ՊԱՅՏԸՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second
AP Photo/Hakob Berberyan

Ա.Ա.

Քաղաքական կշռադատուած քայլով մը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ապրիլ 24-ին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր ուղերձին մէջ երկու անգամ գործածեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, շեշտելով Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայերու տեղահանութիւններն ու սպանութիւնները ցեղասպանական բնոյթի ոճիրներ ըլլալու հանգամանքը։ «Ամէն տարի այս օրը կը յիշենք անոնք, որոնք զոհուեցան Օսմանեան ժամանակաշրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին», յայտարարեց Պայտըն՝ դառնալով Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ կը յարգէր նախընտրական իր խոստումը եւ հրապարակաւ կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահին այս կեցուածքը անշուշտ ունի իր քաղաքական նպատակները։ Թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին չափազանց լարուած իրավիճակի մը մէջ եւ Ուաշինկթըն աւելի քան իրազէկ է Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ամերիկեան շահերուն համար լուրջ վտանգ դարձած Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան,որ զուգահեռաբար զինուորական ծրագրերու, կը ցոլացնէ թրքական ծաւալապաշտութեան իրական սպառնալիքը։ Երբ պահը ներկայացաւ, ամերիկացիք որոշեցին Թուրքիոյ գլխուն իջեցնելու Դամոկլեան սուրը, ոչ այն ուժգնութեամբ, որ պարանոցը պիտի կտրէր, այլ մեծ վէրք մը պիտի յառաջացնէր եւ ողնաշարն ալ չվնասէր։Թուրքերը եթէ դասեր քաղեն եւ ճիշդ հետեւութիւններ կատարեն Պայտընի յայտարարութենէն, ապա թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն հոլովոյթը կրնայ փոխուիլ, այլապէս….
Նման կացութեան մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերը եւ գրասենեակները, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ լոպպին յաջողեցաւ ստեղծուած կացութիւնը օգտագործել եւ մարտավարական ճիշդ հաշիւներով՝ պահը լաւագոյնս ծառայեցնել Հայ Դատի նպատակներուն։Քաղաքական զարգացումներուն եւ հաշիւներուն մէջ երբ կողմերուն շահերը կը համընկնին իրարու,նման իրագործում կարելի կ՛ըլլայ,եթէ տուեալները եւ իրավիճակը ճիշդ կերպով գնահատուին։Այս իմաստով Ամերիկահայ լոպպին մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց` Միացեալ Նահանգներ- Թուրքիա սուր տարակարծութիւնները օգտագործելով։

«Կոստանդնուպոլիս՝ Բիւզանդական կայսրութեան յաւերժական մայրաքաղաքը»

Պայտընի յայտարարութեան մէջ կարեւոր եղաւ նաեւ «Կոստանդնուպոլիս» անուան գործածութիւնը։Յոյներուն համար Կոստանդնուպոլիսը է ու կը մնայ Բիւզանդական կայսրութեան յաւերժական մայրաքաղաքը, ուր կայսրերու օծման Մայր Տաճարը՝ Այա Սոֆիան, թուրքերը երկրորդ անգամ ըլլալով մզկիթի վերածեցին։ Պայտընի քաղաքական խորհրդականները Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլիս կոչելով՝ քաղաքական յստակ պատգամ մըն ալ յղեցին թուրքերուն՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի հարցերուն կապակցաբար, ինչ կը վերաբերի Միջերկրականեան ծովու Արեւելեան աւազանին մէջ թրքական ծաւալապաշտական ախորժակներուն, որոնք թուրքեւամերիկեան լարուածութեան յաւելեալ պատճառ մըն են։
Իսթանպուլը թուրքերուն պանծալի քաղաքն է։Գրաւուած է Բիւզանդական կայսրութենէն՝ Մայիս 29, 1453-ին։ Կոստանդնուպոլիսն է անիկա, որուն մասին խօսելով՝ տեղացի յոյները պարզապէս կ՛ըսէին «Իս Թիմ Պոլին»։Այսինքն՝ «դէպի քաղաքը»։Իս Թիմ Պոլին ապա վերածուեցաւ Իսթանպուլի։Հայերու համար անիկա Պոլիսն է՝ յունական Պոլի-քաղաք անուան հետեւողութեամբ։ Պոլիսը արեւմտահայութեան զարթօնքի օրրանն է։ Պոլսոյ բարբառէն աշխարհաբարի ստեղծմամբ, կրթական- թատերական բացառիկ գործունէութեամբ, պոլսահայ մամուլով, արեւմտահայ գրականութեան երեք շրջաններու՝ Ռոմանթիկ, Իրապաշտ եւ Գեղապաշտ սերունդներու անկրկնելի ժառանգութեամբ։Պոլիսը մեզի տուաւ Միսաք Մեծարենց, Գրիգոր Զոհրապ, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ եւ միւս մեծերը։ Անգնահատելի է արեւմտահայ զարթօնքին մէջ պոլսահայութեան խաղցած կեդրոնական դերն ու աւանդը։Երիտասարդ թուրքերն ալ առաջին հարուածը հասցուցին պոլսահայ քաղաքական եւ մտաւորական դէմքերուն։

«Դատական հոլովոյթներու վերսկսման անհրաժեշտութիւն՝ յայտարարութենէն ետք»

Միացեալ նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը պարզապէս հայութիւնը խրախուսելու, կամ ամերիկահայութեան տրուած խոստում մը յարգելու նպատակը չի հետապնդեր։Քաղաքական շատ յստակ դիրքորոշում մըն է, որ թէեւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակին կը ծառայէ, բայցեւայնպէս կարելի չէ անոր դատաիրաւական հետեւանքները անտեսել եւ չընդունիլ, որ իսկապէս կրնայ ծայր առնել հատուցման դատերու երկար շարք մը, նկատի ունենալով,որ Միացեալ Նահանգներ նախագահական մակարդակի վրայ ընդունեցին եւ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Ինչպէս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի բանբեր Էլիզապէթ Չուլճեան յայտարարեց, նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է ճամբան հարթէ հատուցման օրինական հոլովոյթներու դիմաց,որպէսզի Օսմանեան կայսրութեան իրաւական յաջորդ Թուրքիոյ հանրապետութեան այսօրուան իշխանութիւնները Օրէնքին դիմաց պատասխանատուութիւն կրեն։
Շատ յստակ է, որ նախագահ Պայտըն եւ ամերիկեան վարչակազմին առնչակից բոլոր մարմինները ամբոխավարական յայտարարութեան մը պատասխանատուութիւնը չէ, որ կը կրեն։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը քաղաքական բովանդակութիւն եւ անխուսափելիօրէն դատաիրաւական հետեւանքներ ունեցող կեցուածք մըն է, որուն ծանրակշռութիւնը առաւելաբար Թուրքիոյ իշխանութիւնները գիտեն։ Ասիկա առաւել յստակացաւ թրքական բուռն հակազդեցութեան պատճառով։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles