Աննա Բալեան
«Հնարաւոր չէ պարտուած իշխանութեան հետ ապագայի յոյսեր կապել», «Երկիր»-ի հետ հարցազրոյցին ըսաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութեան անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը:
Ան նշեց, որ այն քաղաքական տրամադրութիւնները, որոնք կը տիրեն Հայաստանի մէջ, նոյնը նաեւ Սփիւռքի մէջ է․ պարտուած իշխանութիւնը պէտք է ընդունի իր անկարողութիւնը, ապաշնորհութիւնը եւ տեղի տայ աւելի կարող, հայրենիքին աւելի սրտցաւ մօտեցող ղեկավարութեան:
«Որպէսզի հնարաւոր ըլլայ այս անկայուն եւ անորոշ վիճակը կայունացնել, որ գոնէ այսուհետ ազգն ու հայրենիքն իմանան` ուր կ՛երթան եւ Սփիւռքն ալ, այդ անորոշութիւնները վերանալով, իր նոր ընելիքները կարողանայ ձեւակերպել»,-ըսաւ Մկրտիչեան:
Այսօրուայ անորոշութեան պայմաններուն, Սփիւռքի բարեսիրական միութիւնները, քաղաքական, լոպպիստական կառոյցները իրենց ընելիքները ձեւակերպելու դժուարութիւններ ունին, որոնք չի կարող յստականալ, եթէ Հայաստանում իշխանութիւնը չփոխուի:
«Եւ պատահական չէ, որ սփիւռքեան նոյնիսկ գլխաւոր կառոյցները այս կառավարութեան հրաժարականը պահանջած են` պարզ այն մօտեցումով, որ այս կառավարութիւնը իր ապաշնորհութիւնը ապացուցեց եւ մեծ չարիք մը բերաւ թէ՛ մեր ազգին, թե՛ հայրենիքին: Այս իրականութիւնը ակնյայտ է Սփիւռքի մէջ»,- նշեց ան:
Խաժակ Մկրտիչեանը, «Արցախ ֆոնտ»-ի պատուիրակութեան կազմին հետ, այցելեց Արցախ` կատարելիք աշխատանքները ճշգրտելու համար:
«Արցախ ֆոնտ»-ը կը գործէ տարիներէ ի վեր եւ կը պատկանի Ամերիկայի հայ մշակութային ընկերակցութեան: Այն բարեսիրական միութիւն է, որ Արցախում տարբեր ծրագրեր կ՛իրականացնէ: Բայց այս պատերազմի լոյսի տակ քաջ գիտնալով, որ ընկերատնտեսական եւ այլ տեսակի հարցեր կան, մենք մեր կատարելիքները ճշգրտելու համար ուզեցինք այցելել եւ ծանօթանալ ընդհանուր կացութեան: Բայց նաեւ որոշ բարեսիրական առաքելութեամբ ալ եկած ենք»,- ըսաւ Խաժակ Մկրտիչեան:
«Արցախին վիճակը իսկապէս շատ տխուր էր, անզէն աչքով կ՛երեւէր, որ ընկերային-տնտեսական շատ փակ խնդիրներ կան, որոնց պէտք է դիմագրաւել: Առաջին խնդիրը` զոհուածներու այս մեծ քանակութեան մէջ կը նշանակէ, որ բաւական մեծ միջոցներ պէտք են, որ զոհուածներու ընտանիքներու ընկերային խնդիրները մեղմացնենք: Վիրաւորներու հարց կայ, որ նաեւ խնդիր է, որոնց պէտք է դիմագրաւել: Կարեւոր երեւոյթը, որ տեսանք, ազերիիներու գրաւած տարածքներէն ահագին տեղահանուած արցախցի հայրենակիցներ կան, որոնք այսօր կացարան գտնելու կամ ուղղակի տեղ ունենալու, ապրելու խնդիր ունին: Եթէ ամփոփենք` զոհուածներու ընտանիքներ, վիրաւորներ եւ տեղահանուածներ; Ասոնք իհարկէ, առաջնահերթ խնդիրներն են, բայց ապագային արցախցիներու աշխատանքի, անվտանգութեան հարցերը եւս պէտք է որ ուսումնասիրուին, որպէսզի լուծուին»,- աւելցուց Մկրտիչեան:
«Արցախ ֆոնտ»-ի գրասենեակը Ստեփանակերտի մէջ ունի նաեւ անձնակազմ, որ տեղւոյն գործերը կարգաւորելու պարտականութիւն ունի: Ասոնք ալ ազդակներ են ուղարկելու, երբ արդէն յստակ դառնայ, թէ որու՞ն հետ պէտք է աշխատեն սփիւռքեան կազմակերպութիւնները իրենց ծրագիրները իրագործելու համար:
Բարեգործական այս հիմնադրամում համոզուած են, որ միանգամեայ բարեգործութեամբ հարցեր կարելի չէ լուծել, հեռանկար կայ անպայման կայ աշխատատեղեր ստեղծելու, որպէսզի արցախցին կարողանայ շարունակել ապրել իր հողին վրայ:
«Գիտենք նաեւ, որ ընկերատնտեսական հետեւանքները վերացնելը ինքնին պետութեան պարտականութիւնն է, բայց նաեւ մեզ պէս բարեգործական միութիւններ ինչ-որ չափով, այդ սահմանափակ հնարաւորութիւններու պարագային, լրացուցիչ աշխատանք կը տանին: Մենք գիտենք, որ չենք կրնար հազարաւոր զոհուածներու բոլոր ընտանիքներուն օգնել կամ աշխատանքով ապահովել բոլոր տեղահանուածներուն, բայց մենք մեր հնարաւորութեան սահմաններու մէջ որոշ չափաբաժին կրնանք մեր վրայ վերցնել` թեթեւցնելու տեղահանուածներու, վիրաւորներու եւ զոհուածներու հարազատներու դժուարութիւնները, ինչու չէ նաեւ նպաստել պետութեան բեռը թեթեւացնելուն: Հեռանկար ունինք աշխատատեղեր ստեղծելու, բնական է` ոչ մեծ մասշտապներով, բայց փոքր մասշտապներով, որոնք քիչ թէ շատ աշխատատեղեր եւ արցախցիի համար Արցախ մնալու հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ»,- ըսաւ Մկրտիչեան:
Այս ամբողջ աշխատանքը կազմակերպելու համար դարձեալ յստակութիւն է պէտք, այսօրուայ տուեալներով` շատ են անորոշութիւնները, որոնք, յոյս ունին, գոնէ ժամանակի ընթացքին շտկուին, որ ապագային իրենք ալ կարողանան աւելի գիտակցութեամբ եւ ծրագրուած ձեւով աշխատիլ:
«Ա․Մ․Ն․-ի մէջ Արցախից յոյսը չեն կտրել, իրաւունք ալ չունեն կտրելու։ Ամերկայի գործօն տարրը, այն, որ լոպպինկով կամ քաղաքական գործունէութեամբ կամ բարեգործութեամբ զբաղուող շրջանակներն են, անոնք բացարձակապէս յոյսները իրաւունք ալ չունին կտրելու, որովհետեւ ընդհակառակը հիմա ճիգերը կրկնապատկելու ժամանակաշրջան է: Մեր շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց աշխատանքները կրկնապատկելու ճիգերու մէջ են, որպէսզի ամերիկեան գոնէ մարդասիրական օժանդակութիւններ կարենան ապահովել: Հետեւաբար, յուսահատութիւնը` ոչ, բայց ընդհանուր այս պարտութիւնը իսկապէս կոտրուած հոգեվիճակ ստեղծած է, այդ մէկը կարելի նկատել: Մանաւանդ որ, յաղթանակի մեծ յոյսերով կ’ապրէինք պատերազմի ընթացքին եւ այս խայտառակ պարտութիւնը եւ այս խայտառակ համաձայնագիրը, որը ստորագրուած է․․․ այսօր ողջ Սփիւռքի տարածքին կը տիրէ նոյն կոտրուածութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող մթնոլորտին նման»,-վստահեցուց Խաժակ Մկրտիչեանը, եզրակացնելով, թէ յուսահատուելու տեղ չկայ, ընդհակառակը ուժերը կրկնապատկելու իրողութեան տակ ենք: