Արցախի Խրամորթ Համայնքի Դպրոցը Պիտի Վերանորոգուի Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ  

0 0
Read Time:57 Second

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ Պելճիքայի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համատեղ ջանքերով, յատկացուած են անհրաժեշտ նիւթական միջոցներ Արցախի Հանրապետութեան Ասկերան շրջանի Խրամորթ համայնքի միջնակարգ դպրոցի վերանորոգման համար: Պիտի կատարուին ներքին եւ արտաքին վերանորոգման աշխատանքներ։ Պիտի կահաւորուին եւ արդիականացուին դասասենեակները՝ վերածուելով համագործակցային դասասենեակներու։ Պիտի տեղադրուի նոր ջեռուցման համակարգ։

Նախագիծը պիտի իրականացուի «Երկարօրեայ դպրոց» ծրագրի շրջանակներուն մէջ՝ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ համագործակցաբար: Վերջին ամիսներուն Խրամորթ գիւղի մէջ բնակութիւն հաստատած են նաեւ Հադրութի շրջանէն ատրպէյճանական գրաւման հետեւանքով տեղահանուած ընտանիքներ:

«Երկարօրեայ դպրոց» ծրագրի նպատակն է բարելաւել միջնակարգ կրթութեան որակը Արցախի մէջ, հնարաւորինս վերացնել ծնողներու կողմէ տնային աշխատանքի հարցով երեխաներուն տրամադրուող օգնութեան անհաւասար պայմանները, ստեղծել շփուելու եւ աշխատանքի նոր հնարաւորութիւններ, ապահովել որակեալ, հաւասարակշռուած սննդակարգ աշակերտներուն համար, յաղթահարել զարգացման անհաւասարութիւնը գիւղական եւ քաղաքային վայրերու միջեւ եւ Արցախի շրջանները աւելի հրապուրիչ դարձնել քաղաքային բնակավայրերու բնակչութեան համար։

Մեկնաբանելով այս նախաձեռնութիւնը՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան աւելցուց. «Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած այս կործանարար պատերազմէն ետք կարեւոր է բուժել Արցախի վէրքերը: Յատկապէս երեխաները խոցելի են նման իրավիճակի մէջ: Յոյսով ենք, որ այս նախագիծը քայլ պիտի ըլլայ Արցախի երեխաներու կրթութեան պայմանները բարելաւելու եւ լուսաւոր ապագայ ապահովելու ուղղութեամբ: Մեր պարտքը կը համարենք նպաստել անոր եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ»։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles