…Եւ Պոլիսը Եկաւ Մեր Տունը

0 0
Read Time:6 Minute, 8 Second

Գէորգ Պետիկեան

bedig43@aol.com

Չեմ յիշեր ո՛չ տարին, եւ ո՛չ ալ ամիսը: Միայն այն գիտեմ, որ տակաւին նախակրթարանի աշակերտ էի, երբ Կիրակի առաւօտ մը, ողորմած մայրս մեզ կանուխէն արթնցուց, ո՛չ թէ եկեղեցի, այլ՝ «Կար տը Պաղտատ» կոչուած քաղաքի շոգեկառքի մեծ եւ նշանաւոր կայարանը երթալու համար: Հնազանդ, արագ մը պատրաստուեցանք, միեւնոյն ատեն մեր դէմքին վրայ գծելով զանազան հարցականներ: Կռահելով կացութիւնը՝ մայրս շուտով տուած էր իր այս հապճեպին բացատրողականը:

Այսպէս, երէկ Պոլիս բնակող իր մօրաքրոջ տղայէն կարճ հեռագիր մը ստացած էր, որուն մէջ կը յայտնէր, թէ ան շոգեկառքով Պէյրութ պիտի գար, ուստի օգտուելով Հալէպ կեցութեան քանի մը ժամերէն, մօրս տեղեակ կը պահէր: Երկար բացակայութենէ ետք, նման կարճ եւ անակնկալ հանդիպման առաջարկը, մօրս կեանքը, մեր տան պատերէն ներս նոր եռանդով մը լեցուած էր: Ուստի քանի մը սանտուիչներով փաթուած ծրարով, իսկ փոքր եղբայրս ալ՝ հայկական սուրճով լեցուն «թէրմօսով» մը, մեր թաղին ծայրը, ողորմած հօրս պատուիրած մէկ ձիով կառքին մէջ լեցուեցանք, ու դիմաւորելու համար մեր ծանօթ-անծանօթ հիւրը, ժամանակէն առաջ հասանք կայարան: Մեզմէ քիչ ետք, հասաւ սպասուած աղմկոտ եւ ծուխով լեցուն շոգեկառքը: Այդ ժամուն արդէն կայարանը գրեթէ հայերով խճողուած էր: Եւ ահա ամէն կողմէ յուզում, գիրկընդխառնում, արցունքոտ աչքեր, բարձրաձայն անհատնում եւ անհամար հարցումներ:

Շուտով գտանք մեր հիւրը: Արդէն իր «սենեակին» պատուհանը բացած, մեզ կը փնտռէր: Մայրս վայրկեանին զինք ճանչցած էր: «Էհ, արիւն է, կը քաշէ…» ինչպէս, որ կ’ըսէին մեր մեծերը:

-Ահա՛ տայտայը, ըսաւ մայրս բաւական յուզուած ու բարձրաձայն, ցոյց տալով ճերմակ թաշկինակ մը շարունակ շարժող «մարդը»: Անմիջապէս իրար հրելով, շոգեկառք բարձրացանք: Նախ, քաղաքավար ձեռնուեցանք: Կարօտագին փաթթուեցանք, համբուրուեցանք եւ անմիջապէս եւ առ ի պարտականութիւն, յանձնեցինք մեր «ձեռքինները»: Յետոյ հիւրին ճիշդ դէմը գտնուող փայտէ նստարանին վրայ տեղաւորուեցանք ու շատ հնազանդ սկսանք հետեւիլ երկու զարմիկներու այս նոր եւ յուզումնախառն հանդիպման կարօտագին տեսարանը: Մօրս արցունքները նաեւ մեզ ալ յուզած էր, անգիտակցաբար:

Իր կարգին, մեր հիւրը, ինծի, պոլսահայ երկու թերթեր տուաւ, իսկ փոքր եղբօրս ալ՝ պզտիկ խաղալիք մը: Ահա մեր նուէրը, մեր «տայտայէն»: Չեմ յիշեր որքան ատեն կայարան մնացինք, միայն այն գիտեմ, որ երբ տուն դարձանք, հայրս թղթատելէ ետք այդ թերթերը, ինծի, անոնց խորագիրները կարդալ տուաւ: Ու ես համարձակ, սեւ գիրերով եւ գլխագիր այդ բառերը կարդացի: Մէկուն վրայ «ՄԱՐՄԱՐԱ» գրուած էր, իսկ միւսին՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»: Յետոյ, երկու լրագիրները մօրս տալով, հայրս խորհրդաւոր ըսաւ մօրս.-

-Ահա՛, Պոլիսը եկաւ մեր տունը:

Անկեղծօրէն, այդ պահուն, հօրս այս արտայայտութենէն բան չէի հասկցած: Միայն կը յիշեմ, թէ ինչպէս խնամքով այդ երկու թերթերը տեղաւորուեցան մեր մէկ սենեակնոց տան «գրադարանին» մէջ, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ հօրս մահճակալին տակ պահ դրուած, առանց կափարիչի, տախտակէ մեծ սնտուկ մը:

Ու մօրս համար պատմական այս հանդիպումէն տարիներ ետք, նոյն այդ կայարանը աշխատող հօրս հայրենակիցներէն մէկը, օր մը «ասիկա, Պոլիսէն ձեզի ղրկեր են» ըսելով, մեզի ծրար մը յանձնեց: Հաստատ՝ տայտայէն էր: Անկեղծօրէն կարծեցի, թէ խաղալիք մըն էր ղրկուածը: Ու յանկարծ՝ ինչ զարմանք, Ռուբէն Զարդարեանի «Մեղրագետ»-ի Ա. դասագիրքէն օրինակ մը, իբրեւ նուէր, զոր մինչեւ օրս, ուրախութեամբ ու մասունքի նման կը պահեմ:

Ու եթէ քանի մը տարի առաջ, պոլսական երկու թերթերու վերնագիրները միայն կրցած էի կար-դալ, այս անգամ առաջին էջէն սկսած, «Մեղրագետ»ի էջերը թղթատելով, կը փորձէի մտովի բաղդատել իմ դասագիրքերէս՝ «Շողական»-ին եւ «Հայկարան»-ին հետ:

Հետաքրքրութիւն: Արդէն սահուն կարդալ կրնայի:

Ու ամէն անգամ, երբ Պոլիսէն մեզի նամակ մը կամ երկտող մը եթէ հասնէր, ինքնաբերաբար կը յիշէի այդ օրուան հօրս բառերը: Իրապէս, ան ճիշդ էր, որովհետեւ այդ տարիէն սկսած արդէն  Ճեմարանս ինծի աւելի մօտեցուցած էր «տայտայիս» Պոլիսին: Եւ մինչեւ Հալէպի մեր հին ակումբի «Քրիստափոր» գրադարանի պատասխանտու նշանակուիլս, ամէն Հինգշաբթի երեկոներուն եւ Կիրակի կէսօրներուն, գրադարան կ’այցելէի, ուր երկու պատերը ծածկող ապակիէ փեղկերով դարակներէն քիչ մը հեռու գտնուող երկար սեղաններուն վրայ շարուած կ’ըլլային Սփիւռքահայ մամուլի այդ օրերուն եւ կամ շաբաթներուն նամակատան միջոցով գրադարան առաքուած զանազան թերթերը: Այսպէս, «Յուսաբեր», «Հայրենիք», «Ազդակ», «Մարմարա», «Յառաջ», ու «Ժամանակ» եւ անապայման մեր քաղաքի «Արեւելք»ը, որոնք բոլոր այցելու ընթերցողներու մտքերուն նոր «պատուհաններ» կը բանային:  Ահա թէ ինչպէ՞ս եւ մօտէն ծանօթացած էի սփիւռքահայ մեր մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ:

Բայց չեմ գիտեր նաեւ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս իմ կապս կամ հետաքրքրութիւնս ընդհանրապէս կեդ-րոնացուցած էի Պոլսէն «հասածներուն»: Սանկ տեսակ մը «մօտիկութիւն» եւ հարազատի զգա-ցում մը ունէի անոնց նկատմամբ: Յստակ էր, թէ այդ տարիներուս Ճեմարանը ինծի ծանօթացու-ցած էր Յակոբ Պարոնեանն ու իր «Մեծապատիւ Մուրացկանները»: Ես միայն «Փերա»-ն լսած էի, իր «Ծաղիկ» փողոցով: Իսկ հիմա շնորհիւ մօրս ստացած նամակներուն՝ «Շիշլի»-ն, Մեծ կղզին, «Պէշիկթաշ»-ը, «Պէյօղլու»-ն, «Գում Գափու»-ն, «Ղալաթիա»-ն, «Սկիւտար»-ը եւ «Այա Սօֆիա»-ն աւելցած էին անոնց վրայ: Ու անմեղօրէն կը կարծէի, որ Պոլիսը, հայերուս մայրաքաղաքն էր, որովհետեւ սորված էի, թէ ան մեր ազգային զարթօնքի ծննդավայրն ալ եղած էր:

Ու տարուէտարի, իմ զանազան գիրքերու եւ հատորներու ընթերցումներովս, ու նաեւ իբրեւ հայ մամուլին հաւատարիմ հետեւորդ, մտքիս մէջ ամբարած էի, մեր ազգասիրական ապրումներով եւ արդի համոզումներով լեցուած երիտասարդ գրողներու գործերն ու անունները, որոնք այդ օրերուն  ստեղծեցին գրական զարթօնք մը ու այս իրենց նոր արդիական գրիչով, գծեցին հայ կեանքի իրական պատկերը: Անոնք էին, որ իրենց ժամանակաշրջանի թերթերու էջերուն կը յանձնուէին եւ մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը կը դարձնէին իրենց պոռթկումները, հոգեկան դառնութիւնները, ազգային ցաւերը, երեւակայութիւններն ու յուզումները, սէրերն ու անէծքները շատ պարզ լեզուով մը: Այլ խօսքով, ազգային մեր կեանքը կը վերամշակէին՝ հաստատօրէն:

Տակաւին նոյն այդ օրերու եւ տարիներու քաղաքական լրագիրները նաեւ դարձած էին գրական մէկական թերթեր ու արեւմտահայ կոչուած մեր գրականութիւնը, իրենց լրագրական սիւնակ-ներուն մէջ իրապաշտօրէն կը ծաղկեցնէին: Ահա այսպէս, հայ գրականութիւնը ապրած էր իր ինքնագիտակցութեան եւ զարթօնքի երանելի շրջանը:

Ու մեր բոլոր գրագէտները, հայ գիրի համեստ այդ մշակներն ու «ծառաները», որոնք արուես-տագէտի պայքարի ոգիով օժտուած էին, բացառիկ եւ ինքնատիպ, իրենց ըսելիքը մաքուր աշխարհաբարով կը յանձնէին թուղթին, իրենց մեծ նպաստը բերելով արեւմտահայ գրականու-թեան զարգացման ընթացքին: Անոնց միջոցով էր, որ մեր լեզուն մաքրուեցաւ, բեղմնաւորուեցաւ եւ ծնունդ առաւ վճիտ եւ սահուն աշխարհաբար մը, անժխտելիօրէն գեղեցիկ: Ու այս բոլորը անկասկած սկսած էր «տայտայիս» Պոլիսէն: Զօհրապ, Վարուժան, Զարդարեան, Սիամանթօ, Թլկատենցի, Պէրպէրեան, Օտեան եւ տակաւին երկար շարքեր լեցնող մարդիկ, որոնք հայ հոգիին վերածաղկման ճամբան հարթեցին: Անոնք, նոյնպէս մարդիկ էին, որոնք իրենց գործածած արձակով գտած էին այդ հոգին եւ որոնք նոյն այդ արձակը դարձուցած էին իրենց մտածումներուն գեղեցիկ եւ հարազատ արձագանգը: Եւ որովհետեւ այս բոլոր գրագէտները կը հաւատային իրենց գործին, ուստի նոյն այդ գործին շնորհիւ արեւմտահայերէնը դարձաւ ճոխա-ցած բառերով պատկերաւոր, ինքնայատուկ եւ իմաստալից: Իրենց շնորհիւ էր, որ հայրենի հողը, գիւղն ու գաւառը, հայ պանդուխտն ու հայ կինը ճակատաբաց մուտք գործեցին մեր գրականու-թեան մէջ ու դարձան թատրոն, վէպ, բանաստեղծութիւն, նորավէպ, պատմուածք, քրոնիկ, թարգ մանութիւն եւ գրական քննադատութիւն: Այլ խօսքով, տեսակ մը բոյրով հարուստ արձակ եւ չափածոյ գործեր, որոնք եղան մէկական «զէնքեր» եւ որոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը տիրացաւ իր իտեալներուն եւ յոյզերուն: Մեր գրագէտները, մտքի, գիրի ու գրականութեան մեր այդ հերոսները, օրին հայ մտքերու ժամադրավայր ստեղծելով, հայ հոգիին տաքուկ արեւ մը տուին: Անոնք յանուն գրական ոգեւորութեան, մելան եւ քրտինք թափելով, նաեւ երգեցին կապոյտ գեղեցկութիւնը մեր մշակոյթին ու մեր նոր լեզուն իր թռիչքով, արագութեամբ եւ ճոխութեամբ դարձաւ ներդաշնակ համանուագ մը աշխարհի գրականութեան մէջ:

Արդ, յաճախ եւ մանաւանդ այս օրերուն, երկար կը մտածեմ մեր լեզուի ճակատագրի մասին, գիրին ու գրականութեան մասին ու ինչ մեղքս պահեմ, երակներէս վեր վախ մը կը սկսի սողալ: Որովհետեւ հաւատացէ՛ք, այնքան կարօտը ունինք անոնց արձակին, տողերուն, լեզուին: Ճիշդ է, որ մէկ դար եւ շատ աւելի կեանք ունին այս գրողներուն գործերը ու տակաւին բոլորն ալ անկասկած եւ լեզուական գեղեցկութեամբ լեցուն եւ կախարդական ապրումով մեր սրտին մօտիկ կը մնան: Մեր բոլոր գրիչներէն ծնած եւ բիւրեղացած այն լեզուն, զորս հպարտօրէն կը կոչենք Արեւմտահայերէն, տակաւին կը մնայ եւ պէտք է, որ մնայ մեր շրթներուն վրայ:

Անոր համար այս օրերուն դարձեալ այդ «Պոլիսը» կը փնտռենք: Թող նոյն այդ «Պոլիսը» մտնէ բոլորին տուներէն ներս: Ու կը հաւատամ, որ այդ մէկը կարելի կրնայ ըլլալ, եթէ տէր կանգնինք արեւմտահայ մեր ժառանգութեան, որ մեր ազգային հարստութիւնն ալ է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles