ԱՒԵՏԻՔ ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ ՀԱՐՑՄԱՆ ՀԵՏՔՈՎ.- Ո՞ՐՆ Է ՁԵԶ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՒԵԼ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ՝ «ՆԱԽԿԻՆՆԵՐԻՆ» ՄԵՐԺԵ՞ԼԸ, ԹԷ՞ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԻՆԵԼ, ՉԼԻՆԵԼԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 48 Second

Յ.Պ.
Ամբոխայնացման (populism) կեղծ-իրաւ ճշմարտութիւններէն շեղիլ, անոնց հակադրել իրատեսութիւն եւ ողջախոհութիւն, հերետիկոսութիւն է:
2021-ի առաջին կիրակին, Հայաստանի «Առաւօտ» թերթի կայքին վրայ կարդացի հայրենի մտաւորական Աւետիք Իշխանեանի սիւնակը:
Խորագիր. «Մի քանի հարց հայաստանեան ՛՛սկզբունքային՛՛ հանրային գործիչներին եւ նրանց քարոզչութեան զոհ ՛՛ժողովրդին՛՛: Աշխարհում չի եղել, չկայ, չի լինելու իտէալական, կոռուպցիայից բացարձակապէս զերծ՝ մաքրամաքուր իշխանութիւն»:
Կոշտ իրատեսութիւն: Տարբեր երկիրերու կեանքին հետեւողը, կը հաստատէ այս դառն իրականութիւնը: Զարգացած եւ օրէնքներ մշակած երկիրներ կը սահմանափակեն չարիքը, մամուլը կը հետապնդէ, եւ ի հարկին՝ կը պատժեն: Կարծէք իշխանութեան չարաշահումը կանոն է:
Հետեւինք Աւետիք Իշխանեանին.
. «Քաղաքակիրթ ազգերի համար կարեւորը պետութիւնն է, ոչ թէ օրուայ կամ նախկին իշխանութիւնը»։
Իշխանափոխութիւնը, ինչ ձեւով ալ տեղի ունենայ, քաղաքական բնական ընթացք է: Նոր իշխանութիւնը պետութիւն եւ երկիր կը պահէ, ինչպէս նախորդը, սկզբունքով կու գայ ոչ թէ քանդելու, այլ ծառայելու եւ կառուցելու: Ամէն անգամ որ իշխանութիւնը պետութիւնը ծառայեցուցած է անհատի եւ խմբակի փառքին եւ շահերուն, պատմութիւնը արձանագրած է անոր անփառունակ վերջը. կայսր, բռնատէր, ժողովուրդի բնազդներուն յագուրդ տուող ամբոխավարներ: Ժողովուրդը, վաղ թէ ուշ, կ’անսայ իր ընդոծին ողջախոհութեան, վնասակարը կը քշէ հրապարակէն: Ազգերը միշտ գիտակցած են, որ Պետութիւն-Հայրենիքը էական է եւ նախամեծար՝ անձի պաշտամունքի դէմ: Վերջին երկու դարերու համաշխարհային պատմութիւնը այդ կը վկայէ, առանց աւելի հեռու գացող հմտութեան:
. «…ամենակասկածելի կոռուպցիոն սկանդալի դէպքում անվստահութիւն են յայտնում իշխանութիւններին»։
Քաղաքակիրթ եւ կազմակերպուած երկիրներու մէջ, ուր ժամանակի ընթացքին հասունցած են օրէնքներ եւ բարքեր, իշխանութիւնը ստիպուած կ’ըլլայ դիմել ժողովուրդի դատաստանին, որ իր վստահութիւնը կու տայ կամ չի տար, եւ կամ կը վճռէ ժողովրդական զայրոյթով:
. «Մենք հայերս, կարծես լինելով ՛՛սկզբունքային, արմատականօրէն կոռուպցիան մերժող հանրություն՛՛, իրականում ձեւեր ենք թափում, չնկատելով հայրենիքի, պետութեան կորուստը, ապուշ-ապուշ շարունակում ենք հայհոյել նախկիններին ՛՛թալանի՛՛ համար»։
Ենթադրե՞նք, որ «ժողովուրդ»ը կուրացած է: Ինչպէ՞ս չտեսնել հիմնականի եւ էականի կորուստը եւ շարունակել հայհոյանքներով աճեցնել քէն ու ոխ: Պարտութիւն, հայրենիքի եւ պետութեան կորուստ… Միթէ՞ ամբոխահաճական (պոպուլիստական) աղմուկը այսքա՜ն թմրեցուցած է դատողութիւնները, որ մարդիկ դադրին իրատես ըլլալէ եւ պատսպարուիլ «նախկիններ» եւ «թալան» ծխածածկոյթի ետին: Ելեկտրոշո՞կ մը պէտք է, որպէսզի յաղթահարուի թմրութիւնը, օրինակ, թուրքը եւ ազերին գան Երեւան: Այն ատեն, ֆրանսացի թատերագրին պէս պիտի ըսենք, որ «կռիւը վերջ գտաւ կռուող մնացած չըլլալով»:
. «…նոր յեղափոխական իշխանութիւնները զե՞րծ են կոռուպցիայից։ Չկա՞յ քաղաքական կոռուպցիա՝ խնամի, ծանօթ, բարեկամ, աներորդի, զարմիկ եւ այլ ազգականների՝ պատգամաւորի, պաշտօնների նշանակում, ստուերային, յետոյ բացայայտուած պարգեւավճարներ։ Ի՞նչ եղան ծխախոտի մաքսանենգության հարցերը, Սու-երի կասկածելի գնումները, բանակի սննդի կասկածելի ծախսերը: Շարքն անվերջանալի է»:
Այս բոլոր խնդիրները եթէ վերագրուէին «նախկիններ»-ուն, դատարանները գիշեր ցերեկ գործ կ’ունենային: Նշուած իւրաքանչիւր պարագայ ծանօթ է բոլորին, գաղտնիք չէ: Միթէ՞ նոյն չարաշահումը «նախկիններու» պարագային յանցանք է, իսկ «թաւշեայ յեղափոխականներ»ուն համար ազնուութիւն, առաքինութիւն:
Աւետիք Իշխանեան, ըստ երեւոյթին, դեռ կը հաւատայ ժողովուրդի ընդոծին ողջախոհութեան, երբ կ’ուղղէ հետեւեալ հարցումը.
. … «Ո՞ՐՆ Է ՁԵԶ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՒԵԼ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ՝ ՛՛ՆԱԽԿԻՆՆԵՐԻՆ՛՛ ՄԵՐԺԵ՞ԼԸ, ԹԷ՞ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԻՆԵԼ, ՉԼԻՆԵԼԸ»։
Մեծ քաղաքագէտ, իմաստուն, ակադեմիկոս ըլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ կանգնած ենք ԼԻՆԵ՞Լ, ՉԼԻՆԵ՞Լ հարցման առջեւ, որ չ’ուղղուիր թատրոնի բեմէն, այլ ամբողջ հայաշխարհի, ներսը եւ դուրսը:
Աւետիք Իշխանեան նշդրակած է հանրային կարծիքի ցաւոտ պալարները: Այդ բաւարար դարմա՞ն է, թէ ազգովին պիտի յանգինք ՉԼԻՆԵԼու եւ իջնէ վարագոյրը, բեմին վրայ յայտնուին ծանօթ նորեր:
Անկարելի եղաւ նշումներէն քանի մը գաղափար առանձնացնել, քանի որ անոնք ամբողջ կացութեան մը վհատեցուցիչ պատկերներն են:
Խորագրէն սկսեալ, իւրաքանչիւրին մասին մտածել:
Առանց ամբոխահաճական (պոպուլիստական) առուին ջուր բերելու:
Անցեալին յիշած եմ Ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ Տէքարթը, որ ըսած է, թէ «ողջախոհութիւնը աշխարհի մէջ բոլորին հաւասարապէս տրուած է»:
Եւ եզրակացուցած եմ. եթէ հայերը ճանչցած ըլլար, այդ պիտի չըսէր…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles