«Բառապաշար Նախարար»-ի գաղափարն ու մտայղացումը կու գայ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի Հ․Ե․Դ․-ի հայերէն լեզուով զրուցելու «Զրոյց – Մրոյց» խմբակէն։ Հետաքրքրուողները կրնան գրութեան տակ, մեկնաբանութիւններով կամ ե-նամակով ( clc@ayf.org) արտայայտուիլ եւ յայտնել իրենց կարծիքը։
Կար ու չկար, յատուկ մարդ մը կար. ան կը կոչուէր «Բառապաշար Նախարար»։
Ուրեմն ո՞վ է այս «Բառապաշար Նախարար»-ը։ Ծանօթ չէ՞ք։ Ծանօթացնենք։
Իր անունը արդէն իսկ կը մատնէ, թէ «Բառապաշար Նախարար»-ին մասնագիտութիւնը նոր բառ ստեղծելու մէջն է։ Համալսարանէն ներս, իր անգլերէն լեզուի ուսումը կատարելու ընթացքին, ան անդրադառձաւ, որ շատ մը բառեր անգլերենէն հայերէն թարգմանութիւն չունէին եւ ուրեմն, որոշեց գործի անցնիլ։
_
Օ՜ֆֆֆ… վերջապէս ամառնային տաք ու արեւոտ օրերը հասան։ Ամիսներ շարունակ, մեր սիրելի «Բառապաշար Նախարար»-ը զզուած էր ներսը նստելէն: Անցեալ տարի «Քորոնա» ժահր-ի պատճառով ստիպուած էր տուն մնալ։ Բայց այս ամառ «Բառապաշար Նախարար»-ը միտքը դրած էր, որ պիտի վայելէր անուշ օդը։ Արեւը տեսաւ, ու անկողինէն ցատկեց եւ շուտով պայուսակը պատրաստեց եւ ուղղուեցաւ ծովափի ճամբայ։ Առանձ մանրամասնութիւններու մասին մտածելու, շտապօրէն լողազգեստը հագուեցաւ ու քալեց։
Մեր սիրելին կէս ճամբան հասաւ եւ դժբախտաբար նկատեց, թէ տագնապի մը մէջ է։ Շոգ, արեւ, խոնաւութիւն, բայց ամենէն աւելի ահաւորը՝ գարշելի քրտինքը։ «Բառապաշար Նախարար»-ին թեւերը ջուրի մէջ մնացին, եւ ինքը կը զարմանար, թէ ինչպէ՞ս այս վիճակին հասած էր: Ան մոռցած էր, իր հետ բերել այդ քրտինքին հոտը չէզոքացնող եւ փոխարէն բուրումնաւէտ հոտ ապահովող deodorant-ը՝ «ապահոտիչ»-ը: Ուրեմն, այսուհետեւ «Բառապաշար Նախարար»-ին ձեռքի փոքր պայուսակին համար, «ապահոտիչ»-ը անբաժանելի եւ անմիջական անհրաժեշտութիւն մըն է եւ մշտնջենական անուշ հոտ բուրող ներկայութիւն մը:
Այո՛…այդ նողկալի եւ պժգալի հոտէն ձերբազատուելու համար, անպայման կարիքն ունինք
«ապահոտիչ»-ին:
«Բառապաշար Նախարար»-ը շատ գոհ է, իր որոշումով: Դուք համաձա՞յն էք:
__
Հետաքրքրուողները կրնան այս գրութեան տակ, զանազան մեկնաբանութիւններով կամ ե-նամակով ( clc@ayf.org ) արտայայտուիլ եւ յայտնել իրենց կարծիքը։
Read Time:1 Minute, 28 Second