Ուխտագնացութիւն Դէպի Խնածախի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի

0 0
Read Time:2 Minute, 10 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ»).- Սեպտեմբերի 8-ին, Մարիամ Աստուածածնի Ծննդեան օրը, Արցախի թեմը կազմակերպեց ուխտագնացութիւն մը դէպի Ասկերանի շրջանի Խնածախ համայնքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Ուխտին պատարագը մատուցեց Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանը:
Եկեղեցուոյ պաշտամունքի մէջ Աստուածամայրը ոչ միայն բոլոր սրբերէն, այլեւ հրեշտակներէն ալ բարձր կը դասուի: Անոր նուիրուած են բազմաթիւ ներբողներ ու շարականներ, անոր բարեխօսութիւնը հայցելով սկսած է պատարագի արարողութիւնը եւ բազում աղօթքներ անմիջականօրէն ուղղուած են անոր` որպէս Աստուածորդուն ամենամերձ եւ իր գթառատութեամբ անսացող սուրբ անձնաւորութեան: Պատահական չէ, որ Արցախի մէջ կառուցուած եկեղեցիներու մեծամասնութիւնը կը կրէ Աստածամօր անունը:
Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանը հաւատացեալներուն ուղղուած խօսքին մէջ, յայտնեց «Իր աստուածային շնորհով, մաքրամաքուր զգացմունքներով այնպիսի շունչ, ոգի ու սիրտ տուեց զաւակին, որ կարողացաւ նրան ընծայել մարդկութեանը որպէս կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած: Մեր ժողովուրդը շատ լաւ է հասկացել Աւետարանի պատգամը, ճիշտ ընթացել այն գաղափարներով, որոնց մարմնացումը փրկութիւն է բերում ազգին: Մեր մայրերը Մարիամի օրինակով իրենց զաւակներին տուել են մարդասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ աստուածասիրութեան հոգին, որոնք արտայայտուել են մեր հայրերի ու եղբայրների կատարած գործերով: Այսօր դժուար օրէր ենք ապրում, սակայն սիրելի կանայք, դուստեր, պէտք է վերագտնել այն նոյն ոգին, եռանդն ու ուժը, որ ոգեւորում եւ սէր պիտի տայ նոր սերնդին»։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ Մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:
Խնածախ գիւղի մասին Մ. Բարխուտարեանցը կը գրէ, որ անունը Սիւնիքէն յայտնուած է։ Իր հրապարակած գործին մէջ Բարխուտարեանց կը նշէ․- «120 ընտանիք քաջեր 1770 թուականին Ջրաբերդից տեղափոխւում են Խաչեն եւ հիմնարկում Խանածախ գիւղը, որի մէջ բնակւում են 50 ընտանիք»: Ս. Մելքումեանը իր կարգին նշելով, որ բնակիչները ժամանած են Զանգեզուրի Խնածախ գիւղիցէն, հիմնադրած եւ անուանած իրենց հին բնակավայրի անունով:
Ս. Սարգսեան անունով պատմագէտ մը, կը նշէ, որ խան եւ ծախ բաղադրիչներէն կազմուած է անուանումը, առաջինը պարսկական իմաստն է, որ կը նշանակէ «Իջեւան, օթեւան ուղեւորներու համար քարուանսարայ»: Իսկ ծախ-ը կը համարումի կաս-ի հնչիւնափոխուած տարբերակը, որ կը նշանակէ «հին, սուրբ, աստուածային»: Սարգսեան, նաեւ կը նշէ, թէ ծախ-ը կրնայ ունենալ ծախսել, վաճառել, առեւտուր անել նշանակութիւնները, այսինքն` կայանատեղ, ուր նաեւ առեւտուր կատարուած է։ Նկատի առնելով տեղանուններու առաջացման սկզբունքները, Սարգսեանը աւելի առաջին տարբերակն է, որ կը պաշտպանէ:
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին, կը գտնուին նաեւ գերեզմանոցը (18-19-րդ դար), աղբիւրը (19-րդ դար), գիւղատեղի «Քղատեղ»-ը (12-13-րդ դար), ջրաղացը (19-րդ դար), խաչքարը (13-րդ դար), «Պարուր» սրբատեղին (17-18-րդ դար): Կան 40 յուշարձաններ եւ 6 աղբիւրներ` Վերին, Աթունց, Պանուր, Մեծ, Պիծի եւ Աբուլին: Հետաքրքրական յուշարձան մըն է Բադարայի ձախ թեւում գտնուող Խանածախ գիւղի եկեղեցին: Արձանագրութիւնների մէջ նշուած է Սուրբ Աստուածածնի անունով: Եկեղեցուոյ ներսի չորս սիւններն աղեղնաձեւ կը միանան։
Խնածախը Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ կը գտնուի։ Ստեփանակերտէն 5.7 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւելք` կեդրոնական հատուածին մէջ: Ունի 680 բնակիչ: 2015-ի տուեալները ցոյց կու տային, թէ միջնակարգ դպրոցին մէջ կը գործեն 68 աշակերտներ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles