Բառագիտական (10)

0 0
Read Time:3 Minute, 19 Second
House cartoon interior. Cartoon living rooms with furniture.

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

1.Բնակել

Վերջին անգամ սերտեցինք գաղթել բայը՝ իբրեւ սեռային եւ իմաստային  վերիվայումներու ենթարկուած բայ, որ գրաբարի մէջ ունեցած է երեք կիրարկութիւն.

Գաղթել՝ իբրեւ ներգործական, տեղահանել իմաստով, որ չունի աշխարհաբարը եւ ստիպուեցանք զայն թարգմանել գաղթեցնել անցողական-պատճառականով:

Գաղթել՝ իբրեւ չէզոք, որ եւ կը համապատասխանէ աշխարհաբարի նոյնանուն բային եւ կը նշանակէ բռնի կամ կամովին  լքել ծննդավայրը եւ հաստատուիլ այլ երկիր:

Գաղթիլ՝ կրաւորակերպ սեռով, սակայն չէզոք  իմաստով, եւ  կը նշանակէ  ապաստանիլ:

Եւ վերջապէս նկատել տուած էինք, որ ամբողջ Աստուածաշաունչի մէջ բայս ունեցած է ընդամէնը մէ՛կ գործածութիւն:

Այսու պիտի սերտենք բնակել(-իլ)  բայը, որ  իր  կարգին կը ներկայացնէ կիրարկութեանց բաւական ուշագրաւ  ու խայտաբղէտ երեւոյթներ:

*    *   *

Սկսելու համար ըսենք, որ գաղթել-ի ընդամէնը մէկի դիմաց՝ բնակել-ը 707 կիրարկութիւն ունեցած է Աստուածաշունչի մէջ:

Կը ներկայացնէ երկու ձեւեր՝ բնակել եւ բնակիլ, որոնք  բաւական զարմանալի կիրարկութիւններ ունին:

ա) Չէզոք  կիրարկութիւն

Ուր նո՛յն երկուքը  այս պարագային կը նշանակեն «բնականալ, բնակ լինել, նստել իբրեւ ի բնիկ տան, բունել, որջանալ, տաղաւարիլ, դադարել, զետեղիլ, օթեւանիլ, հանգչիլ…» (Նոր հայկազեան):

Ասոնք բոլորը կը նոյնանան աշխարհաբարի բնակիլ չէզոք բային հետ:

Օրինակներս՝ «Նոր հայկազեան»-էն.

***Բնակեցէ՛ք ի քաղաքս ձեր: (բնակել)

(Բնակեցէ՛ք ձեր  այս քաղաքին մէջ)

***Բնակեցաւ առ կաղնւոջն Մամբրէի: (բնակիլ)

(Բնակեցաւ Մամբրէի կաղնիին կից)

***Բնակեաց յայրի անդ: (բնակել)

(Բնակեցաւ այդ քարայրին մէջ)

***Ես եկից եւ բնակեցայց ի միջի քում: (բնակիլ)

(Ես պիտի գամ եւ պիտի բնակիմ քու մէջդ)

Ուրեմն բնակել եւ բնակիլ աշխարհաբարի մէջ հաւասարապէս տուին մէկ ու միասնական բնակիլ  չէզոք բայը:

բ)Կրաւորական կիրարկութիւն

Ուր անոնք  հաւասարապէս  կը նշանակեն  բնակութիւն տալ, տեղ տալ, իր վրայ կամ մէջը կրել, բնակելի ու շէն դառնալ, բնակողներ ունենալ.  օրինակ՝

***Ոչ բնակեսցէ Բաբելոն յաւիտեանս ժամանակաց (Եսայի, 13/20):

(Բաբելոն յաւիտենապէս պիտի չբնակուի[1])

***Բնակեսցի քաղաքդ այդ յաւիտեանս ժամանակաց (Երեմիա, 17/25):

(Այդ քաղաքը յաւիտենապէս  պիտի  բնակուի[2])

***Բնակեսցին քաղաքք,  եւ աւերակք շինեսցին (Եզեկիէլ, 36/10) :

(Քաղաքները պիտի բնակուին, եւ աւերակները պիտի շինուին, կառուցուին[3])

***Անապատանալ քաղաքացն Իսրայէլի եւ դարձեալ բնակիլ(Նարեկ, Ծբ):

(Իսրայէլի քաղաքները պիտի անապատանան եւ դարձեալ բնակուին[4])

  1. Այստեղ կիրարկուած է բնակել բայի ապառնին:

Աշխարհաբար Աստուածաշունչը զայն թարգմանած է. «Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ»,– այսինքն՝  Բաբելոն-ը դադրած է նախադասութեան ենթական ըլլալէ եւ դարձած է տեղի պարագայ՝ հոն, եւ բնակիլ բայը դուրս ձգուած   է: Ստացուած է բոլորովին տարբեր կառոյց մը:

  1. Այստեղ կիրարկուած է բնակիլ բայի ապառնին՝ ունենալով նոյն նշանակութիւնը:

Աշխարհաբար թարգմանութիւնը. «Այս քաղաքը յաւիտեան պիտի մնայ»,– որմէ նմանապէս

դուրս ձգուած է բնակիլ բայը:

  1. Աշխ. Աստուածաշունչ. «Քաղաքներու մէջ պիտի բնակին եւ աւերակները պիտի շէնցնեն»:

Առ ի երեւոյթ պահուած է բնակիլ բայը, որուն ենթական, սակայն,  այլեւս  քաղաքներ գոյականը չէ, այլ ենթադրեալ, լռելեայն իմացուող բնակիչներ  գոյականը:

  1. Աշխ. թարգմ. «Իսրայէլի քաղաքները պիտի ամայանան  եւ ապա դարձեալ դառնան բնակելի»:

Նարեկի թարգմանիչը իր կարգին վտարած է  բնակիլ բայը եւ զայն  փոխարինած է «բնակելի դառնալ»  բառակապակցութեամբ:

*   *  *

Աշխարհաբար չորս թարգմանութիւններուն հասարակաց գիծը այն է, որ անոնք չեն կրցած փոխարինել բնագրային բնակել եւ բնակիլ  բայերը, որոնք հաւասարապէս  գործածուած են  կրաւորական ձայնով,– ինչ որ հաստատած են «Նոր հայկազեան»-ի հեղինակները  եւս,– եւ  չորսն ալ աշխարհաբարի մէջ  ստացած են արուեստական ու բռնազբօսիկ համարժէքներ: Այս  արուեստականութիւնը յառաջացած է, որովհետեւ չէ մտածուած  բնակուիլ ձեւի մը մասին. սա միակն է,   որ կրնար հարազատօրէն թարգմանել յիշեալ  բնագրերը:

Եզրակացութիւն

Ահա բայ մը իր երկու տարբերակներով՝ բնակել եւ բնակիլ, որոնց իւրաքանչիւրը  հաւասարապէս կը կիրարկուի  թէ՛ իբրեւ կրաւորական,  թէ՛ իբրեւ չէզոք:  Սա այնպիսի կացութիւն մըն է, որուն արդի հայերէնը դժուար թէ հանդուրժէր:

  1. Ճոռոմաբանութիւն

Ճոռոմաբանութիւնը այն ուռուցիկ ու արուեստական ոճն է, որ կը հարբեցնէ խօսողը կամ գրողը եւ կը մղէ զայն տուրք տալու դատարկ ձեւականութեան՝ մոռացութեան մատնելով խօսքի բովանդակութիւնը. ստորեւ օրինակ մը.

***«Խորահաւատ համոզում, զոր գրողը կ’առաջնորդէ ճեղքել անհատապաշտութեան փակուղին՝ աշխարհին բացուելով մարդասիրութեամբ եւ համամարդկայնութեամբ» (Յակոբ Տիւնեայեան, «Ծաղիկ»):

—Այս բառակոյտին մէջ սխալ է զոր-ը, քանի ան ենթակայ է ու պէտք է դրուի ուղղական հոլով՝ որ (առաջնորդողը համոզում յարաբերեալն է):

Առաջնորդել  կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր՝ ճեղքելու, ո՛չ թէ  ճեղքել:

—Ճեղքողը եւ բացուողը հաւասարապէս գրո՛ղն է, մինչ այս ապիկար  շարադասութեամբ՝  փակուղին է:

Ուրեմն՝

«Խորահաւատ համոզում, որ կ’առաջնորդէ գրողը` ճեղքելու անհատապաշտութեան փակուղին եւ  բացուելու աշխարհին  մարդասիրութեամբ եւ համամարդկայնութեամբ»:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles