ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ – Բ. Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ ՀՈՐԻԶՈՆԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 45 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

23-24 Յունիս 2021

Դէպի ապագայ, դէպի յուսատու հորիզոններ սեւեռելէ առաջ, կ’արժէ, որ պահ մը կանգ առնենք այն իրականութիւններուն առջեւ, որոնք կը կազմեն 20 Յունիսէն ետք կազմաւորուող պատկերը, եւ այդ մեկնակէտով հարց տանք, թէ ո՞վ պիտի լուսաւորէ, ո՞վ կրնայ լուսաւորել մեր մթագնած հորիզոնները:

ՆԵՐՔԻՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած ըլլալը յայտարարող Նիկոլ Փաշինեան (զինք պէտք է կոչել հրաժարեա՞լ վարչապետ, պաշտօնակատա՞ր, թէ վերադառնալու պատրաստուող՝ իմաստ չունի, որովհետեւ հրաժարելէն ետք ալ կը գործէ «բան մը չեղածի պէս», ինչպէս կը փորձէր ընել Նոյեմբեր 10-էն ի վեր) առաջին ժամերուն հանդէս եկաւ դիմափոխուած պատկերով մը. ան մէկդի դրած է մուրճը, համերաշխութեան հրաւէր ուղղեց եւ ձիթենիի ճիւղ երկարեց բոլորին, հասկցուց, որ պէտք է թշնամանքի ու հայհոյանքի մթնոլորտը դարմանել, ըրաւ հազուադէպ խոստովանութիւն մը, թէ՝ անմասն չէր այդ մթնոլորտին ստեղծումէն: Այդ տրամաբանութեամբ ալ տեսակցութիւններու ձեռնարկեց… իր թմբուկը նուագողներու հետ, յայտնապէս ոմանց խորհրդարանէն դուրս մնալը ողոքելու հոգածութեամբ: Եկեղեցին եղաւ նման բարեշրջում (կամ բարելաւոււմ աւետող բան) ողջունողներէն առաջինը եւ… գրեթէ միայնակ մնաց:

Յաջորդ իրականութիւնները ցոյց տուին, որ իրողապէս բան չէ փոխուած, այլ «պողպատեայ յեղափոխութեան» խոստումը կրնայ դուռ բանալ նոր չարիքներու դիմաց: Գործնապէս, եւ անկախաբար քուէներու վերահաշուարկներուն «աւետիսներէն», տեսնուեցան հակառակորդներուն դէմ հալածանքի եւ բռնադատութեան նոր նախանշաններ: Համբաւաւոր վիրաբուժ մը բանտարկուեցաւ (եւ սրտի տագնապ ունեցաւ), որովհետեւ իր գործակիցները մղած է մասնակցելու ընտրութիւններուն: Սա մեծ յանցանք է (եղեր), որովհետեւ «իմքայլականներ»ուն համար նպատակայարմար չէր քուէրակողներու մեծ թիւ մը: Արդիւնքները փաստեցին նաեւ ա՛յս «վարկած»ը:

Տեղեկութիւններ շրջան կ’ընեն, որ մարզերու եւ քաղաքներու-գիւղերու մէջ պատրաստուած են աշխատանքէ հեռացուելիք ընդդիմադիրներու ցանկեր, արդէն կը գործադրուին առաջին քայլերը: Սա կ’աւելնայ այն տեղեկութեանց վրայ, թէ իշխանութեան դրածոները պաշտօնեաներու, ուսուցիչներդու եւ աշխատողներու պարտադրած են մասնակցիլ ընտրութեանց եւ քուէ տալ իշխանական կուսակցութեան. Այս բոլորը մնացած են հսկիչներու աչքերէն ու ականջներէն հեռու (դարձեալ յիշենք Օրուէլն ու «կարգ մը հաւասարներ աւելի՛ հաւասար են, քան այլ հաւասարներ» սրամտութիւնը):

Արգահատելի ծիծաղելիութիւնը նոր գագաթ մը նուաճեց Հինգշաբթի, 24 Յունիսին (Էվերէսթը միայն աշխարհի քարտէսին վրայ բարձրագոյն գագաթն է, իսկ ծիծաղելիութիւնը մի՛շտ ալ կրնայ անսահման գագաթներ նուաճել), երբ կառավարութեան նիստի բացման, ներկաները հրաւիրուեցան յոտնկայս դիմաւորելու վարչապետը (չչափազանցենք. մարդը ծափերով չդիմաւորուեցաւ. այդ օրն ալ պիտի գա՞յ…): Երբ լրագրողներ այս նորարարութեան մասին զարմանքով հարցեր ուղղեցին քանի մը նախարարի, պատասխանը եղաւ այն, որ սա ցոլացումն է արձանագրուած յաղթանակին, կարելի է նաեւ վարչապետին ձեռքը համբուրել…: (Հը՜մ: «Ուստապարկեր»ը հիմա պաշտօնի բարձրացում կը սպասեն: Ձեռք համբուրելը մակարդակի բարձրացում պիտի բերէ…): Ո՛չ ոքի համար խնդիր է, թէ հրաժարելէն ետք, Փաշինեան ինչպէ՞ս կը շարունակէ գործել իբրեւ լիարժէք վարչապետ (իբրեւ այդպիսին՝ արձակուրդը եւ պետական միջոցները օգտագործեց ընտրապայքար մղելով), հիմա ալ, նոյն հեղինակութեամբ կը գործէ իբրեւ վերադառնալու պատրաստուող վարչապետ, առանց սպասելու, որ օրինական քայլերը ընթացք առնեն, նախագահը զինք վարչապետ նշանակէ եւ այլն: Բնականաբար պիտի ըսուի, եւ իրաւացի՛օրէն, որ երկիրը չի կրնար կանգ առնել ընտրական փուլին, գործերը ահագնացած են, սակայն երբ կը տեսնենք, թէ կառավարութիւնը ինչպիսի՛ օրակարգով նիստ կը գումարէ, երբ անդին, ազերիները կ’ամրանան մեր հողերուն վրայ, նոր սպառնալիքներ, կողոպուտներ կը կատարեն, գերիներ ազերիական դատարաններու մէջ կը քաշքշուին իբրեւ ահաբեկիչ ու խափանարար, իսկ անոնց վերադարձին սպասող հարազատներու կ’ըսուի, թէ քիչ մըն ալ պէտք է սպասեն (չէ՞ որ Փաշինեան յայտարարած էր, որ երկու ամիս ուշացումին՝ գերիները կրնան ներել, հոգ չէ թէ հիմա տասնեակ տարիներու բանտարկութեան կ’արժանանան խումբ-խումբ…):

ԼՐՋԱԳՈՅՆ ՀԱՐՑԵՐ

Լրջագոյն հարցերը կը մնան լեռնացած, նոր կուտակումներ կը շահին:

Նշեցինք արդէն գերիներու, սահմաններէն ներս թափանցումներու պարագաները: Չենք մոռցած «Զանգեզուրի միջացնքը» ունենալու թուրք-ազերիական պահանջը (որ կը նշանակէ Սիւնիքի մէկ մասին իրողական բռնագրաւումը եւ հաւանական հայաթափումը…), խորհրդային տարիներուն՝ ազերիներուն «շնորհուած» քանի մը կղզեակներու յանձնումի, սահմանազատումի եւ սահմանագծումի առաջադրանքները: Չենք մոռցած նաեւ այն, որ հրաժարեալ վարչապետը յայտարարած է, թէ Հայաստանի համար «100% շահաբեր» համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ Ազրպէյճանի հետ, այնքա՛ն օգտակար, որքան էր… 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը (տակաւին երկար պիտի սպասենք, որ անկէ ի նպաստ Հայաստանի բան մը արձանագրուի, մինչդեռ վնասներու շղթան կ’երկարի ամիսէ ամիս): Հրապարակուած տեղեկութիւնները օր աւուր կը խորացնեն մտավախութիւնները, թէ՝ խնդրոյ համաձայնագիրը (եթէ անշուշտ բանաւոր «յաւելուածներ» ալ ունի) Հայաստանի դիմաց Բարիքներու Եղջիւր մը չէ դրած (շատ երկրորդական է թէ Փաշինեան ուզելո՞վ, համոզուած ըլլալո՞վ կը ստորագրէ նման համաձայնութիւններ, թէ իրեն կը պարտադրուին անոնք): Բնականաբար ո՛չ մէկ արդարացում կրնայ գտնել այն սոփեստական իմաստակութիւնը (գաղափարի կրկնութիւն մի՛ տեսնէք հոս), թէ՝ «ի՞նչ ընենք. Հայաստան հիմա մտած է կծկուելու փուլ մը, անկախութենէն ետք քիչ մը ծաւալեցանք, մեր ձեռքէն ի՞նչ կու գայ» (իսկ ծաւալումը իրականացնողը մենք չէի՞նք՝ օգտագործելով բարենպաստ ալիքներ: Այդ «մենք»ին մէջ են հայրենասէր ու հայրենանուէր «հիներ», ինչպէս որ «նորեր»ուն հետ են ապիկար «հիներ»):

ՆՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

Օրը օրին զարգացող մեծ ու մանրուք կացութիւններէն անդին, ի՞նչ կացութիւն պիտի ստեղծուի նոր խորհրդարանին մէջ:

Այսօրուան դրութեամբ, ընդդիմադիրները կը կանգնին վտանգաւոր եւ նուրբ երկընտրանքի մը առջեւ: Մէկ կողմէ, կայ մտածում՝ որ պէտք է մերժել ստեղծուած վիճակը, հրաժարիլ խորհրդարանի աթոռները գրաւելէ, ի վերջոյ տեղ մը գործնապէս կանգնեցնելու համար իշխանաւորներուն կամայական եւ միակողմանի ընթացքը: Այսինքն, ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼ, այնպէս, ինչպէս ձախլիկները կ’ընեն վստահելով կարգ մը արտաքին յենարաններու: Փաստօրէն, եւ հակառակ պատերազմէն պարտուած դուրս գալուն, անոնք յաջողեցան (տեսանք թէ ինչպիսի պայմաններու մէջ) իրենց վնասարար օրակարգը պարտադելու հակառակորդին եւ համախոհին: Այլ խօսքով, կարելի է, մի՛շտ մնալով օրէնքի եւ խաղաղ միջոցներու դաշտին մէջ, իրականացնել իսկական բարեշրջում, իսկ արտաքին աշխարհը մի՛շտ ալ կրնայ պատրաստ ըլլալ ընդունելու իսկական բարեշրջումէ բխած եւ դէպի բարեշրջում տանող շարժումներ. նախորդ բոլոր «իշխանափոխութիւնները» համանման խօսքերով դիմաւորուեցան միջազգային ընտանիքին կողմէ: Երկրորդ տեսակէտը այն է, որ ընդունելով կատարուած իրողութեան պատկերը, ընդդիմադիրները պէտք է գրաւեն իրենց աթոռները, խորհրդարանի ամպիոնէն հետապնդելու համար իրենց տեսակէտները, հակակշռելու եւ կասեցնելու իշխանութեան ձախաւերութիւնը:

Երկու ընտրանքներն ալ կրնան հիմնաւորուիլ սա կամ նա տրամաբանութեամբ, նաեւ հաշուի առնելով… արտաքին գործօնները, ազդակները, այլապէս անհանդուրժելի ալիքները: Սակայն եթէ քիչ մը ետ նայինք եւ այդ աչքով դիտենք անմիջական եւ աւելի հեռու տարածուող հորիզոնը, պատկերը աւելի յստակ կը դառնայ:

Հարցում. ի՞նչ ազդեցութիւն եւ դերակատարութիւն ունէին «Բարգաւաճ» եւ «Լուսաւոր» հայաստանները՝ լուծարուած խորհրդարանին մէջ: Փաշինեան եւ իր «քալողներ»ը ունէին քուէները, երբեմն ընդդիմադիրներուն աչքին փոշի կը ցանէին՝ ընդունելով քննարկել անոնց ներկայացուցած սա կամ նա հարցը, սակայն ընդհանրապէս անիւը կը դառնար մէկ ուղղութեամբ, ընդդիմադիրներուն բողոքի ձայները կը խլանային, երբ Արարատ Միրզոյեան կը հռչակէր. «քուէարկութիւն», եւ «քալողներ»ուն քուէները կը ցոլացնէին… միանձնութիւնը: Հիմա, «Հայաստան»ին (յայտնապէս 29 աթոռով) եւ «Պատիւ ունեմ»ին (7 աթոռով) կը սպասէ նոյն ճակատագիրը, որովհետեւ «Քաղաքական պայմանագիր»ը (71 աթոռով) փոխարինած է նախկին դաշինքը (հոգ չէ թէ դուրս մնացողներէն մաս մը պիտի փորձէ խորհրդարանի պատերէն դուրս կրել ուսապարկերը, պիտի միանայ ձեռք համբուրողներուն): Չէ՞ որ միշտ ալ, եւ ամէնուրեք, տիրողը քուէն է, եւ 71 ձեռքերուն շարժումները պիտի հետեւին մաէսթրօ-ին ցպիկին, ինչպէս որ կ’ըլլար լուծարուած խորհրդարանին մէջ:

Որոշ հիմք ունին նաեւ այն տեսութիւնները, թէ խորհրդարանի իրենց աթոռները գրաւելով՝ ընդդիմադիրները գործնապէս պիտի վաւերացնեն 21 Յունիսին իրենց մերժածը, որ կը նշանակէ վաւերացնել նա՛եւ փաշինեանական անցեալի եւ հետագայի քայլերն ու ծրագիրները, ներառեալ՝ նոր աղէտներու հասցնող՝ սահմանազատումի համաձայնագիրը, եթէ անիկա ստորագրուի եւ խորհրդարան բերուի: Այդ պարագային, նոր պարտութիւնը ՊԻՏԻ ԱՄՐԱԳՐՈՒԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄՈՎ (եւ հիմա խորհրդային Հայաստանը չենք, որ կ’ըսէր, թէ համաձանյագիրները ստորագրուած են մեր կամքին հակառակ), ընդդիմադիրներուն քուէները բաւարար պիտի չըլլան ձախողեցնելու նման վնասարար համաձանագիրներ, որոնք պիտի յանգին Արցախի ամբողջական եւ վերջնական կորուստին, անիկա ըլլայ իրաւական թէ իրողական:

Նոյն տրամաբանութեամբ եւ մօտեցումով ալ, վաղը կրնան խորհրդարանի օրակարգին վրայ բերուիլ այլ հարցեր, ինչպէս «Ստամպուլեան կոնվենցիա»ն, կրթական այլասերումի, Երեւանի պետական համալսարանի շէնքը վաճառքի հանելու, դատական համակարգի վերակազմակերպման (ըստ էութեան ողջունելի) եւ չնաշխարհիկ այլ ծրագիրներ, մինչեւ իսկ հիմնական օրէնքներու, Սահմանադրութեան վերամշակման առաջադրանքներ: Ընդդիմադիրներուն «ոչ» քուէները ո՛չ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենան սկսուած աղէտալի ընթացքին վրայ, բացի… արխիւներու մէջ արձանագրութենէ, թէ՝ մենք համաձայն չէինք եւ արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ դէմ քուարակած ենք:

Աւելին. մոռացութեան գիրկը պիտի նետուին 44-օրեայ պատերազմին թղթածրարները, Հայաստանի անվտանգութեան հիմնահարցերը: Բանակի սպայակոյտի պետը յայտարարեց, թէ յատուկ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի, քննելու համար պատերազմէն ծնած հարցերը, սակայն յանձնախուբմը պիտի չգործէ յանցաւորներ գտնելու տրամաբանութեամբ, այլ եղածներէն դասեր քաղելու մօտեցումով (սա՝ «դասեր քաղելիք» դպրոցը ի վերջոյ պիտի փակուի՞…): Մինչդեռ, Ապրիլեան պատերազմին շուրջ բացուած քննութիւններուն յիշատակները թարմ են, հակառակ կարգ մը քինախնդիրներու եւ իսկապէս նախանձախնդիրներու փորձերուն, այդ քննութիւններէն մժեղ մ’իսկ չծնաւ (ինչպէս որ մրջիւններ չծնան «թալանչիները հաշուետուութեան պիտի բերենք»ի խոստումներէն, դատավարութիւններէն): Նոյն բանակը կը յայտարարէ, որ ծրագիրներ կը մշակուին՝ արեւելեան սահմաններու պաշտպանութիւնը ռուս խաղաղապահներու յանձնելու նպատակով (Ռուսիա բնականաբար խանդավառ է…): Իսկ մեր բանակը միայն ցուցադրական նպատակներո՞վ է որ նորակոչիկներ զինավարժութեան կը տանի, «խօսքով փիլաւ կ’եփի» արհեստավարժ բանակի կազմաւորման ուղղութեամբ, իսկ գործնապէս ոչինչ կը կատարուի: Ժողովուրդին կը ներարկուի այն «տեսութիւնը», թէ ռուս սահմանապահներն են միակ պարտաւորեալները մեր սահմաններու պաշտպանութեան, իսկ մեր զինուորները կրնան անոնց ետին կանգնելիք գիծերուն վրայ խորոված ու ելակ ուտել, գոյնզգոյն տարազներով պարծենալ (չմոռնանք, որ ռուսերու հաստատուելէն ետք, հայկական եւ ազերիական ուժերը «հայելանման պիտի քաշուին» իրենց այժմու դիրքերէն, այսինքն, ազերիներու հեռացումը կը պայմանաւորուի մեր հողերուն շուրջ սակարկութեամբ…):

ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ

Մէկ խօսքով, նոր կազմուող խորհրդարանը պէտք չէ դիտել ընթացիկ Ազգային ժողովի մը պարունակին մէջ, որովհետեւ անոր քայլերէն կախեալ է պատասխանը այն հարցումին, թէ վաղը, քիչ մը հեռու տարածուպող ապագային, ո՞վ պիտի լուսաւորէ մեր հորիզոնը: Այս ընտրութիւններուն պէս, խորհրդարանն ալ արտասովոր է:

Զրոյցներու սակարանին մէջ լայն տեղ ունին այն մեկնաբանութիւնները, թէ արդեօք այս խորհրդարանը երկար կեանք պիտի ունենա՞յ, թէ շուտով փուլ պիտի գայ: Քուէներու այսօրուան դրութեամբ, անիկա փուլ գալու նախադրեալներ ցոյց չի տար, մինչդեռ, Հայաստան Նոյեմբեր 10-էն ի վեր կը կանգնի ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ կառավարութիւն մը ունենալու անփոփոխ հրամայականին դիմաց. անցումային՝ այն իմաստով, որ պէտք է մը վճիռ մը տալ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ կամ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ փրկելու ընտրանքներուն միջեւ: Ահա թէ ինչո՞ւ դժուարին է խորհրդարան մտնել-չմտնելու երկընտրանը: Գոնէ Սեպտեմբերէն ասդին երկարող ժամանակաշրջանը փաստեց, որ վերադառնալու պատրաստուող իշխանաւորները անկարող են փրկարար որեւէ աշխատանքի, պաշտպանական, ապահովութեան, դիւանագիտական, տնտեսական-ընկերային, կրթական-մշակութային եւ այլ ոլորտերու մէջ անոնց ծրագիրներն ու քայլերը չեն իրականացուցած նուազագոյնն իսկ, մեր հայրենիքին փրկութիւնը պէտք է իրականացնել անոնց անվաղորդայն օղակին փակումով, առանց մոռնալու Սփիւռքն ու… մեր շուրջ «դարձող»

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles