Ա.Ա.
Զարուհի, Լիա, Արաքսիա, Յովհաննէս։ Ուրֆացի Պողոս եւ Մարիամ Հացագործեաններու չորս զաւակները։ Անցեալ դարու ողբերգական պատմութիւններէն մին ունեցող ընտանիքի մը ոդիսականն է, որ պիտի ջանամ ուրուագծել՝ առանց ոլորապտոյտներու մէջ մտնելու։ Բայց ամբողջ պատմութիւնը կրնայ ձեզ քիչ մը յոգնեցնել։ Այս ընտանիքին անդամներուն իւրաքանչիւրին ճակատագիրը կրնայ շատ աղօտ գաղափար մը տալ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը ահաւոր ցաւին եւ տառապանքին մասին։ Հաւաքական յիշողութեան մեծ խճանկարին մէջ իր տեղը ունեցող պատմութիւնը պէտք է սկսիմ Ուրֆայէն, որուն բնակչութիւնը թուրքին զայրոյթին եւ ատելութեան զոհը դարձաւ՝ հերոսամարտ մղելէն առաջ եւ ետք։
Զարուհի, չորս զաւակներուն անդրանիկը, ականատեսն է իր երկու քոյրերուն սպանութեան։Հացագործեան ընտանիքը բարրօր կեանք մը կ՛ապրէր։Պողոս փռապան էր։Քաղաքին հայկական թաղամասին մէջ գտնուող ընդարձակ բնակարանին մուտքին էր, որ Մարիամ օր մը Յովհաննէսը համբուրեց եւ ճամբու դրաւ դէպի Զուիցերիա։ Միսիոնարներ յօժարած էին ուշիմ պատանիներ Պեռն տանիլ եւ կրթութիւն տալ։ Ինը տարեկան Յովհաննէս այսպէս մեկնեցաւ Զուիցերիա։ Մայրը զաւկին հագուստներուն հետ անոր յանձնեց նաեւ տրցակ մը լուսանկարներ ։Հեռաւոր երկրին մէջ պատանին պիտի նայէր այդ լուսանկարներուն եւ յիշէր իր ծնողները, քոյրերը, ազգականները, հարազատները։ Լուսանկարները՝ Յովհաննէսի յիշողութիւնը վառ պիտի պահէին։Թոյլ պիտի չտային, որ պատանին մոռնար իր քոյրերուն, ծնողներուն դէմքերը։
Մինչ Յովհաննէս Զուիցերիա հասած էր՝ նաւով բաւական արկածալից ճամբորդութենէ մը ետք, Ուրֆայի մէջ կացութիւնը կը վատթարանար։Ձերբակալութիւններ, կողոպուտ, յարձակումներ՝ հայկական թաղերու վրայ, սպանութիւն, առեւանգում, զանազան տեսակի ճնշումներ, որոնք ուրֆացիները կը մղէին համախմբուելու եւ դիմադրելու։Ապա ամէն ինչ տակնուվրայ կ՛ըլլար։ Սպանդի զոհ կ՛երթային քաղաքին անպաշտպան բնակիչները։Զարուհիի աչքերուն դիմաց կը սպաննուէին անոր երկու քոյրերը՝ Լիան եւ Արաքսիան։Հայրը ողջ կը մնար՝ իր արհեստին շնորհիւ։Թուրքերը Պողոսին փուռը կը վերածէին իրենց զինուորներուն հացի մատակարարման փուռերէն մէկուն եւ այսպիսով՝ մինչեւ Հալէպ փոխադրութիւնը, Պողոս, Մարիամ եւ Զարուհի Հացագործեաններ կը քաշքշէին իրենց գոյութիւնը։ Յովհաննէս Պեռն կը գտնուէր։Լիա եւ Արաքսիա զոհ գացած էին ցեղասպանութեան։
Զարուհիի ականջներուն մէջ մնացած էր լացն ու ճչոցը նորածիններու։Ամերիկացի միսիոնարներուն կեդրոնը ապաստանած աղջնակները պարիսպին այն կողմը խորունկ եւ լայնածիր փոսը կը տեսնէին։Թուրքերը հոն լեցուցած էին մահամերձ նորածիններ, նոյնիսկ քանի մը տարեկան հիւծած եւ հիւանդկախ երեխաներ, որոնք իրենց վերջին շունչը կը փչէին՝ աղիողորմ լացէ եւ ճիչերէ ետք։Մեռելային լռութեան մէջ, կը պատմէր Զարուհի, յանկարծ երեխայի մը սուր ճիչը եւ անընդհատ լացը զիրենք կը մղէր հաւաքուելու պարիսպին վրայ բացուած փոքր լուսամուտին քով՝ դիտելու եւ տեսնելու տեսարան մը, որ խարանուած մնաց Զարուհիի յիշողութեան մէջ։Օր մը Զարուհիի հայրը տուն վերադարձի ճամբուն վրայ նորածին աղջնակ մը գտաւ փողոցը։Գրկեց եւ տուն տարաւ հետը։Զայն կոչեցին Փայլածուն։Որդեգրեցին եւ Զարուհի իր կորսնցուցած երկու քոյրերուն փոխարէնը ունեցաւ նորածին քոյր մը…..
…… Արմենակ եւ Դաւիթ Չուլճեան։Երկու եղբայրներ։Ուրֆայի Թլֆտուր թաղի ամէնէն հարուստ եւ բազմանդամ գերդաստանէն ողջ մնացած երկու պատանիներ, որոնք անպատմելի ոդիսականէ մը ետք Հալէպ հասած եւ ուրֆացի այլ պատանիներու հետ փողոցներուն մէջ իրենց գոյութիւնը քաշքշելէ ետք, որբանոց տեղաւորուած էին։Չափահաս դառնալէ ետք, Արմենակ միացաւ ֆրանսական ոստիկան ուժերուն, իսկ Դաւիթ արհեստաւոր մը եղաւ։Ամուսնացաւ Զարուհի Հացագործեանի հետ։Արմենակն ալ ընտանիք կազմեց Պուրսացի Ազգանուշ Իշխանեանի հետ։Պատմութիւնը այս երկու ընտանիքներուն միացման եւ բաժանման կէտեր ունի։Բացատրեմ։ Դաւիթ եւ Զարուհի զաւակ չունեցան։ Արմենակ եւ Ազգանուշ բախտաւորուեցան երկու դուստրերով՝ Լուսին եւ Զուարթ։Ազգանուշ իր առաջին ամուսնութենէն ունէր Ալիսը, որ Արմենակի կողմէ որդեգրուեցաւ եւ ահա երեք դուստրեր ունեցան Արմենակ եւ Ազգանուշ։ Օր մը Դաւիթ Արմենակէն խնդրեց իր երեք դուստրերէն մին իրեն յանձնել՝ իբրեւ զաւակ։Երկու եղբայրները շատ արագ համաձայնեցան։Ալիս պարմանուհի էր։ Զայն կարելի չէր յանձնել։ Զուարթն ալ մէկ տարեկան էր եւ շատ փոքր էր։Ազգանուշ մերժեց զայն իր ներոջը խնամքին յանձնել։ Եւ իր հօրեղբօր ու անոր կնոջ հետ իբրեւ անոնց զաւակը ապրելու համար Լուսին յանձնուեցաւ Դաւիթի եւ Զարուհիի։
Լուսին մայրս է։ Ծնած է Քոնէյթրա, 21 Յուլիս 1928-ին։ Ուրեմն, այսպիսով Պեռն ապրող Յովհաննէս պաշտօնապէս կ՛ըլլար մօրս մօրեղբայրը……
…… Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք՝ յիսունական թուականներուն մարդիկ սկսան իրենց հարազատները փնտռել։«Անունս Յովհաննէս Հացագործեան։ Պեռն կ՛ապրիմ։ Կը փնտռեմ քոյրս՝ Զարուհին»։«Անունս Զարուհի Հացագործեան։Կ՛ապրիմ Լիբանան, Կիւլապաշ թաղ։Կը փնտռեմ եղբայրս, որ փոքր տարիքին Զուիցերիա գնաց։Յովհաննէս է անունը»։
Կիւլապաշի թաղապետ Թաւուքճեանը օր մըն ալ աւետիսը տուաւ Զարուհիի։ Եղբայրը զինք կը փնտռէր։ 1950-ին Յովհաննէս այցելեց Լիբանան եւ քոյր ու եղբայր զիրար գտան։Յովհաննէս իր հետ բերած էր տրցակ մը լուսանկարներ։ Հիմա, այս պահուս երբ այս տողերը կը գրեմ, լուսանկարները սեղանիս վրայ շարած կը դիտեմ։Անբացատրելի է ամբողջ պատմութիւնը։ Ուրֆայէն Պեռն, ապա Պեռնէն Լիբանան։Եւ ահա հոս՝ սեղանին վրայ, աչքերուս դիմաց։Կը ջանամ թափանցել լուսանկարներուն մէջ կանգնած մարդոց նայուածքներուն խորերը՝ ուղեւորուելու համար ժամանակին մէջ, երթալու Ուրֆա, տեսնելու, թէ ինչ պատահեցաւ այդ օր, երբ Մարիամ իր պատանի զաւակը վերջին անգամ համբուրեց եւ ճամբու դրաւ։ Չեմ յաջողիր, որովհետեւ ըստ երեւոյթին երեւակայութիւնս այդքան հզօր չէ։Կամ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը պատկանելու տարօրինակ զգացումն է, որ էութիւնս, միտքս, ամբողջ հոգիս կ՛ալեկոծէ։Մանաւանդ այս օրերուն, երբ աջէն ու ձախէն աղմուկ ու ժխոր, թէ հաղորդակցութեան եւ փոխադրութեան ուղիներու վերաբացման սիրոյն թերեւս կարելի է վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ նկատմամբ կեցուածքներ, դիրքորոշումներ։Ճիշդ է, որ զգացումն ու տրամաբանութիւնը իրարու պէտք չէ խառնել, բայց Զարուհիի մեծ պայուսակէն հանուած այս լուսանկարները, որոնց ժառանգորդը ես եմ, այլ բան կը թելադրեն։Ամբողջ ազգի մը ահաւոր ճակատագրին մէկ շատ աննշան բաժինն են այս լուսանկարները,որոնց թելադրականութիւնը ուղեղիս մէջ կը բախի փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման հաշւոյն Թուրքիոյ նկատմամբ կեցուածքներու եւ դիրքորոշումներու վերանայման կարելիութեան մասին արձակուած խօսքերուն եւ կեցուածքներուն։