ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Բ․ Լիագումարը

0 0
Read Time:2 Minute, 36 Second

Երկու տարուան առցանց հանդիպումներէ ետք, 26-29 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր երկրորդ լիագումար նիստերը կատարեց Երեւանի մէջ, Հայաստան։
Քառօրեայ նիստերը ընդհանուր քննարկման ենթարկեցին միութեան գործունէութիւնը եւ հաստատեցին, որ հակառակ քորոնայի համաճարակին, Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններուն եւ Արցախի ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ աշխոյժ եւ կենսունակ, հաւատարիմ՝ նորահաս սերունդներու ազգային առողջ դաստիարակութեան իր առաքելութեան։
Լիագումար նիստերուն յատուկ օրակարգով մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի Մեկուսի Շրջաններու ատենապետները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ առանձնաբար արծարծուեցան յիշեալ շրջաններու գործունէութեան զարգացման առնչուող հարցեր։ Լիագումարը իր գնահատանքը արձանագրեց չորս շրջաններու նկատառելի գործունէութեան համար՝ նորանոր ծրագիրներ մշակելով յառաջիկայ երկամեակին համար։
Լիագումար նիստերը առիթ մը եղան արժեւորելու անցնող երկամեակի գլխաւոր աշխատանքները, որոնք առցանց ըլլալով հանդերձ կարողացան թափ տալ միութեան համահայկական գործունէութեան.- համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական համագումար, «Արարատեան» կարգի դաստիարակչական ծրագիր, մարզական Ա. սեմինար, մարզական միջ-ցամաքամասային հանդիպումներ, հեռակայ մարզախաղեր, սկաուտական JOTI բանակում եւ այլն։
Լիագումարը հանգամանօրէն քննեց Արցախեան պատերազմի, Լիբանանի տնտեսական տագնապի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն միութեան աշխարհատարած մասնաճիւղերուն կատարած բարեսիրական աշխատանքները եւ շեշտեց, որ իբրեւ «կամաւոր բանակ» Հ.Մ.Ը.Մ. ամէնուր իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս կը դնէ հայութեան, Հայաստանին ու Արցախին։
Այս առիթով Կեդրոնական Վարչութիւնը խոնարհեցաւ յիշատակին դիմաց այն բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմին գերագոյն զոհաբերութեան օրինակներ հանդիսացան։
Յատուկ օրակարգով լիագումարը անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով ստեղծուած ֆոնտին եւ նպատակայարմար նկատեց ֆոնտին եկամուտները յատկացնել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Բիւրականի բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ, առ այդ, միաձայնութեամբ որոշեց բանակավայրը կոչել «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»։ Կեդրոնական Վարչութիւնը նաեւ ցաւով արձանագրեց իր կազմի անդամներէն եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի անակնկալ մահը Արժանթինի մէջ։
Լիագումարին առանձին նիստ մը յատկացուեցաւ միութեան քարոզչական-տեղեկատուական մարզի արդիականացման ծրագիրներուն (կայքէջ, ընկերային ցանցեր, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ, Database)։ Քննարկուեցաւ նաեւ այս քառամեակին ստեղծուած քարոզչական յանձնախումբին բեղուն գործունէութիւնը, որուն նշանակալի նորութիւնը կը հանդիսանայ 6 եւ 13 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց Ա. սեմինարը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի համախմբէ միութեան այս մարզի պատասխանատուները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մասնագէտները։
Իբրեւ յառաջիկայի ծրագիրներ, Կեդրոնական Վարչութիւնը իր սկզբունքային համաձայնութիւնը յայտնեց 2022-ին միջ-դիւանական խորհրդաժողով եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր կատարելու, իսկ 2023-ին՝ երիտասարդական համագումար եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակում իրականացնելու։
Լիագումար նիստերու կողքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ նոյն օրերուն տեղի ունեցող Հ.Յ.Դ. ուղեկից միութիւններու Կեդրոնական Վարչութիւններու երկօրեայ առցանց խորհրդաժողովին։ Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Արմաւիրի նորակառոյց «Էմիլ Մաղաքեան» կեդրոն եւ ոգեկոչական ձեռնարկներու շարքով մը՝ Հրազդանի, Պռօշեանի, Բիւրականի եւ Եռաբլուրի մէջ նշեց Արցախեան պատերազմի նահատակները ընդհանրապէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական անձնազոհները յատկապէս։
Կեդրոնական Վարչութիւնը կազմակերպեց նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»ին անուանակոչութեան արարողութիւնը։
Կ’արժէ նշել, որ Երեւանի մէջ իր լիագումար նիստերը կատարող Կեդրոնական Վարչութեան այցելեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ միութիւնն ու հայութիւնը յուզող համահայկական նիւթերու շուրջ։

Երեւան, 4 Նոյեմբեր 2021 Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles