Ռիքարտօ Մութթիի Ելոյթը Երեւանի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

Իտալացի աշխարհահռչակ մաէսթրօ Ռիքարտօ Մութթին, յիշատակելի ելոյթ մը ունեցաւ իր ղեկավարած Լուիճի Քէրուպինի նուագախումբին հետ, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Հայաստանի պետական երգչախումբի եւ հայ ու իտալացի մեներգիչներու մասնակցութեամբ:

Յայտագրի վրայ էին Տիգրան Մանսուրեանի «Քաւարան»-ը (անդրանիկ ներկայացում) եւ այլ գործեր՝  Մոցարթէն, Հայտւշընէն եւ Շուպերթէն:

Ռիքարտօ Մութթի, նախապէս քսան տարի առաջ ժամանած էր Հայաստան, քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօն ընդունման 1700-ամեակին առթիւ:Այդ ժամանակ, ան  բեմ բարձրացաւ Մարզահամերգային համալիրին մէջ, այդ օրերուն իր ղեկավարած Միլանի Լա Սքալա օփերային թատրոնի նուագախումբին եւ մեներգիչներունհետ` մեծ տպաւորութիւն ձգելով եւ հիացնելով աւելի քան 7000 հանդիսատեսները: Այդ օրերուն ալ, ան պարգեւատրուած էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մետալով:

Մութթին Հայաստան է ժամանեց իր տիկնոջ` Քրիստինայի հետ, որ Ռաւեննայի հեղինակաւոր փառատօնին հիմնադիրն է: Նաեւ մեծ թիւով իտալացի լրագրողներ եւ հիւրեր ժամանած էին:

Այս միեւնոյն յայտագիրը պիտի կատարուի Մութթիի ղեկավարութեամբ, անոր նուագախումբի եւ Հայաստանի պետական երգչախումբին կատարմամբ,  իտալական երեք քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին՝ Ֆիրենցէ, Ռաւեննա (արդէն իսկ կատարուած Յուլիս 1-ին) եւ Վերոնա: Այս ելոյթները ի յիշատակ իտալացի վերածնունդի մեծագոյն բանաստեղծ ու փիլիսոփայ Տանթէ Ալիկերիի ն կը կատարուին, մահուան 700-ամեակին առթիւ: Տիգրան Մանսուրեանի «Քաւարան»-ն ալ նուիրուած է Տանթէին:

Համերգէն առաջ իսկ, երկօրեայ փորձերը անտարբեր չէին ձգած հայ երաժշտասէր հանրութիւնը, որ ներկայ էր եւ շարունակ կը հետեւէր  շարունակ կրկնուող գործերոեւն:

Մութիի համար հայերն ու իտալացիները մօտիկ բարեկամներ են եւ ան պիտի շարունակէ իր համագործակցութիւնը Հայաստանի երաժշտական ոլորդին հետ:

Վենետիկի Հայկական Կեդրոնի Տնօրէն Մինաս Լուռեան՝ Պարգեւատրուած

Յուլիս 5-ին, Հ.Հ. նախագահի հրամանագրով՝ Վենետիկի Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրութեան կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուռեա , որ նաեւ իր օժանդակութիւնը բերած էր կազմակերպելու համար, Մութթիի այս ելոյթը, պարգեւատրուեցաւ երախտագիտութեան շքանշանով։ Համապատասխան փաստաթուղթին մէջ նշուած է. «Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածը, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուոյ կոչումներու” վերաբերեալ օրէն քի 5.3-րդ յօդուածի առաջին բա ժինը՝ Հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, հայ-իտալական մշակութային կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ նշանակալի ներդրման համար Վենետիկի Հայկական մշակոյ թի, սումնասիրութեան եւ վաւերագրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Մինաս Լուռեանը պարգեւատրել երախտագիտութեան շքանշանով»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles