Հ.Մ.Ը.Մ. ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու քսաներորդ ՄիջՄասնաճիւղային մարզախաղերը, Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Նիւ Ճըրզի: Հ.Մ.Ը.Մ.ավայել մթնոլորտի մէջ կատարուած այս մրցումները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին: Հոծ բազմութիւն մը, չորս օր շարունակ հետեւեցաւ ոտնագնդակի, կողովագնդակի, վոլիպոլի, լողարշաւի, վազքի, թենիսի եւ փինկփոնկի հետաքրքրական մրցումներուն:
Այս մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տաս մասնաճիւղերէն աւելի քան վեց հարիւր մարզիկմարզիկուհիներ, որոնք ժամանած էին Պոսթընէն, Շիքակոյէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ֆլորիտայէն, Ուաշինկթընէն, Փրովիտընսէն, Տիթրոյթէն, Ալպընիէն եւ Թորոնթոյէն: Մարզիկները իջեւանեցան Նիւ Ճըրզիի »Հոլիտէյ Ինն« պանդոկին մէջ ու հիւրընկալուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին կողմէ, որ այս առիթով, ճիգ չէր խնայած մարզական եւ ընկերային լաւագոյն մթնոլորտը ստեղծելու:
Միջմասնաճիւղային այս մարզախաղերը տեղի ունեցան Հինգշաբթի Յուլիս 1էն մինչեւ Կիրակի Յուլիս 4, 2010 ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան մարզիկմարզիկուհիներու դասակարգերով: Ծնողներ ու բարեկամներ ոգեւորիչ խանդավառութեամբ կը շրջէին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու թէ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ:
Բացման հանդիսութեան, ներկայ էին օրուան պատուոյ հիւրերը՝ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Նիւ Ճըրզիի ՀովիւՏ. Յովնան Պոզոյեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Ժան Աւետիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Եղբ. Պետրոս Տէր Վարդանեան եւ հոծ բազմութիւն մը:
Կիրակի, Յուլիս 4ի երեկոյեան, պանդոկի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթպարահանդէսը հովանաւորութեամբ՝ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի ու ներկայութեամբ՝ բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ աւելի քան եօթ հարիւր հայորդիներու: Բացման խօսքը կատարեց Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Վարուժան Վարդանեան: Ան ըսաւ թէ տարագիր հայ ժողովուրդին հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ ամէնուրէք եւ սերունդներու ազգային գիտակցութեան ու հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր ոչի°նչ խնայեց եւ ո°չ մէկ ճիգ զլացաւ:
»Կառչած իր նշանաբանին, ան դաստիարակեց ու սորվեցուց ազնուագոյնը, գործեց եւ մի°շտ պիտի գործէ անհամար ու անհաշիւ սերմանելու եւ բաշխելու ըմբռնումով ու հասկացողութեամբ: Ահա ա°յս է նաեւ այն գաղտնիքներէն մէկը, որուն շնորհիւ այս միութիւնը կը մնայ միշտ հզօր, գործունեայ ու երիտասարդ…« ըսաւ ան եւ շարունակեց իր խօսքը յայտնելով թէ որքա¯ն օրերը կը թաւալին, այդքան կը դժուարանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտականութիւնը: Ան աւելցուց թէ աշխարհի զանազան ցամաքամասերուն վրայ ապրող հայորդիներու միջեւ, այս մարմնակրթական միութիւնը իւրայատուկ կապ մըն է, եւ փաստն ալ այսօր Նիւ Ճըրզիի մէջ, տեղւոյն մասնաճիւղի հովանիին տակ, կը կատարուին միջմասնաճիւղային քսաներորդ մրցումները:
»Ահա այս երեւոյթին մէջ է, պէտք է փնտռել բարձրանալու եւ բարձրացնելու հրամայականը եւ այդ ալ մի°շտ պատրաստ տրամաբանութեամբ«, եզրակացուց ան:
Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Ժան Աւետիսեան խօսք առնելով ըսաւ թէ 92 տարիներէ ի վեր գաղափարապաշտ հայորդիներու կողմէ հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ին իրագործած յաջողութիւնները բնորոշելով յայտնեց, թէ անդամներու անսակարկ նուիրումին ու մեր ժողովուրդի աջակցութեան շնորհիւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը շարունակէ դաստիարակել հայ երիտասարդը որ ան տէր կանգնի մեր ազգային իրաւունքներուն ու լծուի արդար Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն:
Ան յայտնեց թէ անփոփոխ պիտի մնայ յանձնառութեան ուժը: »Կառչած իր բարձրացի°ր բարձրացու°ր նշանաբանին, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, պիտի շարունակէ սերունդներ պատրաստել եւ դաստիարակել, այդ ալ շնորհիւ ժողովուրդին՝ համակիրներուն տածած գուրգուրանքին եւ հետեւողական ու աննահանջ քաջալերանքին«, եզրակացուց ան:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան, իր պատգամին մէջ յայտնեց թէ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը հայ ազգային պահանջատիրութեան յառաջապահ զինուորն է: Ան դիտել տուաւ, որ այս միութիւնը եղաւ ու գործեց ամէն տեղ, տարբեր մարզերու մէջ եւ զանազան մակարդակներու վրայ՝ տիրանալով հայ ժողովուրդին սիրոյն ու յարգանքին, որոնք ձեռք բերուեցան հին ու նոր նուիրեալ միութենականներու շնորհիւ:
»Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայութեան կեանքին մէջ վերածուեցաւ նուիրումի, հաւատքի, արժէքներու ու տեսիլքի անսպառ աղբիւրի մը, հայապահպանման եւ ազգային ինքնութեան գոյատեւման կռուանի: Հ.Մ.Ը.Մ.ն է որ, իր հիմնադրութիւնէն ի վեր համարօրէն կը պայքարի կերտելու համար տիպար ու մաքրամաքուր մարդը, հայը, մարզիկն ու սկաուտը« ըսաւ ան, նշելով թէ սրընթաց թափով յեղաշրջուող նոր ժամանակներուն հետ ընթանալով, Հ.Մ.Ը.Մ.ականէն կը պահանջուի յաւելեալ զոհողութիւն եւ նուիրում: Ան աւելցուց թէ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ տնակը՝ պանդուխտ հայորդիին: »… Պատի¯ւ այդ նշանաբանին…Յարգա¯նք այդ պանծալի դրօշին…Եւ հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ, կամաւոր բանակ: Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր կեանքին մէջ… Ի°նչ գեղեցիկ եւ մեր կեանքը գեղեցկացնող տեսարան է այս, ի¯նչ գօտեպնդիչ ու մեր կեանքը գօտեպնդող երեւոյթ…«, ըսաւ ան:Վերջին խօսք առնողը եղաւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու Առաջնորդ՝ Բարձ. Տ.Օշական Արք. Չօլոյեան իր խրախուսիչ պատգամով գովքը հիւսեց 92 տարեկան երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, շեշտելով որ ան հայ երիտասարդին կու տայ հայու ինքնութիւն, հաւատարմութիւն մեր ազգային արժէքներուն, ու փոքր տարիքէն անոր կը սորվեցնէ կարգ ու կանոն, յարգանք օրէնքի նկատմամբ: Սրբազան հայրը աւելցուց թէ մեր պարտականութիւնն է յաջորդ տասնամեակներուն, պայքարիլ անտարբերութեան դէմ, տէր կանգնիլ մեր ազգային ամբողջական իրաւունքներուն, օժանդակել Հ.Մ.Ը.Մ.ին ամէն ձեւով, նամանաւանդ պահելով մեր զաւակները անոր խրոխտ շարքերուն մէջ, որպէսզի անոնք դառնան արժանաւոր պաշտպանները մեր կրօնքին, մշակոյթին ու հայրենիքին: Սրբազան Հայրը որ իր խրախուսիչ պատգամով օրուայ խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին: Ան իր դէմքը դարձնելով երիտասարդ մարզիկներուն որոնք Ամերիկայի եւ Գանատայի ափերուն ծնած, կը մեծնան Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուքին ներքեւ, կը վստահեցնէր թէ անոնք կը պատկանին հայ ցեղին ու հայ եկեղեցիին, թէ անոնք ունին Հայաստանը որպէս հայրենիք ու հայերէնը որպէս մայրենի լեզու: Սրբազան Հայրը, իր սրտանց շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքերը կ’եզրակացնէր դարձեալ խօսքը ուղղելով հայ երիտասարդութեան թէ իրենց ինքնութիւնը ծնողներէն տրուած շնորհք մը չէ միայն,այլ պարտաւորութիւն մը:
Իր օրհնութեան խօսքն ու պատգամը աւարտելով, բարեջան Առաջնորդը իր անհուն ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց ի տես պարզուած պատկերին, որուն ընդմէջէն Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայութեան համար հպարտութեան ներշնչարան կը հանդիսանայ:
Փակման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխում բոլոր մասնակցող մասնաճիւղերուն: »Տիգրան Ա. Քհնյ. Խոյեան«ի շրջուն բաժակը շնորհուեցաւ Պոսթընի մասնաճիւղին որ առաջինը հանդիսացաւ բոլոր մարզախաղերու մէջ առաւելագոյն թիւով կէտեր հաւաքած ըլլալուն համար: Մարզական բարձր ոգի ցուցաբերող Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղը, իր կարգին ստացաւ յատուկ բաժակ մը: »Արա Մարկոսեան« շրջուն բաժակը շնորհուեցաւ Ալպընիի մասնաճիւղին, ամենէն տիպար եւ լաւ կազմակերպուած մասնաճիւղը ըլլալուն համար: Հանդիսավար Եղբ. Վարուժ Վարդանեանի շնորհակալական խօսքերէն ետք, յայտարարեց թէ Յուլիս 2011ին Արեւելեան Շրջանի 21րդ ՄիջՄասնաճիւղային մարզական խաղերը տեղի պիտի ունենան Պոսթընի (Մասաչուսէց) մէջ:
Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք, սկաուտները հպարտօրէն տողանցեցին:
Ընդհանուր դասաւուրում.
1. Պոսթըն 91 կէտ
2. Նիւ Ճըրզի 47
3. Ուաշինկթըն 29
4. Ֆիլատելֆիա 23
5. Տիթրոյթ 20
6. Նիւ Եորք եւ
Շիքակօ 12
8. Թորոնթօ 8
9. Փրովիտընս 5
10. Ալպընի եւ
Ֆլորիտա 0