքնա-խաբէութիւնը):
9 ՆՈՅԵՄԲԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ՛ ՎԱՏ
Անմիջական ցնցումէն աւելի քան 13 ամիս ետք, հիմա յաւելեալ պատճառներ ունինք հաստատելու, թէ կորստաբեր քայլերը անցած են 9 Նոյեմբերի աղէտէն շատ անդին, որովհետեւ, սկսելու համար, ա՛յլապէս անընդունելի կէտերով պատմութեան մէջ արձանագրուած այդ համաձայնութեան կէտերը ոտնակոխուած ու արհամարհուած են Ատրպէյճանի ու անոր «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ կողմէ, Հայաստանի իշխանութիւնները համակերպած են ստեղծուած՝ քայլ առ քայլ նահանջի ուղիին, կ՚աշխատին հազար աղբիւրէ ջուր բերել, որպէսզի հանրութիւնն ալ ընդունի եղածը եւ… ապագայ տեսնէ: Ստեղծուած է իրական վիճակ, ուր մարդիկ կը մտածեն, թէ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրի պայմաններուն իրականացումն իսկ… բարիք պիտի ըլլայ այսօր: Փաստօրէն, գերիներու թղթածրարը կը մնայ բաց՝ ի վնաս հայութեան, յայտարարութեան մէջ նշուած այն կէտը, թէ՝ հակառակորդ ուժերը պէտք է մնային իրենց այն դիրքերուն վրայ, ուր որ էին պատերազմի վերջին օրը՝ անտեսուած է, եւ Հայաստանի իշխանութեան ղեկը բռնած անհատը, բերանացի խոստումներով, ո՛չ միայն հայկական ուժերը ետ քաշած է արցախեան լայն տարածքներէ, այլ նաեւ չէ կրցած (կամա՞յ, թէ՞ ակամայ՝ երկրորդական է) պաշտպան կանգնիլ նոյնինքն Հայաստանի սահմանային ծանօթ գօտիներուն (հիմա արդէն կը խօսուի բերանացի նոր զիջումներու մասին). մոռցուած է ոճրային յարձակումներուն եւ նիւթական վնասներուն ու թշնամին հաշուետուութեան կանչելու թղթածրարը: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ինքնագլուխ եւ անհակակշիռ քայլերով կը շարունակեն իրականացնել «Զանգեզուրի միջանցքը» եւ նոր մղոններ կտրել համաթուրանական դարաւոր ծրագիրին մարմնաւորման ճամբուն, չեն պահեր իրենց ախորժակները՝ Հայաստանի սահմանամերձ այլ գօտիներ կլանելու (սկսելով Սիւնիքի մեծ մասէն), իսկ այս բոլորին դիմաց, Հայաստանի վերընտրուած (այլապէս անհեթեթութեան գլուխ գործոց մը) իշխանութիւնը բանիւ եւ գործով դարձած է այդ ծրագիրին լծակիցն ու գործակիցը, իրենքզինք կտրած է իրականութիւններէն՝ թուրք-ազերիական ծրագիրներու գործնականացման փաստերէն (հոս ալ կրնանք երկար ցանկեր արձանագրել), կը փորձէ ջայլամի վարքագիծին մէջ ներգրաւել համայն հայութիւնը, մինչեւ իսկ ջլատել պաշտպանական բազուկները…: Վարչապետ ու գործակիցներ կը շարունակեն հայութիւնը համոզել, թէ կարգ մը բազկերակ-ճամբաներ եւ «կղզեակներ» պատկանած են Ատրպէյճանին (անուղղակիօրէն կրկնելով թրքահնար այն մեղադրանքները, թէ հայերս բռնագրաւած ենք ուրիշին հողերը, պարտաւոր ենք վերադարձնել), կամ՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան իսկապէս բարիք կը ցանկան Հայաստանին ու հայութեան՝ ճամբաներու վերաբացման ծրագիրներու իրականացման հորիզոններով (հոն՝ ուր մեր այս հակառակորդներուն շահերը կը ներդաշնակուին որոշ ուժերու, տնտեսական գործօններու շահերուն հետ, լաւագոյն պարագային փշրանքներ խոստանալով հայութեան. իսկ թէ այդ փշրանքները որո՞ւ փորը պիտի հասնին…)
ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՄԱՆ ՊԱՏՐԱՆՔԸ
Այս ենթապատկերի յառաջամասին տարածուող բեմին վրայ է որ կը խաղցուի Ատրպէյճանի հետ «սահմանազատման ու սահմանագծման» խաղը, արդէն այդ ծրագիրը գտած է արտաքին հովանաւորներ եւ քաջալերողներ, իսկ Երեւանի իշխանաւորները կառչած կը մնան անհորիզոն ճամբուն, իրենք զիրենք ու հայութիւնը կերակրելով ճամբաներու ապաշրջափակման ինքնախաբէութեամբ, տնտեսական բարօրութեան (փշրանքներու) պատրանքներով, հարցականի տակ կ՚առնեն հայութեան ու Հայաստանի հանդէպ թուրք-ազերիական քանի՛ցս փաստուած թշնամական վերաբերմունքը (կարծէք թէ 44-օրեայ պատերազմին սկսման ու հետեւանքներուն ահաւոր պատկերը հայութեան հետ կապ չունէին, ալ ո՜ւր մնացին Ցեղասպանութիւնն ու թշնամական այլ արարքներ): Ատրպէյճան արդէն գործնապէս իրականացուցած է ի՛ր հետապնդած սահմանագծումը, Երեւանի հաւկուրներուն «սահմաններու ճշդում պիտի ընենք»ները արհամարհելով, ինչպէս որ քայլ առ քայլ յառաջ կը տանի Թուրքիոյ հետ միաւորուելու դարաւոր ծրագիրը եւ կ՚ապահովէ ուղղակի եւ անուղղակի համախոհներ. մինչ այդ, Երեւանի իշխանաւորները աշխարհին կը ներկայանան խաղաղասիրութեան՝ «սխալ բան չկայ»ի տրամաբանութեամբ (կրկնենք. երկրորդական է թէ սա կ՚ըլլայ գիտա՞կցաբար, թէ պարտադրեալ կերպով. հետեւանքը մեր իրերայաջորդ կորուստներն են):
Հայաստանի ու հայութեան համար, 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու անոր աւարտէն ետք ստեղծուած աղէտալի վիճակին ծալքերը ծանօթ են բոլորիս. այստեղ արձանագրեցինք միայն այն բաժինը, որ նման է ծփացող սառցալերան մը երեւցող մասին: Անմոռանալի մէկ քանի մանրամասնութիւն արձանագրեցինք, շեշտելու համար, որ պատերազմին աւարտէն աւելի քան մէկ տարի ետք, ո՛չ միայն վերականգնումի ուղին կը մնայ անելի մէջ, այլ այսօր շատ աւելի՛ վատ ու պարտուողական դիրքերու վրայ ենք, քան նոյնինքն պատերազմի աւարտի օրերուն: Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ երկրորդ ծանրագոյն հարուածը նոր մտրակահարումներ կը հասցնէ մեզի, ու մենք կարծէք թէ… սկսած ենք վարժուիլ ստեղծուած վիճակին (բարեբախտաբար ընդդիմադիրները ու լայն զանգուածներ համակուած չեն այս վիճակով), նման՝ կիսախաւարի այդ դարերուն, երբ մարդիկ ամէնէն ծանր պատուհասները կ՚ընդունէին, կը հանդուրժէին իբրեւ… երկնատուր պատիժ, իրենց մտածումի դաշտէն դուրս էր գլուխ բարձրացնել «Աստուծոյ կարգադրութիւններուն ու կամքին» դէմ, մինչդեռ Աստուած… անմեղ էր (նպատակ չունիք զԱստուած դատելու, զայն անմեղ կամ մեղաւոր գտնելու): Այսօր ալ փորձեր կ՚ըլլան մեղքը ձգելու միայն մերօրեայ աշխարհի աստուածներուն ուսերուն, փորձ կ՚ըլլայ ինքնահամոզումի, թէ «մեր ձեռքէն ի՞նչ կու գայ», «այսինչ կամ այնինչ ուժը պէտք է օգնութեան ձեռք հասցնէ… ընդհանրապէս ձեռնածալութեան մատնուածներուս»:
ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ
Ամէնէն ողբերգական երեսը այն է, որ այս բոլորը տեղի կ՚ունենան, ինչպէս նշեցինք, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի պաշտօնական իշխանութեան ձեռքերով, առնուազն այդ ձեռքերուն մասնակցութեամբ (կրնանք ըսել նաեւ գործակատարի դերի ստանձնումով):
Կար ժամանակ, երբ Հայաստան վնասաբեր, եւ իր հողերը կծկող՝ փուլերէ անցած է մօտիկ անցեալին: Ցեղասպանութենէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի կորուստէն քանի մը տարի ետք, Ստալին մը, այսօր արդէն թզենիի տերեւի մը ծածկոյթն իսկ կորսնցուցած փաստերով, Արցախն ու Նախիջեւանը օր մը Հայաստանի կողմէ իբրեւ «եղբայրական նուէր» տուաւ Ատրպէյճանին, իսկ օրուան համայնավար հայերը, որոնք ձեւական իշխանութիւն ունէին Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ձայն չբարձրացուցին նման կարգադրութիւններու դէմ: Նման «եղբայրական կարգադրութիւններ» շարունակուեցան Ստալինի օրերուն եւ անկէ ետք (ստացան վարչական բաժանումներ-դասաւորումներ անունը), մի՛շտ ի վնաս Հայաստանի ու հայութեան իրաւունքներուն: Այդ օրերուն ալ, խորհրդային կայսրութեան մէջ բարձրագոյն դիրքեր գրաւած հայանուն ականաւորներ նախընտրեցին իրենց մատը մատին չհասցնել՝ դասաւորումները տեղ մըն ալ ի նպաստ Հայաստանի՛ կատարելու համար (Բիւզանդական վէճեր կը լսուին երբեմն, շշուկով, թէ Ստեփանոս Շահումեան մը եթէ աւելի երկար ապրէր, արդեօք դրական քայլեր պիտի առնէ՞ր ի նպաստ Հայաստանին, բան մը՝ որ չըրին Միկոյեան մը եւ նմաններ, սակայն նման տեսական հարցադրումներ մեզ տեղ չեն հասցներ):
Մէկ խօսքով, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանը, որ ինքզինք գերիշխան կը յայտարարէ հայկական հողերու վրայ, փաստօրէն եւ իրողապէս կը գործադրէ մեր հայրենիքին ու հայութեան համար կորստաբեր քաղաքականութիւն (կրնանք ըսել նաեւ, որ վարչապետը յայտնապէս աւելի՛ շահագրգռուած է Արցախի մէջ բնակած ազերիներու իրաւունքներով, քան նոյնինքն՝ Արցախի ու Հայաստանի. ահա անգամ մը եւս աղաղակող կերպով ի յայտ եկաւ Դեկտեմբերի վերջերուն անոր տուած մամլոյ ասուլիսին). իսկ երբ կ՚ըսենք Հայաստան՝ ի սկզբանէ ի մտի ունինք նաեւ Արցախն ու հայկական այն հողերը, որոնք նոյնինքն խորհրդային տարիներուն ճանչցուած էին հայապատկան: Այսինքն, այսօր մեր իրաւունքներուն տիրութեան առումով՝ մինչեւ իսկ աւելի ետ ինկած ենք, քան խորհրդային տարիները, եւ այս վիճակը ստեղծուած է (կրկնակիօրէն ցաւալի) այն փուլէն ետք, որ բացուեցաւ Արցախեան Շարժումով եւ կտրեց վերանկախացման, Արցախեան առաջին պատերազմի սուղ յաղթանակին եւ հայրենի հողերուն որոշ չափով ընդարձակման, վերատիրացման հանգրուանները, այնպէս՝ ինչպէս եղած էր աւելի քան 100 տարի առաջ, Հայաստանի հանրապետութեան փոքր տարածքին ընդարձակումով…:
ԿԱՐԿԻՆԸ ՔԻՉ ՄԸ ԲԱՆԱՆՔ
Ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմին ու անոր յաջորդած, այլ նաեւ զայն կանխող որոշ ժամանակահատուածին՝ օր աւուր զարգացումները ձեւով մը պարտադրած են վիճակներ, ուր, ինչպէս նշեցինք նախապէս՝ հայը ստիպուած է քայլ պահել ՕՐՈՒԱՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ հետ, քննարկումները, մեկնաբանութիւններն ու գնահատականները (դրական թէ բացասական) կատարել համեմատաբար նեղ սահմաններու մէջ, աչքի առջեւ ունենալով, առաւելաբար, Հայաստան-Արցախն ու անոր անմիջական շրջակայ գօտիին դէպքերը, քանի մը օրը, շաբաթը կամ ամիսը: Ականատես կ՚ըլլանք, թէ ազերի գերիներու ազատ արձակումը, Ալէն Սիմոնեանի մը տրամադրուած՝ սուղնոց ինքնաշարժը, սակագիներու բարձրացման-սղաճի հարցերը, մինչեւ իսկ Երեւանի քաղաքապետի շնորհազրկման ու պաշտօնանկութեան հարցերը, եւ բազում ուրիշներ, այլապէս շատ կարեւոր ու իրենց կշիռը ունեցող որքա՛ն մեծ տեղ կը գրաւեն առօրեայ քննարկումներուն, արդար քննադատութիւններուն մէջ, ու յաճախ կը նկատուի, որ նման հարցեր կը հրահրուին (հիմնականին մէջ՝ իշխանութեան կողմէ) այնպիսի մտասեւեռումով, որ էական, ճակատագրական հարցեր քշուին լուսանցքի վրայ եւ… «էշը յառաջ քշելու» խաղը շարունակուի առանց մեծ արգելքներու:
Եթէ փորձենք պահ մը դուրս գալ օր-աւուր զարգացող դէպքերու հարկադրանքներէն, եւ մեր աչքերը իսկակա՛ն ապագային ուղղելով եւ կարկինը քիչ մը աւելի բանալով՝ մեր այսօրուան վիճակը դիտենք ժամանակի եւ աշխարհագրական շատ աւելի լայն տարածքի մէջ, կրնանք համապատասխան՝ աւելի լայնածիր հետեւութիւններ ընել եւ փորձ կատարել տեսնելու, թէ ուրկէ՞ կու գանք, ո՞ւր հասած ենք եւ ո՞ւր կ՚երթանք: Նման քննարկում պէտք չէ կատարենք լոկ պատմական փիլիսոփայութիւններ ընելու տրամաբանութեամբ, այլ մեր անցեալը, ներկան եւ հաւանական ապագան իրարու շաղկապուած տեսնելու գործնապաշտութեամբ:
Թռուցիկ ակնարկով, կրնանք երթալ մինչեւ… ուրարտական դարաշրջան, յետոյ թռիչքներ կատարել հայկական իրերայաջորդ հարստութիւններուն (այսինքն՝ անկախ պետութիւն ըլլալու դարերուն) վրայէն, տեսնելու համար, որ մեր անկախութեան դարաշրջանները, կարճատեւ թէ երկարատեւ, լիարժէքօրէն անկախ թէ մասամբ ենթակայ այլոց, կտրատուած են օտարներու տիրապետութեան շրջաններով: Անցեալին ալ յաճախ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը գտնուած են կորստեան մատնուելու, անէանալու ահաւոր վտանգներու տակ, սակայն խորհրդաւոր բայց նաեւ իրական ուժ մը գտած ենք գոյատեւելու, վերականգնելու եւ ինքնիշխանութիւն վերանուաճելու համար: (Կը հաւատանք, որ այդ ուժը չենք կորսնցուցած հիմա):
Հաւանաբար տասնեակ դարերու անցեալը դիտուի իբրեւ «հեռաւոր պատմութիւն», որուն հետ կարծէք թէ այսօր կապը կտրած ենք (օրինակ, Մեծն Տիգրանի ստեղծած կայսութիւնն իսկ երբեմն կը դիտենք օտարներու կայսրութիւնները դիտարկելու տրամաբանութեամբ, դատումներ ու գնահատականներ ալ կ՚ընենք…): Որոշ է, թէ նման՝ «կապը կորսնցուցած»ի տրամաբանութեամբ կը դիտենք նա՛եւ մօտիկ անցեալը, այսինքն՝ այն դարաշրջանները, որոնք եկած են Ռուսական կայսութեան հզօրացումէն ետք, երբ ցարերը աշխարհի (եւ ո՛չ միայն Կովկասի) քարտէսին վրայ ներկայացան իբրեւ նոր ախոյեաններ, մէկ կողմէ՝ ընդդէմ Պարսկական, Օսմանեան կայսութեանց, իսկ միւս կողմէ՝ ընդդէմ եւրոպացի հզօրներուն, սկզբնապէս՝ Անգլիա-Բրիտանիա, Ֆրանսա, Բրուսիա եւ ուրիշներ, իսկ աւելի ուշ՝ նաեւ Գերմանիա, Իտալիա եւ այլք:
Մեզ եւ մեր պատմութիւնը շահագրգռող զարգացումները առաւելաբար կապ ունին ռուս-պարսկական եւ ռուս-թրքական հակամարտութիւններուն հետ (թէեւ հոն ալ կարկինը աւելի մօտիկ անցեալին տարածուեցաւ դէպի արեւմուտք, մասնաւորաբար Աշխարհամարտերու «դարաշրջաններուն» եւ անկէ ետք): Ռուսական կայսրութեան հզօրացման Աղերսակից՝ հայկական բեմի զարգացումները սկիզբ առին հիմնականին մէջ 18-րդ դարու վերջերուն եւ աւելի շեշտակի դարձան 19-րդ դարուն: Մեր ակնոցները առաւելաբար գործածած ենք (եւ որոշ չափով ալ իրաւացի էինք) այդ հակամարտութիւնները հայկական շահերու եւ վնասներու դիտանկիւնէն գնահատելու մօտեցումով, մինչդեռ, այդ տարիներուն (նաեւ մինչեւ այսօր), հսկաներու՝ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ շահերու մրցակցութիւնն էր որ տեղի կ՚ունենար, եւ Հայաստանն ու հայութիւնը հարկադրաբար ինկած էին այդ մրցակցութեանց ստեղծած յորձանուտներուն մէջ (միակը չենք. նաեւ մոռցած ենք, որ դարեր առաջ մենք ալ եղած ենք գլխաւոր խաղացողներու շարքին): Օրինակի համար, ռուսական ուժերը Կովկաս իջան եւ առաջին հաշուեյարդարը կատարեցին պարսկական ուժին հետ, հասան Արաքսի բնական սահմանագիծը (մինչեւ այսօր ալ նստած են հոն եւ կ՚աշխատին ձեռքէ չհանել 1828-ին իրենց ձեռք բերածը, անկախ Իրանի հետ իրենց բարեկամական կամ մրցակցական հաշիւներէն): Աւելի ուշ, եւ 19-րդ դարու ամբողջ երկայնքին ու մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը, մրցակցութիւնն ու ետ-առաջը շարունակուեցաւ ռուս-թրքական հակամարտութիւններով, որոնք պատմութիւն կերտած են (ռուս-թրքական պատերազմներ, ռուսական յառաջխաղացքներ, նահանջներ, մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին՝ Կայս-Արտահանի հարցին եւ Նեղուցներէն անցքի իրաւունքին շուրջ սակարկութիւններն ու արդիւնքները…): Եթէ այդ դէպքերը վերստին դիտենք հայկական յիշեալ «նեղ» ակնոցով, դժուար չէ վերյիշելը, որ ռուսական ուժերու յառաջխաղացումները յաճախ նպաստաբեր եղած են Հայաստանի համար, իսկ նահանջները պատճառած են կորուստներ: Այդ օրերուն անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն չէինք…: Չոր իրականութիւնը այն է, որ ռուսերը հայերուս բարիք ընելու տրամաբանութեամբ չէ որ մարտնչած են Օսմանեան կայսրութեան դէմ, մերթ մխրճուած են մինչեւ այսօրուան Թուրքիոյ արեւելեան շրջանները, այսինքն՝ պատմական Հայաստանի տարածքներ, յետոյ, եւրոպացի մրցակիցներու հակադարձութեան պատճառով (երբեմն ուղղակի եւրոպական նաւատորմերու մասնակցութեամբ) կծկումներ արձանագրած են: Այդ յառաջխաղացքներու եւ նահանջներու պատմութիւնը անծանօթ չէ ոեւէ մէկուն (եւ զայն պէտք չէ դիտարկել լոկ «հեռաւոր անցեալին կը պատկանի»ի մօտեցումով): Հիմնական խաղը նոյն տրամաբանութեամբ շարունակուեցաւ երկու Աշխարհամարտերուն ու անոնցմէ ետք, Պաղ Պատերազմի օրերուն, կը շարունակուի նաեւ նորագոյն դարաշրջանին, երբ այլեւս պատմութեան անցած է Խորհրդային կայսրութիւնը, եւ Ռուսիոյ գլխաւորած նոր խմբաւորումը նորաձեւ մրցակցութեան-ճակատումի (նաեւ… գործակցութեան) մէջ է ՆԱԹՕ-ին հետ, առանց մոռնալու Չինաստանն ու այլ «նորեկներ»: Պէտք չենք զգար այստեղ երկար սիւնակներ արձանագրելու, տեսնելու եւ ցոյց տալու համար, թէ վերջին տարիներուն ու ամիսներուն ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ մէկ կողմէ՝ Ռուսիա-Ուքրանիա, միւս կողմէ՝ Ռուսիա-Պիելոռուսիա, երրորդ գիծի մը վրայ՝ Ռուսիա-նախկին խորհրդային երկիրներ ու արբանեակներ, մէկ խօսքով՝ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ նորացուած մրցակցութեանց գիծերուն վրայ, ծանօթ աշխարհագրական շրջաններուն մէջ (երբեմն կը մոռնանք, ոմանք կը սիրեն մոռնալ, որ Թուրքիա կը մնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ, անոր մէկ գործակատարը…): Այդպէ՛ս է, անկախ այն իրականութենէն, որ երկու աշխարհամարտերուն ալ, արեւմտեան ուժերը իբրեւ դաշնակից-զինակից ճանչցան Ռուսիան (եւ Խորհրդային Միութիւնը), իսկ հասարակաց թշնամի-մրցակիցին՝ կայսերական ու հիթլէրական Գերմանիաներուն եւ անոր դաշնակիցներուն չէզոքացումէն ետք, Արեւելքի ու Արեւմուտքի ուժերը վերստին ամրացան իրենց «աւանդական» խրամատներուն մէջ: Չմոռնանք նաեւ, որ արեւմտեան զինակցութիւնն ալ ապրեցաւ ի՛ր եղափոխութիւնը, օրինակ, Ա. Աշխարհամարտին իբրեւ մասնակի դերակատար ներկայացող Միացեալ Նահանգները շուտով Անգլիան փոխարինեց իբրեւ արեւմտեան խմբաւորումին գլխաւոր հեղինակութիւնը (հոս չմտնենք Արեւմտեան զինակցութեան դաշտի ներքին մրցակցութիւններու ոլորապտոյտի մանրամասնութեանց մէջ, ուր անցեալի թշնամի-մրցակից Գերմանիան այսօր դարձած է սերտ գործակից-լծակից, իսկ Միացեալ Նահանգներ չեն վարանիր դաշնակիցներուն դէմ քայլեր առնել, անոնք կոչուին Ֆրանսա, Թուրքիա թէ այլ…):
ՎԱՐԱԳՈՅՐԻՆ ԵՏԻՆ
Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ, աշխարհի զարգացումները ընդհանրապէս կը դիտուին «աւանդական» հակադրութիւններու եւ մրցակցութիւններու դիտանկիւնէն, ըստ որուն, երկիրներ, զինակցութիւնները կը կանգնին – կ՚երեւին – մրցակցական բեմի յառաջամասին: Օրինակ, ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Արեւմուտքը կը շարունակենք դիտել իբրեւ հակառակորդ-մրցակիցը՝ Ռուսիոյ, վերջին տասնամեակներուն նաեւ՝ Չինաստանի (կրնանք հաշուարկներուն մէջ առնել նաեւ Իրանը եւ այլ՝ շրջանային ուժեր): Բեմին յառաջամասին մրցակցողներն ալ վարպետօրէն կը խաղան այդ խաղը եւ կը պահպանեն ընդհանուր այդ տպաւորութիւնները, հինէն եկող «աւադոյթներ»ը: Սակայն նաեւ կը պատահին դէպքեր, կը ստեղծուին կացութիւններ, որոնք ի յայտ կը բերեն, որ աշխարհաքաղաքական խաղերը այդքան ալ պարզ ու դիւրին տեսանելի չեն, այլ կան վարագոյրին ետին խաղցուող այլ խաղեր, որոնց շարժակները վառելանիւթ կը ստանան բեմին յառաջամասին տեսանելիէն տարբեր (երբեմն նաեւ ներհակ) գործօններէ, հաշիւներէ:
Արձանագրենք, թւումի կարգով, միայն մէկ քանի օրինակ, առաւելաբար այն տարածքէն, որ աղերս ունի մեր հարցերուն հետ: ՆԱԹՕ-ի անդամ զինակիցներ, մէկ կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներ ու միւս կողմէ՝ Ֆրանսա ու Գերմանիա, յաճախ կը կանգնին այնպիսի դիրքերու վրայ, որ կարծէք թէ առնուազն հակադիր խմբակներու կը պատկանին (չհասնինք թշնամական կոչելու): Ռուսիայէն վառելանիւթ ներածելու Գերմանիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու կարիքը՝ անոնց վրայ կը ստեղծէ ամերիկեան ճնչումներ, անոնք պահ մը-տեղ մը տեղի կու տան, յետոյ կը վերականգնեն իրենց շահերը պաշտպանելու վարքագիծը: Ուաշինկթըն Ֆրանսայի «կռնակէն» սուզանաւեր վաճառելու համաձայնութիւն կը կնքէ Աւստրալիոյ հետ, կը ստեղծուի փոթորիկ ու յարաբերութեանց ցրտութիւն, յետոյ կու գայ մեղմացումի փուլը: Չինաստան-Միացեալ Նահանգներ (եւ անոր լծակից արեւմուտքցիներու) յարաբերութիւնները կը կտրեն առեւտրական-քաղաքական ցրտութեան, ջերմացումի եւ վերստին ցրտացումի հանգրուաններ, որոնք երբեմն այնքան արագ կը յաջորդեն իրարու, որ մարդս… բաց աչքերով կը տեսնէ (պէ՛տք է տեսնէ), որ յարաբերութեանց շարժակը լոկ ՊԵՏԱԿԱՆ շահերը չեն, այլ մանաւանդ շահերը այն ուժերուն՝ ըներութիւններ, խմբաւորումներ, որոնք վարագոյրին ետին բռնած են պետութիւններու կոկորդը…: Ի դէպ, սա նոր աշխարհին իւրայատուկ բան չէ. նման «յետին» հաշիւներով շարժող ազդու դերակատարներ եղած են նաեւ անցեալին, մինչեւ իսկ Աշխարհամարտերու ընթացքին: Այսօր, բացայայտուած է այն գործակցութիւնը, որ տարուած է ամերիկեան քարիւղի կարգ մը տէրերուն եւ հիթլէրական Գերմանիոյ միջեւ, Պ. Աշխարհամարտին, ա՛յն օրերուն, երբ Միացեալ Նահանգներ Եւրոպային օգնութեան հասնելու նպատակով, որոշ ուշացումով կը մտնէր պատերազմի դաշտ, յետոյ, «Մարշըլի ծրագիր» ու նման բարիքներով կը լծուէր Եւրոպայի վերաշինութեան: Աւելի դաժան տարբերակներուն ականատես ենք Իրաքի ու նման երկիրներու մէջ…
Դիտարկումներու շղթան կրնանք երկարել (սահման չունի), մեր կարկինի տարածքին մէջ առնել Ափրիկէն, Հարաւային Ամերիկան, անցնիլ Քարայիպեաններէն եւ հասնիլ Ծայրագոյն Արեւելք (Ճափոն ու Քորէաներ), տեսնելու համար, թէ պետութեանց կողքին ու անոնց ետին, ինչպիսի՛ ուժեր եւ շահակցական հաշիւներ մղում կու տան քաղաքական աշխարհի մեքենային:
Ինչո՞ւ՝ այս դիտարկումները: Ի շարս այլ բաներու՝ ըսելու համար, որ երբ Հայաստանի ու Արցախի շուրջ պտտուող իրադարձութիւնները կը քննարկենք, Հայաստանի իշխանութեան հաւաստիքներն ու ձախաւերութիւնները աչքի առջեւ կ՚ունենանք՝ պէտք է հաշուի առնել, որ բացայայտ ազդակներէ, գործօններէ եւ թելադրանքներէ անդին, կան նաեւ քիչ երեւցող գործօններ, որոնք աղերս ունին պետութեանց հետ, սակայն նաեւ երբեմն ալ իրե՛նք կը տնօրինեն այդ պետութիւններուն քայլերուն՝ մրցակցութիւններու եւ գործակցութիւններու ուղղութիւնները: Իսկ երբ կը խօսինք ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐու մասին, ի մտի ունինք մասնաւորաբար այն հզօրները, որոնք մաս կը կազմեն… Մինսքի խմբակին, ունին մեզմէ անկախ իրենց մրցակցական եւ շահակցական հաշիւները:
ԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ «ԿԱՐԴԱԼՈՒ» ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Ո՞ւր կ՚ուզենք հասնիլ:
Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր, ինքզինք անկախ, ինքնիշխան եւ աշխարհի քարտէսին վրայ պահելու ձգտող երկիրներ բնական (եւ նուազագոյն) պարտականութիւնը ունին ճիշդ «կարդալու» երէկի ու այսօրուան զարգացումները: Աւելցնենք, որ այսօրուան աշխարհը աւելի՛ բարդ կացութիւններ կը ստեղծէ մասնաւորաբար փոքր եւ տկար նկատուող երկիրներու համար (մեր մորթին վրայ բազմիցս կրած ենք այս իրականութեան դառն հետքերը): Ուրեմն, երկիր պահել-պահպանելն ու յորձանուտներուն մէջէն նուազագյոն վտանգներով յառաջ տալնիլը կը կարօտի խորքին գիտակցումին, շատ աւելի հմտութեան, քան ինչ որ կը կարծենք։ Այս նախադրեալը նկատի ունենալով, կրնանք հաստատել, որ պէտք է ետին ձգենք մանկապարտէզը (եւ մանուկ վարիչները) եւ բարձրանանք համալսարաններու մակարդակին:
«Ճիշդ կարդալ իրականութիւնները»՝ կը նշանակէ, օրինակի համար, տեսնել եւ կշռադատել, թէ ինչպիսի՛ ազդեցութիւններու ենթակայ են այսպէս կոչուած՝ բարեկամ-զինակիցներու եւ հակառակորդ-մրցակիցներու յարաբերութիւնները: Խօսինք մեզ անմիջականօրէն շահագրգռողներու մասին:
Մեր գլխաւոր թշնամին՝ Թուրքիա, աւանդական դատողութեամբ՝ «տարօրինակ յարաբերութիւններ» կը մշակէ մէկ կողմէ՝ Արեւմուտքի իր զինակից-դաշնակիցներուն (եւ հոս կարեւոր է չտարուիլ մերթ ընդ մերթ հրապարակ եկող ցրտութիւններով ու լարուածութիւններով), ու միւս կողմէ՝ իր դարաւոր հակառակորդին՝ Ռուսիոյ հետ: Անցեալէն եկող եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ հեռահաս ծրագիրներուն առնչուած հաշիւները ընդհանուր գիծերու մէջ կը մնան անփոփոխ, արձանագրուած են «կայսերական»ի խորագիրին տակ: Թէ՛ Արեւելքը, թէ՛ Արեւմուտքը, համաձայն իրենց հաշիւներուն եւ շահերուն՝ մերթ կը հանդուրժեն, սակայն նաեւ կ՚աշխատին հակակշռել այս ձգտումները, զանոնք ներդաշնակ դարձնել իրենց հաշիւներուն եւ շահերուն. եւ հոս է որ թաղուած է «բարդ քաղաքականութեան շան գլուխը…»: Նման ակնոցով կարելի է դիտարկել նաեւ մէկ կողմէ՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ (ու Ատրպէյճանի), ու միւս կողմէ՝ Իրանի եւ Ռուսիոյ ու Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք կ՚անցնին մեղմ ու լարուած փուլերէ: Կրնանք աչքի առջեւ ունենալ նաեւ Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի (ներառեալ Ծոցի) գօտիներուն զարգացումները, եթէ չենք ուզեր տարածուիլ աշխարհով մէկ…:
Հզօր ու մեղմ, երեւցող ու սքողուած յորձանուտները, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր աշխարհը մատնած են ահաւոր տագնապներու, որոնց մէջէն անվնաս կամ նուազագոյն վնասներով, ինչո՞ւ չէ նաեւ շահեր ապահովելով կարելի է նաւարկել՝ իրականութիւնները ճիշդ «կարդալով», ըստ այնմ կողմնորոշուելով, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ ստեղծուած հոսանքներուն մէջ հաւասարակշռութիւն պահպանելու եւ յառաջ ընթանալու հմտութեամբ:
…Վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ, վերջին տարիներուն աշխարհի իրականութիւնները ճիշդ «կարդալու» ունակութիւնը նահանջ արձանագրած է յայտնապէս, հետեւանքը եղած են մեր կորուստները (հոս ալ միակը չենք): Մեր փրկութեան լաստը կախում ունի հմուտներու եւ հայրենիքի վերականգնումին նախանձախնդիրներու ձեռքերուն յայտնութէնէն եւ միաւորումէն, հիմք ու մեկնակէտ ունենալով ՄԵՐ ՇԱՀԵՐՆ ու ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ: Աւելի քան երեք ու կէս տարի առաջ իշխանութեան հասած վարչախումբին (ան)կարողութիւնները եւ (ան)ուղղուածութիւնները այսօր շատ աւելի բացայայտ են, քան առաջին օրերուն (գաղափարականով չառաջնորդուելու յոխորտանքը վստահաբար չէ մոռցուած): Օրինակի համար, կրնանք առնուազն նշել, որ այս խմբակը շատ աւելի ենթակայ է վերը յիշատակուած ուժերուն (երեւցող եւ չերեւցող) ազդեցութիւններուն ու թելադրանքներուն, կ՚աշխատի տնտեսական-ընկերային բարելաւում տեսնել – եւ ցոյց տալ – մեր դարաւոր ու անհաշտ թշնամիներուն հետ գործակցութեան պատրանքներու մէջ, քան փորձել ճիշդ կարդալ ստեղծուած վիճակները: Պահ մը կրնանք մտածել, որ Երեւանի իշխանաւորները, առանց խորապէս կշռադատելու, քիչ թէ շատ գրաւ դրած են այն հաւանականութեան վրայ, թէ Արեւմուտքը շուտով ծունկի պիտի բերէ Ռուսիան, անոր բնական դաշնակիցները՝ Չինաստանն ու Իրանը եւ ուրիշներ, ուրեմն, պէտք է հեռաւորութիւն ստեղծել մեր կոկորդը անխուսափելիօրէն բռնած Ռուսիայէն, ինչպէս կ՚ընեն Ուքրանիան, Վրաստանն ու արեւելեան եւրոպական կարգ մը երկիրներ, առանց հաշուի առնելու այլընտրանքները, աւելին՝ Հայաստանի իրողական վիճակը, թէ՝ Ռուսիայէն հեռացում եւ Արեւմուտքին մօտեցում՝ ինքնաբերաբար կը տանին դէպի… Արեւմուտքի դաշնակից եւ գործակատար Թուրքիոյ ազդեցութեան տակ մտնելու, ա՛յն Թուրքիոյ, որ անցեալ տարի բանիւ եւ գործով պատերազմի մէջ մտաւ մեզի դէմ, Արցախի մէջ, հիմա կը հետապնդէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ծրագիրը, այսինքն՝ Հայաստանի աւելի եւս նօսրացումն ու զայն ամբողջականօրէն իր տիրապետութեան տակ առնելը…: Ու երբ այսօր Հայաստանի մէջ կարգ մը մտաւորականներ, պատմաբաններ եւ տնտեսագէտներ կը փորձեն ցոյց տալ «տնտեսական գործակցութեան էջը բանալ»ու իշխանութեան առաջադրանքներուն սնանկութիւնն ու անհորիզոն ըլլալը, կը յիշեցնեն՝ որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը երբեք ալ մտահոգուած չեն Հայաստանի (ու մոռցուող Արցախի) վերականգնումով, բարգաւաճումով, որովհետեւ սա փաստուած է առնուազն վերջին երեք տասնամեակներուն, այդպիսիներ իշխանաւորներու պրիսմակով կը ներկայացուին իբրեւ «հիներ»ու պաշտպաններ, նոր աշխարհի իրականութիւններուն անհաղորդ՝ «հին-գլուխ»ներ եւ այլն: Դժբախտութեան մէկ երեսն ալ այն է, որ դաժան իրականութիւնները՝ Սիւնիքէն պատառիկներու խլումը, Տաւուշէն եւ այլ շրջաններէ պատառիկներու խլման հաւանականութիւնները հաւկուրի տրամաբանութեամբ դիտողներ (ու անհայրենիք շահեր հետապնդողներ) կան:
Այս փուլին, Հայաստանին ու Արցախին պարտադրուած «կծկում»ը պէտք չէ ընդունիլ իբրեւ կատարուած ու անյեղլի իրողութիւն, անդառնալի վիճակ: Հրամայական է, եւ անյետաձգելի՛ հրամայական, որ մեր յառաջիկայ քայլերը մշակենք, նկատի ունենալով մեր ամբողջական Դատը՝ Արցախով ու Գետաշէն-Շահումեանով, Նախիջեւանով ու Արեւմտեան Հայաստանով, եւ ըստ այնմ միացնենք հայրենապաշտպան բազուկները: Փասատօրէն, թէ՛ անցեալի եւ թէ ժամանակակից պատմութիւնները ցոյց տուած են, որ յարափոփոխ աշխարհը կրնայ բերել ամէնէն անսպասելի անակնկալները եւ ստեղծել առիթներ՝ պատռելու աննպաստ պայմանագրութիւններ, անոնք ըլլան գրաւոր թէ բերանացի: (Օսմանեան կայսրութիւն մը հարիւր տարի առաջ կտրատուեցաւ, Եուկոսլաւիա մը պատառիկներու վերածուեցաւ, Խոհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ եւ ստեղծուեցաւ նոր աշխարհ. եւ այպէս՝ աշխարհի կը շարունակէ թաւալիլ հին-նոր առանցքներու շուրջ):