Ո՞ՒՐ ԵՆՔ, Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ, Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ, Ո՞ՒՐ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 43 Second

Յ. Պալեան

            9 Նոյեմբեր 2020-ի ազգը ասֆալտին փռած սիրողական ղեկավարումի հետեւանք մեր պարտութենէն եւ անձնատուութենէն ետք, շատ գործածուեցաւ եւ յեղյեղուեցաւ դաւաճանութիւն բառը, թերթերով, հրապարակներու վրայ: Խուսափեցայ այդ բառի գործածութենէն, ազգ ներկայացնող հայրենի իշխանութեան ճակտին նման խարան կը խարանէր նաեւ ազգը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

            Եթէ ուշադրութեամբ հետեւինք հայաստանեան մամուլի հաղորդած տեղեկութիւններուն, աւաղելու պէս կը կրկնենք խորագրի հարցումը. Ո՞ւր ենք, ո՞ւր կը տանին, ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր կը հասնինք: Թերթերու մէջ փռուած լուրերը եւ արտայայտութիւնները պէտք է տեսնել անոնց սոսկ տեղեկութեան բնոյթէն անդին: Այսօր ուշադրութիւնս գրաւեցին թիւ-թուանշանով տեղեկութիւն մը եւ Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն հաստատելու մասին Արա Պապեանի խօսքը:

            Ըսուած է հետեւալը.

            «2020 թուականին միայն Պետական եկամուտների կոմիտէում բաժանուել է ընդհանուր 3.646.837.900 դրամ, իսկ եթէ դոլարի վերածենք կը լինի մօտաւորապէս 6.730.000 դոլար: Այս գումարով հնարաւոր կը լինէր գնել օրինակ՝ առնուազն 3 իսրայէլեան արտադրութեան անօդաչու»:

            Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Պետական եկամուտներու կոմիտէն քանի հոգիի միջեւ բաժնած է այդ շուրջ 7 միլիոնը: Եթէ նպաստաւորուողները 100 ըլլային, իւրաքանչիւրը կը ստանար 70.000, եթէ 1.000 ըլլային, իւրաքանչիւրը կը ստանար 7.000 տոլար, եթէ 10.000 ըլլային, իւրաքանչիւրը կը ստանար 700 տոլար… Այս մանրամասնութիւնները եթէ յայտարարուէին, ժողովուրդն ալ կը գիտնար, թէ այս բարերարութիւններէն ո՞վ եւ որոնք կ’օգտուին, կամ ի՞նչ պէտք է ընել անոնց ցանկին վրայ գտնուելու համար:

            Ա՛յս՝ առատաձեռնութիւնները որո՞ւ հաշւոյն:

            Առանց կսկիծի եւ ալեկոծ ովկիանոսի վրայ կորսուած ըլլալու զգացումի, կարելի չէ կարդալ Արա Պապեանի հետեւեալ խօսքը.

            «Ներկայիս ապիկար իշխանութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ընդառաջ նախաձեռնել է Թուրքիայի հետ բարեկամութիւն հաստատելու անթաքոյց գործընթաց՝ փորձելով մոռացութեան մատնել հայ ազգի նկատմամբ գործած սարսափելի ոճիրը, նսեմացնելով դրա ճակատագրական եւ ողբերգական նշանակութիւնը հայրենազրկուած հայ ազգի համար… Խստօրէն դատապարտում ենք իշխանութեան ազգադաւ քաղաքականութիւնը»:

            Բանալի բառեր. մոռացութեան մատնել,  սարսափելի ոճիր, հայրենազրկուած հայ ազգ, ազգադաւ քաղաքականութիւն…

            Իսկական ամբաստանագիր, որուն հեղինակը եթէ զրպարտող է դատարան պէտք է տարուի, եթէ ան հիմնաւորուած է, ինչպէ՞ս իր գոյութիւնը իմաստաւորող անցեալին գիտակից հայը կրնայ հանդիսատես մնալ: Ցեղասպանութիւնը մոռնալ, պատմութեան այդ էջը դարձնել, հայրենազրկումը ընդունիլ եւ հայրենազրկողին դիմաց խոնարհիլ, Արա Պապեանի բառերով «ազգադաւ քաղաքականութիւն է»: Պիտի գտնուի՞ քաղաքական գործիչ մը, մտաւորական մը, շարքային հայ մը, որ ըսէ, թէ ինչ որ կը պատահի, ինչ որ կ’ուզեն ընել, հայրենասիրութիւն է, ազգասիրութիւն է, հանրային ծառայութիւն է, ազնուութիւն է: Այս ձեւո՞վ կը պատրաստեն այսօրուան եւ վաղուան հպարտ քաղաքացին, հպարտ հայը:

            «2020 թուականին միայն Պետական եկամուտների կոմիտէում բաժանուել է ընդհանուր 3.646.837.900 ընդհանուր դրամ»՝ բաժնել՝ ո՞ր իշխանական հպարտութեան համար…

            «…փորձելով մոռացութեան մատնել հայ ազգի նկատմամբ գործած սարսափելի ոճիրը, նսեմացնելով դրա ճակատագրական եւ ողբերգական նշանակութիւնը հայրենազրկուած հայ ազգի համար…»: Ա՞յս է ճանապարհը հպարտ քաղաքացիներ ունենալու…

            Երկրորդ համաշխարհայինի ընթացքին, գերմանական գրաւման տակ գտնուող Ֆրանսայի մէջ, թշնամիին գործակցողները կը կոչէին «գոլլապօ» (collabo), «գործակցող», եւ ազգային արժանապատուութիւն ունեցող դիմադրականները (résistants) հաշուեյարդար կ’ընէին:

            Եւ կ’արձագանգէ հոգեմաշ հարցումը.

            Ո՞ւր ենք, ո՞ւր կը տանին, ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր կը հասնինք:

            Պատմութեան առջեւ պատասխանատու ենք եւ հաւաքաբար յանցաւոր, երբ ձեռնածալ հանդիսատես ենք, եւ մեղսակից՝ երբ ճապկումներով արդարացումներ կը փնտռենք, ներսը եւ դուրսը:

            Մեր փոխարէն ուրիշ ոչ ոք շագանակները պիտի չհանէ կրակէն:

            Ճիշդ կը հասկնանք Արա Պապեանի անսեթեւեթ խօսքը.

            «Խստօրէն դատապարտում ենք իշխանութեան ազգադաւ քաղաքականութիւնը»…

Յետոյ ի՞նչ…

            Հին իմաստունները պէտք է լսել: Առաջին դարուն ապրած Պլուտարքոս ըսած է. «Եթէ հարց տային, թէ ո՞վ է մարդոց ամենէն չարը, ամենէն վնասակարը, ամէն ոք պիտի պատասխանէր՝ դաւաճանը»:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles