ԼՍԵԼՈՒ ԵՒ ԻՄԱՆԱԼՈՒ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՄԲ Կ’ԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵՆՔ ԿԱՐԾԻՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 28 Second

Յ. Պալեան

            Քաղաքը տօնական թմբիրէ չէ արթնցած: Հետաքրքրական են Հայաստանի թերթերը, որոնք 25-26ին տօնական արձակուրդ չունին:

            ԱՌԱՒՕՏ թերթի կայքին վրայ կարդացի Արա Սահակեանի հետ Նելլի Գրիգորեանի զրոյցը: Ան սիրողական-ամաթէօր քաղաքագէտ չէ: Եղած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ եւ Ղազախստանի մէջ Հայաստանի դեսպան:

            Կ’արտագրեմ Արա Սահակեանի կարգ մը դիպուկ արտայայտութիւնները, եւ իւրաքանչիւրը, պիտի ընդլանեմ իմ հայեցողութեամբ: Տեսակ մը հեռակայ զրոյց:

            ա. «Եւ խելքահան չլինէք արեւելեան ճոխ ընդունելութիւններից, քաղցր-մեղցր խօսքերից ու չհաւատաք Խաղաղութեան նոբելեան մրցանակ ստանալու խոստումներին: Այդ մրցանակը ձեր քթի տակից Ալիեւն անցած պատերազմում տարաւ»:

            Կենսափորձի պակաս ունեցողներու շլացումին կ’ակնարկէ Արա Սահակեան: Չէի մտածած, որ յաջորդական նահանջներով խաղաղութեան հաստատման նպաստելով, մարդիկ կրնան մտածել անմահանալ եւ արժանանալ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի: Միթէ՞ բարոյականութիւն է ինքզինք վաճառքի հանել սեփական հայրենիքի կորուստով: Իսկ եթէ յանկարծ որոշուի Խաղաղութեան մրցանակ շնորհել միաժամանակ հայու հայրենիքը բռնագրաւողին եւ այդ հայրենիքը զիջողին, ի՞նչ պիտի արձանագրէ պատմութիւնը ընդհանրապէս եւ մեր պատմութիւնը՝ մասնաւորաբար: Ի՞նչ պիտի ըսեն 3+10 միլիոն հայերը: Սնափառութեամբ պիտի ծափահարե՞ն, իրենք զիրենք մասնակից համարելով այդ մրցանակի լուսապսակին:

բ. «Դեռեւս տը ժիււրէ ամրագրուած չէ Հայաստանի պարտութիւնը, որովհետեւ դելիմիտացիա, դեմարկացիա տեղի չի ունեցել»:

Արա Սահակեան կը ցուցաբերէ օրէնք գիտցող քաղաքագէտի վերաբերում: Արդարեւ, հակառակ յաղթանակ-պարտութեան աղմուկի, ո՛չ մէկ միջազգային ընդունուած վաւերաթուղթ կայ, ըսելու համար, որ թուրք-ազերի նախայարձակման եւ ներխուժման հետեւանքով բռնագրաւուած-բռնազաւթուած տարածքները դադրած են հայապատկան ըլլալէ: Միթէ՞ կատարուած իրողութեան մերժում չէ, երբ ռուս խաղաղապահներու պաշտպանութեամբ 4000 հայեր Արցախի իրենց սրբավայրերը կ’երթան, ըսելու համար, որ իրենք այդ հողին տէրերն են:

գ. «Թուրքիան… միայն de facto ճանաչեց մեզ, de jure` ոչ ու չհաստատեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ»:

            Կը  նշանակէ, որ Թուրքիան չճանչցաւ Մ.Ա.Կ.-ի անդամ իր դրացի Հայաստանի հանրապետութիւնը, որ կը նշանակէ գտնուիլ մնայուն պատերազմական վիճակի մէջ, եւ 2020ի Հայաստանի դէմ պատերազմին իր մասնակցութիւնը կացութեան տրամաբանական հետեւանք էր: Այսօր ալ չէ ճանչցած: Իսկ ինչ որ միջազգային համայնք կը կոչուի, իր լռութեամբ մեղսակից է անցեալի եւ գալիք նախայարձակումներու, շարունակելով միջնորդի եւ իրաւարարի դեր խաղալ: Այս իրականութիւնը հասկնալու համար մեծ համալսարաններէ շրջանաւարտ ըլլալու կամ բարձր դիրքերու վրայ գտնուելու կարիք չկայ: Պճեղ մը իրատեսութիւն պէտք է: Եզրակացութիւնը այն է, որ Թուրքիան միշտ նախայարձակի դիրքի վրայ կը գտնուի, միջազգային համայնքը այդ կը տեսնէ եւ ճապկումներով կը բաւարարուի, ան կոչուի արեւելք թէ արեւմուտք:

դ. « …մենք տարբեր քարանձաւներում չենք բնակւում, այլ գտնուում ենք միջազգային-իրաւական կարգաւորումների միասնական հարթակում:1992 թուականին Հայաստանը`  Թուրքիայի եւ 9 այլ պետութիւնների հետ հիմնել է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը եւ մշտական ներկայացուցիչ ունի այդ կազմակերպութեան Ստամբուլում տեղեկայուած գլխաւոր գրասենեակում: Այս ամէնը եւ շատ այլ կարեւոր ձեռնարկներ կատարուել են յեղափոխականների անիծած «վերջին 30 տարում»:

            Այսինքն, նոյնիսկ երբ Թուրքիան իրողապէս de jure չէ ճանչցած Հայաստանը, de facto ճանաչում կայ. երկու երկիրները կը գտնուին միջազգային նոյն ժողովներուն մէջ, մաս կը կազմեն Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան, որուն կեդրոնը կը գտնուի Պոլիս, եւ հոն Հայաստանը ներկայացուցիչ ունի: Կը նշանակէ, որ բանակցութիւններ միշտ եղած են վերանկախացումէն ի վեր եւ անոնք նոր իշխանութիւններու նախաձեռնութիւն չեն:

            ե. «Յայտնի են Հայաստանի եւ Թուրքիայի բանագնացների անունները. ԱԳ փոխնախարարի պաշտօն զբաղեցրած եւ զրօ դիւանագիտական փորձառութիւն ունեցող 31-ամեայ Ռուբէն Ռուբինեանը բանակցելու է 37 տարուան դիւանագիտական աշխատանքի փորձ ունեցող Սերդար Քըլըչի հետ»:

            Հայաստան եւ Թուրքիա պիտի բանակցին: Այս մասին Արա Սահակեանի զգուշացումը, փորձ ունեցող դիւանագէտի դատումը, այլապէս կարեւոր են: Ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ, երեւակայելով «զրօ դիւանագիտական փորձառութիւն ունեցող 31-ամեայ Ռուբէն Ռուբինեան»ը «37 տարուան դիւանագիտական աշխատանքի փորձ ունեցող Սերդար Քըլըչի» դիմաց: Միթէ՞ կարելի չէ քիչ մը աւելի ողջմիտ ըլլալ, տեսնելու համար, որ «իւրայիններէն» դուրս ալ կարողութիւններ կան:

զ. «…կուսակցութիւն եւ կառավարութիւն ի զօրու չեն մէկ զարկով լուծելու հայ-թրքական թնջուկը: Սա երկար գործ է: Ազգային յիշողութիւնն էլ մէկ խմբակի կամքով չի ջնջուիր…»

            Արա Սահակեանի այս կէտի մասին կարելի է երկար մտածել, գերանցելով մեր զանազան պատկանելիութիւնները, նախասիրութիւնները, յանձնառութիւնները: Առաջին Հանրապետութիւնը չէր լուծած այդ «թնջուկ»ը, Խորհրդային Միութիւնը սառեցուցած էր, երբեմն յոյսեր ներշնչելով, անցնող երեսուն տարիներուն, այպէս կոչուած «նախկիններ»ը փորձեր ըրած էին, միջնորդներ եղած էին, բայց «թնջուկ»ը այդպէս ալ մնացած էր: Պարզ է, որ հարցը ո՛չ միայն տնտեսական է, ճանապարհներու եւ առեւտուրի, այլ, ինչպէս կ’ըսէ Արա Սահակեան, «Ազգային յիշողութեան», որ «մէկ խմբակի կամքով չի ջնջուիր»:

            Հետեւաբար, ներսը եւ դուրսը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, 3+10 միլիոնի իրաւունքով, բարձր գիտակցութեամբ եւ ըմբռնումով, պէտք է խօսիլ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ քաղաքական-գաղափարական հենքի, այսինքն միանգամընդմիշտ ճշդելով, որ այդ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆը ջնջելի՞ է, թէ՞ ո՛չ:

            Ազգը որպէս ամբողջութիւն, Հայաստան եւ սփիւռք, հայրենաբնակներ եւ հայրենահանուածներ, կրնա՞ն ջնջել հաւաքական յիշողութիւնը: Ո՛չ քաղաքական խմբակ մը, ո՛չ ալ հանրաքուէ, կրնան այդ որոշել: Ան ինքնութեան առանցք է, ծինային է: Ան պատմութեան էջերուն կը դասուի, չի մոռցուիր, կը մոռցուին միայն այն ատեն երբ ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ իրաւունք կը հաստատուին, կ’ընդունուին: Այս է բարոյական ողջախոհութեան ուղին, ընդդէմ ներքին եւ արտաքին պարտադրանքներու, տիքաթթներու:

            Ո՛չ, երէկի, ո՛չ այսօրուան, ո՛չ ալ վաղուան խմբակները կրնան որոշել ազգային յիշողութիւնը վերցնել: Զայն կարելի չէ վերցնել ժամանակաւոր շահերու եւ պատշաճեցումներու համար:

            Ազգային յիշողութեան ջնջումը ինքնադրժում է, որ չարին եւ անիրաւին կու տայ բարոյականութեան բարենիշ:

            Ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթի աշխատակից Ամպէր Պոզոկլուի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ժամանակակից մեծ գրող Միլան Քունտերա ըսած էր. «Մշակոյթը ժողովուրդի յիշողութիւնն է, պատմութեան շարունակականութեան հաւաքական գիտակցութիւնը, մտածելու եւ ապրելու ոճը»:

            Ո՞ր հայը կրնայ ստանձնել դերը այն դահիճին, որ կացինի հարուածով կը ջնջէ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, որ մեր պատմութիւնն է, հաւաքական գիտակցութիւնը: Երբ անոնք կորսուին, մենք կը դադրինք մենք ըլլալէ: Քաղաքական ճապկումները եւ ամէն տեսակի անհատական փառասիրութիւնները պէտք չէ մոռցնեն, այս էական ճշմարտութիւնները:

            Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու ընթացքին երբ օրակարգ ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչման-մոռացման հարցը, ի՞նչ պիտի ըսէ Հայաստանի պատուիրակութիւնը, ինքզինքին իրաւունք պիտի տա՞յ համայն հայութեան անունով վճիռի կայացման մասնակից-մեղսակից ըլլալու:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles