Յ. Պալեան
Մենք որոշած ենք ջնջել քաղաքականութիւնը եւ զայն փոխարինել բարոյականութեամբ: Այս է որ կը կոչենք յեղափոխութիւն:
Ալպէր Քամիւ, Combat թերթին մէջ, 4 փետրուար 1944
Մեծ գրող եւ Նոպելեան դափնեկիր Ալպէր Քամիւի միտքերուն հետ հաղորդուելէ ետք, հաւատալով քաղաքականութիւնը բարոյականութեամբ փոխարինելու անհրաժեշտութեան, հարազատութեան թելադրութեամբ կը վերագտնեմ մեր «փոքր ածու»ն, ուր կան ազգային բաբախումով նոյնքան մեծ միտքեր:
Աշխարհ, նաեւ մենք, կարիք ունինք Ալպէր Քամիւի յեղափոխութեան: Բայց պէտք է լսենք նաեւ մենք մեզ, մեր հոգեւոր մեծերը:
Չեմ գիտեր թէ Վահան Թէքէեան եթէ այսօր մեզի հետ ըլլար ի՞նչ պիտի ըսէր մեր ձախողութիւններուն, պարտութիւններուն, յոյսերուն, յուսախաբութիւններուն, երկպառակութիւններուն, բազում փոխադարձ ամբաստանութիւններուն եւ անվերջանալի դատական-քրէական գործերուն մասին: Ան բանաստեղծի աչքերով պիտի դիտէր մեր կեանքը եւ քնարականութեամբ պիտի արձագանգէր:
Սեպտեմբեր է, պատերազմի դեռ այրող յիշողութիւններով: Բանաստեղծը լսելու համար, աշնան այս թաց օրը, կրկին կը կարդամ իր գողտրիկ հնչեակը, որովհետեւ անզօրութեան զգացումով կը տուայտիմ եւ իրեն պէս՝ «խորհելով պայծառ արեւին անցեալ»:
Այս «աշունը թաց է, թաց աչքերուն պէս խեղճ խաբուած սիրոյն»…
Վահան Թէքէեանի «աշունը թաց» էր «խաբուած սիրոյ» համար: Ո՛չ նոյն «սիրոյ» համար, բայց հիմա «աշունը թաց» է հայուն համար:
Ինչպէ՞ս չտխրիլ: Երազը իրական դարձած էր, զայն որպէս իրականութիւն ապրեցանք, մեզմէ խլուած, բայց մեր հայրերու կտակով մեզի հասած հազարամեայ հողակտորներ ազգին վերադարձած տեսնելու ուրախութիւնը ապրեցանք: Հիմա մեզմէ հայրենիքի բեկորներ կը խլեն, ցարդ խլուածներէն չգոհանալով, եւ կը սպառնան մնացեալին: Եւ մենք կը պառակտուինք, պառակտուելով կը պարտուինք:
Ինչո՞ւ Վահան Թէքէեանի պէս իրարու չըսենք.
«Պատուհանն ու դուռը գնա գոցէ՛
Եւ դէմս եկուր նստիլ վեհագոյն
լռութեան մը մէջ»…
Իրարու դէմ եւ կողքին նստելով եւ եսերէն անդին, վեհագոյն լռութեան մէջ, ինչո՞ւ չենք խօսիր հայրենիքի եւ ազգի վաղուան մասին: Մեր իսկ պոռչտուքով, մեր ականջները խցուած են, կը խօսինք, ինչե՜ր կ’ըսենք, բայց զիրար չենք լսեր: Եթէ Վահան Թէքէեանի ըսած վեհագոյն լռութեամբ զիրար լսէինք, այդ լռութիւնը քաղաքականացնէինք, զայն դարձնէինք իւրաքանչիւրի պատասխանատուութիւն, սեւեռելով մեր վերանկախացման երեսնամեակը, թերեւս հոգեմաքրում կ’ունենայինք, յոյն իմաստասէրներու catharsisը, կը դադրէինք աջ եւ ձախ «ներքին թշնամի»ներ փնտռելէ եւ զիրար փնտռէինք՝
«Խորհելով պայծառ արեւին անցեալ»…
Ոչ միայն անցեալին, այլ՝ անմիջական ներկային եւ վաղուան…
«Դրան մը ներքեւ գո՛ց ճակատագրին…»
Կրկին, Վահան Թէքէեանի «գո՛ց ճակատագիր»ը քաղաքականացնենք եւ սեւեռենք մեր ներկան:
Բանաստեղծը եթէ այսօր մեզի հետ ըլլար, «գո՛ց ճակատագիր» պիտի ըսէր ազգին համար, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Այսօր «ծանր արցունքներ» կը գլորին…
Համացանցով բոլորիս աչքին առջեւ կը գլորին այդ արցունքները, որդեկերոյս մօր՝ որ հիմա ունի երեք մանչ եւ մէկ աղջիկ որբացած թոռներ, եւ Եռաբլուրէն իր ցաւը կ’աղաղակէ: Արցունքները՝ աներդիք մնացածներու:
Տրտմութեան այս օրերուն Վահան Թէքէեանի բարձրաթռիչ զգացումները եւ թերեւս ալ մարգարէական տողերը սփոփանք են: Ինչ որ կ’ըսէր երէկ, մեր այսօրն է: Միամիտ չըլլանք: Բանաստեղծը, ինչպէս ըսի, եթէ այսօր ապրէր, մեզի հետ ըլլար, կրկին պիտի ըսէր, նոր պատմութիւնը հինին պէս, կրկնուող.
«Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…
Դըժոխային այս տըռամն ի՞նչպէս կրնայ պատմըւիլ…
Ազգ մը ամբողջ, խորհեցէ՛ք, երէկ կ’ապրէր, կ’ոգորէր,
Միտքը լոյսին կը բանար եւ տակաւ սիրտն ալ յոյսին,
…….
Ունէր հանճարն ապրելու, նորոգելու ալ ինքզինք…»
Ազգ մը կը նորոգէր ինքզինք… Բայց պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց, եւ այսօր ալ, բարոյականութեան մեծխօսիկներուն աչքին առջեւ, կրկին, ո՛չ մութին մէջ, այլ հեռատեսիլով, ահագնութիւն եւ մարդկութեան դէմ ոճիրի պատկերներ սփռելով: Եթէ Վահան Թէքէեան կանգնէր լուսարձակներու տակ եւ խօսափող մը տային իրեն, պիտի ըսէր.
«Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ.
Կ’սպաննեն ազգ մը այնտեղ որ կեանք ունէր եւ շնորհ..»
Բայց մարդկութիւնը շահախնդրուած էր երէկ, շահախնդրուած է այսօր:
Միշտ յիշել Հոպզի «մարդը մարդուն գայլն է» խօսքը, homo homini lupus…
Բանաստեղծին յայտնատեսութիւնը եթէ չիրականացաւ, եթէ չ’իրականանար անգամ դեռ այսօր, պէտք է միշտ հաւատալ իրաւունքի եւ խիղճի յաղթանակին: Պատմութիւնը ինչե՜ր տեսած է եւ վճռած, նաեւ մեր մօտաւոր ժամանակաշրջանին, բռնատէրեր, մեծ ու պզտիկ հրէշներ, չեն յաւերժացած, ձգած են վատ յիշատակ, սրբուած են պատմութեան էջերէն, իրենց եւ ուրիշ ժովուրդները մատնելով հուրի եւ սուրի: Անուննե՞րը. Հիթլէր, Ստալին, Մուսոլինի, Փոլ Փոթ, Չաուչեսքու եւ բազում այլ մենատէրեր…
Եւ հիմա, Վահան Թէքէքեան, որպէս պատմութեան յայտնատես յուշարար, կ’ըսէ.
«Պիտի իյնա՛ս, կ’իյնաս ալ… Բայց որպէս զի դեռ ճանչնաս
Քու անարգ սիրտդ ծակող մեծագոյն ցաւը վերջին՝
Պիտի զարնեն քեզ անո՛նք, որ քեզ յաճախ փրկեցին…:»
Ինչպէ՞ս կ’իրականանայ Վահան Թէքէեանի քաղաքական մարգարէութիւնը: Հարկ է հետեւիլ եւ տեսնել միջազգային դասաւորումներուն մէջ արժէքային-քաղաքակրթական մրցակցութիւնները եւ սպառնալիքները: Եւ ուրուագծուող բախումները:
Մինչ այդ մենք ականջ պէտք է տանք Չարենցի պատգամին եւ ընդդէմ ամէն կարգի մասնատումներու եւ կոտորակումներու, ապաւինինք մեր հաւաքաքական ուժին, պատգամ՝ զոր կը թութակաբար կը կրկնենք, բայց անոր չենք հետեւիր: Չարենց խօսած է միակ փրկութեան մասին: Չարենց զբօսաշրջիկ չէր, անորակ յանգերու երգիչ չէր:
Լսե՛լ Չարենցը: Այդ ընելու համար անհրաժեշտ է հաւաքականութիւն-ժողովուրդի ազգային առողջ եւ անխաթար ողջախոհութիւնը, ընդդէմ ամէն կարգի եսերու եւ մանաւանդ՝ ինքնախաբէութեան տանող շահախնդրուած ամբոխահաճութեան:
Այս ընելու համար պէտք է, որ մեծ ու պզտիկ լսենք մեծ գիտնական Ալպէր Այնշթայնի իմաստուն խօսքը. «Մի՛ փորձէք ըլլալ յաջողութիւն ունեցող անձ մը, այլ ըլլալ արժէքաւոր մարդ», անհատապաշտութեան հակադրելով ազգայինը եւ մարդկայինը:
Երբեմն պէտք է զրուցել բանաստեղծներու, գրողներու, իմաստուններու եւ արուեստագէտներու հետ: Անոնք մեր անցեալը եւ ժառանգութիւնը կը դարձնեն ներկայ: Եւ մենք չենք ըլլար անանցեալ, սունկի պէտ անարմատ: Եթէ այդ ընենք, կը մաքրենք մեր ուղեղներու եւ հոգիներու ժանգը:
Այսօր ժանգէ մաքրուիլ օրակարգ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւրիս համար, հրաժարելով ամենագիտական ախտէ:
Յ. Գ. Վահան Թէքէեանի Բանաստեղծութիւնները. «Կ’անձրեւէ, տղաս», «Ահաւոր բան մը այնտեղ», «Թուրքին»: