Մարդ մը սպաննել ոճիր է,
ժողովուրդ մը սպաննել հարց մըն է:
Վիքթոր Հիւկօ
Պատմաբան չեմ: Պատահմամբ հանդիպեցայ Վիքթոր Հիւկոյի Ֆրանսայի Խորհրդարանին առջեւ ընդվզումով ունեցած մէկ արտայայտութեան, 1876ին, ազգերու ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար թուրքերու կողմէ կատարուած պուլկարական Պաթաք քաղաքի ջարդերուն վրայ:
Վիքթոր Հիւկօ, շահախնդրուած եւ նենգ միջազգային դիւանագիտութեան ուղղելով իր խօսքը, ըսած է. «Մեզի կ’ըսեն. կը մոռնաք որ հարցեր կան: Մարդ մը սպաննել ոճիր է, ժողովուրդ մը սպաննել հարց մըն է: Իւրաքանչիւր կառավարութիւն ունի իր հարցը. Ռուսիան ունի Կոստանդնուպոլիսը, Անգլիան ունի Հնդկաստանը, Ֆրանսան ունի Փրուսիան, Փրուսիան ունի Ֆրանսան»:
1915ի մէկու կէս միլիոն զոհերը, ջարդուածները, անօթի եւ ծարաւ մեռածներու պարագան հարց է, ցեղասպանութիւնը հարց է, այս կամ այն երկրի, նաեւ Թուրքիոյ, դատարաններուն մէջ քննուելիք-դատուելիք խնդիր չէ:
Թուրքիոյ դատարանը Հրանտ Տինքի սպանութիւնը որպէս ոճիր դատեց, դատապարտեց եւ հատուցում ըրաւ: Անհատի մը կողմէ ուրիշ անհատի սպանութիւնը ոճիր է: Դատ է:
Եթէ ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր զոհի համար առանձին դատեր յա-րուցուին, եթէ գտնուին անուն եւ հասցէ ունեցող ոճրագործները, թերեւս աւելի դիւրին բաւարարութիւն կը ստանանք, Թուրքիան ալ անհատներուն մէկ առ մէկ հատուցում կ’ընէ, պայմանաւ, որ այլեւս ցեղասպանութեան մասին ոչ ոք զինք անհանգստացնէ:
Անքա՜ն դիպուկ է Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը. կարճ, կտրուկ:
Ցեղասպանութիւնը անձի դէմ գործուած ոճիր չէ. անձը կ’ունենայ անուն եւ հասցէ: Ոճիրը կ’ունենայ ոճրագործ, որ պատասխանատուութեան կը կանչուի: Ժողովուրդ մը ամբողջ, մէկուկէս միլիոն, զայն բաղկացնողները անուն չեն, հասցէ չունին, անհատ ոճրագործ չկայ, անուն չկայ, հասցէ չկայ: Ուրեմն, Վիքթոր Հիւկոյի ըսած «հարց»ն է, «ոճիր» չէ, question եւ ոչ crime:
Վիքթոր Հիւկօ, օրինակելի քաջութեամբ խօսած է պուլկարական Պաթաք քաղաքին մէջ օսմանցիներու 1876ին կատարած ջարդերուն եւ ապօրինութիւններուն մասին, նշաւակելով աշխարհի կառավարութիւնները: Ըսած է. «Կը ջարդեն ժողովուրդ մը: Ո՞ւր: Եւրոպա: Այդ դէպքը վկաներ ունի՞: Սոսկ մէկ վկայ. համայն աշխարհը: Կառավարութիւնները այդ կը տեսնե՞ն: Ո՛չ: Վերջ մը ունի՞ հերոսական ժողովուրդի մը մարտիրոսացումը: Ժամանակն է, որ քաղաքակրթութիւնը այդ արգիլէ:»
Քաղաքակրթութիւնը չարգիլեց նման ոճիրներ: Շահախնդրուած ռէալ փոլիթիքը խիղճ եւ արդարութիւն չի գիտեր:
Հետեւանքը եղաւ հայկական ցեղասպանութիւնը, որուն բաղդատած ջարդերը մանրապատում են: Հիթլէր ճիշդ դատեց ոճիրները չարգիլող քաղաքակրթութիւնները եւ կառավարութիւնները, երբ իր փանզըր զօրասիւնները արձակեց Լեհաստանի վրայ, ըսելով՝ թէ ո՞վ կը յիշէ հայոց ջարդերը: Ամբաստանութիւն՝ ուղղուած քաղաքակիրթ աշխարհին, որ անկարողութեամբ եւ պատժելու բարոյական քաջութիւն չունենալով մեղսակից եղած էր: Հետեւեցաւ հրեաներու ցեղասպանութիւնը:
Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը ինքնին Դատարան է, աւելի իմաստուն քան Նիւրեմպերկի, քան Լահէյի մարդկութեան դէմ ոճիրները դատող միջազգային ատեանները: Մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները երբեք գաղտնի չեն եղած: Գիտնալ եւ ճանչնալ մէկ բան է, կանխել եւ պատժել՝ այլ բան: Յաճախ կը զարմանամ եւ կը տխրիմ, երբ հանդիսատես եւ մասնակից կ’ըլլամ մեր բան չնշանակող ինքնագոհութիւններուն եւ յաղթանակներուն:
Վիքթոր Հիւկոյի խիտ տարազումը զիս կրկին դրաւ ցեղասպանութեան ճանաչումներուն մեզի պարգեւած յուզումներուն եւ գոհունակութիւններուն առջեւ: Ոճիրին զոհ(եր)ը անհատ մը չէր, հետեւաբար ոչ ոք ինքզինք պարտաւոր զգաց պատիժ սահմանելու եւ հատուցում ընելու, ինչպէս ցեղասպանութիւն գործած երկրի դատարանը ըրաւ անհատ Հրանդ Տինքի պարագային:
Ցեղասպանութեան ճանաչումները ոճիրի դատ դատաստան չեն, անոնք չեն յանգած ո՛չ պատիժի ո՛չ ալ հատուցման: Եղած են տեղ չհասցնող նպատակ:
Յաճախ կը յիշեմ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատմական քուէարկութեան օրը, երբ կողքէս քալող հայ մարդը, յաղթողի յուզումով ըսաւ. «Ֆրանսահայութիւնը հասաւ իր նպատակին»: Պահ մը կարելի է ընդունիլ, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ քաղաքական յաղթանակ մըն էր, բայց ան ի՞նչ բանի նպատակ էր, ո՞ր իրաւունքը վերականգնեց:
Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս կրկնուեցաւ նոյն դիպաշարը. երկար տարիներ հետապնդուած ցեղասպանութեան ճանաչումը ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ, ո՞ր իրաւունքը վերականգնեց:
Վիքթոր Հիւկոյի եզրերով հարցի մը մասին ընդունուեցաւ բարոյական բանաձեւ մը, որ ո՛չ ոճիրի մը դէմ պատիժ է եւ ո՛չ ալ ինչքի իւրացման եւ կողոպուտի դէմ հատուցում:
Եւ քանի որ միայն հարց կայ, ոչ պատիժ ոչ ալ հատուցում, պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց նոյն դերակատարներով եւ նոյն ոճով. Սումկայիթի ցեղասպանական նախճիրին, Պաքուի հարիւրհազարաւոր հայերու բռնագաղթին եւ ինչքի իւրացման յաջորդեց հայաշխարհ Արցախի բռնագրաւումը, որ հայու պատմական հայրենիք էր, իր դարաւոր սրբատեղիներով, եկեղեցիներով, ուր քարերը յիշողութիւն էին:
Այս հարց է միջազգային ժողովներու եւ բանագնացներու համար, ոճիր չէ, անհատաբար իրաւունք պաշտպանելու խնդիր չկայ: Ո՛չ օրէնք, ո՛չ դատարան:
Հայու իրաւազրկումը, անոր հայրենիքի գրաւումը ի միջի այլոց միջազգային հարց է, կարելի է ժողովներ գումարել, բանաձեւեր քուէարկել, խօսիլ, զոհերը աճպապարութեամբ ոտքի քնացնել:
Ո՛չ վճիռ, ո՛չ պատիժ, ո՛չ հատուցում:
Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ մը անհատի մը չափ իրաւունք չունի: Այս կը կոչուի միջազգային քաղաքականութիւն եւ միջազգային հաւասարակշռութեան զոհասեղան մէկուն համար եւ խրախճանք՝ միւսին:
Վերստին կարդալ Վոքթոր Հիւկոյի խօսքը. «Կը ջարդեն ժողովուրդ մը: Ո՞ւր: Եւրոպա: Այդ դէպքը վկաներ ունի՞: Սոսկ մէկ վկայ. համայն աշխարհը: Կառավարութիւնները այդ կը տեսնե՞ն: Ո՛չ: Վերջ մը ունի՞ հերոսական ժողովուրդի մը մարտիրոսացումը: Ժամանակն է, որ քաղաքակրթութիւնը այդ արգիլէ»:
Հաստատումը այն է, որ «քաղաքակրթութիւնը» ո՛չ արգիլած է, ո՛չ կ’արգիլէ, ո՛չ կը սրբագրէ:
Վիքթոր Հիւկօ բանաստեղծ էր, երազատես, իտէալիստ: Մենք ալ իր լաւ աշակերտներն ենք, բարոյական յաղթանակներ կը հետապնդենք Վարդանանց պատերազմէն ի վեր:
Հրաշք է, որ դեռ չենք ընկղմած:
Մենք մեզի եւ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու շնորհ ընողներուն հարց պէտք է տալ, գաղթականի ինքնագոհութիւնը մէկդի դնելով. ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ: