Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶ

0 1
Read Time:48 Second

 

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Սուրբ Պատարագի մասնակից հաւատացեալները

 

ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶ (Նիւ Եորք)․- Կիրակի, Հոկտեմբեր 30-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Պատարագ մատոյց տեղւոյն Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ սեղանին ծառայեցին Ալպէրթ Սարկ. Ամատօ եւ տոքթ․ Արամ Փառնակեան։ Օրուան Աւետարանի ընթերցումէն մեկնելով, Սրբազան Հայրը խօսեցաւ ընտանիքի քրիստոնէական ըմբռնումի մասին եւ բարձրօրէն գնահատեց ընտանեկան ջերմ յարաբերութեամբ լեցուն եկեղեցւոյ անդամներու փոխ յարաբերութիւնը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի վկայագիր ներկայացուց եկեղեցւոյ բազմավաստակ ատենապետ՝ տիար Յարութիւն Իշխանեանին։ Այնուհետեւ, Տիկնանց Միութիւնը հայկական տոհմիկ ճաշով պատուեց ներկաները։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս դրուատեց գաղութին միասնականութեան ոգին, որով յաղթահարելով համավարակի ստեղծած տագնապին, կը շարունակեն բոլորուիլ եկեղեցւոյ շուրջ, վառ պահելով իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը։ «Պահպանիչ» աղօթքով տօնական մթնոլորտ կրող օրը հասաւ իր աւարտին։


Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ պրն. Յարութիւն Իշխանեանի (ձախին), Ալպէրթ Սրկ. Ամաթոյի եւ տոքթ. Արամ Փառնակեանի (աջին), եւ Իշխանեան ընտանիքի անդամներու հետ
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles