Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու ընկալման փորձերու թերեւս ամենահեշտ, բայց նաեւ ապակողմորոշիչ մեկնաբանութիւնը հայ-ատրպէյճանական տագնապը Ռուսիա/Արեւմուտք մեծապետական մրցակցութեան տրամաբանութեան մէջ տեղադրելն է: Ամենահեշտը՝ որովհետեւ հակառակ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն երեսուն տարի անցած ըլլալու, Պաղ Պատերազմի երկբեւեռ աշխարհի յարացոյցը ինքզինք տակաւին կը պարտադրէ քաղաքական վերլուծումներու ժամանակ: Դիւրին միջոց է իրավիճակի բարդութիւնը պարզացնելու: Կամ՝ սեփական քաղաքական կողմնորոշումը «առարկայական վերլուծում»ով հիմնաւորելու համար:
Նման պարզացում սական ապակողմնորոշիչ է երեք պատճառով: Առաջին հերթին, Միջազգային Յարաբերութիւններու Տեսութեան ոլորտին մէջ ակադեմական ուսումնասիրութիւնները «բեւեռացում» հասկացողութիւնը դուրս բերած են օրին Ա․Մ․Ն․-Խ. Միութիւն ուժային հաւասարակշռութեան հայելիէն եւ բանավէճը զարգացուցած, ընդ որում նաեւ նկատի առնելով յղացքին անբաւարարութիւնը բացատրելու համար պատմականօրէն անբեւեռ աշխարհակարգեր: Երկրորդ, եթէ երբեք 21-րդ դարու միջազգային ուժերու հաւասարակշռութիւնը նոր բեւեռացման պիտի յանգի, ապա եւ այն պիտի ըլլայ ոչ թէ Ատլանեան եւրասիոյ աշխարհամասին մէջ, այլ՝ Խաղաղականի Ասիա/Աւստրալիա աշխարհաքաղաքական հատուածին մէջ եւ Չինաստան/Ա․Մ․Ն․ հակամարտութեամբ: Երրորդ, Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Արեւմտեան ծաւալապաշտութեան մասին հանրային կարծիք կազմաւորելու գործով ամենէն աւելի շահագրգռուած է, եւ ապատեղեկատուական քարոզարշաւի մէջ աշխուժացած, նոյնինքն Ռուսիան, որ այդ ձեւով կը հաստատէ հզօր ուժի սթաթուսի պատումը: Այս վերջինը կը կարեւուորուի անով, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Մոսկուա կորսնցուցած է միջազգային բեմին վրայ իր երբեմնի գեր-հզօր պետութեան կարողականութիւնը -ի բացառեալ որպէս կորիզային ուժ: Ալեքսանտր Իսքանտարեան մէկ քայլ անդին կ’անցնի եւ PONARS Eurasia-ի կայքէջին վրայ հրատարած իր վերլուծումով համոզում կը յայտնէ, որ Արցախի երկրորդ պատերազմը բացայայտեց որ Ռուսիա այլեւս չունի նախկին խորհրդային տարածքին վրայ այն վերահսկողութիւնը, որ տեսականօրէն 1990-ականներուն բանաձեւուեցաւ որպէս «մօտակայ դրացնութիւն», իսկ իր յարաբերութիւնները իր նախկին արբանեակներուն հետ պայմանաւորուած են կացութենէն բխած շահերու ոլորտով:
«Արեւմուտք»ը այս մեկնաբանութիւններուն մէջ լռելեան կ՚ընկալուի ոչ թէ տարածաշրջանէն ներս Ա․Մ․Ն․-ի կամ Միացեալ Թագաւորութեան կամ եւրոպական Միութեան ուղղակի միջամտութեամբ այլ անուղղակիօրէն՝ դերակատարներու եւ շահերու կապակցութեամբ այդ եզրակացութեան հասնելով: Դերակատարներու կապակցութեան ճամբով տարածաշրջանէն ներս Արեւմտեան ներթափանցման «փաստ»ի ենթադրութիւն է ամենէն առաջ անշուշտ Թուրքիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալը: Յետոյ կու գան շահերու կապակցութիւնը. Կասպեան քարիւղը եւ Միացեալ Թագաւորութեան զօրակցութիւնը ատրպէյճանին, Իրանի վերահսկողութեան եւ ԱԹՍ-ներ վաճառելու նպատակով Իսրայէլ-ատրպէյճան կապը, եւ, յատուկ դաւադրապաշտական մօտեցումներու սիրահարներուն համար, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու թէ բնապահպանումի օրակարգ ունեցող ամերիկեան եւ եւրոպական քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները, որոնք հասկնալիօրէն ատրպէյճանի հետ առընչութիւն դժուար թէ կարենան ունենալ, բայց Հայաստան ներթափանցելով կը նպատակադրեն հակառուս տրամադրութիւններ հրահրել: Այս իւրաքանչիւր ենթադրութիւններէն ոչ մէկը անպայմանօրէն ֆէյք է: Հարցը, կրկին, անոնց քլիշէացումն է որպէս «փաստ» հայ-ատրպէյճանական տագնապը Արեւմուտք/Ռուսիա մեծապետական պայքարի տրամաբանութեամբ ընկալող մեկնաբանութիւններուն համար:
Հայաստանեան ներքաղաքական բեմին վրայ Մայիս 2020-ին ձեւաւորուած Ազգային Ժողովրդավար Բեւեռին համար Կովկասի մէջ Ա․Մ․Ն․-ի ուղղակի միջամտութիւնն ու ներկայութիւնը ծրագրային նպատակ է: Իր ղեկավար դէմքերէն Արա Պապեան, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի աւարտի առաջին տարելիցին առիթով յօդուած մը լոյս հրատարակած է The American Conservative պարբերաթերթի կայքէջին վրայ, որու հիմնական վարկածը Փաշինեանին կառավարութիւնը կը նկատէ Ռուսիոյ կամակատարը իսկ պատերազմը՝ Մոսկուայի «մեծ դաւադրութիւնը»: Աւելի՛ն, ըստ Պապեանին, նոյնիսկ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը»՝ Ռուսիոյ խաղն է Հայաստանէն խլելու համար իր գերիշխանութեան «մնացորդաց»ը եւ իրականացնելու Լավրովի Ծրագիրը: Բեւեռը, ըստ երեւոյթին, Հայաստանի ներքաղաքական բեմին վրայ հրապարակ կու գայ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» շեշտուած Արեւմտամիտութենէն աւելի աշխոյժ Արեւմտամէտ, աւելի արմատական եւ հակառուս: Կամ ալ, ի մտի ունենալով անոր մաս կազմող ուժերուն եւ քաղաքական ղեկավար դէմքերուն առճակատային ընդդիմութիւնը նախաՓաշինեան իշխանութիւններուն, աւելի յստակ՝ Սասնայ Ծռեր շարժումը, չըսելու համար համակրանքը՝ «գունաւոր յեղափոխութիւններ»ու հայկական տարբերակին, Բեւեռը, կամայ թէ ակամայ, Քաղաքացիական Պայմագրի (ՔՊ) իշխանութիւններուն օրակարգին մասին է որ կ՚աղմկէ:
Հ․Յ․Դ․ պաշտօնական կայքէջին վրայ, 19 Նոյեմբերին տեղադրուած «Երեք հարց ամենագէտ ծռերին» յօդուածը Տիգրան Չանդոյեանի ստորագրութեամբ կը միտի պախարակել Բեւեռը, աւելի ճիշդ «ծռերը» -կ՚ենթադրուի Սասնայ Ծռերուն մասին է խօսքը- եւ իրենց Արեւմտասիրութիւնը: Յօդուածին, կամ ակնարկին, աւելի ուշադիր ընթերցում մը սակայն կասկածի տեղի կու տայ անոր հիմնական նպատակին մասին. «ծռեր»ին պախարակո՞ւմ, թէ ռուսամիտութեան բացայայտ արտայայտութիւն: Աւելի՛ն, ակնարկելով Երեւանի մէջ Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագիրներու հարիւրամեակին նուիրուած գիտաժողովին, յօդուածին առաջին պարբերութիւնը կը թիրախաւորէ «օրուայ քաղաքական էլիտա»ն, այսինքն՝ ՀՀ դաշնակցական կառավարութիւնը՝ Սեւրին եւ «դրա հեղինակ երկրներին» հաւատալու, տարածաշրջանային իրադարձութիւնները չհասկնալու, կարճ՝ «խելամիտ դիւանագիտութիւն չբանեցնելու» եւ երկրի խորհրդայնացումը ուշացնելու մէջ: «Յանիրաւի չեն այդ մեղադրանքները», կ’եզրափակէ հեղինակը այդ առաջին պարբերութիւնը:
Յօդուածագրին իրաւունքն է, անշուշտ, իր ազատ կարծիքը ունենալու թէկուզ եւ առանց անդրադառնալու, որ իր եզրայանգումը համահունչ է պոլշեւիկեան պաշտօնական թէզին որ խորհրդային ամբողջ ժամանակաշրջանին առաջին հանրապետութեան ղեկավարութիւնն ու, հետեւաբար, Դաշնակցութիւնը մեղադրեց երկրի խորհրդայնացումը «ուշացնել»ու, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերէն աւելի վեր համարելու Արեւմտեան Դաշնակիցներու շահերը, վերածուելու անոնց հակասովետական քաղաքականութեան գործիքին: Այդ մեղադրանքը կը կարեւորուի անով, որ անոր պատճառով Ստալինը Նախիջեւանն ու Արցախը յանձնած է ատրպէյճանին եւ հողատարածքի կորուստի իմաստով մէջ Հայաստանը ամեշատը տուժած է, մինչ ժամանակի խոհեմ դիւանագիտութիւն ունեցած ատրպէյճանը շահաւոր դուրս եկած է: Այսինքն՝ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը ստանձնած պոլշեւիկները այնքան ալ «մեղաւոր» չեն:
Իրա՞ւ: Այսինքն եթէ Հանրապետութեան ղեկավարները իշխանութիւնը Մայիսին յանձնած ըլլային պոլշեւիկներուն, եթէ խզէին Արեւմտեան դաշնակիցներուն հետ, եթէ ոչ իսկ ներկայանային Խաղաղութեան Վեհաժողովին եւ Սեւրը գոյութիւն չունենար, Հայաստանը պիտի խորհրդայնանար Նախիջեւանով ու Արցախով, կամ թերեւս մինչեւ իսկ Կարսով ու Արտահանով եւ ամբողջ Արեւմտահայաստանով որովհետեւ հայ, թէ հայանուն, պոլշեւիկները հայկական պատմական հողատարածքի միաւորումը կը նպատակադրէին եւ ոչ թէ «համաշխարհային յեղափոխութիւնը», իսկ Լենինն ու իր անմիջական գործակիցները, ի մասնաւորի Ստալինը, աւելի պիտի կարեւորէին հայ աշխատաւորութեան իրաւունքը իր սեփական հայրենիքն ունենալու քան քեմալականներու հետ իրենց համագործակցութիւնը ընդդէմ Արեւմուտքին… Մէկ բան է յետադարձ ակնարկով քննական/քննադատական վերլուծումի ենթարկել Սեւրն ու անոր անիրականութիւնը, այլ բան է ենթադրել որ օրուայ ղեկավարները այնքան հեռատես պէտք է ըլլային որ կանխատեսէին բոլոր գալիքը, մերժէին միջազգային միակ փաստաթուղթը որով հայկական պատմական հայրենիքը կը միաւորուէր, իսկ որ չեղան, քանի որ աւելի Արեւնտամէտ էին քան խորհրդառուսամէտ ուրեմն իրենց հասցէին եղած մեղադրանքները «յանիրաւի չեն»…
Յօդուածի այս առաջին սայթաքումէն յետոյ, երբ յօդուածագիրը արդէն իր բուն նիւթին կ’անցնի եւ «ծռերի» հասցէին կ’ուղղէ իր քննադատութիւնը, առաջին պարբերութեան նոյն տրամաբանութեամբ, Ա․Մ․Ն․, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա կը պախարակուին որպէս հակահայ մեծ տէրութիւններ, որոնք միայն խաբած են հայ ժողովուրդին, եւ մինչեւ իսկ մեղսակից իր բոլոր աղէտներուն: Հարցը հոս ոչ ԱՄՆ, ոչ Մեծն Բրիտանիա եւ ոչ ալ Ֆրանսա պաշտպանելն է, կամ ժխտել անոնց քաղաքական շահակցութիւնը Թուրքիոյ հետ որ կրնայ եւ ի վնաս հայութեան շահերուն ըլլալ համաձայն թեմային եւ պատմական պահուն: Բայց արդե՞օք, իմանալով յաճախ կրկնուող ճապաղութիւնը որ «պետութիւնները միայն շահեր ունին», պէտք է թացը չորին հետ լուալ եւ արժեզրկել Ուիլսընի իրարւարար վճիռը, անտեսել որ շնորհիւ Ֆրանսային է որ փրկուեցաւ Մուսա Լերան ժողովուրդը կամ Մեծն Բրիտանիոյ նկատել նոյնքան ոճրագործ որքան ցեղասպան թուրքը եւ այն ալ այնպիսի ժամանակ մը, երբ շնորհիւ Հայ Դատի տարիներու աշխատանքին վերջապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկ մը իր ուղին հարթած է դէպի խորհրդարանական քննարկում…
Ինչո՞ւ Արեւմտեան այս պետութիւններուն այս արԺեւորումը որպէս հայութեան շահերու բացարձակ վնաս: Ի՞նչ միամտութիւն է կարծել որ «ծռերին» քաղաքական ծրագրին քննադատութիւնը անպայմանօրէն պիտի բացարձակացնէ, արմատականացնէ անոնց առաջարկին հարիւր ութսուն աստիճան հակառակ կարծիքը, այսինքն գետնին տակը անցնէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ տակաւի՛ն օգտագործելի փաստաթուղթ մը, կամ հայութեան շահերու վնասաբերի շարքին դասել ամբողջ երկիրներ որոնք նաեւ եղած են հայութեան կողքին -Ֆրանսայի պարագային թերեւս ամենէ՛ն աւելին: Մի՞թէ կարելի չէ հաւասարակշռուած մօտեցում ունենալ ի մտի ունենալով, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Հայաստանի նման աննշան փոքր պետութիւն մը ամենէն աւելի պէտք ունի հաւասարակշռուած եւ բազմակողմանի դիւանագիտութեան, ոչ միայն որովհետեւ իր զարգացման համար պէտք ունի ֆինանսաւորման ամէն տեսակի աղբիւրներու, տնտեսականա համագործակցութեան, այլ նաեւ ու մանաւա՛նդ իր կախուածութեան մակարդակը հնարաւորին չափ մեղմացնող լծակներու: Իսկ այս վերջինին համար կա՞յ արդեօք կազմակերպուած Սփիւռքէն, դասական այսպէս կոչուած «աւանդական» Սփիւռքէն, տարբեր միջոց, Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ համայնքային զօրաշարժի կարողականութեան այլընտրանք, իսկ այդ կազմակերպուած Սփիւռքի համայնքները Արեւմտեան երկիրներու մէջ են, քաղաքական աշխատանքը արդիւնաւորուած է Արեւմտեան ժողովրդավար համակարգերու ընձեռած ազատութեան պայմաններուն մէջ հակառակ մեծապետական աշխարհաքաղաքական շահերու բոլոր խոչընդոտներուն որ անշո՛ւշտ կան ու պիտի մնան:
«Ծռերին» քաղաքական ծրագրին ուղղուած ամէն քննադատութեան վաւերականութիւնը ընդունելով հանդերձ, յօդուածի այս շեշտուած ու արմատական հակա-Արեւմուտք կեցուածքը հիմնական հարցական մը կը ստեղծէ, մասնաւորաբար Դաշնակցական քաղաքական մտածողութեան համար. ինչո՞ւ համար այս յարձակումը Արեւմուտքի դէմ ի գին փոշիացնելու նոյնիսկ Սեւրի դաշնագիր ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռ, որ յետ խորհրդային տարիներուն Դաշնակցութեան Ծրագրային նպատակներուն կիզակէտը մնացին, որոնց անտեսման դէմ պայքարեցաւ Դաշնակցութիւնը անցեալ դարու ինիսուննականերու սկիզբը, երբ Տէր Պետրոսեանն ու իր Հայոց Համազգային Շարժումի ղեկավարութիւնը կը փորձէր Անկախութեան Հռչակագիր մը բանաձեւել որու ոգին պիտի անտեսէր Սեւրն ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը, եւ որոնց Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագրին մէջ ներառումը պիտի նկատել քաղաքական կարեւոր ձեռքբերում:
Պատասխանը թերեւս կարելի է կռահել հեղինակի եզրակացութեան ընդմէջէն: Յօդուածագիրը «խելամիտ պատասխաններ» կ՚ակնկալէ Արեւմուտքի հակահայ կեցուածքը որպէս թէ մերկացուցած իր հարցումներուն, որոնք, իբր թէ, ուղղուած են «ծռերին», ի յառաջագունէ կասկածի տակ դնելով նման պատասխաններու «խելամտութիւնը» եւ ոչ թէ «զգացմունքաշաղախ գոռգոռոցներ՝ ուղղուած տարածաշրջանում հեգեմոն ճանաչուած երկրին»: Դժուար չէ այս օրերուն տեսնել թէ ինչպէս իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն իրարու հետ մրցակցութեան ելած են շնորհակալութիւն յայտնելու համար Ռուսիոյ եւ Նախագահ Փութինին, եւ հասկնալի է երկրի մը համար որու գոյութիւնը պատերազմէն, պարտութենէն եւ անցնող տարուայ ընթացքին այդ պարտութեան պատասխանատու եւ իշխանութեան վրայ մնալու յամառած ղեկավարի ու քաղաքական ուժի մը աններելի սխալներուն ու ապիկարութեան պատճառով, այսօր աւելի եւս կախեալ է Հիւսիսի իր դաշնակիցի Կովկասեան քաղաքականութենէն: Այս իրավիճակը սակայն պիտի առաջնորդէ «ընդհանուր պետութեան» մը հեռանկարը ընդունելու որպէս «անխուսափելիութիւն», անկախութիւնը իմաստազրկող այդ հեռանկարի ընդունումը «մտածելու բա՞ն է» ինչպէս լսուեցաւ վերջերս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, եւ եթէ նոյնիսկ քաղաքական այդ «իրատեսութիւնը» ինքզինք պարտադրէ, կրնա՞յ Դաշնակցական քաղաքական մտածողութիւնը համակերպիլ անոր: