Ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէսի Հանդիպումները՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի Մէջ

0 0
Read Time:2 Minute, 57 Second


«Յունաստան 2021» յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ֆորումին մասնակցելու հրաւէրով, վերջերս Աթէնք ժամանեց հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտէս, որ Օգոստոս 26-ին Աքրոփոլիսի թանգարանի սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ` խօսելով տարածաշրջանային եղելութիւններուն ու անոնց ապագայ ազդեցութիւններուն վերաբերող նիւթին շուրջ:
Նախապէս, Օգոստոս 25-ին, Մենենտէս հանդիպում մը ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի եւ անդամ Տիգրան Չիչեքեանի, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի հետ:
Հայերու հանդէպ իր անվերապահ աջակցութիւնը բազմաթիւ առիթներով արտայայտած ծերակուտականը մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ Հ․Յ․Դ․ Հայ դատի յանձնախումբերուն կողմէ յառաջ տարուող աշխատանքներուն, Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի շարունակական պայքարներուն ու արդար դատին ծառայող համակարգուած աշխատանքներուն մասին: Զրոյց կեդրոնացաւ յատկապէս Յունաստանի հայ գաղութին եւ կառոյցներու աշխատանքին շուրջ, ինչպէս նաեւ` Պրիւքսէլի մէջ Հայ դատի գրասենեակի համատարած ծրագիրներուն մասին: Ռոպերթ Մենենտէս վստահեցուց հայ ժողովուրդին հանդէպ իր ունեցած բացառիկ հոգածութեան մասին` ցոյց տալով իր մեծ յանձնառութիւնը հայութեան կողքին: Պատուիրակութեան անդամները անդրադարձան ծերակուտական Մենենտէսի անձնական ներդրումին եւ շարունակական օժանդակութեան, որ ան ցոյց տուած է հայութեան հանդէպ, շեշտելով անոր մեծ ներդրումը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յաջողութեան եւ մեծապէս դրուատելով իր անվերապահ կեցուածքն ու գործնական դերակատարութիւնը:
Երկուշաբթի, Օգոստոս 30-ին, Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հրաւէրին հիման վրայ ներկայ գտնուեցաւ նախագահական պալատի արարողութեան եւ պաշտօնական ընթրիքին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Ռոպըրթ Մենենտէս պարգեւատրուեցաւ «Մակարիոս Գ.-ի մեծ խաչ»-ի բարձրագոյն շքանշանով:
Նոյն օրը յետմիջօրէին, Ռոպըրթ Մենենտէս` ընկերակցութեամբ Վարդգէս Մահտեսեանի, հանդիպում մը ունեցաւ կիպրահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս առիթով պետական ներկայացուցիչը, ի նշան երախտագիտութեան, յուշանուէր մը յանձնեց Մենենտէսին, հայութեան հանդէպ անոր ցուցաբերած հետեւողական զօրակցութեան, եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատմական որոշումին ի նպաստ անոր ունեցած անուրանալի դերակատարութեան համար:
Կիպրոսի Հայ համայնքի պետական ներկայացուցչի գրասենեակին կազմակերպութեամբ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէս իր հայ կնոջ հետ ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանի հանդիսասրահին մէջ` կիպրահայ գաղութը ներկայացնող սեղմ պատուիրակութեան մը ներկայութեան:
Հանդիպման ներկայ էին` թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ` Խորէն արք. Տողրամաճեան, Լառնաքայի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց Ա. քհնյ. Աշգարեան, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային իշխանութեան ատենապետներն ու անդամներ, կուսակցութիւններու, կառոյցներու, միութիւններու եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբի ատենապետներն ու ներկայացուցիչներ, Նարեկ վարժարաններու Հոգաբարձութեան ատենապետն ու անդամներ, պատասխանատուներ, թերթերու խմբագիրներ եւ բարեկամներ Նիկոսիայէն, Պաֆոսէն, Լիմասոլէն ու Լառնաքայէն:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վարդգէս Մահտեսեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց կիպրահայութիւնը, անոր կառոյցներն ու ծաւալուն աշխատանքները` մշակութային, բարեսիրական ու կրթական, շեշտը դնելով գաղութի հայախօս ըլլալու իրականութեան վրայ:
Ապա խօսք առաւ Խորէն արք. Տողրամաճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ եւ դրուատեց Ռ. Մենենտեզի քաղաքական ծաւալուն գործունէութիւնը` ի նպաստ Հայ դատին, ինչպէս նաեւ անոր անձնական ներդրումն եւ շարունակական օժանդակութիւնը, զորս ան ցոյց տուած է հայութեան հանդէպ:
Սրբազանը շեշտեց, որ ծերակուտականը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անեզր աշխատանքներուն, յատկանշական ելոյթին եւ յաջողութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանին, Արցախին, Կիպրոսին ու անարդարուած ժողովուրդներու նկատմամբ: Սրբազան հօր խօսքէն ետք, պետական ներկայացուցիչը Կիպրոսի հայ համայնքին կողմէ խորհրդանշական յուշանուէրով մը պատուեց ամերիկացի դիւանագէտը:
Հուսկ ապա հրաւիրուեցաւ Ռոպըրթ Մենենտէս` իր սրտի խօսքը փոխանցելու: Ան ամերիկացի իրաւաբան եւ քաղաքական գործիչ է, որ 2006 թուականէն ի վեր Նիւ Ճըրզիի աւագ ծերակուտականներէն մէկն է: Հայերու հանդէպ իր անվերապահ աջակցութիւնը բազմաթիւ առիթներով արտայայտած ծերակուտականը մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ հայութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն, Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի շարունակական պայքարներուն ու արդար դատին ծառայող համակարգուած աշխատանքներուն նկատմամբ: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու հոլովոյթին եւ ներկայ ղեկավարութեան քաղաքականութեան ու յատկապէս նախագահ` Ճօ Պայտընի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն: Ան անգամ մը եւս վստահեցուց հայ ժողովուրդին հանդէպ իր ունեցած բացառիկ հոգածութիւնը` ցոյց տալով իր մեծ յանձնառութիւնն ու սէրը հայութեան հանդէպ:
Աւարտին, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու ծերակուտականին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles