Շաբաթ Հոկտեմբեր 23-ին, Ֆիլատելֆիոյ Loews պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը, որ յաջորդաբար 15-րդ անգամ ըլլալով կը կատարուէր, նախատեսուած էր անցեալ տարի, որ յետաձգուելէ ետք, Փետրուար 25-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ։
Նախապէս, Ֆիլատելֆիան 2013-ին հիւրընկալած էր այս մեծարանքի երեկոն։ Շուրջ երկու հարիւր ներկաներ ժամանած էին, իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս ձեռնարկին։ Նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրի ստեղծած պայմանները, ինքնին այս թիւը քաջալերական էր։
Այս մեծարանքի 15-րդ հանդիսութեան հանդիսավարն էր Միշիկընի ներկայացուցիչ 28 տարեկան Մարի Մանուկեան (ծնած՝ Պըրմինկհէմ, Մասաչուսէց), որ կը նկատուի ապագայ խոստացող երիտասարդ դեմոկրատականներէն։ Մարի Մանուկեան այցելած է Հ․Օ․Մ․-ի հայերէն լեզուի «Զաւարեան» դպրոցը, նաեւ եղած է գործօն՝ շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ։ Ան հմտօրէն եւ ամենայն փորձառութեամբ կատարեց իր պարտականութիւնը, միշտ ալ ներգրաւելով ներկաները։ «Հայկական արմատներուս կառչած պիտի մնամ։ Երբեք պիտի չմոռնամ իմ հայեցի կրթութիւնս եւ հետզհետէ աւելի մխրճուելով ներամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ, պիտի շարունակեմ Հայ Դատին համար գործել։ Սուրբ է աշխատանքը եւ դեռ շատ գործ կայ կատարելիք», ըսաւ Մանուկեան։
Էմիլի Թերճիմանեան մեներգեց Ա․Մ․Ն․-ի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք, բեմ բարձրացաւ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերպ․ Ս․ Սահակ Ծայր․ Վարդապետ Եմիշեան, որ իր կարգին նախքան տէրունական աղօթքը կատարելը խօսք առնելով, շեշտեց, թէ հիմնական դեր ունի Հայ Դատը եւ թէ ներազգային իմաստով տարուած աշխատանքը սուրբ է։ Ան նաեւ կարեւորեց, թէ որքան աշխատանք կը տարուի ժողովուրդին մէջ պահանջատիրութեան զգացումը բարձր պահելու, ցոյցեր կազմակերպելու։
Ապա բեմ բարձրացաւ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներէն՝ Սթիւ Մեսրոպեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք հակառակ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած պայմաններուն, ժամանած էին իրենց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը բերելու եւ նեցուկ կանգնելու։
Մեսրոպեան նշեց, թէ Հայ Դատի հասկացողութիւնը կամ սահմանումը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան, այլ հարցեր եւս իրենց կարեւոր բաժինը ունին, երբեմն նոյնիսկ աւելի գերակշիռ կ’ըլլան: Ան բացատրեց, թէ վերջին քսան տարիներուն Հայ Դատի սահմանումը բաղկացած է քանի մը ենթագլուխներէ, որոնց կարգին հայրենի պետականութեան հարցը, Արցախի իրավիճակն ու բանակցային գործընթացը եւ անշուշտ Հայոց Ցեղասպանութեան, ո՛չ միայն ճանաչման- պահանջատիրական, այլ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան հայապատկան հողերու վրայ բնակող հայութեան հարցը։
«Պարտականութիւն ունինք կատարելիք, մանաւանդ ընդհանրապէս ժողովուրդի եւ մանաւանդ երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ մեր քաղաքական կեանքին մասնակցութեան խնդիրն է։ Տարիէ տարի կը կատարուին փոփոխութիւններ եւ կը ճշդուին առաջնահերթութիւններ։ Քանի մը ամիս առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով արձանագրուած յաջողութիւնը, մէկ շառաւիղն է այս հետեւողական աշխատանքին», ըսաւ ան։
Ընթրիքին յաջորդեց շքանշաններու բաշխումը։
Քարոզչական բնագաւառին համար յատկացուած նորաստեղծ «Մետիա» շքանշանը յանձնուեցաւ
6ABC Action News կայանի լրագրող Քեթի Քաթրոյի, որ շարունակ արտայայտուած է ի նպաստ Հայ Դատին, մասնակցած հաւաքներուն եւ իր կարգին քարոզչական աշխատանք տարած։ Քաթրօ, զաւակն է Ալպանիայէն Յունաստան գաղթած ծնողքի, որ նախքան Ֆիլատելֆիա հաստատուիլը, նաեւ բնակած է Անգլիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթի մէջ։
Իր խօսքին մէջ, Քաթրօ նշեց, թէ մօտէն կը հետեւի անցուդարձերուն եւ քաջատեղեակ է, թէ որքան կարեւոր է քարոզչական բնագաւառին մէջ, իրականութիւնը ներկայացնել, չստել եւ իրականութիւնը չծածկել։
«Համոզուած եմ, որ ճիշտ ուղին բռնած եմ եւ արդարութեան համար կը գործեմ», եզրակացուց Քաթրօ։
«Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան յաջորդաբար փաստաբան Սիրանոյշ Սահակեան եւ պատկերասփիւռի աշխարհի հանրածանօթ դէմքերէն՝ Քոնըն Օ՛պրայընի օգնական Սօնա Մովսէսեան, որոնք երկուքն ալ պսակաձեւ ժահրի պատճառաւ, չէին կրցած ներկայ ըլլալ եւ առցանց փոխանցեցին իրենց խօսքը։
Փաստաբան Սիրանոյշ Սահակեանի մասնագիտութիւնն է մարդկային իրաւունքներ պաշտպանութիւնը։ Ան մօտէն հետեւած եւ դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ զինուորական Ռամիլ Սաֆարովի հերոսացումը, որ հայ բանակի սպայ՝ Գուրգէն Մարգարեանին կացինահարած էր Պուտափեշթի մէջ, 2004-ին ՆԱԹՕ-ի «Խաղաղութեան գործընկերութիւն» դաստիարակչական ծրագրին ընթացքին։ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանէն ներս դասաւանդող Սահակեան նաեւ Արցախի վերջին պատերազմին գործի լծուեցաւ, ազատ արձակելու համար Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ զինուորները։ Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ որքա՜ն դժուար է իրաւաբանական գործունէութեան դաշտէն ներս գործելը, մանաւանդ երբ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ նիւթական ճնշումներ կը կատարուին յաւելեալ մութ պայմաններ ստեղծելով։ «Ի վերջոյ, երբ արդարութեան համար կը պայքարիս, բնականաբար կը հասնիս քու նպատակիդ։ Այդպէս ալ պիտի ըլլայ։ Կը խօսինք Հայ Դատին նուիրուած կամաւորներէ կազմուած խումբերու մասին, որոնք կը գործեն կամաւոր ձեւով, իսկ երբ կը խօսինք գրասենեակներու մասին, այսինքն գոյութիւն ունին անձնակազմ, պաշտօնէութիւն, որոնք 24 ժամ այդ սուրբ հարցով կը զբաղին եւ նոյնիսկ ազատ ժամերը նուիրած են այս սուրբ պայքարին»։
Սոնա Մովսէսեան աւելի խօսեցաւ Քոնըն Օ՛պրայընի հետ, Հայաստան կատարած այցելութեան մասին եւ անդրադարձաւ, թէ որքան կը տպաւորէ հայրենի սուրբ հողն ու երկինքը։ «Զգացի, թէ իմ արմատներուս վերադարձած եմ եւ այնքա՜ն ինքնավստահ եւ հանգիստ։
Ապա բեմ բարձրացաւ «Վահան Գարտաշեան» շքանշանին համար նկատի առնուած Ֆիլատելֆիոյ շրջանի Հայ Դատի գործօն անդամներէն՝ Անտրիւ Գիզիրեանը, որ տարիներ շարունակ այս սուրբ գործէն ներս ծառայած է։
1971-ին աւարտած Temple University-ի կրթական բաժինը, Գիզիրեան իր ուսումը շարունակած է Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, մասնագիտութիւն ընտրելով Միջին Արեւելքի պատմութիւնը։
Որոշ ժամանակաշրջան մը, Գիզիրեան ստանձնած է Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Գիզիրեան նաեւ ստանձնած է «Քէմփ Հայաստան»-ի ընդհանուր պատասխանատուի պաշտօնը։ Հ․Յ․Դ․-ի հաւատարիմ անդամներէն, ան տարիներ շարունակ եւ ցայսօր կը ծառայէ շրջանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխին։ Ան նաեւ եօթանասունականներուն ժամանած է Լիբանան եւ յատուկ կրթութիւն ստացած Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանէն ներս։ Իր այս արկածախնդրական կեանքն է, որ պատմեց Գիզիրեան, շեշտելով, թէ պէտք չէ վհատիլ, այլ շարունակ պէտք է գործել վերստին Արցախին տիրանալու եւ անշուշտ առանց մոռնալու Արեւմտահայաստանը։
Խօսք առին, նաեւ անցեալ ամռան Հայ Դատի յանձնախումբի՝ «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» ամառնային վարժողական ծրագիրներուն մասնակցած երիտասարդները։ Աւարտին, փակման խօսքը փոխանցեց Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն Ռաֆֆի Համբարեանը, որ խոր զգացումով եւ վճռակամութեամբ շեշտեց, թէ Արցախի պատերազմին պարտութիւնն ու ներկայ Հ․Հ․ իշխանութիւններուն անկարողութիւնն ու թուլութիւնը, երբեք յուսահատութիւն պիտի չյառաջացնէ։
«Պէտք է շտապօրէն վերականգնել Արցախը, որուն համար պէտք է լծուիլ աշխատանքի։ Այո՛, պէտք է հզօրացնենք մեր բանակը, արդիականացնել զայն եւ անոր մէջէն պարտուողի հոգեբանութիւնը վերցնենք: Նաեւ շատ աւելի գործօն, հմուտ եւ փորձառու միջազգային դիւանագիտութեան կարիքն ունինքն, որպէսզի կարենանք Հայաստանի դիրքորոշումները քիչ մը աւելի պահանջատիրական ձեւով ներկայացնենք։ Անշուշտ միւս կողմէն ալ, հպարտ ենք, որ վերջին 20 տարիներու ընթացքին, բայց յատուկ նշանակութիւն ունէր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան մէջ այս բանաձեւի անցնիլը, որովհետեւ ոչ թէ առաջին անգամն է, որ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնային Ցեղասպանութիւնը, այլ կը վերահաստատէին իրենց ճանաչումը եւ զօրակցութիւնը։ Միշտ ալ Ցեղասպանութիւն բառը կարելի եղած էր «ծածկել»։ Թուրքիոյ ճնշումով եւ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան պատճառով կարելի եղած էր սանձել Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան այլազան մակարդակները, որպէսզի չարտայայտուին Ցեղասպանութեան մասին: Ահաւասիկ այդ լռութեան պատն ալ քանդուեցաւ, այս պարագային Ներկայացուցչական տունը եկաւ հաստատելու այնպիսի յստակ բառերով, այնպիսի ելոյթներով, որ պատմական է եւ նախապէս երբեք չէ պատահած»:
Յայտագրէն առաջ, կատարուած աճուրդի արդիւնք, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին:
Read Time:5 Minute, 10 Second