Յ. Պալեան
Ապագան վտանգուած ժողովուրդների վերջին խաղաթուղթը՝ վերադաստիարակութիւնն է:
Գարեգին Նժդեհ
Մօտաւոր անցեալին կը հետեւէի հայաստանեան հեռատեսիլի երեք կայաններու, վերահասու կ’ըլլայի բազմակարծութեան, որ դրական երեոյթ էր: Հիմա միայն Հ1 հեռատեսիլը կրնամ դիտել, որ կարծէք ամէն օր քիչ մը աւելի կը դառնայ իշխանութեան խօսափողը: Չեմ կրնար ըսել, որ չի խօսուիր ընդդիմութեան մասին, երբեմն ընդդիմադիր ուժի ներկայացուցիչներ ալ կը հրաւիրուին եւ կ’արտայայտուին:
Կան Հայաստանի թերթերը, որոնք համացանցով հասանելի են, նաեւ բազմաթիւ կայքեր, ուր կը գտնենք հեռատեսիլային բոլոր տեսակի հաղորդումները: Գումարեցէ՛ք սփիւռքի հայալեզու եւ օտարալեզու թերթերը եւ լրատուամիջոցները, նաեւ՝ օտար թերթերու մէջ լոյս տեսնող էջերը, երբեմն անոնց շաբաթական յաւելուածները՝ նուիրուած Հայաստանի, Թուրքիոյ, Արցախի, Ատրպէյճանի եւ պատերազմի:
Ընդհանուր տպաւորութիւն մը կ’ունենայ ընթերցողը, ան ըլլայ իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր. Հայաստանի կացութիւնը ահազանգային է: Պատճառի եւ դարմանի մասին ի՛նչ ալ ըլլան կարծիքները, ազգային կեանքէն չխորթացած հայը, հայաստանցի թէ սփիւռքահայ, ընկճուած է, կառչելիք տեղ չի տեսներ ոչ երկրին մէջ ոչ երկրէն դուրս:
Ընկերաքաղաքական եւ զանգուածի հոգեբանական կացութիւնը այնպէս է, որ մարդիկ պատմութեան հանգուցային պահու աքցանին մէջ բռնուած են, անձնատուր են ընկերային ցանցերու խառնիճաղանճին, կը խօսին, կը գրեն, կը քննադատեն, դաւեր եւ գայթակղութիւններ կը յայտնաբերեն, ամբաստանութիւններ կը բազմապատկեն, առանց ոեւէ հակակշռի, համակարգումի, առարկայականութեան, խորհրդակցութեան:
Մասնաւորաբար Հայաստանի ընկերային ցանցերը, ուր կը խուժեն դժգոհ անհատները, մեծեր եւ պզտիկներ, ազատ ասպարէզ տալով իրենց դժգոհութիւններուն, քննադատութիւններուն, ամբաստանութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն, դարձած են հանրային կարծիքի խառնիճաղանճային պատկեր: Արթնցողը համակարգիչին առջեւ նստած աշխարհ կը ղեկավարէ եւ կը դատէ: Այս խօսքի ազատութիւն չէ, այլ որակում պէտք է տալ անոր, քանի որ սանձարձակ ազատութիւնը անիշխանութիւն է, չեմ համարձակիր ըսել՝ անտառի օրէնք: Կրնանք ամբաստանել, զրպարտել, ձեւազեղծել, հնարել. ոչ մաղ կայ ոչ ուռկան:
Ընկերային ցանցերը ամենուրեք կ’օգտագործուին իրենց բնոյթով արդէն ամբոխահաճական (պոպուլիստ) իշխանութիւններու կողմէ, կ’ըսուի, որ այդ կ’ըլլայ նաեւ կազմակերպուած կերպով եւ յատուկ աշխատակազմով: Արդիւնքը այն կ’ըլլայ, որ իրատեսութիւնը կը չքանայ, բիրտ կողմնապաշտութիւնը եւ ատելավառ արտայայտութիւնները կը դառնան կանոն: Ամէնքը ամէն տեղ կը տեսնեն սադրանք, ճիշդը եւ անճիշդը չեն ջոկուիր:
Հայրենակիցը, համագիւղացին, աշխատակիցը, տարբեր մտածողը կը համարուին թշնամի: Եթէ այսպէս շարունակուի, ի՞նչ կը կարծէք որ կ’ըլլայ ըլլալ ելքը:
Պատմութեան տարբեր ժամանակներուն, այլ երկիրներու մէջ, ո՞ւր հասած են նման երկփեղկուածութեան եւ թշնամական կիրքի ժողովուրդները անցած են ազգավնաս հանգրուաններէ: Մեր ժողովուրդի ներկայ հանգրուանին, բոլոր կողմերու ղեկավարութիւնները պարտին մտածել այլ ժողովուրդներու դառն փորձերու մասին, հասկնալ պատմութեան դասերը, ոչ միայն մեր: Այս կացութեան պատախանատու են նաեւ անոնք, որոնք այսպէս կոչուած չեզոք դիրք կ’որդեգրեն, կը քաշուին իրենց պատեանին մէջ, սպասելով որ փոթորիկը անցնի, ծովը խաղաղի:
Միւսը լսելու խլութիւն զարգացած է Հայաստանի մէջ: Նաեւ անոր արձագանգող սփիւռք(ներ)ի:
Եթէ զիրար լսելու անատակ ենք, ինչո՞ւ մեր բարեկամները եւ նուազ բարեկամները մեզ պիտի լսեն:
Բիրտ խօսքերը, ճառերը անիրուածներու կամ այդ զգացումը ունեցողներու հոգեբանութեան բոցին վրայ կը փչեն: Մարդիկ հոգեկան իրենց պահանջներուն եւ անտեսման անմիջական բաւարարութիւն կը զգան, օրինակ, երբ նախկին իշխանութեան անդամ մը դատարան կը տարուի: Միամտօրէն կը հաւատան, որ անոնց կորսնցուցած իշխանութենէն իրենք բաժին պիտի ունենան: Խաբկանք: Կարդալ պատմութիւնը. Հռոմի մէջ կայսրերը կը փոխուէին, բայց պրոլետարները, ընկեցիկները (լքուածները, խմբ․) կը մնային այդպէս, Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը ծնունդ տուաւ նուաճող կայսր Նափոլէոնի, Խորհրդային Յեղափոխութիւնը ծնունդ տուաւ Կուլակի եւ ինքզինք անփոխարինելի կարծող վերնախաւի մը, որ ապարանքներու մէջ կը բնակէր: Դիտեցէ՛ք մերօրեայ Չինաստանը:
Ժողովուրդի շահը եւ բարիքը պիտի չգան «մնայուն յեղափոխութենէն», ան ըլլայ բիրտ կամ թաւշեայ, ոչ ալ մէկ կէսի միւս կէսին դէմ պայքարներէն, այլ իրաւական պետութեան յառաջացումէն, որ պիտի կազմակերպէ եւ եւ բարեկարգէ, առանց «ամբոխները խելագար» դարձնելու:
Այսօր, Հայաստան ոչ միայն ձախողած պատերազմի եւ պարտուածի դառնութեան մէջ է, այլ պառակատուածութեամբ՝ ինքզինք կազմակերպելու, բարեկարգելու եւ վերականգնելու անկարողութեան:
Յաճախ կը մտածեմ, որ խորհրդային կեդրոնի կորուստը կարծէք որբ ձգած է Հայաստանը, եւ ան անկարող եղած է չափահաս դառնալու եւ ինքզինք կառավարելու, ինչպէս հին թագաւորներու որդիները իրարու դէմ կը կռուէին իրենց հօր ժառանգութիւնը իրենց միջեւ բաժնելու համար:
Հայաստանի ամենօրեայ սնունդ դարձած ցոյցերը, նոյնքան կիրքի բաւարարման ամենօրեայ թատրոն դարձած դատերը (չեմ համարձակիր ըսել մանրանկար կիյոթինի գլխատման հանդէսները), ոչ մէկ լաւ բան կը խոստանան երկրին եւ հայրենիքին:
Հայոց թագուհի Փառանձեմը կը սպասէր, որ գայ Պապը եւ ըլլայ թագաւոր, փրկէ երկիրը:
Ժամանակները փոխուած են: Բայց այդ չի նշանակեր որ ամէնքս դարձած ենք Փառանձեմ եւ Պապ:
Հետեւաբար պէտք է մոռնանք թագուհի եւ թագաւոր, ըլլանք տէր հողին, հայրենիքին, ժողովուրդին եւ դուրս չգալ պատմութեան բեմէն:
Պատմութեան ներկայ հանգրուանի, մեր ժողովուրդի կարելիութիւններու (նիւթական, իմացական եւ մարդկային) ճիշդ գնահատումը պէտք է ընել:
Յաջողելու համար պէտք է միաժամանակ իրականացնել երեք հիմնական-հիմնարար աշխատանք. վերլուծել, կրթել, կառավարել, համագումար՝ ղեկավարել:
Վերլուծել. ինչո՞ւ անելի մատնուած ենք:
Կրթել. համատեղ եւ միասնական ուժ դառնալու համար, առանց փոխադարձ մերժումներու, միշտ խորհելով ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ լէ Սէնի պէս, որ՝ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:
Կառավարել. ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերման համար, այլ յաւելեալ պարտաւորութեան:
Այս բոլորը կառուցել անցեալի ժառանգութեան գիտակցութեան պատուանդանի վրայ, ներկայի նկատմամբ անխարդախ եւ անանձնական ամբողջական յանձնառութեամբ, հաւատքով սեւեռելով ապագան:
Առանց ամբոխահաճութեան, առանց եսերու կրկէսի եւ իրաւ արդարութեան հաւատքով:
Այս բոլորի մասին խօսիլ ժողովուրդին, որպէսզի ազգը բուժուի զրկուածի, ընկեցիկի, արհամարհուածի եւ քէներու որոգայթէն:
Եթէ ղեկավարութիւնը անկեղծ ըլլայ, ժողովուրդը կը լսէ զինք, ինչպէս երկրորդ աշխարհամարտին անգլիացիները լսեցին իրենց վարչապետի 1940-ի հռչակաւոր խօսքը. «I have nothing to offer but blood, toil, tears and sweat»: Որ թարգմանի. «Ձեզի միայն կրնամ խոստանալ արիւն, տքնաջան աշխատանք, արցունք եւ քրտինք»:
Եւ ան համախմբեց ռումբերու տակ տքացող ժողովուրդը, որ հետեւցաւ:
Ոչ ոք քուէ չէր տուած Մահաթմա Կանտիին կամ Նելսըն Մանտելային:
Ղեկավարներ՝ որոնք սաւառնեցան խոհանոցային հաշիւներէն վեր:
Ազգովին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), գտնե՛նք այդ ՀԱՅԸ:
Կրկին կարդալ Նժդեհի քաղաքական պատգամը. Ապագան վտանգուած ժողովուրդների վերջին խաղաթուղթը՝ վերադաստիարակութիւնն է: Եթէ լսած ըլլայինք Նժդեհի քաղաքական իմաստութիւնը, զանգուածային-խուճապային աղէտ-արտագաղթով չէինք տկարացներ ազգ եւ հայրենիք, տեղի ունեցած կ’ըլլար եւ տեղի կ’ունենայ հայրենատիրական հայրենադարձութիւն: