ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 13-ին, Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-հանդիպում մը ներկայութեամբ Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի:
Ներկայ էին ներկայացուցիչներ աւելի քան տասնեակ մը կազմակերպութիւններէ, որոնց կարգին Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի յարաբերական յանձնախումբ, Նիւ Ճըրզիի «Դրօ» կոմիտէութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, «Թէքէեան» մշակութային միութիւն, «Համազգային» մշակութային միութիւն, Հ.Ե. Դաշնակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնարկ, Հայ Կանանց Միջազգային Ընկերակցութիւն, Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութիւն:
Մտերմիկ սեղանի շուրջ արծարծուեցան Արցախը յուզող նիւթեր, որոնց կարգին՝ սահմաններու պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն, բանակի վերակազմութիւն, գերիներու ազատ արձակում, գաղթականներու օժանդակութիւն եւ այլ առաջնահերթ հարցեր: