Արցախեան երկրորդ պատերազմէն գրեթէ վեց ամիս ետք հրապարակ նետուած է հայկական գիւղերու եւ Ատրպէյճանի տարածքներուն մէջ մնացած հայկական շրջաններու միջեւ փոխանակում կատարելու թեզը, որուն նկատմամբ թերահաւատութիւնը հիմնաւորուած է, նկատի ունենալով, Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան յաջորդած դէպքերը բնաւ վստահութիւն չեն ներշնչեր եւ կը բացայայտեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ծաւալապաշտական ծրագրերը։ Իսկ փոխանակման հոլովոյթի մը մէջ հայկական Արծուաշէնի օրինակը շատ բան կը բացայայտէ։ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող Արծուաշէնը շուրջ 15 քիլոմեթր (9,3 մղոն) տարածութեամբ կտրուած է Հայաստանի սահմանէն եւ չափազանց դժուար է հաւատալ, որ Ատրպէյճան իսկապէս պիտի համաձայնի Արծուաշէնը Հայաստանի կապող միջանցքի մը ստեղծման։
Կայ առաւել մտահոգիչ երեւոյթ մը։ Ատրպէյճանական նոր քարտէսներուն մէջ Սեւանայ լիճի ամբողջ արեւելեան ափը, Վայոց Ձորի մարզը, Արարատի մարզի հարաւային հատուածը եւ Սիւնիքը կը ներկայացուին իբրեւ ատրպէյճանական տարածքներ եւ ինչպէս ցոյց տուին վերջին իրադարձութիւնները, Պաքու նոյնիսկ համարձակեցաւ միաւորներ ղրկել Սիւնիք եւ Գեղարքունիք, ուր վերջին տուեալներուն համաձայն, ատրպէյճանցի շուրջ հազար զինուորներ կը գտնուին։ Նոյնիսկ հայ զինուոր մըն ալ զոհ գնաց ատրպէյճանցի զինուորներու հետ վիճաբանութիւններու ընթացքին, երբ անոնք կտրելով Գեղարքուինիքի մարզի սահմանային Վերին Շորժա գիւղին սահմանը խուժեցին հայկական տարածք եւ հայ սահմանապահներէն պահանջեցին հեռանալ տարածքէն։ Իսկ նոյն տարածքներուն մէջ հայ վեց զինուորներու գերեվարումը առաւել բարդացուց իրավիճակը։ Ըստ ռազմական խնդիրներու փորձագէտներու, ատրպէյճանցիները կը ջանան Սելիմի լեռնանցքէն անցնելով՝ ամբողջ Վայոց Ձորը հիւսիսէն կտրել եւ Արարատի մարզի Տիգրանաշէն գիւղ հասնիլ։
Նախկին խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստան- Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ վարչատարածքային բաժանումներուն հարցերու մասնագէտ պատմաբաններ եւ փորձագէտներ խորապէս համոզուած են, որ Ատրպէյճան բնաւ պիտի չբաւարարուի նոր շրջաններու եւ տարածքներու տիրանալով։ Ասիկա է վտանգաւորը եւ Երեւանի իշխանութիւնները կը դնէ հայկական տարածքներու սպառնացող իրական վտանգին լրջութեան գիտակցելու եւ գործի լծուելու հարկադրանքին տակ՝ ատրպէյճանական սպառնալիքները չէզոքացնելու համար։
Ռուսիոյ Քաղաքական Հաշիւները
Մինչ պաշտօնական Երեւան կը շարունակէ լռութիւն պահել Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան Ատրպէյճանի անդամակցութեան մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Անտրէ Ռուտենքոյի յայտարարութեան վերաբերեալ, փորձագէտներ կը շեշտեն, որ արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին Ռուսիոյ վարած քաղաքականութիւնը եւ ներկայիս ալ կազմակերպութեան ամբողջական կրաւորականութիւնը՝ Հայաստանի սահմաններուն ուղղուած սպառնալիքներուն նկատմամբ, ցոյց կու տայ, որ Ռուսիա Ատրպէյճանի անդամակցութեան դիմաց ճամբայ կը հարթէ՝ ռազմավարական իր դաշնակիցին՝ Հայաստանի հաշւոյն։Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին Ռուսիոյ վարած քաղաքականութիւնը, ապա Հայաստանի սահմաններուն ուղղուած ատրպէյճանական սպառնալիքին նկատմամբ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան ամբողջական անգործութիւնը ասիկա ցոյց կու տայ։ Ատրպէյճանի հետ չլուծուած հակամարտութեան եւ Պաքուի մէջ բանտարկուած մօտաւորապէս երկու հարիւր հայ գերիներու ճնշիչ մթնոլորտին մէջ Ռուսիոյ այն առաջարկը, թէ պէտք է Հայաստան- Ատրպէյճան սահմանազատման փաստաթուղթ մը ստորագրել, խորքին մէջ կը հետապնդէ Ատրպէյճանի դիմաց Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան դռները բանալու նպատակը։
Անցեալ հինգ տարիներուն ընթացքին Հայաստան երեք անգամ պատերազմեցաւ Ատրպէյճանի դէմ։ 2016-ի քառօրեայ պատերազմը, ապա անցեալ տարուան Յուլիսին Տաւուշի ուղղութեամբ բախումները եւ ի վերջոյ արցախեան երկրորդ պատերազմը։Երեքին պարագային ալ Հ․Ա․Պ․Կ․-ի անդամ Հայաստանի տարածքները ռմբակոծուեցան, բայց կազմակերպութիւնը ձեռնածալ դիտեց։ Ռուսիա եւ կազմակերպութեան միւս պետութիւնները պարզապէս խուսափեցան Հայաստանի զինուորական օժանդակութիւն ցուցաբերելէ։ Աւելի՛ն։ Անոնք զէնք վաճառեցին Ատրպէյճանի։
Փաստօրէն Ռուսիա կը շարունակէ կրաւորական իր կեցուածքը, որովհետեւ Մայիս 12-էն ի վեր, երբ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներ Հայաստանի սահմանները հատելով հայկական տարածքներ խուժեցին, Մոսկուա ոչինչ ըրաւ։
Ամերիկեան Նշանակալից Կեցուածք Մը
Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մնայուն խորհուրդին նիստին ընթացքին կազմակերպութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Քորթնի Ասթըրիյըն յստակօրէն ներկայացուց Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն պատկերացումը՝ Հայաստան – Ատրպէյճան հաշտեցման հոլովոյթին վերաբերեալ, երբ յայտարարեց, որ հաշտեցման համար կենսական է ոչ միայն սահմաններու, այլեւ մնացեալ բոլոր առկախ հարցերուն լուծումը։
Նիստին ընթացքին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով կրկին հայկական կողմը մեղադրեց տասնամեակներ շարունակ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումը ձգձգելու մեղադրանքով եւ պնդեց, որ վերջին պատերազմէն ետք, երբ Ատրպէյճան վերականգնած է իր գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւններ ստեղծուած են։Իսկ հաշտեցման համար Պայրամով նախապայման համարեց, որ Հայաստան ճանչնայ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ Միջազգային սահմանները, աւելցնելով,որ Պաքու պատրաստ է նոյն ձեւով ճանչնալու Հայաստանը։
Քորթնի Ասթըրիյըն՝ պատասխանելով Պայրամովի, յայտարարեց, որ Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանային վերջին զարգացումները կը շեշտեն, որ երկու պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ հաշտութիւնը եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը կարօտին համապարփակ համաձայնութեան մը, որ կը ներառէ չլուծուած բոլոր խնդիրները։Ամերիկացի ներկայացուցիչը նաեւ ընդգծեց, որ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է վերակենդանացնել Մինսքի խումբին աշխատանքն ու առաքելութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի հայեւատրպէյճանական սահմանին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, ամերիկացի դիւանագէտը յոյս յայտնեց, որ Ատրպէյճան իր ուժերը կը քաշէ հայկական տարածքներէն՝ միաժամանակ շեշտելով,որ զարգացումները արձանագրուած են վիճելի տարածքներու մէջ։ Ան այս ծիրին մէջ նաեւ կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անժէյ Կասփրչիքի դերակատարութիւնը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կոչ ուղղեց՝ աջակցելու անոր աշխատանքին։Ամերիկացի դիւանագէտին այս յայտարարութիւնը կը նշանակէր, թէ կասկածի տակ են թէ՛ Մինսքի խումբին համանախագահութեան եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին դերակատարութիւնները՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման ճիգերուն մէջ։
Տեղին է նշել,որ մինչ Պաքուի իշխանութիւնները յաճախ կը պնդեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուած է, ամերիկացի դիւանագէտը շեշտեց ,որ Մինսքի խումբին համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչին շրջան մուտքին արտօնութիւնը լարուածութեան մեղմացման պիտի նպաստէ։ Ան փաստօրէն կը նշէր, որ ռուս խաղաղապահ ուժերուն ներկայութիւնը բաւարար չէ։
Իրանեան Գործօնը
Հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող Իրան խստացուցած է իր դիրքորոշումը՝ հայեւատրպէյճանական աւելի քան շաբաթէ ի վեր շարունակուող սահմանային վէճին պատճառած լարուածութեան նկատմամբ, ընդգծելով, որ չ՛ընդունիր սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն։ Թեհրան նաեւ կը շեշտէ, որ կը մերժէ սահմանային իր տարածքներուն մէջ այլ ուժերու տեղակայումը։
Իրանեան խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Մոժթապա Զոլնուրի յայտնեց,որ Իրան համոզուած է, թէ շրջանի պետութիւններուն հողային ամբողջականութեան մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն պէտք է կատարուի։
Առանց ուղղակի դատապարտելու ատրպէյճանական գործողութիւնները, Զոլնուրի յայտնեց,որ Իրանի համար անընդունելի է, որ Հայաստանի մէկ մասին տիրեն եւ սահմանները փոփոխութեան ենթարկեն, այսինքն Իրան նոր դրացի մը ունենայ։ «Գոյութիւն ունեցող սահմանները պէտք է պաշտպանուին եւ իրանի ու Հայաստանի միջեւ սահմանը պէտք է պահպանուի», ընդգծեց ան։
Տեղին է նշել, որ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի ճանապարհաշինութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մոհամէտ էսլամիի հետ։ Դեսպանը յայտնեց, որ Երեւան կ՛ակնկալէ բարեկամ Իրանի աջակցութիւնը՝ վերջ տալու համար Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ շրջանային ապահովութեան վտանգ հանդիսացող ատրպէյճանական գործողութիւններուն։
Ըստ հայկական կողմին հրապարակած յայտարարութեան, իրանցի նախարարը վերահաստատած է շրջանի երկիրներուն հողային ամբողջականութեան եւ սահմաներու անփոփոխութեան սկզբունքին պահպանման կարեւորութիւնը։
Իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամէտ Ժաուատ Զարիֆ Երեւանի մէջ յայտարարեց ,որ Իրան շրջանին մէջ կողմնակից է խնդիրներու եւ տագնապներու խաղաղ լուծումներուն՝ յարգելով երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդներուն իրաւունքները։ Զարիֆի այս յայտարարութիւնը խորքին մէջ քաղաքական յստակ պատգամ մըն էր, որ ուղղուած էր Ատրպէյճանի, թէ Իրան ոչ մէկ պարագայի պիտի արտօնէ, որ Հայաստան- Իրան սահմանները փոփոխութեան ենթարկուին։