Լոնտոնի Bloomsbury Publishing ընկերութեան ճիւղերէն մէկը՝ I. B. Tauris հրատարակչատունը, վերջերս լոյս ընծայեց հայագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի անգլերէն աշխատասիրութիւնը՝ The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ‘Medz Yeghern’ («Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանելու քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ “Մեծ Եղեռն”»), որ հրատարակչատան նոր՝ «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշարին առաջին հատորը կը կազմէ։
Տասնամեակի մը տքնաջան ուսումնասիրութեան արդիւնք այս գիրքը կը քննէ «Մեծ Եղեռն» անուան ծագումն ու զարգացումը։ Հայոց դէմ գործուած եղեռնը (ոճիրը) լայնօրէն ընդունուած է պատմաբաններու կողմէ իբրեւ 20-րդ դարու ցեղասպանութեան դասական պարագաներէն մէկը, բայց անոր ճշգրիտ իրաւական սահմանումը սուր պայքարի ու բանավէճի առարկայ դարձած է միջազգային քաղաքականութեան մէջ։ Դոկտ. Մատթէոսեան իր ուշադրութիւնը սեւեռած է պատմագրութեան մէջ անտեսուած ու սխալ մեկնաբանուած նիւթի մը վրայ, որդեգրելով պատմական, լեզուական, գրական ու քաղաքական բազմակողմանի մօտեցում մը։ Ան հետաքննած է հայոց զանգուածային ջարդն ու ցեղասպանութիւնը անուանող եզրերուն զարգացումը հին ժամանակներէն մինչեւ արդի շրջանը, որուն համար օգտագործած է հայ եւ օտար մատենագիտութեան ու պարբերական մամուլի մեծածաւալ հաւաքածոյ մը։ «Եղեռն» բառի մեկնաբանութենէն սկսելով, հեղինակը ցոյց տուած է, թէ ինչպէ՞ս անոր գործածութեան աստիճանական բնաշրջումը՝ «ցեղասպանութիւն» բառի ծնունդին (1944) եւ ոճիրի միջազգային ճանաչման ի խնդիր պահանջատիրութեան զուգընթաց։ Աղէտալի պատմական դէպք մը կոչելու քաղաքականութեան ու քաղաքական խաղերուն այս խորաթափանց հետազօտութիւնը կ՚ընդգրկէ ուշադիր քննարկումը անցեալ երկու տասնամեակներուն «Մեծ Եղեռն» անուան օգտագործման եւ շահագործման՝ Վատիկանի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ անոր արձագանգներուն հայկական ոլորտին մէջ։
«Հայոց ցեղասպանութիւնը զիս յատկապէս չէր հետաքրքրած իբրեւ հետազօտութիւններու գլխաւոր նիւթ, մինչեւ որ այս դարասկիզբին “Մեծ Եղեռն” անունը միջազգային բեմահարթակ մտաւ եւ անոր իմաստը հաստատելու հեղինակութենէ կամ անհրաժեշտ գիտութենէ զուրկ դերակատարներ ժխտման գործիքի վերածեցին զայն», կ՚ըսէ դոկտ. Մատթէոսեան։ «Ահա այստեղ է, որ հայերէնը երեւան կու գայ իբրեւ անտեսուած ու էական աղբիւր՝ հասկնալու, թէ անունը ի՞նչ կը նշանակէ լեզուն խօսողներուն համար, որոնք եղած են ու կը մնան նման հեղինակութիւն ու գիտելիք ունեցող միակ անձերը։ Աշխատեցայ
հաստատել “եղեռն” բառի տարբեր իմաստները պատմութեան ընթացքին, զուգադրելով “ցեղասպանութիւն” բառի գործածութեան հայկական միջավայրին մէջ 1945էն սկսեալ, ինչպէս եւ հաշտեցնել այդ իմաստները՝ ցեղասպանութիւնը անուանելու քաղաքական ներկայ միտումներուն հետ», կը շարունակէ ան։ «Կը կարծեմ որոշ ներդրում մը կատարած ըլլալ, որ աւելի լաւ ըմբռնուի ցեղասպանագիտական հարցերու հանդէպ բազմակողմանի մօտեցման մը անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ սեղանի վրայ դնելով տեղեկութիւններու եւ վերլուծումներու հանրագումար մը, որ ուսումնասիրողներուն մատչելի չէր»։
Փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան (Նեպրասքայի համալսարան, Լինքըն)՝ «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշարի գլխաւոր խմբագիրը, կը յայտնէ. «Իրապէս ոգեւորուած ենք Վարդան Մատթէոսեանի բարձրորակ գիրքի հրատարակութեամբ, որ հրապարակ կ՚ելլէ ճակատագրական պահու մը, երբ ժխտողականները, ըլլայ թրքական պետութիւնն ու իր կարգուսարքը կամ առանձին անհատներ, կ՚օգտագործեն ու կը շահագործեն “եղեռն” հասկացութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան բնիկ հայ բնակչութեան դէմ Ա. Աշխարհամարտին գործուած ոճիրները բնորոշող «ցեղասպանութիւն» բառէն խուսափելու համար։ Դոկտ. Մատթէոսեանի միջգիտակարգային (interdisciplinary) մօտեցումը եւ բծախնդիր հետազօտութիւնը հասկացութեան ծագումը կը լուսաբանէ գիտնականներու եւ պարզ ընթերցողներու համար՝ գծելով անոր ճանապարհը 20րդ եւ 21րդ դարերուն»։
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի (Նիւ Եորք) դիւանապետի պաշտօնը կը վարէ, պատմութեան եւ գրականութեան մասնագէտ է։ Վերջին 35 տարիներուն հայերէն, անգլերէն եւ սպաներէն 8 հատոր հրատարակած է՝ հայոց պատմութեան, գրականութեան ու լեզուի մասին, եւ սպաներէնի ու անգլերէնի թարգմանած՝ 22 գիրք։ Խմբագրած է հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն կարգ մը հատորներ, եւ հրատարակած՝ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, թարգմանութիւններ եւ հրապարակագրական յօդուածներ հայ եւ օտար մամուլին մէջ։