ԱՅՍՕՐ «ՄԻԱՑՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ»Ի ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻՆ…

0 0
Read Time:5 Minute, 39 Second

Յ. Պալեան

Մեզ թուում է՝ փակուղու մէջ ենք, բայց անկարելի ոչինչ չկայ:

Աշոտ Մելքոնեան, ակադեմիկոս, Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն

 

            «Միացման հրամայական»ը հնչեղ է, ըսողը գոհունակութիւն կը զգայ, լսողը կը տպաւորուի, ըսող եւ լսող կը համոզուի՞ն եւ կը հաւատա՞ն, թէ՞ ոչ, այդ արդէն այլ հարց է:

            Այլ հարց է նաեւ թէ ինչո՞ւ պէտք է «միանալ եւ համախմբուիլ»: Ապա պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՞ս պէտք է միանալ, ի՞նչ ընելու համար, մարտավարակա՞ն՝ թէ ռազմավարական միացում:

            Հայաստանի ներկայ պառակտումի կացութեան մէջ, «միանալու եւ համախմբուելու» կոչը ինչպէ՞ս պէտք է դիմաւորել, ի՞նչ կը նշանակէ ան, ո՞ր նպատակին շուրջ, ո՞ւր երթալու համար եւ որոնց հետ:

            «Միացման հրամայական»ը բաժակաճա՞ռ է, թէ քաղաքական ուղիի առաջադրանք:

            Տասնեակներով կուսակցութիւններէն եւ շարժումներէն իւրաքանչիւրը կը խորհի, համոզուած է, որ ինք գտած է ճիշդ ուղին եւ հարկ է համախմբուիլ իր շուրջ: Եթէ անոնք համոզուին, որ ուրիշներ ալ կրնան ճիշդ տեսնել եւ մտածել, տասնեակներու թիւը կը նուազի: Հզօր Միացեալ Նահանգները ունի միայն երկու կուսակցութիւն. Հանրապետականները եւ ժողովրդավարականները (դեմոկրատները): Բաղդատել եւ մտածել:

            Ի՞նչ բանի համար են անհատներու փառասիրութեան որպէս ոտնատեղ Հայաստանի տասնեակներով եւ տեւաբար բազմացող կուսակցութիւնները: Ի՞նչ բանի մասին կը վկայեն փոքրիկ երկրի մը տասնեակներով կուսակցութիւնները եւ անոնց առաջնորդները, որոնք աղէտի մատնուած երկրին համար կ’ուզեն ճամբացոյց ըլլալ: Տասնեակներով ճամբաները միթէ՞ հանգոյց չեն ըլլար:

            Հայաստան այսօր կանգնած է շփոթեցնող ընտրանքներու առջեւ: Ժողովուրդի անշրջանցելի պահանջները կան. ապահովութիւն, աշխատանք, բարօրութիւն, ուսում, զորս պէտք է բաւարարել: Այդպէս է բոլոր ժողովուրդներու պարագան: Իշխանութիւններ եւ իշխանութեան ձգտողներ, խոստումներով, ամբոխավարութեամբ եւ ամբոխահաճութեամբ կը փորձեն հակակշռել ժողովուրդը:

            Այս չարաշահման դէմ պէտք է երթալ եւ կոչ ընել նոյն այդ ժողովուրդի գիտակցութեան: Ժողովուրդը իրարու կողքին ապրող, գործակից մարդոց համախմբում մըն է, անոր հասարակ յայտարարը նոյնն է մէկ երկրէ միւսը. ան պիտակ չունի. աշխատաւոր եւ սպառող զանգուած: Ինչպէս կ’ըսէին համայնավարները, «պրոլետարներ բոլոր երկիրներու միացէ՛ք»:

            Սովորական է ժողովուրդի եւ ազգի շփոթը: Ազգ հասկացողութիւնը կը բերէ յաւելեալ ըմբռնում մը, ժողովուրդին կու տայ քաղաքակրթական եւ մշակութային դէմք: Անոր անդամները ունին ընդհանրապէս հասարակաց ծագում, մաս կը կազմեն նոյն պետութեան եւ հայրենիքին եւ ընդունած կ’ըլլան հասարակաց օրէնքներ եւ արժէքներ: Այսպէս, նոյն երկրի ժողովուրդի հատուածները եւ այդ երկրի ազգը կրնան չնոյնանալ: Այս ըմբռնումով Հայաստանի ժողովուրդը ազգ է, իրեն յատուկ բոլոր ստորոգելիներով. պատմութիւն, մշակոյթ, լեզու, ծագում: Քաղաքականութիւն եւ առաջադրանքներ նկատի պէտք է ունենան ընդհանուր հասկացողութեամբ ժողովուրդը, նաեւ՝ ազգը:

            Ճիշդ է, հիմա՛ է պահը բազմացած եւ կոտորակուած ուժերը միացնելու, պահանջելու, պայքարելու եւ խօսելու համայն հայութեան անունով, որ միայն Հայաստանի ժողովուրդը չէ: Գաղտնիք չէ, Հայաստան անբարեացակամ թշնամիներով շրջապատուած է, անոնք կը հետապնդեն կայսերական-ծաւալապաշտական նպատակներ: Միամիտ չըլլանք, միացում ցանկալ եւ քարոզել աւելի դիւրին է, քան իրականացնել: Ամէն հայ, այր ըլլայ թէ կին, հայաստանաբնակ եւ բազմագոյն սփիւռքներ, իւրաքանչիւրը առարկութիւն չընդունող պնդացած կարծիքներ ունի ազգի, հայրենիքի, անոնց ներկային եւ ապագային մասին: Եթէ պահ մը կանգ առնէինք, մենք մեզի հարցնէինք, թէ ճի՞շդ է ինչ որ կը կարծենք գիտնալ, խորհիլ նաեւ՝ որ ուրիշը կրնայ ճիշդ ըլլալ, շատ բան կը փոխուէր մեր կեանքին մէջ: Սպանացի Սալամանքի մեծ մտածողը, Միկէլ տի Ունամունօ, ըսած է, որ «ճշմարիտ գիտութիւնը կ’ուսուցանէ, ամէն բան առաջ, կասկածիլ եւ ըլլալ անգէտ», այսինքն գիտակցիլ մեր անբաւարարութեան, մտածել՝ որ ամենագէտ չենք, այդ պատճառով ալ պէտք է լսել գիտնալ:

            Ի՞նչ պէտք է չընել եւ ի՞նչ պէտք է ընել խօսելու համար թշնամիին եւ բարեկամին հետ, ճիգ ընել ո՛չ միայն լսուելու, այլ մանաւանդ լսելու: Ամէն բանէ առաջ, Ունամունոյի իմաստութեամբ նախ կասկածիլ, որ ճի՞շդ է մեր ընթացքը, եւ հրաժարիլ վերջնական ճշմարտութեան կրող ըլլալու յաւակնութենէ, ընդունիլ՝ որ կրնանք անգէտ եղած ըլլալ կամ ըլլալ, կամ՝ պարզապէս սխալիլ:

            Երբ կը դիտեմ մեր ներազգային կեանքը, Հայաստան եւ առաւել սփիւռքներ, կը հետեւիմ պատուանդաններու վրայ որպէս վերջնական ճշմարտութիւն դրուած բազմաթիւ կարծիքներու, փրկչական խօսքերու, կը դադրիմ հասկնալէ: Խանգարուած եւ բազմաթիւ ուղղութիւններ ցոյց տուող կողմնացոյցով, ինչպէ՞ս նաւավար մը, նոյն նաւուն վրայ գտնուող նաւավարներ, կրնան ազգ եւ երկիր առաջնորդել մթագնած երկինքի տակ եւ խռովայոյզ ալիքներու վրայ: Բանաստեղծելու միտում չունիմ, բայց մեր իրականութիւնը տրամաբանականօրէն պատկերացնել անհնար կը գտնեմ: Կարծէք ազգ եւ հայրենիք կարելի է առաջնորդել, ղեկավարել, սրճարանային զրոյցներու ընթացքին իւրաքանչիւրի վարդապետականօրէն յայտարարուած «իմ կարծիքովս» բառերուն յաջորդող տեսութիւններով եւ վերլուծումներով: Այդ սրճարանային զրոյցներու ընդլայնուած բեմն է այսօր հայ քաղաքական հրապարակը:

            Երբ բազմաթիւ են տարբեր ճիշդերը, կը նշանակէ որ ոչ ոք ճիշդ է:

            Ամբոխավարութիւն եւ ամբոխահաճութիւն միշտ մոլորութեան առաջնորդած են զանգուածները: Ալտուս Հաքսլէյ, իր «Աշխարհներու լաւագոյնը» գիրքին մէջ հանրային կարծիքի չարաշահման մասին յատկանշական խօսք ունի: Ըսած է. «Որքան մեծ ըլլան մարդու մը տաղանդները, այնքան մեծ կ’ըլլայ ուրիշները մոլորեցնելու իր կարողութիւնը»: Զանգուածները եթէ այս հասկնան… եւ չհետեւին մոլորեցնողներու:

            Միացման եւ իսկապէս ազգային քաղաքականութիւն հետապնդելու համար, եթէ հնարաւոր ըլլար մեծերն ու պզտիկները, ճառող-խոստացողները եւ լսող-հաւատացողները, գրքունակ տեսաբանները եւ բոլոր անոնք որոնք կարծած են եւ կը կարծեն, որ աթոռ-աթոռակը խելքաբաշխ է եւ ճամբացոյց, պառկեցնել հոգեվերլուծողի (psychanalyste) բարձին (divan) եւ արձանագրել ցանկութիւնները, երազները, յուսախաբութիւնները, կիրքերը, սէրերը եւ ատելութիւնները, անբաւարարութիւնները եւ բարդոյթներու խոստովանութիւնները, թերեւս իրատես կը դառնայինք:

            Ճիշդ է, որ Հայաստանը եւ հայութիւնը, վերանկախացումէն երեսուն տարի ետք, կը գտնուին պարտուածի վիճակին մէջ, անկէ բխող բոլոր բացասական հետեւանքները կը կրեն, այդ պատճառով ալ այսօր միանալ կը ներկայանայ որպէս փրկութեան լաստ:

            Բայց միանալ որո՞ւ, որո՞նց, ո՞ր միացման ծնունդ տուող գաղափարին շուրջ, ո՛չ բազմաթիւ գաղափարներու, որոնք միացման ժխտումն իսկ են: Բազմաթիւ դատերէ, անդուռ խօսքերէ եւ վարկաբեկումներէ ետք ինչպէ՞ս պիտի իրականանայ եսերու գերանցումը եւ ծնունդ առնէ ցանկալի միացումը:

            Բոլորը համախմբելու հաւաքական հրաշք-հոգեփոխութիւն պէտք է, որպէսզի պատմութեան այս լինել-չլինելու ճակատագրական պահուն կողմնապաշտութեամբ չմտածենք, ռուսամէտ, ամերիկամէտ, եւրոպամէտ, դադրինք Հայաստանի (կամ սփիւռքի) այս կամ այն հին կամ նոր ղեկավարին ճորտ ըլլալէ:

            Հայաստանը եւ Արցախը պէտք է փրկել իրենց գոյութեան սպառնացող արտաքին վտանգներէն եւ զինք ներքնապէս կրծող ախտավարակ փառասիրութիւններէն:

            Այսօր երկար մտածեցի կարդալով հայաստանեան լրատուամիջոցներու մէջ լոյս տեսած տեղեկութիւնը: Խորհրդարանական լսումներու ժամանակ, Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, անկախ իր ներկացուցած հարցէն, ուշագրաւ խօսք ըսած է. «Մեզ թուում է՝ փակուղու մէջ ենք, բայց անկարելի ոչինչ չկայ: Առաջին անգամ մի տարբերակ եմ առաջարկելու, որը պէտք է մենք պետական մակարդակով մտցնենք օրակարգ՝ մեր հարեւանների հետ յարաբերուելիս» (ընդգծ.Յ.Պ) Ընդգծուած խօսքը ազգի ճակատագրին տիրութիւն ընելու պատգամ է:

            Աշոտ Մելքոնեան եւ իր նմանները, պատմութիւն գիտցողներ, մեր անցեալի ներկայի ամբողջական պատկերացումը ունեցողներ, որոշող եւ առաջնորդող չեն: Միշտ պէտք է շեշտել՝ ներսը եւ դուրսը: Հետեւա՞նքը. խարխափում, սիրողականութիւն եւ ձախաւերութիւն, բոլոր մարզերու մէջ:

            Ղեկավարումը «պաշտօն զբաղեցնել չէ», ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, գիտութիւն է, ճիշդ որոշում կայացնելու կարողութիւն, զայն զանգուածին ներշնչելու հեղինակութիւն (քարիզմ), կամք եւ տեսիլք:

            Առողջ քաղաքականութիւն վարելու համար չի բաւեր գիտնալ եւ ըսել, որ մեր պահանջները ճիշդ են, արդար են, եւ պէտք է բաւարարուին: Արդարութիւն եւ իրաւունք կը հետապնդուին գիտական հիմքերով, գիտնալով՝ թէ ի՞նչ կ’ուզենք, ինչպէ՞ս պիտի ուզենք, ինչպէ՞ս պիտի ծրագրենք մեր նպատակներու իրականացման ուղին, ինչպէ՞ս ծրագիր եւ նպատակ գրասենեակներէ դուրս գալով պիտի իւրացուին ազգին կողմէ, եւ ինչպէ՞ս իւրաքանչիւր քաղաքացի եւ հայ ինքզինք պիտի տեսնէ անոնց մէջ: Միշտ՝ 3+10 միլիոնի ըմբռնումով:

            Այն ատեն ակադեմիկոսի խօսքը, որ «Մեզ թուում է՝ փակուղու մէջ ենք, բայց անկարելի ոչինչ չկայ» կ’ըլլայ կենդանի գործի կարգախօս:

            Մանրիկ փառասիրութիւն, համակարգային տգիտութիւն եւ ամբոխահաճութիւն թոյլ կու տա՞ն որ լսուի բանիմացութեան եւ իմաստութեան խօսքը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles