Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիս 

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

ԵՐԵՒԱՆ.-  երեքշաբթի, Յուլիս 6-ին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով:Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն ժողովի ընդունած յայտարարութիւնը:

«Ընտրութիւններէն ետք կը շարունակուին համատարած բռնաճնշումները բոլոր այն անձերուն հանդէպ, որոնք չենք քուէարկած այսօրուան իշխանութեան օգտին: Մեծ ծաւալով կը շարունակուին ապօրինի ճնշումները ընտրուած համայնքներու ղեկավարներուն նկատմամբ. այդպիսով փորձ կը կատարուի քանդելու նաեւ տեղական ինքնակառավարման համակարգը եւ ատիկա դարձնելու նշանակովի, կան արդէն բազմաթիւ ակնյայտ ճնշումներ բոլոր այն համայնքներու ղեկավարներուն նկատմամբ, որոնք մաս կազմած են «Հայաստան» դաշինքին կամ ունեցած են այլ դիրքորոշում, որ տարբեր է գործող իշխանութեան դիրքորոշումէն», ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ. «Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը անցնող տարիներուն շատ հարցերու մէջ եղած է պայքարի առաջնագծին վրայ թէ՛ ընկերային հարցերու մէջ, երբ «Ահազանգ» նախագիծի ծիրին մէջ եկամտահարկի հարթեցման դէմ կը պայքարէինք, թէ՛ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ տիրող քաոսի եւ անարդարութիւններու դէմ: Մեր պայքարի նպատակը այս ամէն ինչէն խուսափիլն էր, ցաւօք, չյաջողեցանք, եկաւ հասաւ օրը ու մեզի պարտադրուեցաւ պատերազմ, եւ Դաշնակցութեան երիտասարդականը նաեւ պատերազմի մէջ էր: Անկէ ետք, այո՛, նաեւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումին, «Հայաստան» դաշինքի շրջագիծին մէջ պայքարած ենք: Հիմա այնպէս է, որ այս ամէնը բաւարարար չէր այս չարիքի իշխանութիւնը հեռացնելու համար, եւ Դաշնակցութեան երիտասարդականի պայքարը պիտի չդադրի»:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն տեղի ունեցած են այնպիսի լայնածաւալ խախտումներ, որոնք չեն կրնար արտացոլել հասարակութեան տուած վստահութեան քուէներու իրական պատկերը:

Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Սահմանադրական դատարանէն կ՛ակնկալեն, որ 15-օրեայ ժամկէտի մէջ, որ ունի իր որոշումը կայացնելու համար, պիտի կարենայ իր մէջ ուժ գտնել գնահատելու ներկայացուած ապացոյցները եւ կայացնելու ճշգրիտ որոշում:

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles