ՍԼԱՔՆԵՐ.- Ի¯ՆՉ ՉԱՓ« Ի¯ՆՉ ԿՇԻՌ…

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

Ուաշինկթըն ամիսներէ ի վեր կը մտրակահարէր ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի կառքին նժոյգները« որպէսզի Իրանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրուին:

Ուաշինկթըն գոհ չէ« որ իր հակառակորդներու ցանկը գլխաւորող Իրանը կը շարունակէ կորիզային ուժանիւթի օգտագործման ծրագիրները« պատճառաբանելով« որ այդ ճամբան կրնայ Իրանը քանի մը տարիէն հասցնել կորիզային զէնք ունենալու: Ուաշինկթըն եւ համախոհները տրամադրութիւն չունին լսելու Թեհրանի այն տեսակէտը« թէ Իրան կորիզային զէնք արտադրելու նպատակ չունի« այլ ուժանիւթի մտահոգութիւններով կը հետապնդէ գիտութեան այս կալուածին մէջ յառաջդիմութիւնը« թէ՝ նման յառաջդիմութիւն որեւէ երկրի իրաւունքն է: Իրանի տեսակէտին նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերողներ« Ուաշինկթընի տհաճութիւն պատճառելով« կը յիշեցնեն« էթ Իրաքի վրայ յարձակումն ալ նախապատրաստուած էր »Իրաք կորիզային զէնք արտադրելու վրայ է« ստապատիր յայտարարութիւններով« որոնք ժողովուրդը անհիմն կերպով ահ ու սարսափի մատնելու համար բեմադրուեցան պուշեան-ռամսֆէլտեան-ռայսեան եւ ընկերութեան կողմէ:

Ապահովութեան Խորհուրդը ի վերջոյ կքեցաւ Ուաշինկթընի մտրակահարումներուն տակ եւ պատժամիջոցներ յայտարարեց Իրանի դէմ:

            …Փաքիստան«հակառակ Ուաշինկթընի ու աշխարհին կամքին՝ քանի մը տարի առաջ կորիզային զէնք արտադրեց: Հնդկաստանը՝ նմանապէս: Իսրայէլ աւելի քան 20 տարի առաջ գաղտնօրէն արտադրած էր կորիզային զէնք« բայց մինչեւ օրս չէ խոստովանած: Այդ հանգրուաններուն« բանավէճը երբեք չունեցաւ այս տարողութիւնը« իսկ Իսրայէլի պարագային« ջայլամը Ուաշինկթընի ընկերակիցներու կողմէ ընտրուեցաւ թագաւոր…

Ուրեմն« այս հարցերը կարելի է (եղեր) չափել քանի մը կշիռքով… 

*** 

            Շուրջ 10 օր առաջ« իսրայէլեան բանակէն միաւորներ աշխարհի աչքերուն առջեւ արդի ծովահէնութեան ոճրային գործողութիւն մը եւս կատարեցին« բռնագրաւելով մարդասիրական օժանդակութիւն Կազա փոխադրող անզէն նաւեր ու սպաննելով անոնց վրայ գտնուղ տասնեակ մը ցուցարարներ:

            Ուաշինկթըն ձանձրոյթ յանձն չառաւ դատապարտանքի խօսք ուղղելու Իսրայէլի« այլ բաւականացաւ թութակելով ՄԱԿէն բխած բութ քննադատութիւնները: Իսրայէլ մերժեց ծանօթ գործողութեան շուրջ անաչառ քննութիւն բանալու ՄԱԿի պահանջը եւ յայտարարեց« թէ ինք ի°ր միջոցներով քննութիւն պիտի բանայ դէպքին շուրջ (հի’ հի’ հիիի¯): Բանավէճը կորսուեցաւ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու պահանջին ստեղծած աղմուկին մէջ: Մինչեւ իսկ մոռացութեան շղարշ մը տարածուեցաւ դեռ քանի մը օր առաջ« նոյնինքն ՄԱԿի բեմէն հնչած այն պահանջին վրայ« ըստ որուն« Միջին Արեւելքը պէտք է դառնայ կորիզային զէնքերէն զերծ գօտի. ակնարկութիւնը բացայայտօրէն միայն Իսրայէլի կ’ուղղուէր:

            Հիմա« ա’լ կարելի չէ խօսիլ »քանի մը չափ« քանի մը կշիռ«ի մասին: Ի¯նչ չափ« ի¯նչ կշիռ…

Ս.Մ.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles