Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի 44-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողով

0 0
Read Time:4 Minute, 31 Second


Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 44-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 5-էն 7-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Շաբաթավերջի օրերուն հնարաւորութիւն մըն էր միութեան անդամներուն, սկաուտներուն եւ մարզիկներուն՝ վերանայելու վերջին երկու տարիներուն ընթացքին կատարուած ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ ծրագրելու եւ քննարկելու միութեան նպատակներն ու յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները: Ժողովը նաեւ հնարաւորութիւն ընծայեց շնորհաւորելու եւ մեծարելու բոլոր տարիքի անդամներուն ու ընտանիքներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նախաձեռնութիւնները միշտ գործուն եւ աշխոյժ պահելու՝ որպէս հիմք գալիք սերունդներուն համար:
Նոյեմբեր 5-ին, ժողովին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ»-ով։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգէն ետք, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Արամ Գայսէրեան ժողովը բացուած յայտարարեց, որմէ ետք յաջորդաբար խօսքեր առին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ եղբ. Ժան Քլոդ Վարդանեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ եղբ․ Վահէ Թանաշեան եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։
Ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց 2020-ի Արցախեան պատերազմին նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ Յունուար 2021-ին մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ եղբ․ Գառնիկ Մկրտիչեանին յիշատակները, որմէ ետք Սբ․ Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Նարեկ Քահանայ Թրթռեան, օրհնեց ժողովը յաջող ընթացք առնելու համար։
Ժողովի մեկնարկին ներկայ էին շրջանի տասը մասնաճիւղերէն ութը մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ՝ Պոսթընէն, Շիքակոյէն, Տիթրոյթէն, Նիւ Ճըրզիյէն, Նիւ Եորքէն, Ֆիլատելֆիայէն, Փրովիտենսէն եւ Ուաշինկթընէն, ինչպէս նաեւ երկու միաւորներու ներկայացուցիչներ՝ Շարլոթէն եւ Մէրիմաք Հովիտէն։
Ժողովին տեւողութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ խօսքեր առին Հ.Ե.Դ. Կեդրոնական Վարչութենէն՝ Սիփան Օհաննէսեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութենէն՝ Թալին Տաղլեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէէն Խաժակ Մկրտիչեան եւ Վալոտ Աթախանեան։
Լիազօրագրերու յանձնախումբի զեկոյցէն եւ ժողովի օրինականութեան յայտարարութենէն ետք, ժողովը ընտրեց իր Դիւանը՝ ատենապետներ Յակոբ Խաչատուրեան եւ Ճորճ Պարմագեան, իսկ ատենադպիրներ՝ Վահէ Անտոնեան եւ Մկրտիչ Արսլանեան, որմէ ետք ընտրուեցան հետեւեալ յանձնախումբերը ժողովին յաջող ընթացքը պահելու համար, որոնք են․-
Բանաձեւի, քուէախոյզի եւ արխիւային յանձնախումբեր:
Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ եւ միաւոր ներկայացուց իր երկամեայ տեղեկագիրը, ինչ որ երկար ու շինիչ քննարկման դաշտ հանդիսացան իւրաքանչիւր մասնաճիւղի դժուարութիււնները յաղթահարելու եւ յաջողութիւններ ձեռք բերելու համար, եւ ապա աւարտեցաւ առաջին օրուայ նիստը:
Ժողովին Բ․ նիստը շարունակուեցաւ յաջորդ առաւօտ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագրերու ընթերցումով, որուն յաջորդեց հարցեր եւ քննարկումներ Շրջանային Վարչութեան որոշումներու եւ գործունէութեան:
Շրջանային Վարչութեան նկատմամբ գնահատական ներկայացնելէ առաջ, արխիւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերը (ընտրուած նախորդ ժողովին) ներկայացուցին իրենց հաշուետուութիւնները: Շրջանային Վարչութիւնը իրենց կատարած բոլոր ջանքերուն եւ գործունէութեան համար, Ներկայացուցչական Ժողովը Շրջանային Վարչութեան կատարումը համարեց «գնահատելի»:
Ժողովը քննարկեց ներքին սկաուտական կանոնագրին մեջ առաջարկուած բարեփոխումները: Ներկայացուցիչները քննարկեցին գնահատելով առաջարկուած իւրաքանչիւր բարեփոխումի արժանիքները: Լսելէ ետք ժողովականներուն կարծիքներն ու մտահոգութիւնները, առաջարկուած փոփոխութիւններու շուրջ քուէարկութիւն կատարուեցաւ նկատի ունենալով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գաղափարաբանութիւնն ու նպատակները:
Շաբաթ օրուայ օրակարգի մնացեալ բաժինը յատկացուած էր մարզական ոլորտի առնչուող հարցերու եւ ապագայ խաղերու վերաբերեալ բազմաթիւ ծրագրերու քննարկման եւ մարզական խումբերու ձեւաւորման:
Սոյն քննարկումները կ՛ընդգրկէին 2022-ին Պոսթընի մէջ տեղի ունենալիք Նաւասարդեան խաղերը, Նաւասարդեան խաղերու հովանաւորութիւնն ու ծանուցումները, 2023-ի, 2024-ի, եւ 2025-ի Նաւասարդեան խաղերը հիւրընկալելու հնարաւոր վայրերը, ինչպէս նաեւ 2022-ին կայանալիք Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խաղերը (յետաձգուած 2021-էն՝ համաճարակի պատճառաւ):
2022-ի Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խաղերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանները ներկայացնող մարզիկները աշխարհասփիւռ պիտի մեկնին Հայաստան մրցակցութեան համար եւ միեւնոյն ժամանակ իրար միչեւ ամուր կապեր ստեղծելու նպատակով:
Ժողովի մարզական բաժնի աւարտին, պատգամաւորները քուէարկեցին եւ ընդունեցին մարզական թեւի վերաբերեալ որոշումները:
Այսպիսով երկրորդ օրուայ նիստը աւարտին հասաւ, որմէ ետք հիւրընկալ Նիւ Եորքի մասնաճիւղը խմբային ընթրիք կազմակերպեց «Սեւան» ճաշարանին մէջ, առիթ տալով ներկայացուցիչներուն եւ հիւրերուն ամրապնդել փոխադարձ կապերը:
Կիրակի առաւօտեան, ամփոփ օրակարգով պատգամաւորները սկսան սկաուտական նիւթերու քննարկումներ, որոնք կ՛ընդրգկէին Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի յառաջիկայ գործունէութիւններն ու նախաձեռնութիւնները, ինչպէս 2022-ի Շրջանային սկաուտական բանակումը Նիւ Ճըրզիի մէջ, 2023-ի, 2024-ի եւ 2025-ի բանակումներու հաւանական վայրերը եւ 2023-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք Համա – Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումը, ինչպէս նաեւ շրջանի սկաուտական բաժնի վերաբերեալ հարցեր ու գործունէութիւններ։
Հոս հարկ է յիշել, թէ ժողովներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 տարազաւոր սկաուտներ՝ ողջունելի եւ շրջանին ապագայ խոստացող տեսարան մը։
Նկատի ունենալով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ջանքեր կատարեց զարգացնելու համար իր առցանց ներկայութիւնը եւ դիմեց անոնց որոնք միութեան մաս չեն կազմեր, օրակարգին մէջ տրամադրուած էր տեղեկատուական արուեստագիտութեան եւ քարոզչական աշխատանքներու յատուկ բաժիններ: Սոյն քննարկումները ընդգրկեցին շրջանին կայքէջը, ընկերային լրատուամիջոցները, տարբեր հրատարակութիւններու հետ յարաբերութիւնները, ինչպէս «Հայրենիք», «Արմինիըն Ուիքլի», եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Մարզիկ» պարբերաթերթը:
Պատգամաւորները քննարկեցին նաեւ 2022-ի եւ 2023-ի շրջաններու տպագրուած օրացոյցը, ինչպէս նաեւ ցանկացած ու չնախատեսուած այլ հարցեր ու լուծումներ։
Ժողովի աւարտին, օրակարգի տնտեսական բաժինին ընդմէջէն, ժողովը որոշեց յառաջիկայ երկամեակի նախահաշիւի վերջնական ձեւակերպումը, հիմնուելով ժողովի որոշումներուն եւ շրջանի յառաջիկայ ծրագիրներուն վերաբերեալ առաջարկներուն: Օրուայ երկար քննարկումներէն յետոյ, ժողովը հասաւ օրակարգի վերջի բաժինին՝ յառաջիկայ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն: Քուէարկութիւն կատարուեցաւ, որմէ ետք քուէախոյզ յանձնախումբը յայտարարեց 2021-2023 Շրջանային Վարչութեան անդամներուն անունները.- Վահէ Անտոնեան (Նիւ Եորք), Ճորճ Պարմագեան (Պոսթըն), Մայք Տէմիրճեան (Շիքակօ), Նիկոլ Քէօրքիւնեան (Ուաշինկթըն), Վիգէն Խաչատուրեան (Պոսթըն), Քրիս Գրիգորեան (Փրովիտենս) եւ Թամար Սամուէլեան (Նիւ Ճըրզի)։
Դիւանը իր փակման խoսքին մէջ շնորհաւորեց ու գովաբանեց երիտասարդ ներկայացուցիչներուն եւ հիւրերուն մասնակցութիւնը, մասնաւորապէս իրենց ցուցաբերած աշխոյժ եւ եռանդով լեցուն ոգին բանաձեւի յանձնախումբի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր տարիքի անդամները, առիթ մը ուր միատեղ ներկայ էին ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ միասին:
Եզրափակիչ խօսքերով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Շրջանի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Վահէ Թանաշեանը։
Ընդհանուր առմամբ, ժողովը կատարեալ առիթ էր քննարկելու եւ ծրագրելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի յառաջիկայ երկամեակը, շարունակելով ու արժեւորելով միութեան աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու շրջանիս հայ համայնքը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles