ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 7-ին, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիպում Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն հետ:
Դեսպան Թրէյսին, ողջունելով Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նոր կազմը, ընդգծեց իր հետաքրքրութիւնը յետընտրական իրողութիւններով պայմանաւորուած` կուսակցութեան որդեգրած քաղաքական առաջնահերթութիւններու եւ ծրագիրներու առնչութեամբ:
Դեսպան Թրէյսի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ Հայաստանի ժողովրդավարական, տնտեսական ու ընկերային կառավարման աջակցելու իրենց յանձնառութեան: Ան նաեւ յայտնեց, որ մօտէն պիտի հետեւի Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ պիտի աջակցի գերիներու վերադարձի աշխատանքներուն:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան անդրադարձաւ երկրին մէջ արձանագրուող ժողովրդավարութեան յետընթացին, նաեւ կարեւոր նկատեց Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ Արցախի տագնապի լուծման ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը:Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» դաշինքի մտահոգութիւններն ու գնահատականները Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած քաղաքական մթնոլորտի, նախընտրական խախտումներու, քատրային ջարդի եւ օրէնքի կամայականութիւններու առնչութեամբ: Ի. Սաղաթէլեան ընդգծեց նաեւ, որ Հ.Յ.Դ.-ի օրակարգին վրայ կը շարունակեն առաջնահերթութիւն մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապը:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժանմունքի ղեկավար Քիմպըրլի Զապֆէլը եւ քաղաքական հարցերով մասնագէտ Լիլիթ Օհանեանը: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կառոյցը կը ներկայացնէին Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, Գերագոյն մարմինի անդամներ Լիլիթ Գալստեանը եւ Աշոտ Սիմոնեանը: