Արցախի Պաշտօնական Ճանաչումը, Ֆրանսան Եւ Մասամբ Նորին

0 0
Read Time:4 Minute, 13 Second

Հրաչ Վարժապետեան

«Դրօշակ», թիւ 11 (1645), նոյեմբեր, 2020  

Վերջին ամիսներուն ֆրանսեւթրքական լարուած յարաբերութիւններու հետզհետէ վատթարացումը, որ Փարիզի կողմէ հասաւ մինչեւ իսկ իր դեսպանը Անգարայէն տուն կանչելու փուլին, թողած է այն տպաւորութիւնը, որ Ֆրանսա շուտով պիտի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, մանաւանդ արցախեան պատերազմին վերաբերեալ ի նպաստ հայկական կողմին նախագահ Մաքրոնի ծանօթ յայտարարութենէն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական քանի մը քաղաքներու կողմէ Արցախի ճանաչման քայլէն ետք: Անշուշտ, նման տպաւորութիւն պարզունակ է եւ աւելի ցանկութիւն է, քան լուրջ մօտեցում:

Սակայն նախքան Արցախի ճանաչման հարցին անդրադառնալը հպանցիկ ակնարկ մը պէտք է նետել ֆրանսեւթրքական վերջին ամիսներու աւելի քան լարուած յարաբերութիւնների վրայ: Ի՞նչն է թէժացման տոն տուող պատճառը երկու երկիրներուն միջեւ, յատկապէս միջերկրականեան արեւելեան աւազանին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ մինչեւ անգամ ռազմական ուժի ցուցադրութիւն` «Շարլ Տը Կօլ» մարտանաւի գործուղումով:
Փարիզ հաշտ աչքով չ’ընկալեր Էրտողանի` Թուրքիոյ նէօօսմանական ծաւալապաշտական ախորժակը եւ այդ ուղղութեամբ քայլերը, որոնք լուրջ վտանգ կը սպառնան ֆրանսական տնտեսութեան ծանր արդիւնաբերութեան, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի Ֆրանսայի համար: Խօսքը կը վերաբերի առաջին հերթին կազի արտահանման, որ տուեալ ջուրերուն մէջ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան «մենաշնորհն» է:

Կան նաեւ այլ պատճառներ, որոնք կը մղեն Մաքրոնը որդեգրելու հակաանգարական իր այս քաղաքականութիւնը. Լիպիոյ ճամբով զէնքի վաճառք-փոխադրութիւնը ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչական կեդրոններու եւ խմբակներու, որոնց գլխաւոր թիրախներէն մէկն է Ֆրանսան, Թուրքիա-Յունաստան սահմանով գաղթականներու արտահոսքը դէպի Եւրոպա (Էրտողան յաճախ կը սպառնայ իր դռները բանալ եւ յաւելեալ մէկ միլիոն գաղթական ուղարկել Եւրոպա) եւ վերջապէս` էրտողանեան կրկնուող ծանր նախատինքները Մաքրոնի հասցէին, որոնք, ի դէպ, սկսած են ընդվզումի եւ անհանդուրժողութեան մեծ ալիք յառաջացնել ոչ միայն քաղաքական շրջանակներէն ներս, այլեւ ֆրանսացի ժողովուրդին մէջ ընդհանրապէս:

Ֆրանսեւթրքական այս լարուած յարաբերութիւններուն մթնոլորտին մէջ յառաջ մղուեցաւ նաեւ Արցախի պաշտօնական ճանաչման հարցը: Հարցում. այս խնդիրը պիտի դրուէ՞ր արդեօք ֆրանսական քաղաքական շրջանակներու սեղանին, եթէ տեղի չունենար թուրքեւազերիական յարձակումը Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, որ անմիջապէս վերածուեցաւ ծանրագոյն պատերազմի: Պատասխանը միանշանակ ոչ է: Սուրիայէն, Լիպիայէն, Փաքիստանէն վարձկաններու, ահաբեկիչներու եւ ժիհատիսթներու ներկայութիւնը մղեց Մաքրոնը անմիջապէս դիրքորոշուելու թրքական կողմին դէմ, իսկ հայկական կողմը, բնականաբար, առիթը օգտագործեց ճանաչման թեման յառաջ մղելու համար: Արցախի եւ Հայաստանի նախագահները, Հայաստանի վարչապետը այս ուղղութեամբ պաշտօնական դիմում յղեցին իրենց ֆրանսացի գործընկերոջ, իսկ տեղւոյն հայ համայնքը եւ լոպպին միասնաբար լծուեցան գործի, աւելի ճիշդ` բազմապատկեցին իրենց աշխատանքը, զոր նախաձեռնած էին արդէն վերջին հինգ տարիներուն, եւ որուն դրական արդիւնքն էր տարբեր քաղաքներու կողմէ Արցախի ճանաչումը կամ արցախեան քաղաքներու հետ բարեկամութեան համաձայնագրերու կնքումը:

Փակագիծ մը բանանք եւ ընդգծենք, գէթ պատմութեան համար ու յանուն արդարութեան, որ երբ կը խօսինք հայկական միաւորուած լոպպիի մասին, պէտք է առանց բարդոյթներու հաստատել, որ այդ լոպպիին մղիչ ուժը, «դինամօ»ն ՀՅԴ Հայ դատի յաջորդական յանձնախումբերն ու մարմիններն են` առանց այլեւայլի: Նոյն մղումով ահաւասիկ Հայ դատի երկարամեայ բարեկամ, երեսփոխան Ֆրանսուա Փիւփոնի, գործակցաբար ու համադրաբար հայկական լոպպիին հետ, ինչպէս նաեւ վայելելով իր խումբ մը պատգամաւոր գործընկերներուն զօրակցութիւնը, անմիջապէս Ազգային ժողով ներկայացուց ճանաչման օրինագիծ մը, որ սկզբունքով պիտի քննարկուի մինչեւ տարեվերջ:

Ճանաչումը, սակայն, հեշտ ու մանաւանդ անմիջապէս իրագործելի գործընթաց չէ թէ՛ թեքնիք, թէ՛ մանաւանդ քաղաքական առումով: Խորհրդարանի զոյգ պալատներու (Ազգային ժողով եւ Ծերակոյտ) որոշումին համար հարկաւոր է քուէներու մեծամասնութիւն, որուն ապահովումը կը կարօտի լոպպիստական հսկայական աշխատանքի, որ տեղւոյն հայ համայնքը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, ըլլա՛յ ժողովրդային բողոքի նկատառելի հաւաքներով եւ ցոյցերով, ըլլա՛յ ակադեմական եւ քարոզչական շրջանակներու մօտ տարուող յարաբերական աշխատանքով, ըլլա՛յ քաղաքական հանդիպումներով` Էլիզէէն մինչեւ կառավարութիւն, մինչեւ խորհրդարանի զոյգ պալատներու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ: Սակայն հակառակ ուղղութեամբ եւս աշխատանք կը տարուի անշուշտ:

Թուրքեւազերիական խաւիարային կամ փեթրոտոլարային քաղաքականութիւնը ընդյատակեայ կը շարունակէ գործել յատկապէս քարոզչական դաշտին մէջ, որուն նպատակը հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելն է:

Միւս կողմէ` կայ նաեւ հրէական լոպպիին ազդեցիկ ներկայութիւնը այս հարցի առնչութեամբ: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դաշնակից եւ զէնքի մատակարարման աղբիւր Իսրայէլի գործօնը, բնականաբար, ջերմաչափին սնդիկն է հրէական լոպպիին համար, ուստի անոր տրամադրութիւնը բացասական է ճանաչման հարցով, նոյնիսկ եթէ հրէական յատկապէս ակադեմական եւ մտաւորական որոշ շրջանակներ որդեգրած են փրօհայկական դիրքորոշում եւ դէմ կ’արտայայտուին Իսրայէլի գործադիր իշխանութեան եւ անոր ականջալուր լոպպիին դիրքորոշումին:

Վերջապէս` ամէնէն էականը Քէ տ’Օրսէի (արտաքին գործոց նախարարութեան) կեցուածքն է, որ բարենպաստ գործօն մը չէ ճանաչման հոլովոյթին մէջ, ընդհակառակը` խոչընդոտող հիմնական գործօնն է: Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Քէ տ’Օրսէն միշտ ալ ունեցած է եւ ունի իր վճռական ըսելիքը, նոյնիսկ եթէ սահմանադրականօրէն հանրապետութեան նախագահին կը պատկանի վերջին խօսքը: Քէ տ’Օրսէ քաղաքական այն հիմնարկն է, որ սոսկական նախարարութենէ մը աւելին է եւ ունի յատուկ լիազօրութիւններ: Ան Հինգերորդ հանրապետութեան մէջ կը մարմնաւորէ Ֆրանսայի ռէալփոլիթիքը` զերծ աջի կամ ձախի գաղափարական ուղղութիւններէն, եւ կը մեկնի միայն ու միայն սեփական երկրի շահերէն: Եւ այս մեկնակէտով է, որ արցախեան պատերազմի վերաբերեալ առաջին իսկ վայրկեանէն նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան յայտարարեց, որ Փարիզ չէզոք դիրք կ‘որդեգրէ` հակառակ օր մը առաջ նախագահ Մաքրոնի հռչակած փրօհայկական յստակ կեցուածքին: Իսկ այս պարագային Քէ տ’Օրսէի շահերը այլ բան չեն, եթէ ոչ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ կնքած միլիառաւոր եւրոյի տնտեսական համաձայնագրեր` քարիւղի մարզէն մինչեւ ռազմական արհեստագիտութիւն:

Վերոյիշեալ բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները

Գիտակցելով հանդերձ` միասնական ֆրանսահայութիւնը կը շարունակէ մնալ պահանջատէր, անդուլ կը պայքարի Արցախի ճանաչման համար` իր բոլոր հնարաւորութիւնները մէկտեղելով եւ ընձեռուած քաղաքական ներկայ «բարենպաստ» պահը օգտագործելով, առաջնորդուելով այն համոզումով, որ քաղաքական բառամթերքին մէջ «անկարելի» ածական գոյութիւն չունի, իսկ Ֆրանսան կը շարունակէ մնալ աշխարհի այն սակաւաթիւ պետութիւններէն, որոնք տակաւին կը պահպանեն համամարդկային արժէքներ: Առ այդ ժողովուրդին քուէով ընտրուած ներկայացուցիչներուն` խորհրդարանականներուն որոշումը կրնայ գերազանցել ռէալփոլիթիքը այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային։ Այս երկուքը թէեւ երկու տարբեր թղթածրարներ են, սակայն ունին նաեւ նկատառելի հասարակ յայտարարներ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles