Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
22 Ապրիլ 2021
Հայաստանի կառավարութիւնը, իր 22 Ապրիլի նիստին, քննարկած է տնտեսական ու ելեւմտական հարցեր, կատարած է շարք մը տնօրինումներ:
Քննարկումները ընդգրկած են շինարարութեան, Արցախի աջակցութեան ծրագիրներ, սղաճի եւ պիւտճէի հաւասարակշռումի միջոցներ եւ այլն:
Այստեղ չենք ուզեր վերլուծումի ենթարկել կամ հարցականի տակ առնել տրուած որոշումները, բարելաւումի յոյսերն ու հաւանականութիւնները, այլ կ’ուզենք առանձնացնել հետեւեալ կէտը: Որոշուած է յառաջիկայ 10 տարիներուն, տարեկան 10 միլիառ դրամի (մօտաւորապէս 20 միլիոն տոլար) աջակցութիւն տրամադրել Արցախի վերականգնումի ծրագիրներուն, որոնք կ’ընդգրկեն կալուած ու բնակարան կորսնցնողներուն նորաշէն բնակարաններ տրամադրել:
Կարելի չէ գոհունակութիւն չարձանագրել նման որոշումի մասին, որովհետեւ ահա աղէտեալները ձեւով մը փոխ հատուցում պիտի ստանան եւ անտուն-անտէր պիտի չմնան: Գոհունակութեան վրայ պէտք է աւելցնել յոյսը, որ ծրագիրը իրականանայ:
Կառավարութիւնը նմանօրինակ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ նաեւ Սիւնիքի այն գիւղացիներուն նկատմամբ, որոնք տուն-պարտէզ-աշխատատեղի կորսնցուցին՝ ազերիներու (G.P.S.-ով) բռնակցումներուն հետեւանքով:
Կորուստ ունեցողին ու անտիրական դարձածին օգնութեան ձեռք երկարելը՝ շա՛տ բարի: Սակայն այս ընթացքը չպէտք է մեր ուշադրութիւնը շեղէ ԷԱԿԱՆ հարցէ մը, որ է մեր կորսուած, բռնագրաւուած պատմական հողերուն տիրութիւնն ու վերստին ազատագրումը:
Արցախի կամ Սիւնիքի մէջ հող-տուն կորսնցնողին փոխ հատուցում կատարելը պէտք չէ նմանի ինքնաշարժի արկածի մը կամ բնական աղէտի մը (օրինակի համար աւելի քան 30 տարի առաջ պատահած երկրաշարժը կամ պարտէզներ փճացնող փոթորիկ մը) հետեւանքով արձանագրուած վնասի դարմանումին: Այդ գիւղացիները ո՛չ միայն տուն-սեփականութիւն կորսնցուցած են, այլ մենք ալ, ա՛զգովին, անոնց հետ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂ կորսնցուցած ենք, կորուստ՝ որ նման փոխ հատուցումներով չի կրնար դարմանուիլ, այլ միայն ու միայն այդ հողերուն իրաւատիրոջ՝ անհատին ու ժողովուրդին վերադարձով:
…Ցեղասպանութեան 50-ամեակի տարիներուն, Հայաստանի մէջ ոգեկոչական ցոյցերու պահուն, հնչեց «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը» պահանջը: Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Ցեղասպանութեան 106-ամեակի օրերուն, երբ թուրքին ու ազերիին ախորժակները յաւելեալ գրգռութեան նշաններ ցոյց կու տան մասնաւորաբար Զանգեզուրի ուղղութեամբ, այդ պահանջատիրութիւնը՝ պատմականօրէն հայապատկան հողերուն նկատմամբ մեր աննահանջ կեցուածքը վերանորոգուած է եւ նոր լիցք ստացած: Ուրեմն, պէտք է մեր կառավարութեան ու մեր հարցերուն բոլոր հետեւողներուն կրկին ու կրկին յիշեցնենք, որ հայուն համար, արդար լուծումը չի սահմանափակուիր միայն նիւթական կորուստներուն դիմաց փոխ հատուցումով, այլ ՀՈՂԵՐՈՒՆ սեփականատիրոջ վերադարձով: