Յ. Պալեան
Ոչինչ աւելի ողբերգական է քան հանդիպում մարդու մը հետ, որ շնչահատ է, կորսուած՝ կեանքի լաբիւրինթոսին մէջ:
Մարթին Լութըր Քինկ, Ի դար*
Զգացական եւ տօնական հարենասիրութիւնը ամուլ է, կ’ամլացնէ, դար մը ամբողջ հնութիւն ունեցող եւ կարծրացած (չ)սէրերը առարկայ չունին եւ սովորութիւն դարձած դիրքապաշտութիւններ են, գումարած՝ հայ ազգայինէ հեռու-հեռացած բանգիտութիւնը: Հայութիւնը, ներսը եւ դուրսը, կը կարծէ որ թնճուկները բազմապատկելով թնճուկ պիտի լուծէ:
Մարթին Լութըր Քինկ, իրաւունքի եւ արդարութեան համար պայքարած, իր կեանքով վճարած մեծ մարդ էր: Միթէ՞ այսօր, ազգովին, մեծ ու պզտիկ, Մարթին Լութըր Քինկի նկարագրած շնչահատ, կեանքի լաբիւրինթոսին մէջ կորսուած մարդոց տարտղնուած ամբո՞խ ենք: Ան կը խօսի անհատի մասին, որ եզակի չէ մեր մէջ, հոգեպէս շնչահատները բանակ են: Ապահովաբար ան կը մտածէր, որ կորսուած(ներ)ը եթէ գիտակցական ոստումով մը դուրս չգային լաբիւրինթոսէն, ոչ ոք կրնար զիրենք փրկել: Այսպէս ենք այսօր:
Քաջութիւն եւ իրատեսութիւն կ’ունենա՞նք, առանց կողմնապաշտական եւ անսխալական ըլլալու սովորութիւն դարձած ճապկումներու, դիտել Հայաստանը իր բազմապատիկ ղեկավարութիւններով, որոնք իրենք զիրենք կը վերարտադրեն եւ կ’աճին,- իշխանութիւն-ընդդիմութիւն, կուսակցութիւններ, բացայայտ եւ կամ գլուխ ծռած ըննդիմութիւններ: Երբ նպատակ եւ նպատակի իրագործման հասնելու հնարաւորութինները պատի կը հանդիպին, թափահարումները շնչահատ կը դարձնեն անհատները եւ հաւաքականութիւնները, անոնք իրենք զիրենք կը գտնեն լաբիւրինթոսի մէջ: Ինչպէս կ’ըսուի ժողովրդական լեզուով, «ամէն գլուխէ ձայն մը կ’ելլէ»…
Դիտել նաեւ՝ սփիւռք(ներ)ը, ուր աքսորական ըլլալու գիտակցութիւնը բջիջներ միայն ունին, ընդհանուր համրանքին մեծամասնութիւնը ինքզինք անզօր զգալով, համակերպած է կացութեան: Սփիւռքն ալ ունի ղեկավարութիւններ, կուսակցութիւններ, տեւաբար երկփեղկուող, Հայաստանի կողմերուն հետ կողմ ըլլալու թափահարումներով, անհամար միութիւններ, այսինքն՝ կրկին լաբիւրինթոս: Այս ջիջներէն դուրս գտնուող մեծամասնութիւն համրանքը բացակայ է:
Իրատեսական այս ճիգը ընելու համար ի մտի պէտք է ունենալ պարզ ճշմարտութիւններ. Հայաստանը ափ մը երկիր է եւ սփիւռք(ներ)ը մոլորակի վրայ ցանցնուած մանր, մանրացող, մանրուող իրարմէ անջատ եւ գրեթէ իրարմէ անտեղեակ հաւաքականութիւններու տեսական ամբողջութիւն մը: Քանի՞ մարսիլիահայ գիտէ թէ Քորտոպա հայեր կան եւ ի՞նչ կ’ընեն որպէս ազգի մաս: Նոյնը՝ քորտոպահայերու մասին կրնանք կրկնել:
Այս իրատեսութիւնը եթէ ունենանք, կը չափաւորուին մեր եսերը, փառասիրութիւնները, մրցակցութիւնները եւ իրարու հանդէպ բազմապատկուող մերժումները, թերեւս իրականութիւն կը դառնան մեր բառապաշարին մէջ որպէս դատարկութիւն հնչող միացումը, միասնութիւնը, միացեալը: Այս իրատեսութիւնը ներշնչող առաջնորդ չունինք, կան այդ յաւակնութիւնը ունեցողներ: Բայց յաւակնութիւնը ձրի է, կեանքը ցոյց պէտք է տայ իրականութիւնը: Անոր համար ալ չխցուած ականջ ունեցող ժողովուրդ պէտք է, որ ջոջականութենէն, էլիտայէն, էսթէպլիշմընթներէն հաշիւ պահանջէ, հարց տալով, թէ՝ «ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ, երէկ եւ այսօր, մեզ հոս հասցուցիք, դեռ ո՞ւր պիտի տանիք, ո՞ւր է միացումը»:
Ունի՞նք ժողովուրդ, որ գիտէ իր հաւաքական ճակատագրին տէր կանգնիլ, որուն անդամները արժանապատուութիւն ունին խուճապի չմատնուելու, վտանգին կուրծք տալու եւ կռնակ չդարձնելու: Այդ ոգին ներշնչող իրաւ մտաւորկանութիւն պէտք է, ինչպէս ֆրանսացի գրող Սէնթ’Էկզիւփերին, որ Բ. Աշխարհամարտին օդաչու էր եւ զոհուեցաւ,: Ան իր «Երկիր Մարդոց» (Terre des Hommes) գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Կը մեռնինք տաճարի մը համար: Ո՛չ քարերու: Կը մեռնինք ժողովուրդի մը համար: Ո՛չ ամբոխի մը համար: Կը մեռնինք Մարդու մը սիրոյն համար, եթէ ան կամարակապ քարն է համայնքի մը: Կը մեռնինք այն բանին համար միայն որուն համար կրնանք ապրիլ:*
Մտածե՛լ՝ ամբոխ եւ ժողղովուրդ տարբերակման մասին:
Ինչպէ՞ս վերականգնել մեր ժողովուրդը, որ չըլլայ ամբոխ, եւ ապրելու իրաւունքի համար գիտնայ մեռնիլ: Ֆրանսայի ազատագրութեան մասնակից մեծ գրողը բառերու ետին չէ թաքնուած, ինքզինք չէ խնայած: Մեր ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, մտածա՞ծ է այն բանին մասին՝ որուն համար պէտք է ապրիլ…եւ որուն համար մեռնիլ գիտնալ: Այդ բանը քաղքենիի եւ փառատենչիկի սէր չէ, մարսողական գործարաններու բաւարարութիւն տալ չէ, հայրենիք է, ինքնութիւն է, արժանապատուութիւն է, արժանապատիւ կեանքի իրաւունք:
Խօսքը բացառութիւններու եւ օրինակելիներու չնչին փոքրամասնութեան չի վերաբերիր, այլ՝ ոտքի չկանգնող մեծամասնութեան: Խօսքը չի վերաբերիր նաեւ հրապարակը խճողած եւ շփոթներ ստեղծող ինքնակոչիկներու, որոնք Սէնթ’Էկզիւփերիի նկարագրած «կամարակապ»ը չեն եղած, երբ այդպէս չեն, պատճառ կ’ըլլան պառակտումներու եւ ձախողութիւններու, կը տուժեն «համայնք»ները, ընկերութիւնը, մեր պարագային՝ ազգը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Եթէ մէկդի դնենք ինքնագոհական ճառերը, մտածենք 3+10 միլիոնով եւ անոր մասին, պիտի հասկնանք, որ շատ հեռու ենք հեռանկարային ղեկավարումէ, նաեւ անկլօ-սաքսոն այն պարզ ողջմտութենէն, որ ճիշդ մարդը պէտք է գտնուի ճիշդ գործին գլուխը, the rigհt maն in the rught place, միանգամընդմիշտ հրաժարելով ՝ԽԾԲական իշխանութենէ, եւ ընդհանրացած ազգային խորքէ զուրկ կեղծ ընտրանիէ, քսակային, ժառանգական եւ տեղայնական:
Եթէ այսօր մենք չքակենք խորագրով ճշդուած թնճուկը, այդ պիտի ընեն ուրիշներ: Հարկ չկայ ճշդելու, որ այդ պիտի ընեն մեր թշնամիները:
Այն ատեն պիտի գտնուինք Մարթէն Լութէր Քինկի նկարագրած մարդու վիճակին մէջ, որ «շնչահատ է, կորսուած՝ կեանքի լաբիւրինթոսին մէջ»:
Իրատեսութեամբ պէտք է դիմագրաւել կացութիւնը. այսօր մենք կը մեղանչենք այնպէս, որ մեր ժողովուրդը դարձնենք փարիա…
Մեր ոչ-ստրկամիտ եւ ոչ-ստրկացուած մտաւորականութիւնը, յաղթահարելով գովերգական, քննադատական, ամէն կարգի մերժողական ճառերը, զանգուածները պէտք է լուսաբանէ այնքան, որ ան կարենայ տեսնել աղմկկարարութիւններէ եւ մեքենայութիւն-մանիպուլացիաներէ վեր գտնուող ազգի կամարակապ ըլլալու կարողութեամբ օժտուած առաջնորդը եւ վստահիլ անոր:
Այս ընելու համար մտաւորականութիւնը պէտք է խօսի իր ժողովուրդին, զայն ազատագրելու համար ընթացիկ ամբոխային տրամաբանութենէ եւ ամէն տեսակի ամբոխահաճական (պոպուլիստական) թմբիրէ:
Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:
Հայաստան եւ հայութիւն պատերազմի մէջ են: Պատերազմ կարելի չէ մղել ո՛չ բարեսիրութեամբ, ո՛չ ամբոխահաճութեամբ, ո՛չ էսթէպլիշմընթային փառասիրութիւններու տուրք տալով:
Ընդդէմ ալմէն կարգի ամբոխավարական կարգախօսներու եւ ամբոխահաճական բնազդները շահագործող մեքենայութիւններու, զանգուածները թմբիրէ արթնցնող մտաւորականութիւն եւ ազգի կամարակապ ղեկավարութիւն պէտք են: Այսօ՛ր: Ամէն կարգի կողմնապաշտութիւններէ վեր:
Ինչո՞ւ ողջախոհական դաստիարակութեան մասին չխօսիլ, որպէսզի մարդիկ պահ մը կանգ առնեն եւ իրենք իրենց հարց տան, թէ՝ ո՞ւր է իրենց տեղը, կամ ո՞վ պէտք է գտնուի նաւու ղեկին: Մանաւանդ խօսիլ իրաւ-կեղծ բանգէտներու, որ լաւագոյն գաղափարներն ու դա-տումները իմաստ ունին, երբ կը հիմնուին յանձնառութեան վրայ, եւ չեն սահմանափակուիր քաղքենիի ինքնագոհ եւ ապահով կեանքով, կը զբաղին վճիռներ արձակելով կամ բարենիշներ բաժնելով:
Այս հարցումով հրապարակ գալ ինքնին յեղափոխութիւն է, յեղափոխման սկիզբ: