Շուշիի, Ասկերանի, Վարանդայի Եւ Շրջակայքի Իրավիճակը Շուրջ 115 Տարիներ Առաջ

0 0
Read Time:4 Minute, 5 Second

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

1905-ի Օգոստոսին, Շուշիի առաջին կռիւը անմիջապէս արձագանգ կու տայ Ասկերանի մէջ: Շուշիի Հ.Յ.Դ.-ի կազմակերպութիւնը կը հրահանգէ Վարանդայի ընկերներուն՝ փակել Ասկերանը: Փակել պէտք էր այդ մեծ ճամբան թրքական հրոսակներուն առջեւ, որոնք շատոնց պատրաստուէր էին արշաւելու Աղտամէն դէպի Շուշի: Բայց ի՞նչ էր Ասկերանը՝ ռուս-պարսկական պատերազմի օրերէն հռչակուած վայր մը, ընդարձակ կիրճ մը Վարանդայի ու Խաչէնի միջեւ, որուն արանքով կը հոսի լայնաւազան ու վարարուն Կարկառ գետը: Հինաւուրց բերդի կիսափլատակ մարտկոցները կը մնան այսօր իբրեւ վկայ այն պատմական կռիւներուն, զոր մղեց Ռուսաստանը, հայերու աջակցութեամբ, Շահնշահի պետութեան դէմ, 19-րդ դարու սկիզբներուն Ղարաբաղը նուաճելու համար:

Կարկառ գետի աջ եւ ձախ ափերէն ալիքաձեւ կ’իջնեն բլրակներ, որոնց վերջին ծայրերը կը մխուին գէտի մէկ ու միւս եզերքին: Մարտկոցները երկու մասի բաժնուած են. մէկ մասը կը գտնուի Խաչէնի, միւսը Վարանդայի մէջ, երկուքին մէջտեղէն կ՛անցնի մեծ ճամբան:

Շուշիէն հրահանգը ստանալուն պէս, մեր ընտիր կռուողներէն քանի մը տասնեակ կը փութան գրաւելու մարտկոցներուն մէկ մասը, Վարանդայի կողմը: Ատոնց մէջ են Գրիգոր Միրզաբէկեան (Մածուն Խէչօ), Արամայիս եւ ուրիշներ: Շուտով կը հասնի թուրք ձիաւոր հրոսակներու շարանը, որ կու գար Աղտամէն եւ կը յառաջանար դէպի Շուշի: Մերինները լուռ ու մունջ, մարտկոցներու մէջ թաքնուած, կը սպասէին: Երբ թշնամի գնդակ հասնելու չափ կը մօտենայ, հայոց հրացանները կþորոտան: ,Եա՛ Ալիե գոռալով ձիաւորներու բազմութիւնը ետ կը նահանջէ եւ գրոհ կը կազմակերպէ դէպի Խաչէն, դէպի Խրամորդ եւ Խանաբարդ հայ գիւղերը: Բայց այդտեղ ալ Համազասպի վաշտն էր, որ կը դիմադրէ անոնց դէմ, ջարդ տալով: Ասոր հետեւանքով անոնք խուճապահար փախուստի դիմեցին: Թշնամին սակայն չէր հրաժարեր իր երազէն՝ ճեղքել Ասկերանի հայակուռ շղթան եւ օգնութեան հասնիլ Շուշիի կռուող ցեղակիցներուն: Զինուորներուն թիւը ժամ առ ժամ կ՛աճէր եւ շուտով 500 հոգինոց բազմութիւն մը աննպատակ հրացանաձգութեամբ կ’ուղղուի դէպի ահաւոր կիրճը: Կրկին կը տեղայ մեր ռազմիկներու գնդակներուն տարափը, այս անգամ նաեւ Խաչէնի կողմի մարտկոցներէն, ուր Համազասպը թաքնուած էր  իր զինուորներով: Ու վերստին արշաւախումբը սարսափահար փախուստի կը դիմէ:

Այս բոլորը կատարուեցաւ Օգոստոս 15-ին: Գիշերը անցաւ խաղաղ ու լուսցաւ թրքական նոր արշաւի ժխորին մէջ: Տեսարանը՝ բուռ մը հայ կտրիճներ՝ ապաւինած քարուքանդ բերդի մարտկոցներուն, ընդդէմ հազարաւոր զինուածներու: Մէկ կողմէն Խաչէնի կամաւորները՝ Համազասպի առաջնորդութեամբ, իսկ միւս կողմէն՝ Վարանդայի ուժերը, փոքրաթիւ բայց արի ու վճռական, փակած էին լայնատարած կիրճը եւ չէին թողուր, որ մէկ հատիկ թուրք իսկ անցնի Աղտամէն դէպի Շուշի կամ հակառակ ուղղութեամբ: Անգութ, միշտ նախայարձակ եւ ջարդարար խուժաններու վայրագութիւնները վրէժխնդրութեամբ վառեր էին հայ խաղաղ, աշխատաւոր գեղջուկին սիրտը եւ Կարկառի ալիքները շատ դիակներ թաւալեցին այդ օրերուն:

Օգոստոս 22¬ն է: Նոր ահազանգ: Սպիտակ-կարմիր խաչով դրօշակներն վերստին կը պարզուին Վարանդայի եւ Խաչէնի եզերքներէն, պայմանական նշան մը խումբերու կողմէն, թէ՝ «պատրաստ ենք»: Առաջին կռիւը վերջացեր էր Շուշիի մէջ եւ այնտեղէն հարիւրաւոր թուրք ձիաւորներ կը վերադառնային դէպի Աղտամի իրենց որջերը: Բայց կը վախնային անցնիլ Ասկերանէն։ Լսեր էին որ հայ զինուորները փակեր էին անցքը. զինուորները կը համախմբուին Խոճալուի մօտ եւ երկար ատեն չեն յանդգնիր մօտենալու սարսափելի մարտկոցներուն: Ի վերջոյ, անոնցմէ 30 հոգի, թուրք ոստիկանապետի ուղեկցութեամբ, յառաջ կը շարժին: Հայ հերոսները չեն ուզեր այդ 30-ի պատճառով վիժեցնել աւելի մեծ ծրագիր մը եւ կը ձգեն, որ անցնին, սպասելով ձիաւորներու աւելի ստուար բազմութեան: Խոճալուի մէջ հաւաքուած խուժանը, տեսնելով 30-ի ապահով անցնիլը, կը քաջալերուի, խորհելով անշուշտ, որ ճամբան բաց է, թէ հայերը լքեր են իրենց դիրքերը, մաս առ մաս կը սկսին նոյնպէս յառաջանալ դէպի կիսաւեր պարիսպները: Նախ կ՛անցնին 11 թուրք հրոսակներ, համարձակ, ինքնավստահ եւ կը մտնեն պարիսպներուն մէջ։ Տղաները չորս կողմէն շրջապատելով, այնպէս յանկարծակիի կը բերեն անոնց, որ պաշարուածները աղաղակելու անգամ ժամանակ չեն ունենար եւ կը կոտորուին:

Խոճալուէն, այժմ աւելի քաջալերուած, ձիաւորներու ահագին բազմութիւն մը կը դիմէ դէպի Ասկերան, շուրջ 200 հոգի: Եւ երբ ամբողջ ձիաւոր հրոսակախումբը կը մտնէ պարիսպներէն ներս, անիկա կը յայտնուի մեր հրացանաւորներու երկաթէ օղակին մէջ… տղաքը չորս կողմէն միահամուռ կը սկսին կրակել: Թշնամին խելակորոյս կը սկսի ելք փնտռել, փորձելով ետ փախչիլ դէպի Խոճալու, Շուշի: Բայց ճամբուն բերանը խցանի նման բակ էր եւ անոնց ճակատին կ՛որոտան մեր յետսապահներուն հրացանները: Ձիաւորները իրենց խուճապահար երիվարներով պտոյտ կու գային կախարդական շրջագիծին մէջ: Ահաւոր «մեռելապար» մըն էր. շատերն ի հարկէ գետին կը փռուին, մաս մը կը կարողանայ քշել դէպի Հասան աղայի բնակավայրը։ Այնտեղ ալ մեր զինուորներու ուրիշ խումբ մը նախօրօք դիրք բռնած էին եւ կը սկսին գնդակոծել փախչող թշնամին:

Այդ դժոխային փորձառութիւնը կը կատարուի այնպիսի գահավէժ արագութեամբ, որ հրոսակներէն ոչ մէկը ժամանակ կþունենայ հրացանը ուսէն վար առնելու, փամփուշտ մը արձակելու: Կը բնաջնջուի գրեթէ ամբողջ արշաւախումբը: Երկու հարիւր ձիաւորներէն կրնան ճողոպրիլ ընդամէնը վեց հոգի:

Դէպքը կը տեւէ մօտաւորապէս երկու ժամ: Մարդոց եւ ձիերու դիակները խառն ի խուռն թափթփուած էին պատկառելի տարածութեան մը վրայ: Տղաներու ձեռքն անցան մեծ քանակութեամբ ձիեր ու զէնքեր: Թշնամիին կորուստը մեծ էր նաեւ որակով: Այնտեղ՝ Ասկերանի մէջ, գերեզման գտան շատ մը նշանաւոր ,բեկե-եր, այլ խօսքով՝ աւազակապետեր, դրամի ու հեղինակութեան տէր, որոնք ամենայն դիւրութեամբ արշաւախումբեր կը կազմակերպէին՝ հայ ժողովուրդը թալանելու եւ կոտորելու նպատակով: Հայերուն կորուստը իրենց արձակած փամփուշտներն էին միայն:

Աննկարագրելի էր ժողովուրդին բերկրանքը Վարանդայի եւ Խաչէնի մէջ: Այդ դէպքէն յետոյ էր որ Համազասպի հռչակը կը տարածուի Ղարաբաղի մէջ: Թուրք խուժաններու համար վանեցի կտրիճը ճշմարիտ հոգէառ սաթայել մըն էր: Անոնք կը յիշատակէին հերոսին անունը անէծքով ու զարհուրանքով: Իսկ հայ աշխատաւոր ժողովուրդը կ՛երգէր խանդավառ իր «ՀԱՄԱԶԱՍՊԸ ՊԱՆԾԱԼԻ»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles