Թորգոմ Քահանայ Չորպաճեան
Ուստըր – Մասաչուսէց
Ծ․Խ․- Երեք անգամով, լոյս պիտի ընծայենք այս հետաքրքրական գրութիւնը, որ կը ներկայացնէ սփիւռքահայութեան ցաւերն ու հոգերը։
Ա․
-Հա՛տ մըն ալ ինկաւ:
Գարոլինին ըսելն ու ներս մտնելը մէկ եղաւ. ռումբին ձայնը այս անգամ սովորականէն աւելի խլացուցիչ էր, քան նախորդ անգամներունը:
Ճի՛շդ է, բնակիչներուն ականջները արդէն վարժուած էին ռմբակոծումներու կշռոյթին, սակայն երբեմն անսովոր բան մը կ’ըլլար. պատերազմական օդանաւի թռիչքը սովորական պայթիւններու ձայնը կը խանգարէր, ուժեղ ռումբի մը արձակումը կ’աւելցնէր ցանկը միտքի մէջ տեղ գրաւող ռումբերու անուններուն: Շարունակուող պատերազմի արդիւնքներէն մէկն ալ այս է, արդէն: Ամէն մարդ մասնագէտ կ’ըլլայ զինուորական աշխարհի մանրամասնութիւններուն, ցած աստիճանի սպաներու շարքերու գիտութենէն մինչեւ հրետանիներու, զէնքերու ու փամփուշտներու տեսակներու խոր ծանօթութիւնը:
Մութը շատոնց իր թաթերուն մէջ առած էր թաղը, շրջանը, Հալէպը: Երեկոյ ըլլալուն համար չէր, որ մութը կոխած էր, այլ ելեքտրականութեան պակասին: Մարդիկ ասոր ալ վարժուած էին: Շատո՜նց մոռցուած էին Հալէպի երեկոները, որոնք ոչ թէ օրուան աւարտ, այլ նոր սկիզբի յուշարարներ էին: Սովորաբար, երեկոն այլ երկիրներու ու քաղաքներու մէջ հանգիստ ու յաջորդ օրուան պատրաստութիւն կը խորհրդանշէ: Հալէպի համար երեկոն փնտռուած այցելութիւններու, գերզբաղ ճաշարաններու, նշանաւոր քանի մը պողոտաներու ու շրջաններու մայթերուն վրայ եռուզերով ու բամբասանքով լեցուն մարդկութիւնը կը խորհրդանշէ: Գոնէ պատերազմէն առաջ:
Անսովորէն սովորականին բնաւ չանցնողը մութին եւ անորոշութեան մէջ անակնկալ պայթիւնն ու յարձակումներն էին, անսպասելի առճակատումները, որ չես գիտեր ինչու նոր վիճակին վարժուած բնակիչներուն սթաթիւս քոն կը խանգարէին: Գաբրիէլեաններու ընտանիքի՛նը մանաւանդ:
Այս ընտանիքը կը բաղկանար չորս անդամներէ: Խաչիկ, ընտանիքին հայրը, որ արդուկիչի խանութ ունէր: Ան նախապատերազմեան շրջանին հազիւ ընտանիքին օրապահիկը կը շահէր, ամէն գիշեր հազարումէկ մղձաւանջով գլուխը բարձին կը դնէր ու կը մտմտար յաջորդ օրուան իր շահելիքին կամ չշահելիքին մասին: Զեփիւռ, մայրը տունին, շատոնց դադրած էր բախտը անիծելէն, կեանքին իրեն տուած այս «հրաշալի» ամուսինին համար, որ հոգիին մէջ աւելի բարձրին երթալու թռիչք չէ ունեցած: Յօժարակամ՝ զոհած էր իր երազները, բախելով իրականութեան ամուր ժայռին, բարեկամի մը միջոցաւ համոզելով դպրոցի մը հոգաբարձութիւնը, որպէսզի ընդունուի իբրեւ տնտեսուհի, «մայրիկ»:
Լեւոն, 23 տարեկան, Ազգային վարժարան աւարտելէ ետք մտած էր Հալէպի պետական համալսարանի գրականութեան բաժանմունքը: Պատանեկութենէն արդէն գրականութեան հակում ունէր: Իր ուսուցիչները նկատած էին գրական նիւթերու ու յատկապէս հայ լեզուի հանդէպ ունեցած սէրը, երբ ան դպրոցի գրադարանէն կ’առնէր ու կը լափէր գրական գլուխ գործոցները, Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերուն ու Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծութիւններուն կողքին Նիզար Գապպանիի ու Հաննա Մինայի գոհարները: Ուսուցիչները յանձնարարած էին որ երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք անպայման դիմէ հայագիտական հիմնարկ կամ հայագիտական մասնագիտութիւն ունեցող համալսարան: Հայաստանի պետական համալսարանն ու Լիբանանի Հայկազեան համալսարանը երազներ էին Լեւոնին համար, որոնք սակայն անիրականալի էին՝ նիւթական անձկութեան պատճառով: Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի գաղափարն ալ ծնողքին շատ համոզիչ չէր: Հայրը կ’ուզէր որ հայկական միջավայրէն քիչ մը դուրս ելլէր իր առջինեկը: Ան թէեւ սկիզբը ընդդիմացաւ տղուն գրականութիւն ուսանելու փափաքին, սակայն երբ լսեց, որ ան կ’ուզէ Հալէպի պետական համալսարանը երթալ, արգելք չհանդիսացաւ: Լեւոնին ծնողները շատոնց վարժուած էին իր անգործնական նկարագիրին, արուեստագէտի հովերուն ու այդ աշխարհին մէջ իր թափահարող հոգիին, թէեւ ապագային կարեւոր անձնաւորութիւն մը ու զիրենք «փայլեցնելու» բան մը կը տեսնէին իր աչքերուն մէջ: Տղան իսկապէս շնորհալի էր, բայց այդ բաւակա՞ն էր շահելու անիրաւ մամոնան:
Գարոլին 16-ամեայ էր, որ վարդի նման կեանքին բացուելու նախօրեակին նոյն կեանքէն ճաշակած էր իրեն հրամցուած ամենէն դառնը՝ պատերազմի արհաւիրքը: Իր տարիքէն աւելի մեծ կ’երեւար, զրկուած ըլլալով եղբօրը ապրած պատանեկան կանուխ տարիները բնորոշող ամէն բանէ: Շատ պահանջկոտ ալ չէր. կը բաւէ, որ իր ծնողքն ալ որոշէր իր ընկեր-ընկերուհիներու ծնողներուն նման դուրս գալ այս դժոխքէն: Գարոլին կը դիտէր իր ընկերուհիներուն նկարները. անոնք կրցած էին դուրս գալ քաղաքէն ու հասնիլ Գանատա-այդ ճերմակ Գանատան: Կը դիտէր այդ նկարները. կանաչութիւն ամէն կողմ, ընդարձակ տուներ, դէմքերու լայն ժպիտներ, դպրոց շարունակելու դիւրութիւն ու միւս կողմէ բաղդատական մը կ’ընէր իրենց կեանքին հետ. ո՞ր մէկէն սկսէր: Ելեքտրականութենէ՞ն, ջուրէ՞ն, զրկանքէ՞ն, վախէ՞ն, այդ անիծեալ մահէն, որուն նիւթը բոլորին շրթներուն վրայ էր: Գարոլին կ’ապրէր այն աշխարհին մէջ, որ ինք շինած էր իր երեւակայութեան մէջ: Ամէն անգամ որ ձայները կը սաստկանային, կը բանար ֆէյսպուքը, կը դիտէր նկարները, ու անվերջ կ’երազէր: Ի՛նքն ալ անոնց հետ էր, միտքով, աչքերով, սիրտով: Ի՛նքն ալ նոյն բաները կ’ուտէր, նոյն տեղերը կ’երթար, նոյն առիթները կը վայելէր: Ներքին ցաւէն ու յուսահատութենէն փախչելու ձեւերը շատ են: Ոմանք՝ անձնատուր են երեւակայութեան, իսկ ուրիշներ երեւակայածին աշխարհներու դեգերումներով ներքին ցաւը կ’ամոքեն:
Գարոլին չբաւարարուեցաւ իր շինած աշխարհին մէջ մեկուսի ապրելով: Օրէ օր քաղաքը լքելու նիւթը կը բանար ծնողներուն առջեւ: Խաչիկ կը նեղանար, կը հայհոյէր.
-Ես ո՞վ եմ որ երթամ. ես ի՞նչ գիտեմ, ի՞նչ լեզու խօսիմ: Յետոյ մեզի ո՞վ քէֆիլ պիտի ըլլայ: Այս գացողները ազգական ունին, ընկեր ունին, փարա ունին, եավրում: Ասիկա մեզի պէս պէչէրէներուն համար չէ:
Գարոլին չէր համոզուեր այս խօսքերէն: Կը բացատրէր, որ հօրը ըսածները անյաղթահարելի պատուարներ չեն, թէ ունէր համեստ ընտանիքներու ընկերներ, որոնք կրցած էին միջոց գտնել ու ծանօթներու ճամբով փրկուիլ այս դժոխքէն:
Մայրը քիչ կը խառնուէր երկուքին վիճաբանութեան: Կը մեղքնար ի տես աղջիկին միամիտ ու բարի նպատակ հետապնդելու ձգտումին: Աղջիկը տակաւին չէր գիտեր, կը մտածէր մայրը, թէ որքան ալ իրաւացի ըլլային իր փաստարկները, համոզիչ՝ բացատրականները, հարցը իր հօր անկամ ըլլալն էր, ո՛չ՝ միջոցներու պակասութիւնը: Ինք տարիներով ըմպած էր այդ բաժակէն, որուն հետ իր աղջիկը հիմա շունչ կը հատցնէր: Խաղաղութեան օրերուն իսկ թեւ ու թռիչք չունեցող մարդուն հիմա ինչպէ՞ս կարելի է ներշնչել: Կեանքի մէջ տաքարիւնութիւն չունեցող արարածին ինչպէ՞ս կարելի է յանդուգն քայլ մը առնելու հաւատք հրահրել: Լաւ օրերուն ինքզինք բարելաւել չգիտցողին ինչպէ՞ս պիտի համոզես, հազար փամփուշտի ու ռումբի տակ, որ դուրս գայ իր պատեանէն, փախչի, այո՛, փախչի, ետին ձգէ ամէն բան, նորը շինելու ու վերստին սկսելու ազնիւ մտադրութեամբ: Պատերազմը նկարագիրներ կը փորձէ, կեղեւէն անդին միջուկին կ’երթայ ու մարդուս դիմակները մէկ առ մէկ վար կ’առնէ:
Գարոլինին գանգատներն ու անվերջ դժգոհութիւնները վերջ չունէին: Յուսահատ՝ հօր կրաւորական կեցուածքէն, դիմեց մօրն ու եղբօրը: Մայրը հասկցուց, որ հօրը հետ նոր տեղ երթալու գաղափարը արմատախիլ ընէ իր գլուխէն: Իսկ Լեւոն, ի տես նոր վիճաբանութիւններու սաստակցումին՝ վռնտած էր զինք իր սենեակէն ու արգիլած՝ իր ներկայութեան ճամբորդութեան նիւթ բանալու: Գարոլին դիմեց այլ ձեւի. գանգատեցաւ որ կը վախնայ, դպրոց չի կրնար երթալ: Սկիզբը ոչ ոք մտիկ ըրաւ իրեն ու ոչ ոք կարեւորութիւն տուաւ իր խօսքերուն: Սակայն Գարոլինին լացն ու կոծը ալ վերջ չունէին: Կը մերժէր դպրոց երթալ, կամ դաս սորվիլ: «Ջիղերս խանգարուած են», յաճախ կ’ըսէր ու դժկամակութեամբ գիրք կը բանար: Այս մէկը անվերջ անհամութիւններու դուռ կը բանար տան մէջ:
Մայրը հետզհետէ համոզուեցաւ Գարոլինին վախով: Միտքին մէջ մշուշոտ ծրագիր մը կազմուած էր արդէն. իրենք երեքով մէկ կ’անցնին Լիբանան, հայրը «հանգիստ» ձգելով իր սիրած տեղն ու տունը: Զեփիւռ կը փորձէր տեղ մը գործ գտնել՝ տնտեսուհի, տան մէջ աշխատող, մաքրող կամ ճաշ եփող: Այս ձեւով Գարոլին կրնար շարունակել իր դպրոցը: Իսկ Խաչիկ արդէն համալսարանը աւարտած էր ու տարիէ մը ի վեր տան մէջ գիրքերու հետ իր օրերը կ’անցնէր: Կ’ամչնար նոյնիսկ ծնողքէն դրամ ուզելու: Մայրը գաղտնի կու տար չնչին գումար մը, թէ՛ ամուսինին լեզուին ճախրանքի առիթ չտալու, թէ՛ տղուն գէշ ընթացքի չվարժեցնելու:
Գարոլին, սակայն, այս անգամուն չուզեց հնարքի դիմել: Իր եղբօր յամառութիւնը գիտէր արդէն: Ան հօրմէն այս յատկութիւնը ժառանգած էր, որ եթէ ճիշդ ընթացքի ու լաւ նպատակի համար գործածուի, իսկական օրհնութիւն մը կ’ըլլայ, իսկ եթէ իր հոգիին մէջ ազնիւ նպատակ չունեցողի մը մէջ ըլլայ, ինչպէս իր հօր պարագային, պարզապէս կ’ըլլայ աղիտաբեր:
Գարոլին գիտէր որ եղբայրը գրականութեան բարձր՝ մագիստորոսի վկայականի ու յետոյ դոկտորականի մասին տան մէջ անվերջ կը խօսէր: Ափսոսանքով կը յայտնէր, որ Լիբանան ու յետոյ Հայաստան անցնիլ կ’ուզէ՝ իր երազը իրականութեան վերածելու: Իսկ հիմա պատերազմի դաժան պայմաններով ստիպուած էր տունը գամուիլ: Հայրը ցնդաբանութիւն կ’որակէր տղուն խօսքերն ու իղձերը, իսկ մօր համար ներքին ցաւերու նոր դռներ կը բանար այդ անբախտ տղուն փափաքը: Կեանքի մէջ ինք տեղ չէր հասած. հիմա գոնէ իր զաւակը հասնէր:
Վերջապէս յարմար օրը եկաւ ու Գարոլին Լիբանան երթալու նիւթը բացաւ եղբօրը առջեւ: Լեւոն յիշեցուց, որ ինք չ’ուզեր նոյն անհեթեթութիւնը կրկին լսել: Գարոլին իր խորամանկ նայուածքը եղբօրը վրայ յառած՝ ըսաւ.
-Հիմա դուն կը կարծես, որ ես միայն ինծի՞ համար կ’ուզեմ հոսկէ հեռանալ:
-Հապա ինչի՞ համար: Դեռ գնա ֆէյսպուքովդ ապրիր: Երազէ այդ ընկերուհիներուդ նկարները դիտելով:
-Լեւո՛ն, աղբարիկս, ես ինծի համար չէ միայն, որ կ’ուզեմ ելլել: Քու մասիդ ու մամային մասին ալ մտածեցի: Մաման կը տեսնես ինչպէս խաչ կ’ելլէ ամէն օր այդ մարդուն պատճառով: Ընկերներուդ մեծ մասը արդէն կրցաւ դուրս ելլել: Դուն մինչեւ ե՞րբ ասանկ պիտի մնաս:
-Գարոլին, հաճիս զիս մի՛ փորձեր այս խօսքերով համոզել: Մամային-պապային հարցը վերլուծելն ու լուծումներ առաջարկելը հասակէդ վեր է: Քու գիտնալիք բանդ չէ: Իսկ քեզի՞ ինչ իմ վիճակէս: Ա՛ս է, տարբեր բան չեմ կրնար ընել: Պէտք է սպասեմ: Օր մը կը հանդարտի:
-Լեւոն, որո՞ւ վրայ խնդալ կ’ուզես: Չե՞ս յիշեր ինչպէս սկիզբը խըլսէթ (վերջացաւ) կ’ըսէին: Այս քանի՞ տարի անցաւ: Չե՞ս հաշուեր: Ո՛չ կը վերջանայ, ո՛չ բան: Յետոյ, մեզի միշտ կը խօսիս համալսարան երթալու մասին: Իշտէ կ’երթանք Լիբանան, դուն ալ ուզածդ կ’ընես:
-Ո՛ւֆ, այդքանն ալ միտքդ պահեր ես: Լա՛ւ: Իսկ անոր դրամը ո՞վ պիտի տայ: Դո՞ւն պիտի տաս, ճուտիկ:
-Ամէն բան ե՞ս պիտի ըսեմ քեզի: Հօրդ նման ես: Վարդիին եղբայրը ի՞նչ ըրաւ Պէյրութի մէջ, Գանատա չերթալէն:
-Ի՞նչ ըրաւ:
-Թէ՛ աշխատեցաւ, թէ՛ Հայկազեան գնաց:
Լեւոն գլուխը դարձուց սենեակի պատուհանին, որ ճեղքով մը բաց մնացած էր եւ սկսաւ խո՜ր մտածել : Գարոլինն էր նորէն.
-Է՜, ո՞ւր գացիր, ի՞նչ կ’ըսես:
-Հիմա գնա, յետոյ կը խօսինք:
Լեւոնի ներաշխարհը երկփեղկուած էր. մէկ կողմէ նոր յոյս մը մտած էր սիրտին մէջ, Գարոլինին խօսքերը լսելէ ետք: Միւս կողմէ անփորձառու ու վախկոտ բնաւորութեան մը արտայայտութիւնը զինք հեռու կը պահէր ամէն յանդուգն ու նոր նախաձեռնութենէ: Ինք տարիներով փորձած էր իր մէջ նստող հօր ժառանգութիւնը քանդել: Բայց հիմա այդ ժառանգութիւնը կրկին հանգչած էր իր հոգիին խորքը եւ իր շղթաներով բանտարկած էր իր էութիւնը: Ինչո՞ւ այս տատամսումը: Ինչո՞ւ այս յաւէտ կանգառը: Մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժէր իր երկմտութեան ու անորոշութեան նայելու ներքին մարմաջին:
Եթէ մէկ բան օգնեց իրեն իր սովորական ներքին խուցէն դուրս ելլելու՝ իր վիճակին ահաւորութիւնն էր: Շատ լաւ գիտէր, որ իր ձգտումներով անձ մը անկարելի է որ գործ մը ճարէ: Պիտի մնար նոյն թռչունը, որ աներեւոյթ վանդակի մը մէջ արգելափակուած է, նոյնիսկ եթէ ազատութեան խաբկանքին մէջ կ’ապրի: Պէ՛տք է բանալ թեւերը ու թռչիլ: Պէ՛տք է համարձակ նետուիլ այս առիթին: Գոնէ անգամուան մը համար իր ետին թողուլ հօրը ազդեցութիւնը, իր նման ըլլալու անգիտակից իր վերաբերմունքը: Կորսնցնելիքը ոչինչ էր: Հայրը վստահաբար իր տեղէն պիտի չշարժեր: Ան կը մնար հո՛ն, Հալէպ, իբրեւ տունին պահակը, ու որեւէ ձախողութեան պարագային անոնք կրնային ապահով վերադարձ մը ընել:
Լեւոն որոշեց կեանքին մէջ գոնէ այս անգամ վճռակամ ըլլալ: Քանի մը օր մտածելէ ու հաշիւներ ընելէ ետք, անքուն գիշերներու թաւալումէն եւ իր գիր ու գրականութեան մէջ նոր նուաճումներու երազներէն ետք՝ որոշեց միանալ քրոջը ու մօրը՝ դէպի Լիբանան: Այն Լիբանանը, որուն մասին լսած էր իր դպրոցական տարիներուն մանաւանդ, երբ իր դասընկերներէն շատեր այս ու այն պատճառով գացած էին ու գովասանքով խօսած անոր առաւելութիւններուն մասին: Անոր ազատութեան, քրիստոնեայ միջավայրին ու ժողովրդավարական ոգիին մասին:
Լեւոն օրստօրէ ո՛չ միայն շիտակ գտաւ մեկնումի գաղափարը, այլ նոյնիսկ զղջաց կանուխէն որոշում չառնելուն համար: Իր գրական հակումները հոն կամ հոնկէ ետք պիտի ծաղկէին, ինք հոն պիտի կարենար իր ուզածին հասնելու, հեռու՝ մարդոց խրատներէն, «անգործնական» ասպարէզ մը ընտրած ըլլալու պատճառով իր նկատմամբ արհամարհանքէն, մեղքնալէն, ու վերջապէս՝ հօր կարծիքէն:
Բ․
Զեփիւռ ամուսինին հետ ճամբորդութեան վերաբերեալ երկար-բարակ վիճաբանութիւն չունեցաւ: Խաչիկ սկիզբը լուրջի չառաւ իրեն ըսուածը, մինչեւ որ տեսաւ ճամպրուկներու պատրաստութիւնը: Մեկնումի նախօրեակին, վերջին ճիգ մը ըրաւ համոզելու կինն ու զաւակները, որ չերթան Լիբանան, չնետուին անորոշութեան գիրկը: Իրեն տուած պատասխաններէն ետք, ան բարձրաձայն ըսաւ.
-Գացէ՛ք, հեռացէ՛ք, ի՛նչ կ’ուզէք` ըրէ՛ք: Մի՛ մոռնաք. պիտի դառնաք-դառնաք՝ խօսքիս պիտի վերադառնաք: Ձեր տեղը հո՛ս է, հոսկէ դուրս դուք պէչէրէներու կտոր էք:
-Նորէն խեւի պէս մի՛ խօսիր, մարդ: Աս ճէհէննէմը մնալէն լաւ է երթալնիս. Բախտերնիս կը փորձենք:
-Ես ձեր բախտին….
Զեփիւռ իր զաւակներուն յայտնեց, որ իր աշակերտական օրերէն ընկերուհի ունի Լիբանանի մէջ եւ կ’ուզէ խօսիլ անոր հետ: Անոնց աչքերուն մէջ լոյս մը փայլեցաւ. ահաւասիկ իրենց բախտին նոր սանդուխ մը, նոր դուռի բացուիլ մը:
Զեփիւռ առնուազն մէկ ամիս մնալու խոստում ստացաւ իր ընկերուհիէն, մինչեւ որ իրենց յարմար բնակարան ու գործ գտնեն:
Երեքով մեկնեցան Հալէպէն: Ճամբան կը դիտէին աւերակները ամէն կողմ: Ճի՛շդ է, կը հեռանային ուրուականներու կայան դարձած երբեմնի շէն քաղաքէն, սակայն արցունքները վար կ’իջնէին իրենց այտերէն: Կարծես հոգին կը բաժնուէր մարմինէն, բոյրը՝ ծաղիկէն, երաժշտութիւնը՝ դաշնամուրէն: Իրենց սիրտին կսկիծին վրայ կ’աւելնար իրենցմէ կտոր մը հոն ձգած ըլլալու դժբախտ իրականութիւնը. ամուսինին ու հօր, որ թէեւ տարիներով իրենց ետ մնալու գլխաւոր պատճառը եղած էր, սակայն հիմա կը զգային իր անօրինակ կորուստը, անբացատրելի բացակայութիւնը: Լաւ կամ գէշ՝ միշտ եղած էր իրենց հետ: Հիմա այլեւս չկար: Հիմա զէրօ մըն էր իրենց նոր կեանքին մէջ:
Զեփիւռին ընկերուհին՝ Մարալ, սիրով ընդունած էր երեքը իր տան մէջ: Մարալ ամուսնացած էր եւ ունէր երկու երեխայ՝ չափահաս: Իրենց առաջին պտոյտին, Լեւոն ու Գարոլին պարզապէս սքանչացած էին Պէյրութի թաղերով, փողոցներով, խանութներով, տուներով, ժողովուրդին հագուածքով, ամէն ինչով: Թէեւ այս քաղաքը իրենց առաջին կայանն էր մինչեւ իրենց երազներու վայրերու մեկնումը, բայց իսկապէս ալ գէշ չէր: Այս մէկը յայտնի եղաւ, երբ մանաւանդ Մարալին ինքնաշարժով օր մը անցան Հայկազեան համալսարանի առջեւէն: Լեւոնին մէջ բան մը շարժեցաւ. պահ մը մոռցաւ ֆիզիքական վայրը, շէնքը ու միտքով թռչեցաւ իր գրականութեան մասնագիտական ուսումի աշխարհը… Պատկերացուց, թէ ինչպէս ինք դասախօսութեան սրահը կը մտնէ իբրեւ ուսանող, թէ ինչպէս իր դասերուն մէջ յառաջադէմ է, թէ ինչպէս ամէն մարդ հիացումով կը խօսի իր գրական ճաշակներուն ու գրական աշխատութիւններուն մասին: Յետոյ միտքը ինկաւ նիւթականի հարցը: Ա՜խ այս նիւթականը, այս հսկայ լեռը, երբեմն անմատչելի, միշտ վանողական, միշտ անառիկ: Բայց համալսարանի տեսքը այնքան ոգեւորած էր ու տպաւորած Լեւոնը, որ այս անգամ վճռեց իր կարելին ընել, հո՛ն հասնելու, հո՛ն ըլլալու համար: Ձեռքերը սեղմեց ու ըսաւ՝ «պիտի՛ ընեմ, պիտի՛ երթամ…»:
Փոխադրուելէն քանի մը օր ետք, Զեփիւռ խօսեցաւ Մարալին բնակարան մը գտնելու մասին: Ինք միտքին մէջ վարձու տան գումար մը ունէր: Կը կարծէր, որ պզտիկ տուն մը հայկական շրջանի մէջ վարձելը փոքր գումարով կարելի էր: Մարալ ըսաւ.
-Զեփիւռ, գիտե՞ս, որ այս փնտռածդ քանի մը տարի առաջ կը գտնուէր: Անցա՛ն այդ օրերը: Հիմա ծակի մը չափ տունը սղած է:
Երբ Մարալ Զեփիւռին յայտնեց տուներու իսկական գիները, Զեփիւռ սահմռկեցաւ: Չէր հաւատար լսածին: Նոր մտահոգութիւն մը անմիջապէս ծնաւ իր մէջը: Ի՞նչ պիտի աշխատէր, որ ճարէր այդ գումարը: Իսկ մի՞ւս ծախսերը: Արդեօք Լեւոն յարմար գործ պիտի գտնէ՞ր:
Այս բոլորը բարձրաձայն կը մտածէր Զեփիւռ, իրեն հետ Գարոլինն ալ, որ անհաւատալի ուրախութեան մէջ կ’ապրէր, կը տօնէր իր տարած փառաւոր յաղթանակը՝ մայրն ու եղբայրը համոզելու. բայց հիմա մօրը հետ ինքն ալ մտահոգութեան անտառին մէջ կը տառապէր: Միայն Լեւոնն էր, որ պատշգամը նստած՝ կ’ապրէր իբրեւ բնակիչը իր ստեղծած նոր տիեզերքին մէջ: Թո՛ղ մայրը մտահոգուէր, գանգատներու տոպրակը բանար, յուզուէր, բախտը նորէն անիծէր, նեղութենէն արցունք թափէր. իրեն համար ցանկալի նոր բան մը կար, որ հետզհետէ աւելի կը յստականար: Ինք այնքան պարուրուած էր ուսումի ապագայի նիւթով, որ նոյնիսկ եթէ տուն չգտնուէր իրենց համար, պատրաստ էր փողոց պառկելու՝ միայն հասնելու իր սիրելի նպատակին:
Յաջորդ օրերուն կեանքը գործի փնտռտուք մը եղաւ Զեփիւռի եւ Լեւոնի համար: Զեփիւռ «մասնագիտութիւն» մը ունէր գոնէ, Մարալին ամուսինին ունեցած կապերուն միջոցով դիմեց շարք մը կրթական հաստատութիւններու: Ի վերջոյ ընդունուեցաւ հայկական երկրորդական վարժարանի մը մէջ իբրեւ տնտեսուհի: Գէշ չէր խոստացուած վարձատրութիւնը: Լեւոնին գտնելիք լաւ գործին հետ ան պիտի բաւարարէր ընտանիքին տարրական կարիքները, մղելով զիրենք ապրելու սեղմ ձեռքով, մինչեւ լուսաւոր ապագայ:
Լեւոն ամբողջ օր մօրը հետ, երբեմն Մարալին ու անոր ամուսինին, թափուած էր փողոցները: Քանի որ մայրը յարմար յարկաբաժին մը գտած էր հայկական շրջանի մէջ, Լեւոն կ’ուզէր տունին մօտ տեղ մը գործ գտնել: Սկզբնական արդիւնքները յաջող չէին. Լեւոն ոչ միայն գործի ատակ չէր, ան ո՛չ մէկ փորձառութիւն կամ ախորժակ ունէր: Կեանքը անցուցած էր գիրքերու երազային ու վերացական աշխարհներուն մէջ. իր հոգին միշտ գաղափարական, ընդհանրական ու մաքուր ոլորտները ճախրած էր: Ու նաեւ այդ երազով ապրած էր, որ ինք ապագային այդ միեւնոյն գաղափարներու արտայայտիչը պիտի ըլլար իր գրիչով, իր տաղանդով: Հիմա ինչպէ՞ս վար իջնէր իր երազէն, իր բարձունքէն: Իրեն համար գործի աշխարհը նետուիլ՝ հեռու մտաւորական աշխատանքի հաճոյքէն ու գեղարուեստական կեանքի վայելքէն, պիտի նմանէր ձուկի մը, որ ջուրէն ելլելով քալել կը սորվի…
Մարալին ամուսինը ի վերջոյ համոզեց Լեւոնը, որ աշխատանքի վայրին շատ ուշադրութիւն չդարձնէ: Լեւոն երիտասարդ էր ի վերջոյ: Երկար տարածութիւններ կրնար քալել, յոգնելու պարագային հանրակառք առնել, իսկ ճաշի հարցն ալ՝ նախօրօք տունը եփուածը տանիլ կամ քիչով բաւարարուիլ լաւագոյն լուծումն էր: Մարալին ամուսինին միտքին մէջ արդէն բան մը կը դառնար: Որոշած էր խօսիլ իր բարեկամին հետ, որ ճաշարաններու հետ գործ ունէր: Պահանջուածը մասնագիտութիւն չէր. քանի մը օրէնքներ սորվիլ, ամէն առաւօտ կոկիկ հագնիլ ու երես ածիլել, յաճախորդներու հետ լաւ յարաբերիլ, առանց մոռնալու անոնց ապսպրանքները…. Այո՛, սպասեակի գործն էր….:
Ընթրիքին երբ Մարալին ամուսինը սեղան նետեց իր առաջարկը, Լեւոն պարզապէս թթուեցաւ: Իր ուսումով ու հետաքրքրութիւններով մէկը, ապագայի մշուշոտ ծրագիրներու բնակիչ մը, գործ չմնաց որ սպասեա՞կ ըլլայ:
-Հապա ի՞նչ կ’ուզես ընել, ըսաւ Մարալին ամուսինը, պիտի երթաս փրոֆէսօ՞ր ըլլաս: Չէ որ տեղերը պարապ են, կը սպասեն որ Սուրիայէն մարդիկ գան ու լեցնեն:
-Տղա՛ս, ըսաւ Մարալ, մենք քեզի չենք ըսեր, որ ամբողջ կեանքդ սպասեակ ըլլաս: Դուն շնորհալի ու խոստմնալից երիտասարդ ես, ունիս քու հակումներդ: Բայց դուն լաւ գիտես այդ արաբական առածը, որ կ’ըսէ. «քամիները նաւերու ցանկացածին հակառակ ուղղութեամբ կ’երթան»:
-Գիտեմ, թանդիկ, Ալ-Մութաննապին է ըսողը:
–Աֆէրիմ, դուն այս բաները լաւ գիտես: Մեր ուզածը միշտ չէ որ կ’ըլլայ, երբեմն պէտք է յարմարինք կացութեան, մինչեւ որ մեր ուզածը ըլլայ:
Ա՜խ այս երբեմնը: Լեւոն կը մտածէր, որ ինք իր ամբողջ կեանքը այս երբեմնով ապրած էր: Կը զգար նաեւ, որ երբեմնը միշտ իր թեւերը լայն պիտի տարածէր իր վրայ, այդպէս, անվերջ: Իր միտքը կու գար կերպարանքը սպասեակի, որ ինք Հալէպ տեսած էր. տգէտ, ամէնուն կողմէ գութի արժանի, սմսեղուկ, շողոքորթութիւն ընող, քանի մը ղրուշի համար հոս-հոն ծառայութիւն մատուցող: Ինք անձնապէս բան մը չունէր սպասեակներու դէմ. գործը գործ է, այնքան ատեն որ պարկեշտ բան մըն է: Բայց մարդիկ ի՞նչ պիտի ըսէին: Ինք այս նոր շրջապատին մէջ առաջին իսկ օրէն իբրեւ սպասեա՞կ պիտի ճանչցուէր: Իբրեւ…իբրեւ…իր լսած ու չսիրած բառով՝ կարսո՞ն:
Իրեն անծանօթ շրջանակին մէջ, երբ կրնար ճանչցուիլ իբրեւ գրող, իբրեւ մշակոյթի գործիչ, իբրեւ գիրքերու աշխարհին մէջ ապրող ու շնչող մտաւորական, հիմա պիտի ճանչուէր իբրեւ…կարսոն: Եւ այդ մակդիրը ով գիտէ մինչեւ երբ իր վրայ պիտի մնար: Բայց մէկ կողմէ մտածեց Մարալին խօսքերուն մասին: «Իսկապէս ալ», ըսաւ ինքնիրեն, «ես իմ ամբողջ կեանքս հոս պիտի չմնամ, այս գործը երկար պիտի չաշխատիմ: Ասիկա ապրուստի միջոց պիտի ըլլայ մինչեւ որ երթանք յաջորդ կայանը, Հայաստան կամ Գարոլինին սիրած կանաչ Գանատան: Հոն պիտի նետուիմ իմ գրականութեան: Հոն մարդոց պիտի բացուիմ այնպէս, ինչպէս որ եմ: Այլեւս կողմնակի եւ ստորնացուցիչ գործ պիտի չունենամ»:
Լեւոնին միտքը նախքան Գանատա թեւածելը պահ մը ինկաւ Հայկազեանի շէնքը: Հայաստանի կամ Գանատայի մէջ մասնագիտական ուսում շարունակելը իր ամէնօրեայ հացն ու ջուրն էր, բայց դեռ ապագայի անյստակ ծրագիր էր, տեսակ մը մշուշոտ: Ինք այդ անունները լսած էր եւ իր երեւակայած բաները հոն փնտռած: Երբեմն ալ կուկըլով փնտռտուք կ’ընէր, կը կարդար անոնց մասին ու բազմաթիւ նկարներ կը դիտէր: Սակայն այդ բոլորը վըրչուըլ աշխարհին մէջ կը գտնուէր միայն: Իսկ Հայկազեա՞նը: Անիկա միս ու ոսկոր էր իր առջեւ, քանի որ տեսած էր շէնքը, ուսանողներու խումբ մը, եւայլն… Պահ մը գլուխը բարձրացուց, վեր նայեցաւ ու յետոյ բացագանչեց. «ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…ես ի՞նչ գործ ունիմ ճաշարաններուն մէջ: Ափսէ՞, պնա՞կ, կերակուրի համար ժամերով ոտքի կենա՞լ…»: «Ես հո՛ն կ’ուզեմ երթալ: Այսքան մօտ ըլլալէ ետք, ի՜նչ դժուար բան է անկէ հեռու մնալը: Աստուած իմ, այս ի՜նչ տառապանք է»: Յետոյ նստելով, շարունակեց ինքնիրեն. «Լեւոն, կը բաւէ երազէս. հերի՛ք է, դուն քեզի մեղքցիր: Գոնէ գործնական բան մը ըրէ: Աշխատէ քիչ մը, լաւ մարդոց ծանօթացիր, յետոյ համբերէ քիչ մը մինչեւ գործը կարգադրուի: Դեռ երիտասարդ ես, առջեւդ բաւական ժամանակ կայ: Այս տարի չեղաւ, գալ տարի կ’ըլլայ: Գալ տարի եթէ չըլլայ, միւսը: Կարեւորը նպատակը հետապնդելն է»:
Առաւօտ կանուխ Լեւոն պատրաստ էր արդէն՝ Մարալին ամուսինին հետ երթալու: Ան յայտնեց, որ ճաշարանը Ճիւնիի մէջ է եւ ինք արդէն գործով հոն պէտք է երթայ: Արագ նախաճաշելէ ու մօրը օրհնութեան խօսքերը լսելէ ետք, Լեւոն շտապեց Մարալին ամուսինին ինքնաշարժը, երթալու Ճիւնի:
Բաւական նոր էր արտաքինով այն ճաշարանը, որուն առջեւ ինքնաշարժը տեղաւորուեցաւ: Լեւոնին սիրտին զարկերը արագ էին, չէր գիտեր թէ իրեն ի՛նչ կը սպասէ: Մարալին ամուսինը հեռաձայն ըրաւ ու յետոյ «երթանք» ըսելով՝ գացին ու մտան ճաշարանը: Մտնելուն պէս ճաղատ ու միջահասակ մարդ մը, յիսուննոց, թեւերը բանալով դիմաւորեց զիրենք, բարեւելով ու ողջագուրուելով Մարալին ամուսինին հետ: Սկսան արաբերէն խօսիլ օրուան նորութիւններուն մասին: Յանկարծ Մարալին ամուսինը դարձաւ Լեւոնին, ու իր ուսէն զինք առջեւ հրելով, ճաղատ մարդուն ըսաւ. «Այս է, որուն մասին քեզի խօսեցայ: Տե՛ս, երիտասարդ է ու խելացի: Մեր ծանօթներն են: Նոր փոխադրուեցան Հալէպէն ու գործի պէտք ունի: Լա՛ւ նայիր իրեն»:
Լեւոն ցած ձայնով հայերէն «ո՞վ է այս մարդը» ըսաւ: «Տէրն է օղլըմ այս ճաշարանին ու բարեկամս: Հայ չէ, այլ արաբ քրիստոնեայ: Քեզի պէտք է լաւ նայի: Դուն իմ կողմէս ես»:
Լեւոն միտքէն «կը յուսամ» ըսաւ, քանի որ նկատած էր մարդուն դէմքին ծամածռութիւնը, երբ ան լսեց Լեւոնին Հալէպէն եկած ըլլալը: Գիտէր, լսած էր, որ շատ մը լիբանանցիներ դառն յիշատակներ ունէին սուրիական բանակի Լիբանան ներկայութենէն ու նաեւ այլ պատճառներով շատ չէին ախորժեր սուրիացիներէն: Սուրիական քաղաքացիական պատերազմի պատճառով անոնց հոսքը Լիբնանան աւելի սրած էր անախորժ մթնոլորտը ու շատ մը լիբանանցիներու վերաբերումը հակառակութենէն վերածած էր բացայայտ թշնամանքի եւ ատելութեան: «Ի՞նչ փոյթ», մտածեց Լեւոն, «իմ հետս տարբեր պէտք է վարուի, քանի որ ես ծանօթ բարեկամի մը կողմէ եմ: Քիչ մըն ալ ակռաներս կը սեղմեմ, կը դիմանամ, մինչեւ ուզածիս հասնիմ»: