ՍԼԱՔ.- ՆԻԿՈԼ… ՓԱՇԻՆԻԵՒ, ՍՈՒՐԷՆ… ՊԱՊԻԿԵԱՐՈՎ

0 0
Read Time:3 Minute, 33 Second
Շնորհուելիք շքանշանին նախագիծը

Ս. Մ.

16 Սեպտեմբեր 2021

Գորիս-Կապան մայրուղիին ծանօթ հատուածը «Ատրպէյճանի հող» ճանչցող՝ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն ետ (Ազգային ժողովի ամպիոնէն), սրամտութիւն մը փրթած է Հայաստանի մէջ: Կ’ըսուի, թէ Փաշինեան մտահոգ չէ, թէ կրնայ կորսնցնել երկրին ղեկը, որովհետեւ ապահոված է աւելի «իւղոտ» պաշտօն մը: Ան կրնայ ըլլալ Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, անմիջապէս որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուին երկու երկիրներուն միջեւ: Նման պաշտօնի կոչուելու պարագային, տեղի պիտի ունենայ (եղեր) նաեւ անուանափոխութիւն, անոր մականունին «եան»-ը պիտի փոխարինուի «իեւ»-ով, համահունչ՝ Ալիեւին: Նոյն սրամիտները կ’ըսեն, թէ փոխ վարչապետ Սուրէն Պապիկեանն ալ կրնայ բարձր պաշտօն մը ստանալ Ատրպէյճանէն, որովհետեւ ան ալ ձայնակցած է Փաշինեանի՝ յիշեալ ճամբուն «ազերիական պատկանելիութիւն»-ը աստիճան մը աւելի՛ պաշտօնականացնելու համար: Այդ օրը, Պապիկեանին «եան»-ն ալ պիտի փոխարինուի ազերիահունչ «եարով»-ով, թէեւ ինք կը նախընտրէ (եղեր) Պապիկովը:

Կ’ըսուի, թէ սկսած է կազմուիլ ազերիական դրօշակով զարդարուած՝ ուսապարկ կրողներու շարք մը. շատեր պատրաստակամութիւն կը յայտնեն միանալու իրենց շէֆի երգչախումբին (ԱԱԾ-ականներ արդէն բացին ճամբան), նման «իւղոտ պատառներ» ձեռք բերելու երազներով (խօսքը ճամբաներու բացման մասին է):

Ընդդիմադիրներ, պատմագէտներ, քարտէսագէտներ, սահմանագէտներ եւ սահմանադրագէտներ հազար ու մէկ հիմնաւորումով կ’ապացուցեն, որ Փաշինեան եւ ձայնակիցները սխալ են, թէ՝ «խորհրդային օրերուն կամ աւելի ուշ կատարուած վարչական սահմանագծումներով» կարելի չէ միջպետական սահման ճշդել, թէ՝ Փաշինեանի այս ու նմանօրինակ խօսքերը միջազգային ընտանիքին կողմէ կը նկատուին Հայաստանի պաշտօնական կեցուածքը, որմէ միայն վնաս պիտի հասնի Հայաստանին ու Արցախին, պատերազմէն ետք բարդացած հարցերու դարմանումը աւելի՛ պիտի դժուարացնէ: Որո՞ւ հոգը… Փաշինեան եւ իր ամենագէ՜տ գործակիցները վճռած են «յառաջ քշել իրենց էշը»: Ի՞նչ սահմանադրութիւն, ի՞նչ միջազգային օրէնք, ի՜նչ պետութիւն եւ անկախութիւն: Կան արտաքին «տէրեր», որոնք կը չափեն-կը ձեւեն-կը կտրեն իրենց ուզածին պէս, հետապնդելով իրենց շահերը: Դաւաճան ըսողը մեղանչա՞ծ կ’ըլլայ:

Մինչեւ իսկ եթէ ակնթարթ մը, մի՛այն մէկ ակնթարթ յարինք փաշինեանական երգչախումբի մտածողութեան, ինչո՞ւ մենք մեզի իրաւունք չենք տար յիշեցնելու, որ խորհրդայիններու օրով կատարուած սահմանագծումներով, Արցախն ու իր ենթաշրջանները՝ Գետաշէնն ու Շահումեանը ի վերջոյ ունէին մեզի համար շատ աւելի նպաստաւոր վիճակ, մինչդեռ հիմա, ամէն դասաւորում (գրաւոր թէ բանաւոր համաձայնութիւններով) կ’ընթանայ ի շահ Ատրպէյճանի եւ… Թուրքիոյ:

(Բացայայտօրէն կ’անտեսուի ուրիշ աղէտ մը, այն՝ որ Ատրպէյճան Հայաստանին կը պարտադրէ ի վերջոյ հասնիլ այնպիսի սահմանագծումի մը, որ Արցախը վերջնականապէս իրեն ձգուի, նաեւ, ըստ կարելւոյն պատառիկներ խլէ Հայաստանէն, որպէսզի աւելի հանգիստ կերպով իրականացնէ «Զանգեզուրի անցք»ին ծրագիրը):

***

Կար ժամանակ, որ մարդը Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կ’ընէր, հիմա կը կարդայ (եղեր) Հին Կտակարանի էջերը: «Պեղումները» արդիւնաւորուեր են, երբ կարդացեր է Մովսէս Մարգարէին Սինա լեռը բարձրանալուն պատմութիւնը եւ սքանչացեր է Տասնաբանեայի առաջին պատուէրով. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ…»: Անկէ ներշնչուած է որ ան որոշեր է մէկդի նետել Սահմանադրութի՛ւնն ալ, օրէնքն ու ուսուլն ալ (հա՛, հա՛, ուսո՛ւլ, որ նաեւ թուրքերուն գործածած մէկ բառն է), եւ իբրեւ նորագոյն «եհովա»՝ հայութեան կը պատգամէ. «Ես եմ քու տէրդ եւ տիրականդ, օրէնքիդ ու սահմանադրական մտածողութեանդ ալֆան (պեթային եւ մնացեալին պէտք չունիք), կ’ընեմ՝ ինչ որ ուզեմ: Չէ՞ որ զիս ընտրեցիք ձեր ազատ կամքով, երկաթէ մանտաթ տուիք ինծի: Շուշին որակեցի դժբախտ ու տժգոյն, համաձայնեցաք, վաղն ալ կ’ըսեմ թէ Գորիսն ու Կապանն ալ մեզի պէտք չեն, թող մեր ազերի ղարտաշները բարով վայելեն…»: Մի՜ անտեսէք խոստացուած բարիքները. երբ ճամբաները բացուին, ազերիները կրնան այդ շրջաններէն հեռացուելիք հայերը երբեմն բարեկամաբար հիւրընկալել, թէյ-սուրճ հրամցնել: Թուրքիա հայ զբօսաշրջիկ տանողներուն գործի դաշտն ալ կ’ընդարձակուի:

***

…Եթէ իրականանայ (կ’ըսեն) դեսպանանալու Փաշինեւի երազը, գրպանը ունի (եղեր) պատմական այլ դէմքերէ նշանաւոր խօսքեր: Օրինակ՝ «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ», իսկ եթէ կրճատուող Հայաստանի մէջ տագնապներ ստեղծուին՝ «Հացի փոխարէն կարկանդակ կերէք»:

Լաւատեղեակ սրամիտները նաեւ կ’ըսեն, թէ Փաշինեան ու գործակիցներ ընդդիմադիրներուն (արդար) քննադատութիւններուն եւ քողազերծումներուն դիմաց, իրենց գրպանին ունին «մահացու» փամփուշտներ, նման այն մէկուն, որ անցեալ ամիս արձակուեցաւ «պատմագէտ» ՔՊ-ականի մը կողմը, երբ ընդդիմադիրի մը ըսաւ, թէ «առաջին հանրապետութեան օրերուն, ունէիք 60 հազարնոց Հայաստան մը եւ անկէ փոխանցեցիք միայն 29 հազարի բաժին մը»: Փաշինեանի փամփուշտներէն մէկ ալ պիտի ըլլայ (եղեր) յիշեցնել, որ երբ 1918-ին ոչինչէն ծնունդ առաւ Հայաստանի հանրապետութիւնը, անիկա հազիւ 11-12 հազար քառ. քլմ. էր, ուրեմն, եթէ թուրքերն ու ազերիները այդ տարածքէն դուրս գտնուող բաժինները վերստին կուլ տան, իրենց իրաւունքն է, հալա՛լ է (ի՜նչ պատմութիւն, ի՜նչ անվիճելի աշխարհագրական տարածք, ի՜նչ Սեւր: Ատոնք բոլորն ալ արձանագրեցէք «կեղծ կատեկորիա»ներու շարքին):

***

Հիմա, սիրելի՛ ընթերցող, անկե՛ղծօրէն պատասխանէ սա հարցումին. նման մտածողութեան եւ ծրագիրի տէր մարդը արժանի չէ՞ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի կոչումին, վրան ալ՝ չ’ա՞րժեր, որ անոր շնորհուին Հայտար Ալիեւի ու Ստալինի անուններով շքանշաններ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles