Բառագիտական (12)

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

Այսօր  կը վայելէի հերթական հանդիպումս  Գրիգոր Զոհրապի հետ:

Եւ առ այդ ընտրած էի «Մամայիդ բարեւ ըրէ» նորավէպը, որմէ այսքան տարի է  չեմ կշտացած. զայն կարդացած եմ  գոնէ…տասը անգամ՝ ամէն անգամ ալ օրհնելով հեղինակը եւ նորովի հարց տալով, թէ ինչպէս կարելի է այսքան գեղեցիկ գրել:

Եւ ահա ինկայ  անծանօթ,– ըսել կ’ուզեմ բազմիցս ստուգուած ու ապա մոռցուած (Ծերանում ենք, սիրելի՛ս),–  բառի մը վրայ, որ է փերեւետիկ.

«Ես արհամարհանքով կը նայէի այդ փերեւետիկ տղոց»:

Աստուած «Նայիրի բառարաններ»-ու  կայքը ազգին նուիրողներու կեանքը երկարէ: Օրերը որքա՜ն դիւրացան. ստեղնի քանի մը հպում, եւ ահա մեր բոլոր բառարանները տրամադրութեանդ տակն են: Ուրեմն անցնինք գործի:

***Գայայեան՝                        փերեւետել  –  սիգալ, կոտրտուիլ, սամսարիլ

***Ճիզմեճեան վ.՝                  փերեւետել  –  ինքզինքը  փայփայել, հագուիլ, սգուիլ

***Տէր Խաչատուրեան         չունի…

***Կռանեան՝                                     փերեւետել –  ինքզինքը փայփայել, պճնիլ, սիգալ

***Ճերեճեան եպս.               չունի…

Ինչպէս կը տեսնենք, կա՛մ բառս, որ ածական մըն է, բացակայ է արեւմտահայ բառարաններէն, կա՛մ մէկ քանին դրած են  համապատասխան բայը. ճիշդ է, որ բային հիմամբ դժուար չէ գուշակել ածականին՝ փերեւետիկ-ին իմաստը, այսուհանդերձ անոր բացակայութիւնը բարացուցական է. մեր բառարանագիրները պարզապէս չեն կարդացած Զոհրապի գրութիւնը, իսկ եթէ որեւէ տեղ հանդիպած ալ են, ապա կարեւորութիւն չեն տուած անոր: Սակայն կայ…բայը.  այս մասին քիչ անդին:

Գալով արեւելահայ բառարաններուն՝

***Մալխասեան՝                   փերեւետել –  պճնուել, սիգալով ման գալ , աշխատել                                                                                                                                 իրան ցոյց տալ

փերեւետիկ – պճնուած, հագուստով սիգացող, chic

***Ակադեմիա՝                      փերեւետիկ – պճնուած, զուգուած

Կը բերէ Զոհրապի՝ վերը նշուած նախադասութիւնը, կը նկատէ՝ «հնացած»:

***Աղայեան՝                          փերեւետել  – պճրուել, պճնուել

փերեւետիկ – պճնուած, զարդարուած, զուգուած

Ան բերած է նաեւ փերեւետում  գոյականը, իսկ փակագծերու մէջ դրած է՝  «արեւմտահայերէն, բանաստեղծական, հնացած»:

          ***Սուքիասեան՝                   փերեւետել  –  պճնուել, ծեքծեքել            

փերեւետիկ – պճնուած, ծեքծեքուն- նազկտան

          Հիմնուելով վերը հաւաքած նիւթերուն վրայ՝ կարելի է ըսել՝

—այս բառը մաս կազմած է մասնաւորաբար արեւմտահայ իրականութեան,

—լայն շրջանառութիւն չէ ունեցած  ան,

—աւելի խոր սերտուած է արեւելահայերու կողմէ:

Արեւմտահայ հեղինակները գոհացած են զիրար ընդօրինակելով՝ մեկնակէտ ունենալով Գայայեանը եւ Մալխասեանը, որոնք իրենց  կարգին եւ իրարմէ անկախ  հիմնուած են «Նոր հայկազեան»-ի վրայ:

*      *

*

Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէր ան գրաբարի մէջ:

Ուրեմն ենթադրելի է, որ մեր մատենագրութեան մէջ բաւական կիրարկուած բառ մը եղած է, քանի կը ներկայացնէ ուղղագրական չորս տարբերակներ. կարգով՝

-փերեւեդեմ

                             -փերեւեթեմ

                             -փերեւետեմ

                             -փերեւերտեմ

          Աշխարհաբարը ասոնցմէ որդեգրած է երրորդը՝ փերեւետեմ:

Արմատակից ուրիշ բառեր չունի գրաբարը,   չունի մասնաւորաբար փերեւետիկ ածականը, որ, ուրեմն,  հնարուած պէտք է ըլլայ աշխարհաբարի մէջ:

Միւս կողմէ՝ կը գտնենք բնագրային քանի մը տասնեակ օրինակներ, որոնք քաղուած են մեր հին մատենագրութեան ողջ օժիտէն, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր  մեծ կենսունակութիւնը, որուն խոտոր կը համեմատին աշխարհաբարի մէջ բառիս վայելած վարկն ու յաճախականութիւնը:

Այպէս կը մեռնին բառերը…

          Մեկնաբանութիւն

ա) Գրաբար: Նախ կը ճշդէ, որ բայս հաւասարապէս ներգործական ու կրաւորական է: Հոմանիշներ՝ տածել՝ դարմանել՝ յարդարել զանձն.  զարդարել, պճնել, սերթերթել, ճեմել սիգալով:

բ)  Աշխարհաբար՝ ինքը զինքը փայփայել, հագուիլ-սգուիլ, սազել, տիւզէն ընել, քեսիմ իւլվան ծախել, սլընկ-պլընկ պտտիլ:

Հոմանշային այսքան ճոխ  ցանկի մը ի տես կարելի է ապշիլ միայն:

Ծանօթ.—Մխիթարեաններուն,– եւ ի մասնաւորի հայր Աւգերեանին,–  համար աշխարհաբարը ոչ-գրական,  ռամիկ լեզու մըն էր, չըսելու համար՝ արհամարհելի: Իր օրերուն այս համարումը արդարացնող  շատ կողմեր ունէր  մեր բարբառը. չմոռնանք, ան այնպիսի լեզու մըն էր, որ տեղին համեմատ…թուրքերն իսկ կը հասկնային, ինչպէս կը վկայէ Աճառեան: Ահա այս տեսանկիւնէն ալ մեկնած՝ ան բերած է գրական արեւմտահայերէնէն մերժուած հոմանիշներ եւս՝ տիւզէն ընել, քէսիմ իւլվան ծախել, սլըընկ-պըլընկ պտտիլ, որոնք թրքերէն պէտք է ըլլան կամ օրուան պոլսահայերէնը:

Եւ վերջապէս  հետաքրքրականն ու հաճելին այն է, որ այս մէկ հատիկ բառի լուսաբանութեան ճամբուն  վրայ հանդիպեցանք այնպիսի  բառերու, որոնք իրենց կարգին  ուշագրաւ   նորութիւններ են եւ «արժանի գրոց յիշատակութեան»,  ինչպէս՝ սամսարիլ,   նազկտան, սերթերթել…Ուրեմն  մեր ազգային պատմութեան մէջ եղած է ժամանակ, ուր մեր նախնիները այս բառերով  խօսած են:

Ո՜վ  դարք, ո՜վ բարք:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles