ՎԱՂՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ՝ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՌԱԿՏՈՒՄԻ, ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

0 0
Read Time:4 Minute, 27 Second

Յ. Պալեան 

            Յոյսը կեանքի թթուածինն է: Նոյնիսկ երբ կը գտնուինք անհատական թէ հաւաքական դժուարութիւններու առջեւ, կը մտածենք եւ կը գործենք զանոնք յաղթահարելու համար: Այսպէս կ’ընթանանք ժամանակին մէջ:

            Հաւատաւորներու տարիներու տքնաջան եւ յամառ աշխատանքէ ետք, հակառակ Թուրքիոյ հետ իր երկրի ունեցած քաղաքական եւ ռազմավարական բազմաթել կապերուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը դար մը առաջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած հայերու ջարդն ու կոտորածը կոչեց իրենց անունով, ըսաւ ցեղասպանութիւն:

            Ի՞նչ կ’ըլլան քաղաքական  եւ իրաւական հետեւանքները այս ճանաչման: Մեծ հարցական է: Մանաւանդ որ Միջերկրականի աւազանը, Միջին Արեւելք եւ Կովկաս կը գտնուին նոր դասաւարումներու շեմին, Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումներուն պատճառով:

            Միացեալ Նահանգներէն առաջ ուրիշ բազմաթիւ երկիրներ հայկական կոտորածները կոչած էին Ցեղասպանութիւն: Այս ճանաչումները հոգեկան բաւարարութիւն տուած են մեր ժողովուրդին, բայց յուզականէ եւ քարոզչականէ անդին չեն գացած: Ոչ ոք խօսած է պատճառներու եւ հետեւանքներու վերացման մասին: Մենք ալ, մեր կարգին, յաջողութեան առթած խանդավառութեամբ տարուած,  չենք հակազդած, հարց տալով ճանչցողներուն եւ մենք մեզի՝ յետոյ ի՞նչ…

Յետոյ ի՞նչ…

            Կարծէք կը շարունակենք Աւարայրը՝ բարոյական յաղթանակի բաւարարութեամբ: Այս քաղաքականութի՞ւն է, իրաւունքի վերականգնման հետամուտ ռազմավարութի՞ւն:

            Կացութիւնը ճիշդ պէտք է գնահատել: Սփիւռքը միջազգային կեանքի մէջ քաղաքական ազդակ չէ, իր քաղաքական կարելիութիւնը քարոզչութիւնն է, որուն սահմանները կանգ կ’առնեն հոն ուր կը սկսին միջպետական յարաբերութիւնները: Հայաստանի պետութիւնը ինք պէտք է պահանջէր, օրինակ, երէկ Ֆրանսայէն, ըսելով որ ճանաչման վճիռը լաւ էր, բայց ի՞նչ պիտի ընէք արդարութիւնը եւ իրաւունքը վերադարձնելու համար իրենց բնական հունը: Նոյն հարցումը պէտք է ուղղել. Ամերիկայի. հայկական համայնքին տրուած բարոյական բաւարարութիւնը քաղաքական ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ:

            Ինչպէս Ֆրանսայի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման ժամուն, կողքէս քալող յուզուած հայրենակից մը ըսած էր, ամբոխային տրամաբանութեան ուղիղ գիծին վրայ, որ «ֆրանսահայութիւնը հասաւ իր նպատակին»: Հիմա, Ամերիկայի հայկական համայնքները կրնա՞ն նոյն ձեւի եզրակացութեան մը յանգիլ: Իսկ ի՞նչ կրնայ ըլլալ յաջորդ հանգրուանը:

            Հայաստանի պետութեան հնարաւորութիւն տրուած է նախագահ Ճօ Պայտընի այնքա՜ն սպասուած հայոց ցեղասպանութեան որպէս այդպիսին ճանաչման լրացումը իրականացնել քաղաքականութեամբ, որ կ’ենթադրէ սեղանի վրայ դնել միջազգային դաշնագրերը, իրաւարարութիւնները, պահանջելով որ յարգուին յանձնառութիւնները եւ… ստորագրութիւնները: Այս պետական գործ է:

            Բայց հայրենի պետութիւնը, դժբախտաբար, այսօր կը գտնուի մնայուն դարձած անկայունութեան մէջ, դաշնակից չունի, պառակտուածութիւն կը դիմակայէ, պարտուածի հոգեբանութեան եզրակացութեամբ կարգ մը դէմքեր կը խօսին անցեալի էջը դարձնելու մասին, որ պարզ հայերէնով կը նշանակէ վերջ տալ Թուրքիայէն պահանջներու: Այս հարցով Հայաստան եւ սփիւռք կրնա՞ն համախոհութեան յանգիլ: Սփիւռքը ինքզինք պէտք է դրժէ՝ հետեւելու համար էջ դարձնելու քաղաքականութեան: Այն ատեն հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ Սփիւռքը այսքա՜ն ճիգ, ուժ, միջոցներ եւ ժամանակ վատնեց, պիւռոսեան յաղթանակի մը համար:

            Կ’ակնկալուի, որ Հայաստանի պետութիւնը, այսօրուան եւ գալիք, յստակօրէն ըսէ, թէ հայոց հայրենիքի բռնագրաւուած տարածքներուն բարոյական եւ քաղաքական տէր է՞ թէ ոչ: Այնպէս ինչպէս որ է կացութիւնը, կամ երբ կը հետեւինք եղած յայտարարութիւններուն, Հայաստանի պետութեան համար անմիջական օրակարգ չէ հարցը, այդ ուղղութեամբ ո՛չ մօտաւոր եւ ո՛չ հեռաւոր ռազմավարութիւն կայ: Ինչ որ շփոթի պիտի մատնէ սփիւռքը, քանի որ ցեղասպանութեան ճանաչումը նպատակ դարձնելէ ետք, այդ նպատակը իրականացնելէ ետք, որպէս ազգի հատուած ի՞նչ պիտի ընէ:

            Սփիւռքը ոչ մէկ քաղաքական ճանաչում ունի: Բանակցող կողմ չի կրնար ըլլալ:

            Եթէ Հայաստանի պետութիւնը բռնագրաւեալ տարածքներու տիրութիւնը իր քաղաքական ռազմավարութեան մէջ չընդգրկէ, ի՞նչ պիտի ընէ Սփիւռքը, որ անմիջականօրէն առնչուած է ցեղասպանութեան, զոհերու ուղղակի յետնորդն է եւ իրաւատէրը բռնագրաւուած սեփականութիւններուն: Հայաստան՝ խլուած տարածքներու տիրութեան եւ սփիւռքը՝ անհատական սեփականութիւններու իւրացման խնդիրներուն առջեւ պիտի կանգնին:

            Եթէ Հայաստան տիրութիւնը չընէ հայոց հայրենիքէն խլուած տարածքներուն, սփիւռքը որպէս իրաւայաջորդ պէտք է ներկայանայ:

            Սփիւռքահայերը որպէս սեփականատէրեր պէտք է պահանջեն ինչ որ իրենց անհատական ժառանգութիւնն է:

            Մամուլով խօսիլ, որմազդ փակցնել, ցոյց կազմակերպել, սփիւռքը քաղաքական խօսակից եւ ինքնութիւն չեն դարձներ:

            Հարկ է կրկնել. այն պարագային երբ Հայաստանի պետութիւնը բռնագրաւուած Հայաստանի դատը չի ներառներ իր քաղաքական ռազմավարութեան մէջ, այն ատեն միայն պէտք է մտածել ինքնուրոյն քաղաքական առաջնորդութեան մը մասին, որ նպատակ ունենայ բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութիւնը, անոր տիրութիւնը, հայապատկան սեփականութիւններու վերադարձը իրաւատէրերուն:

            Պէտք է փնտռել բնորոշումը ցեղասպանութեան զոհերու եւ հայրենահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութեան շարժումը առաջնորդող համասփիւռքեան կառոյցին: Նախընթացներ կան, ի հարկէ տարբեր պայմաններու եւ աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ ստեղծուած քաղաքական կառոյցներու. Աքսորական Կառավարութիւն, Ազգային Ազատագրական Ճակատ…Այս պարագային երկու ըմբռնումները միաժամանակ իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Այսինքն բռնագրուած սեփական հայրենիքի մէջ քաղաքական իշխանութեան տիրացում եւ օտարի լուծէն ազատագրութիւն: Այս է ցեղասպանութեան պատճառի եւ հետեւանքի վերացման ճանապարհը:

            Այս տեսութիւն է: Սփիւռքը իր տարտղնումին պատճառով համայնքային ինքնութիւններու խճանկար է եւ Աքսորական կառավարութիւն մը, Ազգային Ազատագրական ճակատ մը, կամ այլ քաղաքական-պահանջատիրական պայքարի ՄԻԱՑԵԱԼ կառոյց մը ստեղծելու դժուարութիւն կ’ունենայ: Նոյնիսկ երբ սկզբունքին շուրջ տարակարծութիւններ չըլլան, անձերու եւ տեղի շուրջ համաձայնութիւնը դժուար կրնայ ըլլալ, քանի որ առարկութիւններ կրնան ըլլալ աւելի ատակի կամ աւելի ներկայացուցականի պատճառաբանութիւններով:

            Պէտք է հասկնալ, որ բռնագրաւուած Հայաստանի մէջ հայկական իշխանութիւն չի կրնար ստեղծուիլ: Հետեւաբար այդ պէտք է ընել դուրսը: Ինչո՞ւ չխօսիլ այս հարցերուն մասին, հանրային կարծիք ստեղծել, աստիճանաբար բիւրեղացնել Բռնագրաւուած Հայաստանի եւ իրաւազրկուած հայրենահանուածներու, ցեղասպանութեան զոհերու իրաւունքներու պաշտպան մարմին մը, որ հրապարակ կու գայ յստակ քաղաքականութեամբ, միջազգային համայնքը դնելով իր խաղաղութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան առջեւ:

            Այս միտքերը պէտք է ներդաշնակուին մեր իւրայատուկ կացութեան հետ, մանաւանդ երբ Բռնագրաւեալ տարածքներուն վրայ հայեր չկան: Ի հարկէ կան թաքուն հայերը. պարագայ՝ որ յատուկ ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլայ:

            Պէտք է խօսիլ այս մասին: Ամերիկացիները կ’ըսեն՝ brain storming ընել: Ոչ ոք, այսօրուան պայմաններուն մէջ կրնայ կախարդական լուծում առաջարկել: Բայց ձեռնածալ եւ լուռ մնալ համազօր է մեղսակցութեան, վատութեամբ նահանջի:

            Բարոյական յաղթանակները բաւարար չեն ապագայ կերտելու:

            Ազգի անդամը, աւելի ճիշդ իրաւ հարենասէրը պէտք է ունենայ ոչ թէ այն ցանկութիւնը, թէ ի՞նչ դեր եւ դիրք պիտի ունենայ, այլ ունենայ այն մտասեւեռումը, որ իր ժողովուրդը եւ հայրենիքը ի՞նչ տեղ պիտի ունենան ազգերու շարքին:

            Ի՞նչ ապագայ գալիք սերունդներուն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles