ԵՐԲ ՍԷՐԸ ԿԵԱՆՔԷՆ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ Կ՚ԸԼԼԱՅ

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

Վեհանոյշ Թեքեան

 

Մենք բոլորս հսկումի մէջ ենք

Էսօր դուման է մեր լեռների վրայ

այսօր փամփուշտ կայ հայ սիրտերու մէջ,

հին թնդանօթները բացած են իրենց ենթալեզուն։

Ինչու ես ստիպուեցա՛յ դիմաւորել

Երկրիս անդամահատումը,

ինչո՛ւ ես պիտի դիտէի տարիներով բեմադրուող եղերախաղը,

մոխրակիր դաշտերը եւ աստղերը կարմիր,

գիտակցելով որ ամբողջ աշխարհի մէջ

այսքան կարմիր չեն աստղերը։

 

Եւ հիմա՝ աղմուկը որ դարանակալ ձայներու

ոստայնին մէջ կը թփրտայ

եղկումեղկ լեզուներով

մեղմացած, քաղցրագին, սպառնական

պատրանացնոր ու ինքնահար։

Բացէ՛ք վարագոյրները որ տեսնէք այս թունաւոր աղմուկը,

գերեզմանատունէն յառնող մորմոքն ու բողոքը

մինչ տեղի կ՚ունենայ ազգի կեանքի՛ն ցնցումը։

 

Կազմ ու պատրաստ եկան

եկան յաղթաբիբ աչքերով

ուր կը շնչէին դարերու փոթորիկները,

եկան ոստայնակերպ թշնամիները մատնելու կրակի՛ն։

Եւ արդարութիւնն էր

արնագոյն կոպերուն ինկած կայծակի շեղբ,

ուր թանձրացեալ կատաղութիւնը կը սկսի վառիլ

իրենց սրտի խունկին հետ որ դեռ սրտի չէ՜ր վերածուած։

 

Եւ մենք տեսանք ծուխը պալան պալան

խաւարի մէջ արձակուած հռնդիւնը,

դիակները մնացին Երկրի մայրական գիրկին մէջ։

Վայրենի ցաւ մը իրենց այտամկաններուն՝

մէկը միւսին անցուցին ծածկագիրը եղելութեան,

հողին տակը ծածուկ թուղթեր պահեցին։

 

Նորընծայ, հայրենաշունչ ուխտաւորներ

ընտանեկան դռներէ ելած մատղաշ տղաք,

տուն ու ընտանիք թողած կամաւորներ,

հում եւ արնաշաղախ խռովքներով

ամրաբազուկ արձակեցին սլաքները կայծակէ,

նուազագոյն զէնքը որ տրուած էր իրենց։

 

Ոգեկան որքան ոլորտներէ ետք

աղօտած քաղցրութիւններէն զրկեալ

կեանքի մուտքին իսկ ստեղծուած այս խաւարումին

իրենց արեան հետ յո՜յսը հոսեցուցին։

 

Երանաբաղձ ու լուսանցոյց այդ դէմքերը

մատաղատի աչքերով այդ դէմքերը

դաւադրաբար ինկան

իրենց արեան շապիկներուն վրայ

որ կնքուեցաւ յուսափշուր ցեղին

արիւնլուայ սիրտով։

 

Շապիկները արեան՝ սահմանացիր, բերկրապատառ,

բարձի նման կակուղ եւ բարձի պէս կարծր։

 

Պէ՛տք է բերել ամոքում համասփիւռ ազգին.

Մեր սարսափը վերածուած է հեգնանքի,

տրտմութիւնը՝ զայրոյթի, աղէտը՝ կշիռքի,

եւ ցաւը՝ ձայնի։

Կամուրջներ չկան,

մի խուսափիր իրաւին եւ տխուրին հետ ապրելէ։

Բռնարարին երեսին շպրտէ իր քարոզած

շեղջակոյտերը,

երբ չի թողուց որ մեր պողպատէ ձեռքերը

յաղթանակի ուրախութիւնը շոյեն։

 

Ծնրադրէ խունկով՝ արեան երկրատարած

զինազգեստներուն քով,

եւ սորվեցո՛ւր Աստուծոյ

որ այսպէս է

երբ Սէրը՝ Կեանքէ՛ն աւելի մեծ կ՚ըլլայ։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles