Գէորգ Պետիկեան
Անոնք, որոնք առիթով մը տեսած կամ կարդացած են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական ամսաթերթ «Հասկ»ի (Փետրուար-Մարտ- Ապրիլ- 1963-ի) բացառիկ թիւը, նուիրուած երանաշնորհ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի վախճանման առթիւ, անպայման հանդիպած պիտի ըլլային տիկ. Մարի Պապիկեանի ստորագրութիւնը կրող «Փոխան Աջահամբոյրի» սրտառուչ յօդուածին (Դամասկոս-19 Փետրուար, 1963):
Իմ պարագայիս, ոչ միայն օրին սոյն գրութիւնը կարդացած եմ, այլեւ Դամասկոսի մէջ, համալսարանի երկրորդ տարիս, նախախնամութեան բարի տնօրինումով, շաբաթական տասը պահերու համրանքով, իբրեւ թուաբանութեան եւ արաբերէն լեզուի ուսուցիչ պաշտօնավարած եմ այն ազգային վարժարանէն ներս, ուր հագուցեալ տիկ. Պապիկեանը նախակրթարանի բարձրագոյն կարգերուն, տարիներէ ի վեր նուիրեալի շունչով, հայերէն լեզու կը դասաւանդէր:
Եւ ահա այդ օրէն ի վեր, ինծի նոր բարեկամութիւն եւ նոր ու հարազատ աշխարհ մը կը սկսէր, շնորհիւ տիկ. Պապիկեանի խորհուրդներուն, խնամքին եւ ծառայասիրութեան շնորհիւ:
Իսկ հիմա, հաստատապէս յուզիչ ըլլալով հանդերձ, կեանքի կ’ուզեմ կոչել բառերս, մտքիս հոսքը յուշերուս հետ, որովհետեւ կը հաւատամ որ կրթական մշակը մտաւորական ալ է եւ յատուկ առաքելութիւն մըն ալ ունի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Եւ այսօր, նոյն այս մտաւոր, իր մէջ ական ու վաստակաշատ կրթական մշակը կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք ինծի պէս փնտռած ու տեսած էին իր պարկեշտութիւնն ու վեհանձնութիւնը, համեստութիւնն ու ջինջ հոգին, որ իր համակ կեանքին խորհրդանիշները դարձուցած էր:
Ահա կ’ըսեմ, հարազատ վկայ մը, որուն հայ գիրին, գրականութեան եւ մեր մշակոյթի հանդէպ ունեցած յարգանքը, սէրն ու պաշտամունքը, ցուցաբերած գորգուրանքն ու հոգածութիւնը եղած էին անգնահատելիօրէն օրինակելի: Իրեն համար հայ դպրոցը սերունդ պատրաստող կեդրոն մը ըլլալով հանդերձ, էր նաեւ հայկական պատկանելիութիւն եւ իմացական հաւաքական մթնոլորտ ստեղծող մտքի ու հոգիի շտեմարան մը, ուր աննահանջ հայութեան անփոխարինելի սնունդի պաշարը մեկտեղուած էր:
Հանգուցեալը իր կեանքի օրինակով, իր պաշտօնավարած հայ դպրոցէն ներս, տասնամ-եակներու վրայ երկարող իր ներկայութեամբ, տուած էր յատուկ դիմագիծ: Որովհետեւ ան՝ հայ լեզուին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու հայուհի մը ըլլալով հանդերձ, իր լաւատեսութեամբ, հարիւրաւոր աշակերտներու ներշնչած էր՝ իր բարոյական եւ մտային զօրութեամբ եւ իր ազգանուէր համոզումները, պատգամներով, աղօթքներով ու օրհնութեամբ, հայ գրականութեան գոհարներուն հետ միատեղ:
Անոնք, որոնք ճանչցան եւ ապրեցան անոր մտերմութիւնը եւ հետեւեցան կեանքի հանգ-րուաններուն, անպայման պիտի հաստատեն, թէ ան հաւատաւոր նուիրեալ եզակի անձնաւո-րութիւն մըն էր, որ իր ծառայութիւնները իբրեւ առաքինութիւն բաժնած էր բոլորին:
Մարդիկ կան, որոնք կը ծառայեն պաշտօնին՝ անոր մէջ տեսնելով իրենց արժանիքը: Միւս կողմէ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք գործով կ’իմաստաւորեն իրենց պաշտօնը: Անոնք կ’առաջնորդուին ազգային տեսլականով։ Այդպիսիներու արժէքը իրենց անձին մէջն է, ոչ՝ հանգամանքին։ Ու տիկ. Պապիկեան իր գործունէութեամբ, իր անխոնջ աշխատանքով երաշխաւորեց թէ՛ իր պաշտօնը եւ թէ՛ ինքզինք։
Պարկեշտութեան, վեհանձնութեան, համեստութեան խորհրդանիշն էր ան։ Պատուական ընտանիքի մը դուստրը, որուն կեանքը անցաւ ուսուցչական ասպարէզի մէջ։ Հայ գիրին ու գրականութեան հիացող մը, հայ մշակոյթին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու հայուհի մը: Ու ամէն անգամ ծանօթ մը, կամ բարեկամ մը եւ կամ մտերիմ մը եւ կամ միջուկով ազգայնական դէմք մը մեզմէ կը հեռանայ, մտքիս խորերէն յանկարծ ինքնածին կը ծագի մեծ հարցում մը.- արդեօ՞ք քանի մը էջերու անոր յետ մահու տողերովս կամ գրելու այս որդեգրու-մովս պիտի կարենամ արդարացնել մահացողին հաւատքին ու հոգեկան մեծութեան հանդէպ ունեցած յարգանքս:
Բայց, որքան ալ մեր կեանքի մէջ ներմուծած ըլլանք այս երկրի ներկայի ընկերային կենցաղի տուրքերը, մեր հաւատքն ու սէրը, մեր յարգանքն ու մօտեցումը կը տարբերին միւսներէն, որովհետեւ շնորհիւ հայ մտքի անխոնջ մշակ հանգուցեալ տիկ. Պապիկեանի նման ուսուցչուհիներու կեանքի օրինակին, մեր համոզումը կը փոխուի, կը լուսաւորուի եւ կը դառնայ արմատական ու հաստատ:
Ու բոլոր նուիրեալ հայ ուսուցիչներու նման, ինքն ալ մեր նորահաս սերունդին հոգիներուն մէջ, հայրենիքէն հեռու, փոքր հայրենիքներ կերտեց եւ այս ձեւով միշտ մնաց մեր գոյութեան ի խնդիր տարուած պայքարին, առաջնահերթ դիրքերուն վրայ:
Ու կրկնութեան գնով ըսեմ, որ հանգուցեալն ու իր ընտանիքը մօտէն ճանչնալու բախտին արժանացած էի, տակաւին համալսարանական տարիներուս: Ահա թէ ինչո՞ւ հպարտօրէն կրնամ վկայել, թէ հայ լեզուին, հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթին համար իր ունեցած անսակարկ մատուցումը, անզուգական էր եւ իսկ ազգին ծառայելու վաստակը՝ անհունօրէն գնահատելի:
Անձնասէր չեղաւ երբեք: Պաշտօններն ու հանգամանքները մանր փառասիրութեան կռուան չեղան, այլ՝ ազգին նկատմամբ յաւելեալ սիրոյ ու ծառայութեան։ Եւ այս յանձնառու ծառայութիւնը, եղաւ իր կեանքին կեդրոնը:
Սքանչելի հայուհի մըն էր ան, կրթուած, բանիմաց մեծ կին՝ բառին իսկական առումով ու բովանդակութեամբ, համեստ՝ թէ հոգիով, ե՛ւ թէ սրտով: Ահա թէ ինչո՞ւ իր երկու մանչերն ալ հետեւելով իրենց մօր ուղեգծին, հաւատարմօրէն մինչեւ այսօր կը ծառայեն հայ գիրին ու գրականութեան, հայ հաւատքին եւ գաղութի հեւքին:
Տիկ. Պապիկեան մէկն էր ամէնէն աւելի վաստակ ունեցողներէն, որ իր ամբողջական նուիրումով, վճռական հաւատքով եւ բացառիկ պարտաճանաչութեամբ ոգի եւ շունչ վատնեց յանուն նոր սերունդի ապագային:
Շողշողուն խօսքերու եւ բեմերու «մարդը» չեղաւ ան։ Սակայն իր գործով յարգանք ու ակնածանք պարտադրեց բոլորին ու այս ձեւով իմացական եւ հաւաքական մթնոլորտ մը ստեղծողի ճարտարութեամբ, ան մնայուն հետք ձգեց իր անմիջական շրջապատին ու իր ապրած գաղութի կեանքին մէջ:
Ինծի համար իր հայեցի առողջ դաստիարակութեամբ, ազգային նկարագով իբրեւ ներկայի եւ ապագայի անշեղ կողմնացոյց մըն էր ան, որ ուխտեց եւ գործեց պարտաճանաչութեամբ:
Ժառանգած էր հայու ճակատագիր: Այսպէս, ծնած էր տեղ մը, եւ կեանքը շարունակած ուրիշ երկիր ամենայն պատասխանատուութեամբ, եւ իր կարողութիւններու առաւելագոյն լարումով: Հանգուցեալին համար հայերէն լեզուի եւ գիրի կողքին պաշտելի էր նաեւ իր հայրենի հողը՝ ծննդավայրը, որուն ամբողջ կեանք մը մեծ կարօտով ապրեցաւ:
Շնորհիւ իր վեհ կոչումին, ինք՝ իր վրայ առած բոլոր պարտականութիւնները իբրեւ ազգային առաքելութիւն, կը տանէր սիրով եւ անտրտունջ, յարգանքով եւ գիտակցութեամբ: Որովհետեւ հագուցեալը կը պատկանէր հայ ուսուցիչ կոչուած օրհնեալ այն բաղանքին, որ մեր նոր սերունդներուն մտքերէն եւ հոգիներէն ներս ոգեկան հայրենիք կը կառուցեն, հայութեան աւիշ կը ներմուծեն, անհուն սիրով, համբերութեամբ ու հոգածութեամբ կը դաստիարակեն: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ հպարտօրէն կրնանք վկայել, թէ հայ լեզուին հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթին համար իր ունեցած անսակարկ մատուցումը, անզուգական էր, իսկ ազգին ծառայելու վաստակը անհունօրէն գնահատելի:
Հաստատապէս ան մաս կազմեց գաղութի կեանքին եւ մեր ժամանակակից պատմութեան:
Այս բոլորը, սովորական եւ աժան տողեր չեն: Յարգանքի տուրք ըլլալով հանդերձ երախտա-պարտ զգացումներու փունջ մըն է իր յիշատակին, իր հայ գիրին, լեզուին, հաւատքին եւ կրթական մշակի իր խոնջէնքին, իր մաքուր բոլոր երազներուն, մաշտոցի բանակի իր կամաւոր եւ անսակարկ ծառայասիրութեան:
Ամէն առիթներուն, իր մտքի եւ սրտի գանձերը բաժնած էր բոլորին, անսակարկ եւ առատօրէն: Անոր համար, ան բառին իսկական առումով եւ հոգիով եւ բովանդակութեամբ մնաց մեծ ու նաեւ հարազատ այն վկաներէն մէկը, որ մեր լեզուին հանդէպ ունեցած սէրն ու պաշտամունքը փոխանցեց իր զաւակներէն սկսեալ զինք յաջորդող սերունդներուն անսակարկօրէն եւ օրինակելի:
Ան նաեւ իր կեանքին հետ բերաւ հայ ուսուցիչի բարի թելադրանքը եւ իր ներկայութեամբ մեզմէ շատերուն կեանքին տուաւ ոչ միայն որոշ կշիռք, այլեւ հարուստ հունձքով մըն ալ արժեւորեց: ճիշդ է որ յետ մահու արժանիքներ շարելու սովորութիւնը մարդկային է եւ հասկնալի, սակայն այս չէր հանգուցեալ Մարի Պապիկեանի պարագան: Որովհետեւ իր արժանիքները այնպիսին էին, որ զանոնք ստեղծելու հնարելու պարտադրանքին առջեւ չի դներ մեզ իր պարագան:
Արդ, բի՜ւր յարգանք իր քաղցր յիշատակին։