ԸՆՏՐԱԿԱՆ «ԵՂԱՆԱԿ»-Ի ԲԱՑՈՒՄ – Բ.- ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԸ՝ ՇՈՒՇԻ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:5 Minute, 19 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

8-10 Մայիս 2021

Ի՞նչ տեղի ունեցաւ խորհրդարանի լուծարքի որոշումին՝ օրինական անկիւնադարձի նախօրեակին, երբ այլապէս պատմական նշանակութիւն ունեցող օրեր ապրեցանք: Պահ մը առանձնացնենք նախընթաց քանի մը օրը, որովհետեւ հոն կայ ընտրապայքարի տաք հարցերու խտացումը (ո՛չ բոլոր հարցերը, յամենայնդէպս)

8 եւ 9 Մայիսը Շուշիի ազատագրման տարեդարձն էր: 1992-էն ի վեր, այս տարեդարձը պարծանքով եւ յաղթանակողի հպարտութեամբ կը տօնէինք թէ՛ Հայաստան-Արցախի եւ թէ արտերկրի մէջ: Այս տարի, պատկերը եղաւ տարբեր. հայրենի լրատու աղբիւրներու հաղորդումներուն հետեւողը պիտի հասկնար, թէ «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի» բնութագրումը ինչպէ՛ս եկած-նստած է ու կը մարմնաւորուի մեր հոգեվիճակին, հայութեան նոր կեանքին եւ մանաւանդ իշխանաւորներու տրամաբանութեան մէջ:

Արձանագրենք քանի մը նշմար, լայն մեկնաբանութիւնը ձգելով ընթերցողին:

Սկսելու համար. նախկին խորհրդային երկիրներուն շարքին, Հայսատանն ալ նոյն օրը կը տօնէ հիթլերական Գերմանիոյ վրայ արձանագրուած յաղթանակին տարեդարձը, կը յիշէ նացիներու եւ ֆաշականներու դէմ աշխարհին մղած պատերազմին հայութեան ծաւալուն մասնակցութիւնը, յարգանքով կը խոնարհի զոհերուն յիշատակին (եւ ինչպիսի՜ գին վճարած ենք…): Զոյգ տօներուն առիթով, անցեալ տարիներուն տեղի կ’ունենային զօրահանդէսներ, Շուշիի ազատագրման յաղթանակը համահունչ դարձած էր «Հայրենական պատերազմ»ին շահուած յաղթանակին, կը տօնախմբուէր անոր առընթեր: Այս տարի, «Հայրենական պատերազմ»ին շուքը գերակշռեց Շուշիի ազատագրման՝ յաղթանակին երեսը, իսկ Շուշիի կորուստին դառնութիւնը, իր կարգին, իր շուքը տարածեց աշխարհամարտեան յաղթանակին վրայ: Նսեմացաւ նաեւ «Եռատօն»-ը, երրորդը՝ բանակի կազմաւորման տօնն է:

Զոյգ տարեդարձներուն յիշատակումը մնաց արարողականի սահմաններուն մէջ: Բ. Աշխարհամարտին մասնկացած վեթերան մը դառնութեան զգացումը ամփոփեց մօտաւորապէս հետեւեալ քանի մը բառով: Տխուր ենք, Շուշիի եւ Արցախի մեծ մասին կորուստը շատ աւելի զգալի է այսօր, քան թէ «Հայրենական պատերազմ»ին շահուած յաղթանակը…

 

ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Եռաբլուրի, Արցախի եւ այլ շրջաններու մէջ հերոսներուն ու նահատակներուն մատուցուած յարգանքը, ինչպէս ըսինք, եղաւ կիսկատար եւ «մասնավճարներով»: Ուշագրաւ դէպք մը արձանագրուեցաւ Շաբաթ օր. Շուշիի ազատագրման՝ «Լեռներու հարսանիքը» գործողութեան ընդհանուր հրամանատարը՝ Արկադի Տէր Թադեւոսեան (որուն մահուան քառասունքն էր շաբաթավերջը) արժանացաւ հայրենիքի հերոսի կոչումին եւ համապատասխան շքանշանի: Յարգելով համեստ ու նուիրեալ հերոսին արժանիքներն ու յիշատակը, երկար չմեկնաբանենք, թէ արդեօք նախագահ Ա. Սարգսեան (նաեւ նախկին պետական ղեկավարները) ինչո՞ւ այսքան երկար պէտք էր սպասէին՝ նման պատիւի շնորհումին համար, յետոյ, նախագահին կողմէ շնորհուած շքանշան մը ինչո՞ւ պէտք է հերոսին զաւկին յանձնուէր հրաժարեալ-պաշտօնաթող վարչապետին կողմէ: (Ահա թէ մինչեւ ուր կը հասնի ընտրական արշաւը…)

Նկատելի էր, որ հրաժարեալ վարչապետին բառամթերքը այլապէս փոփոխութիւն մը ապրած էր այս տարեդարձին առիթով: Ան ցաւով յիշատակեց, որ «Շուշին այլեւս մեզի հետ չէ, կը սգանք կորուստը, սակայն պէտք չէ մոռնանք անոր ազատագրումը իրականացուցած հերոսներն ու նահատակները»: Շուշին յանկարծ դադրեցա՞ւ «տժգոյն եւ դժբախտ» ըլլալէ…: Նախագահ Ա. Սարգսեան եւս սուգի եւ դառնութեան արտայայտութիւններով յիշեց մեր կորուստները եւ առանց յստակացնելու՝ յայտարարեց, թէ պիտի յաղթենք: Ցանկալի էր, որ գործադիրին վերին պատասխանատուները յիշատակէին, թէ ո՞վ խլած է Շուշին եւ այլ տարածքներ, թէ՝ որո՞նք են մեր յաղթանակին հասցէները: Փաստօրէն, վերնախաւի հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ կը բացակայէին թուրքն ու ազերին դատապարտող եւ մեր պահանջները յստակօրէն արձանագրող բաժիններ, ա՛յն՝ որ հայը ինքզինք տէրը կը ճանչնայ Շուշիին եւ բռնագրաւուած հողերուն, վճռած է վերատիրանալ անոնց: Մինչդեռ ահա նոր… սգատօն մը կ’աւելնայ մեր օրացոյցին վրայ:

 

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Եթէ վարչապետին եւ նախագահին արտայայտութեանց մէջ միայն «պարտադրեալ» ակնարկութիւններ կային Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի ի խնդիր ինկած նահատակներուն, պաշտպան հերոսներուն, արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրենք, որ կարգ մը լրատու աղբիւրներ (կարճ կամ երկար վաւերագրական ժապաւէններով) կանգ առին Շուշիի ազատագրման եւ 44-օրեայ աղէտալի պատերազմին վրայ. մեր ուշադրութիւնը մասնաւորաբար գրաւեց «Երկիր Մետիա»ի հաղորդումին վերջին բաժինով տրուած՝ երիտասարդի մը կեցուածքը. Շուշին ազատարգրեցինք 29 տարի առաջ, դարձեալ պիտի ազատարգրենք մօտիկ ապագային, ըսաւ ան: Տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ, ներառեալ «Երկրապահ ջոկատներ»ու պատանիներէն մէկ քանին նոյն կամքը արտայայտեցին Կիրակիի յուշահանդէսներուն պահուն: Ազատագրական պատերազմին ու վեց ամիս առաջուան դէպքերուն սեղմ ներհկայացում մը եղաւ նաեւ այլ կայանէ մը, ռուսերէնով:

 

ԱԶԵՐԻԱԿԱՆ «ՄՇԱԿՈՅԹ»

…Շուշին (ներողութիւն, «Շուշա»ն) «տժգոյն ու դժբախտ» չի սեպեր Ազրպէյճանի նախագահը, որ շաբաթավերջին արար աշխարհի ծանուցեց, թէ Արցախի մեր գոհարը կը հռչակէ Ազրպէյճանի «մշակոյթի մայրաքաղաքը»:

Մենք՝ հայերս, եւ մեզի նման՝ թուրք-ազերիին «մշակոյթ» հասկացութեան ծանօթները հիմա նոր փաստեր կը թիզեն այդ հասկացութեան կիրարկման ի տես: Թուրքին ու ազերիին համար, «մշակոյթ» կը նշանակէ… քանդում, աւերում, կողոպուտ: Ահա ա՛յդ «մշակոյթ»ին նորագոյն կիրարկումն է որ տեղի կ’ունենայ Արցախէն գրաւուած տարածքներուն մէջ, վերջին օրինակն էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ – Ղազանչեցոց – Տաճարին գմբէթին քանդումը, իսկ շղթան ծայր տուաւ պատերազմի դադրեցումէն անմիջապէս ետք, եկեղեցիներու եւ յուշակոթողներու քանդումներով ու փոշիացումներով, շղթան կ’երկարի աղաւաղումներով (Նախիջեւանի խաչքարերը չենք մոռցած): Այս մասին չ’արժեր երկար խօսիլ, այլ միայն ափսոսալ, որ այս ողբերգութիւնն ալ ընտրական խաղաքարտի կը վերածուի Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանին հետ դեռ երէկ բարեկամութիւն խաղալու ելած իշխանաւորներուն կողմէ: Դժգոհութեան եւ բողոքի ձայներ կը լսուին խորհրդարանէն, գործադիրէն եւ արտաքին գործոց նախարարութենէն, սակայն նոյն շրթունքները չեն դադրիր երկրորդ լարին վրայ պարելէ. «Ճամբաներու ապաշրջափակում»ի քարոզը կը կրկնուի աւրուած ձայնապնակի մը պէս, նորագոյնը՝ խորհրդարանի լուծարման նիստին, վարչապետին ներկայացուցած տեղեկագիրին ընդմէջէն, որ աղաղակող վկայութիւն մըն էր, թէ ընտրապայքարը ինչպիսի դրսեւորումներով պիտի զարգանայ: Փաստօրէն, վարչապետին ճառը այլապէս ալ երազային, ցանկալի ներկայացումն էր իր կառավարութեան երեք տարիներու ըրածներուն եւ չըրածներուն: Ան չմոռցաւ քիչ մը ամէն բան վերագրել իրեն ու իր վարչակազմին, մինչեւ իսկ… նախագահ Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութիւն բառին որդեգրումն ու անկէ աւելի քան տարի մը առաջ, ամերիկեան խորհրդարանի երկու տուներուն որդեգրած բանաձեւերը, ուր պաշտօնապէս ճանաչում կը գտնէր Ցեղասպանութիւնը: (Մարդս կը տարուի մտածելով, որ արդեօք Հայաստանի կառավարութիւնը ի՞նչ դեր ունեցած է Հրատ մոլորակը պեղող հրթիռ-արբանեակին ծրագիրին մէջ):

Այլ դիպուկ օրինակ մըն էր «տնտեսական նուաճումներ»ու հաւաստիքը: Մարդիկ վստահաբար հասկացողութեամբ եւ բարեսրտութեամբ պիտի հաւատային, եթէ վարչապետը սրտբացօրէն ըսէր, որ համաճարակն ու ահաւոր վնասներով վերջ գտած պատերազմը շատ ծանր վնասներ հասցուցած են երկրի տնտեսութեան, որ աւելի քան 7.5 առ հարիւրի անկում կրած է անցեալ տարի, սակայն ան կը նախընտրէ մնալ իրականութենէ կտրուածի կօշիկներուն մէջ, կը խօսի տնտեսական վերելքի մասին (սխալ չհասկցուինք. չուզողը չենք, սակայն ցանկալի չէ, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն տարածուած խաբէութիւնը այլ կալուածներու վրայ շարունակուի աւելի քան վեց ամիս ետք…): Իսկ իրականութիւններէ հեռու ապրելու եւ իրականութիւնները շրջուած կերպով ներկայացնելու իշխանաւորներուն վարքագիծը այլ դրսեւորումներ ալ կը գտնէ՝ մի՛շտ ընտրական յետին նպատակներով, այնքան մը, որ Մարդու իրաւանց պաշտպան յանձնախումբի վարիչը պարսաւանքի թիրախ կը դառնայ, իբրեւ թէ խեղաթիւրեալ տեղեկութիւններ կը տարածէ Սիւնիքի եւ անոր անապահովութեան մասին: Մեկնաբաններու նկատողութենէն չի վրիպիր, որ Ազրպէյճանի քարոզչական մեքենան ալ նոյն տրամաբանութեամբ թիրախ ընտրած է նոյն պաշտօնատարը (ի դէպ, սա հազուադէպ կազմակերպութիւններէն է, որ ոգի ի բռին կը պայքարի՝ բացայայտելու համար թուրք-ազերիական հակահայ արշաւները…):

Շուշիի օրինակով, կարելի է կանգ առնել նաեւ անտեղի կերպով ընտրապայքարի «խաղաքարտի» վերածուած այլ հարցերու վրայ եւս, սակայն 9 Մայիսի տօնին վիճակուած անբարեյոյս ճակատագիրը, այս դիտանկիւնէն, բաւարար է լուսարձակի տակ բերելու համար դաժան իրականութիւնները:

Այս պատկերը աչքի առջեւ ունենալով, կ’արժէ անդրադառնալ նաեւ ընտրապայքարէն ԻՍԿԱԿԱՆ ակնկալիքներուն, որովհետեւ այս ընտրապայքարը ԸՆԹԱՑԻԿ ու սովորական, նախընթացները նմանակող փուլ չէ: (Քիչ մը մանրամասն՝ յաջորդիւ):

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles