Երեւանի Մէջ Ցոյցեր Եւ Հաւաքներ

0 0
Read Time:1 Minute, 14 Second


ԵՐԵՒԱՆ․- Շաբաթասկիզբէն ի վեր, Հայաստանի մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ տեղի կ՛ունենան բողոքի հաւաքներ եւ ցոյցեր։ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22-ին ցոյցի մասնակցող քաղաքացիները երթով շարժեցան դէպի Ազգային ժողով եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն յանձնեցին իրենց դիմումը, որուն մէջ կը պահանջեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն գաղտնազերծելեւ մերժել յառաջիկային ստորագրուելիք փաստաթուղթը: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցը հրաւիրուած էր «Զարթօնք» եւ 5165 կուսակցութիւններուն կողմէ։
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեանը, Արծուիկ Մինասեանը, Ասպրամ Կրպէեանը եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեանը դիմաւորեցին Փաշինեանին պահանջներ ներկայացնող քաղաքացիները:
Բողոքի ցոյցին նախաձեռնողներն ու մասնակիցները կառավարութեան յանձնեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ ստորագրուելիք փաստաթուղթը գաղտնազերծելու պահանջով իրենց դիմումը:
Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Մենուա Սողոմոնեան յայտնեց, թէ «Ազգային ժողովը ընտրուած է ժողովուրդին կողմէ, ոչ թէ կառավարութեան, ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանին, ուստի կը խնդրենք մեր պահանջին ընթացք տալ` վերջնարդիւնք ունենալով այդ փաստաթուղթի բացայայտումը, որպէսզի ժողովուրդը անակնկալի չգայ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կարենայ կանխել որեւէ աննպաստ գործընթաց», եւ բողոքի դիմումը յանձնեց «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին:
Իշխան Սաղաթէլեանի համար հետզհետէ աւելի օրհասական կը դառնայ իրավիճակը։
«Այսօրուանից մեր գրասենեակներում սկսելու ենք կամաւորագրել քաղաքացիների, որոնք ցանկանում են դառնալ դիմադրութեան մասնակից: Միայն դրանով, սակայն, չի աւարտւում մեր աշխատանքը: Խորհրդարանում կազմակերպել ենք լսումներ, որոնց հրաւիրելու ենք նաեւ արտախորհրդարանական ուժերի, այդ թւում` այս պահին ակցիայ անող գործընկերներին, եւ հնարաւորութիւն է տրուելու խորհրդարանի ամպիոնից կարծիք յայտնել», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանի յատկապէս հարաւային շրջանը կը մնայ պայթուցիկ մթնոլորտի մէջ։ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներ կրակ բացին Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, պատճառով ժամկէտային զինուոր Սուրէն Սաֆարեանի (2002-ի ծնունդ) մահուան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles