ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԶԱՒԵՇՏ ԿԸ ԽԱՂԱՆ, Կ’ԸՍԷ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 50 Second

 

            Շրջագայութեան արգելքը վերցուեցաւ, եւ հակառակ յամառող ցուրտին, Արմենակ եւ Էլպիս այցելութեան եկան: Զատիկը անցած էր, բայց Արմենակ սակառով չիր, չամիչ եւ ընկոյզ բերաւ: Ուրախացաւ, տեսնելով որ պարտէզին մէջ կեանքը կը շարունակուէր, թզենիին պտուղները գնդիկի չափ էին, որթատունկի տերեւները մանկիկի մը ափին չափ:

            Պատուհանին դիմաց, սեղանին շուրջ բոլորուեցանք: Էլպիս գտած էր ամերիկեան առանց կուտի չամիչ եւ յունական չորցուած ծիրան: «Թրքական ծիրան չէ», ըսաւ, եւ աւելցուց, որ «թէեւ Թուրքիայէն ներածուածն ալ հայկական է, քանի որ կ’աճի հայկական հողերու վրայ»:

            Չիր, չամիչ, ընկոյզ եւ չինական թէյ: Եւ Արմենակ մեզ տարաւ երկրային հաճոյքներէն դէպի հայկական ապրումները:

            – Հայաստան յոգնած են «Պապ Թագաւոր», «Արա Գեղեցիկ», «Պեպօ» եւ նոյն դերասանները տեսնելէ: Երկիրը դարձած է զաւեշտի թատրոն:

            – Սիրելիս, դուն ալ հեռակայ ներշնչումով երկ մը գրէ՛, որ հեռուն նստածներս դադրինք կարծիքներ յայտնելէ: Թատրոնը դաստիարակիչ է:

            – Այդքան մեծ թիւով դերասան ո՞ւր գտնել եւ բազմաթիւ կացութիւններ հնարել: Հոս Սփիւռք է: Հոն կայ Ազգային Ժողով ուր ո՛չ կը քուէարկեն այո՛ ըսելու համար, վարչապետ-կառավարութիւն կը հրաժարի, հրաժարականը կը ներկայացուի նախագահին, բայց ամէնքն ալ իրենց տեղերը կը մնան, ինչպէս որ էին:

            – Արմենա՛կ, ուրեմն լաւ Սահմանադրութիւն ունինք, երկիրը առանց կառավարութեան չի մնար:

            – Մակա՛ր, զաւեշտ է, Ազգային Ժողովին հրաժարեալ վարչապետին անունը կը տրուի որպէս թեկնածուի, եւ հակառակ իր մեծամասնութիւն «թիմակից»ներուն, չ’ընտրուիր եւ կը շարունակէ պաշտօնավարել, կ’ըսեն՝ պաշտօնակատար:

            – Այս բարձր քաղաքականութիւն է, հեռուի պարզ մահկանացուն չի հասկնար:

            – Ըսել կ’ուզես, թէ իրենք կը հասկնա՞ն: Մակա՛ր, սովետի օրէնք յամեցող բարքով պատուէր կը կատարեն, կ’ըսեն՝ ժողովրդավարութիւն է, ըստ Սահամանդրութեան այսինչ թիւ յօդուածի այնինչ կէտին:

            – Իսկ Խնձորեսկի գիւղացին, Կապանի բնակիչը զիրենք դիտող ազերիի ներկայութեամբ մտահոգ, կը հասկնա՞ն: Անոնք հոգեր ունին: Ամենօրեայ հացի մտահոգութեան հետ, նաեւ դատ-դատաստանի խնդիրներ, անորոշ թիւով մարդիկ կը կը կանչուին ԱԱԾ, եւ յանկարծ կը կանգնին քրգործի դիմաց, կ’ամբաստանուին:

            – Ինչ որ կ’ըսես մտահոգիչ է, Արմենա՛կ:

            – Աւելի լաւ կը հասկնանք այս ամէնը, եթէ ամէն երեկոյ հրապարակեն ցանկը ԱԱԾ կանչուածներուն, շաբաթավերջին եօթը օրուանը, ամսուան վերջն ալ… Ընտրելու-չընտրելու, ԱԱԾ երթալու, հոն մնալու եւ անկէ դուրս գալու թատրոն…

            – Երկիր է, Արմենակ, կը հանդարտի: Մեծ Եղբայրը կը հսկէ, որուն վերադարձը սպասողներ ալ կան, գիտես…,- ըսի:

            Ձանձրացած՝ Էլպիս եւ Մակարուհին միաբերան, ըսին.

            – Կը բաւէ հեռու նստած անոնց պէս քաղաքականութիւն խօսիք:

 

Մակար ի Գաղիա, 5 Մայիս 2021

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles