ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ` ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ ԵՒ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԶԱՆԻ ՕԾՈՒՄ

0 0
Read Time:43 Second

Ա.Մ.Ն. արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ համայնքը։

Շաբաթ, Յունիս 26-ի առաւօտուն, ան առաջնորդեց «Ազգային Առաջնորդարանը Ծուխերուն համար» նորակազմ յայտագիրը, մասնակցելով դրամահաւաքի նպատակով,  23.6 մղոն հեռաւորութեամբ հեծելարշաւի մը, որուն հասոյթը պիտի գործածուի յուշարձանի մը շինութեան։ Այնուհետեւ, միացաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցող դաշտահանդէսի մասնակցող ծխականներուն, քաջալերելով անոնց անսակարկ զօրակցութիւնը համայնքին աշխոյժ գոյապահպանման համար։ Դրամահաւաքին ընդհանուր հասոյթը, տէր եւ տիկ. Փիթըր եւ Սելեսթ Պետիկեաններու՝ նուէրները կրկնապատկող խոստումով, հասաւ երեք հազար տոլարի։

Յաջորդ օրը, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ առաւօտեան ժամերգութեան, յընթացս Սուրբ Պատարագի նախագահեց Արամ Ա․ Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 26րդ տարեդարձի առթիւ Հայրապետական մաղթանքին ու քարոզեց։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եկեղեցւոյ նորաշէն գմբէթաւոր մկրտութեան աւազանը օծեց։ Յայտնենք, որ աւազանը շինուած է տէր եւ տիկ. Ճիմ եւ Փրիսիլա Ալթունեաններու նուիրատուութեամբ։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ ներքնայարկը ծխականներուն միանալով, Սրբազան Հայրը եզրափակեց համայնքը խանդավառող շաբաթը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles