ԱՆՀՈԳՈՒԹԻ՛ՒՆ՝ ՈՐ ՀԱՄԱԶՕՐ Է ՈՃԻՐԻ

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

Կարօ Արմենեան

Մայիս 27, 2021

Օրերէ ի վեր, ամէն հայ ինքզինք կը գտնէ մահացու ապշութեան մը գերիրական ոլորտին մէջ, ուր խախտած կը թուին ըլլալ տիեզերական կշիռները եւ տրամաբանութիւնը՝ ենթակա՛յ այլանդակ շրջադարձերու։

Յանկարծ սահմանային բարձունքներուն վրայ ամրացած հայ սահմանապահները հրահանգ կը ստանան քաշուելու իրենց այդ նպաստաւոր դիրքերէն եւ տեղաւորուելու ստորոտային գօտիին մէջ եւ յամենայն դէպս չկրակելու թշնամի ուժերուն վրայ։ Զուգահեռաբար թշնամի ուժերը հրահանգ կը ստանան յառաջանալու եւ գրաւելու մեր տարածքային ամբողջականութեան մաս կազմող այս ռազմավարական դիրքերը եւ իրենց յառաջխաղացքը շարունակելու մինչեւ, որ հանդիպին հայ սահմանապահներու…

Երկու օր ետք, հայ սահմանապահները կը ստանան նոր հրահանգ «վերանուաճելու» թշնամիին յանձնուած բարձունքները, բայց՝ առա՛նց կրակելու թշնամիին վրայ…Թշնամին ապշած կը դիտէ հայ սահմանապահներու այս եղերազաւեշտական գործողութիւնը, բայց ի վերջոյ կանդրադառնայ, որ թատրոն չէ բեմադրուածը…եւ կը կրակէ։ Հետեւա՞նքը։ Երկու հայ զինուորներ զոհ կ՚երթան այս գործողութեան։

Եւ յանկարծ՝

Փաշինեանի իշխանութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնը, որ կ՚ըսէ.

«Մայիսի 27-ի վաղ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածում, ՀՀ Զինեալ Ուժերու N զօրամասի պահպանութեան տարածքում ինժեներական աշխատանքներ կատարելիս, ադրբեջանական զինուած ուժերի զինծառայողների կողմից շրջափակուել եւ գերեվարուել է Հ․Հ․ Զինեալ Ուժերու վեց զինծառայող։

Ձեռնարկւում են անհրաժեշտ միջոցառումներ՝ գերեվարուած զինծառայողներին վերադարձնելու ուղղութեամբ»։

Պա՛րզ է։ Թշնամիի գիտակցութիւնը վաղուց կորսնցուցած Փաշինեանական այս ժխորը իրաւունք չունի այլեւս իր ձեռքերուն մէջ պահելու հայ անկախ պետականութեան ղեկը։ Հանրութիւնը իրաւունք չունի այլեւս համբերելու եւ ընդունելու գոյութենական եւ բարոյական այս զանգուածային գահավէժը։ Մենք իրաւունք չունինք հանրութեան պարտադրելու այս խելակորոյս ջրապտոյտը։ Հ․Հ․ Սահմանադրութիւնը չէ ստեղծուած Հ․Հ․ քաղաքացին անբանացնելու, զայն իր կենսական ողջախոհութեան զէնքերէն զրկելու, զայն ինքնիր ձեռքով ստրկացնելու համար։ ՀՀ Սահմանադրութիւնը ստեղծուած է Հ․Հ․ քաղաքացին ոգեզինելու, զայն ազատագրելու, զայն նորանոր նուաճումներու առաջնորդելու։ Մեր երկրի օրէնքներու օրէնքը, իր տառով եւ ոգիով, այսօր կը պահանջէ, որ Նիկոլ Փաշինեան կոչուող թիւրիմացութիւնը անմիջապէս դուրս դրուի իշխանութենէ։ Մեծագոյն անհեթեթութիւնը պիտի ըլլայ, եթէ արտահերթ ընտրութիւններու ներկայ գործընթացը ծառայէ հանրութիւնը անշարժութեան դատապարտելու…եւ մեր անկախ պետականութիւնը՝ մահուա՛ն։

Բոլոր երեւոյթները արդէն ցոյց կու տան, որ արտահերթ ընտրութիւններու գործընթացը դարձած է գործիք թշնամիի ձեռքին։ Ան դարձած է գործիք ստեղծուած քաղաքական պարապութիւնը (vacuum) ի նպաստ թշնամիի օրակարգին ուղղորդելու։ Եւ անշուշտ կասկած պէտք չէ ունենալ, որ պարտութեան վարչակարգը այսօր լաւագոյն գործիքն է մեր երկրին պարտադրուած պարտութիւնը մշտնջենաւորելու։

Հետեւաբար՝ դո՛ւրս։ Այս վարչակարգը՝ անմիջապէս դո՛ւրս։ Դո՛ւրս՝ առանց այլեւայլի։ Վաղն իսկ պէտք է վար բերուի այս ինքնակոչ իշխանաւորը Վարչապետի Պաշտօնակատարի դիրքերէն եւ յանձուի արդարադատութեան։

Ուշացումը կրնայ ճակատագրական ըլլալ մեր երկրին համար։ Կանխե՛լ վտանգը ամէն գնով։ Կասեցնել չարի՛քը։ Կասեցնել պարտութեան եւ անձնատւութեան նոր համաձայնագրի մը վերջնականացո՛ւմը։ Անյապաղ վերջ տալ մեր երկրի անվտանգութեան սպառնացող այս դժխեմ եղեռնագործութեան։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԱՆՀՈԳՈՒԹԻ՛ՒՆ՝ ՈՐ ՀԱՄԱԶՕՐ Է ՈՃԻՐԻ

  1. Ասանկ մարդոց խոսքը մտիկ ընող կա՞յ: Բաշինեան ըսվածը շատոնց պէտք էր որ զիպիլը նետվեր, բայց դեր նստած է եւ իր ծարաներն ալ բէշը բրնելով կըքալեն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles