«Տարբերակ 21» Հանդէսը

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

Հայ հանրութեան կը ներկայանայ «Տարբերակ 21» հանդէսը:

Հանդէսը կը հետապնդէ հայ հրապարակագրութիւնը, գրականութիւնը, լրագրութիւնը եւ գիտական միտքը զարգացնելու նպատակը` նորարար շունչով եւ տարբեր երկիրներէ գրողներու, հրապարակագիրներու, արուեստագէտներու ու տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու համագործակցութեամբ:

Հանդէսին գլխաւոր եւ գերիշխող լեզուն արեւմտահայերէնն է` մեր մայրենիին վտանգուած ճիւղը, որուն գործածութիւնը յաճախ կը յայտնուի արտայայտութեան տագնապի մէջ` ի դիմաց ժամանակակից մարդուն միտքը յուզող արդի հարցերուն. երեւոյթ մը, որ զայն հեռու կը պահէ երիտասարդներէն եւ տարբեր ուղղութիւններով զարգանալու կարելիութենէն:

Ինչո՞ւ հանդէսը անուանուած է «Տարբերակ 21»: Խմբագրութեան համար կայ հիմնական հեռանկար հայկական ընդհանրապէս դասականացած լրատուական (տպագիր թէ առցանց) միջոցներէն «տարբերելու» եւ 21րդ դարու շունչով արտայայտուելու առաջադրանք:

Առ այդ, հանդէսը կ՛առաջադրէ`

1) Յառաջ մղել հայ հրապարակախօսութիւնը եւ լրագրութիւնը, կարծիքի բազմազանութեան ապահովման եւ քննական միտքի քաջալերման յատկանիշներով:

2) Դառնալ հայ կեանքին եւ ժամանակակից աշխարհին վերաբերող տեսական, հասարակական եւ մշակութային հարցերու քննարկման եւ բանավէճի միջավայր` հեղինակներու եւ ընթերցողներու մասնակցութեամբ:

3) Նպաստել հայերէն գրական ստեղծագործութեան` միաժամանակ կարեւոր տեղ տալով այլալեզու գրական երկերու հայացման:

4) Զարկ տալ հին թէ ժամանակակից հայ պատմութեան եւ հասարակական, մշակութային ու կրթական կեանքի ուսումնասիրութեան` մօտեցումներու բազմազանութեան յատկանիշներով:

«Տարբերակ 21»ը կը հրատարակուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նիւթական աջակցութեամբ:

Իբրեւ ազատ արտայայտութեան բեմ՝ «Տարբերակ 21» հանդէսը պատրաստ է ընդունելու հրապարակագրական, լրագրական, գրական-գեղարուեստական եւ գիտական գրութիւններ ու յօդուածներ` պատուագինով վարձատրելու դրութեամբ: Հանդէսին մէջ կը հրապարակուին նաեւ գեղարուեստական թէ զանազան նիւթերու վերաբերեալ լսատեսողական գործեր: Այդ բոլորը կարելի է ներկայացնել խմբագրութեան editor@darperag21.net հասցէին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles